Շաբաթ՝ 16 Դեկտեմբեր 2017ի երեկոյեան, Թեսաղոնիկէի Հ.Մ.Ը.Մ.ը Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան ուրախ տօներուն առիթով այցելութիւն տուաւ գաղութի ծխականներու տուները՝ յառաջիկայ 2018 տարուան համար շնորհաւորելով եւ մաղթելով ամենալաւն ու ամենաբարին։ Այս առիթով՝ իւրաքանչիւր տան անոնք նուիրեցին Հ.Մ.Ը.Մ.ի յառաջիկայ տարուան 90 ամեակի նուիրուած պատրաստուած յիշատակելի նուէր մը։ Իսկ յաջորդ օր՝ Կիրակի, 17 Դեկտեմբեր 2017ի առաւօտեան Ս. եւ Անմահ Պատարագի աւարտին, եկեղեցւոյ շրջափակէն ներս, անոնք շարունակեցին իրենց գործունէութիւնը՝ աւարտին հասցնելու համար։
Գաղութի ծխականները, իրենց կարգին, նիւթաբարոյական օժանդակութեամբ եւ աջակցութեամբ, նեցուկ կանգնեցան Հ.Մ.Ը.Մ.ի անձնուէր առաքելութեան։
ԹՂԹԱԿԻՑ