Յունաստանի Հայոց թեմի ազգային կեանքը եռուզեռ կ՚ապրի՝ ի տես Թեմական երեսփոխանական ընտրութիւններու մօտալուտ իրագործման։ Կիրակի, 25 Մայիսին, յունահայ ժողովուրդի ստուար ներկայութիւնը անգամ մը եւս գրաւական կը դառնայ ընտրութիւններու յաջող եւ արդիւնաւէտ ամբողջացման ուղղութեամբ։
Թեմական երեսփոխանական ընտրութիւններու կատարումը մեր գաղութէն ներս հիմնուած է երկար տասնամեակներու կենսափորձին վրայ, որուն գլխաւոր առաջադրանքներէն կը հանդիսանայ ժողովրդավարական քուէով թեմական պատգամաւորներ ընտրելու իրաւունքի եւ պարտականութեան գիտակցութիւնը։ Հայոց Ազգային Սահմանադրութիւնը կը շարունակէ հանդիսանալ հիմքը մեր ժողովուրդի ազատ կամքի արտայայտման ու իրաւունքի ձեռքբերման, որոնք տասնամեակներէ ի վեր կը յատկանշեն նաեւ մեր գաղութը ժողովուրդին կամքով կառավարելու եւ տնտեսելու եղանակը։
Յատկապէս Ազգային Սահմանադրութեամբ առաջնորդուող հայագաղութներու ազգային իշխանութեանց ժողովրդավարական իւրաքանչիւր ընտրութիւն ունի վճռորոշ մարտահրաւէրի կենսական նշանակութիւն:
Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան իւրաքանչիւր թեմ, ազգային երեսփոխաններու ընտրութեան համար քուէարկութեան մասնակցելով, տէր կը կանգնի գաղութի ազգային իշխանութիւններու ղեկավարումը ժողովուրդի հակակշիռով հաստատելու իր իրաւունքին:
Թեմական երեսփոխանական ընտրութիւնները եւ անկէ բխած ազգային իշխանութիւնները երբեք ձեւական բնոյթ չեն ունեցած։ Անոնք կը համարուին հիմքը ժողովուրդի քուէի բարձր արժէքին ու թեմական կանոնագրութեան տրամադրութիւններու լիարժէք գործադրութեան։ Ազգի տան տնտեսումը կը ստանայ իմաստ, կը դառնայ պարտականութիւն բոլոր անոնց համար, որոնք մաս պիտի կազմեն թեմի ղեկավարման գործին, որոնց վրայ պիտի վստահուի յունահայ կեանքի ազգային, հոգեւոր, կրթական եւ ընկերային կեանքի ամրապնդումն ու յարատեւումը։
Թեմական վերջին ընտրութիւնները իրագործուեցան ուղիղ տասը տարի առաջ, նաեւ որպէս շարունակութիւն եւ ամբողջացում Թեմի նոր կանոնագրութեան հաստատման, ի յետեւումն Յունաստանի պետական օրէնսդրութեան մէջ մեր գաղութի իրաւական ճանաչման որպէս «Եկեղեցական իրաւական դէմք»։
Վերջին տասնամեակի փորձառութիւնը ամրապնդեց յունահայ գաղութի պատմութեան մէջ այս կարեւոր ձեռքբերումը եւ հաստատեց համայնքի իրաւական-վարչական սահմաններն ու իրաւասութիւնները՝ որոնք լիովին կենսաւորուեցան թեմը կառավարելու եւ մեր ազգային կառոյցին ինքնուրոյն կրօնական համայնքի դիմագիծ տալու իրաւունքով։
Յունահայ գաղութի օրէնսդիր (Թեմական ժողով) եւ գործադիր (Ազգային վարչութիւն եւ Կրօնական ժողով) մարմիններու բաղադրիչ տարրերը, որոնք իրենց բարձր պարտականութեան յանձնառութիւնը կը ստանան ժողովուրդի քուէով, կոչուած են անգամ մը եւս վերանորոգ կազմերով, գիտակցական բարձր ըմբռնումով եւ յունահայ համայնքներու զարգացման գործին փարելու ամբողջական պատասխանատուութեամբ, առաջնորդելու յունահայ գաղութի յաջորդ տարիներու համայնական կեանքը աւելի հաստատ ուղիներու վրայ։ Ժողովրդային քուէի բարձր պարտականութիւնը պիտի ըլլայ անոնց վստահիլ մեր վարչական եւ տնտեսական առողջ համակարգ մը պահպանելու դժուարին ու բծախնդիր գործը։ Մանաւանդ՝ մեր կրթական կեանքը, մեր վարժարաններու ապագայ երթի երաշխաւորման համար ամէն տեսակի զոհողութիւն, կը վստահուի թեմական ընտրեալ պատգամաւորներու ամբողջական գիտակցութեան, ինչպէս նաեւ գաղութային գործօններու արդիւնաւէտ համագործակցութեան՝ ի խնդիր հայ նոր սերունդի հայակերտման։
Կիրակի, 25 Մայիսին, հաւաքաբար, խիտ շարքերով, առաջնորդուինք ու առաջնորդենք մեր շուրջինները դէպի շրջաններու ընտրական կեդրոնները։ Իւրաքանչիւր քուէ ամուր հիմնաքար մըն է մեր գաղութի պատուանդանի ամրապնդման համար։
Այդ պատուանդանին վրայ կը գտնուին հայապահպանութեան կռուանները։ Հայաստանեայց եկեղեցւոյ հոգեւոր եւ վարչական կառոյցները, մեր կրթական մեսրոպաշունչ դարբնոցները, հայ ազգի օճախները կարիքը ունին վերանորոգ կամքով շարունակելու լոյս սփռել յունահայ համայնքի ամբողջութեան վրայ։
Մեր պարտքն է քուէի իրաւունքով վառ պահել մեր օճախներու լոյսերը։ Ամէն հայրենակիցի գիտակից մասնակցութեամբ։