Շաբաթ, 3 Հոկտեմբեր 2026-ին, Գոքինիոյ «Զաւարեան» կեդրոնի «Զաքարեան-Սարաճեան» զոյգ սրահներուն մէջ, գլխաւորութեամբ Առաջնորդ Սրբազան հօր, ներկայ գտնուեցան թեմական երեսփոխանները, ինչպէս նաեւ Յունահայոց Ազգային վարչութեան, Կրօնական ժողովի, յարակից եւ թաղային խորհուրդներու ներկայացուցիչները, քննելու համար Ազգային իշխանութեանց միամեայ ցարդ կատարուած գործունէութիւնը, ապա նաեւ պատուելու Թեմակալ Առաջնորդը։ Նշենք, որ Հիւսիսային Յունաստանի պատգամաւորները ժողովին մասնակից դարձան առցանց կապով ու լիովին հետեւեցան անոր ընթացքին։
Թեմական ժողովի բացման խօսքով հանդէս եկաւ Սրբազան հայրը, որ լուսարձակի առաւ թեմական կեանքի բազմերես գործունէութեան ծաւալումը։ Ան կարեւորութեամբ շեշտեց ժողովի նպատակը եւ շեշտը դրաւ հոգեւոր ու կրթական ոլորտներուն մէջ կատարուած իրագործումներուն, մատնանշելով այն բոլոր մարտահրաւէրները, որոնք այսօր եւ ապագային համար կը յատկանշեն յունահայ համայնքի գոյութիւնը։
Ան նաեւ անդրադարձ կատարեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան յառաջիկայ Ընդհ. Ժողովին եւ յունահայոց թեմի մասնակցութեան առնչութեամբ պատգամաւորներու ընտրութեան։
Յաջորդաբար, Ժողովը յոտնկայս ունկնդրեց Արամ Ա. Վեհափառ հայրապետին նամակը՝ ուղղուած Թեմական ժողովին, որուն մէջ կաթողիկոսը նախ կ՚ողջունէր ժողովի գումարումը, ապա ժողովի ուշադրութեան կը յանձնէր այն կարեւոր կէտերը, որոնք առնչուած են ազգային եւ եկեղեցական գործունէութեան հետ։
Առաջին հերթին, ներկայացուեցաւ Ազգային վարչութեան միամեայ տեղեկագիրը պաստառի վրայ՝ սահիկներու ճամբով։ Տրուեցան մանրամասն տեղեկութիւններ մինչեւ օրս կատարուած վարչական, կրթական, տնտեսական, յարաբերական եւ ընկերային աշխատանքներու ընթացքին մասին, իւրաքանչիւր գլուխին տակ տալով համապատասխան բացատրութիւններ։ Ապա, ներկայացուեցաւ Կրօնական ժողովի ամփոփ տեղեկագիրը, պարզելով հոգեւոր մատակարարման պատկերը եւ ցարդ իրագործուած ծրագիրները։
Ժողովը իրազեկ դարձաւ մէկ տարուան հանգրուանի ամբողջական պատկերին, ապա հարցումներով եւ լուսաբանութիւններով տրուեցան մասնայատուկ բացատրութիւններ իւրաքանչիւր ոլորտէն ներս առկայ հարցերուն մասին։
Ժողովը կարեւորութեամբ եւս զբաղեցաւ յաջորդ մէկ տարուան գործունէութեան առնչութեամբ նոր առաջարկներու եւ թելադրանքներու մշակումով։
Օրակարգի վերջին բաժինը եղաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ընդհ. Ժողովի երեք պատգամաւորներու ընտրութիւնը, որոնք պիտի ներկայացնեն յունահայոյց թեմը յառաջիկայ Յունուարին գումարուելիք ժողովին՝ Անթիլիասի մէջ։
Ընդունելութին եւ հիւրասիրութիւն ի պատիւ Առաջնորդ Սրբազան հօր
Թեմական ժողովի աշխատանքներուն առընթեր, յարմարագոյն առիթը ստեղծուեցաւ որպէսզի ազգային թեմական կեանքի բոլոր դերակատարները միասնաբար եւ պատշաճ յարգանքով պատուեն Թեմակալ Առաջնորդ գերշ. Տ. Սահակ եպս. Եմիշեանի քահանայական օծման 20-ամեակը, ինչպէս նաեւ իր համալսարանական տոքթորական աստիճանի նուաճումը ամերիկեան հանրածանօթ Ֆորտհամ համալսարանէն։
Պատուոյ ելոյթը, բացի թեմական պատգամաւորներէն եւ Ազգային իշխանութիւններէն, յատկանշուեցաւ Յունաստանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան պ. Տիգրան Մկրտչեանի եւ Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ ընկ. Հռիփսիմէ Յարութիւնեանի մասնակցութեամբ։
Պատուոյ երեկոյի բացումը կատարեց Ազգային վարչութեան ատենապետ Նազար Աւագեան, որ շեշտեց, թէ Սահակ Սրբազանի 20-ամեայ ծառայութիւնը եղած է անսպառ նուիրումի, անխոնջ աշխատանքի, հոգեւոր խնամքի եւ հայրական սիրոյ տարիներու ուղի մը։
Ան համառօտ կերպով անդրադարձաւ Սրբազանի ուսումնական նուաճումներուն, զանոնք անուանելով հոգեւոր եւ մտաւոր արժէք, որ կը բարձրացնէ բոլորին հպարտութիւնը։ Մաղթանք բարձրացուց, որպէսզի Սրբազանը իմաստութեամբ շարունակէ պտղաբեր ծառայութիւնը, առաջնորդելով թեմը դէպի նորանոր ձեռքբերումներ։ Աւարտին, ան բաժակ բարձրացուց Սրբազան հօր կենացը, մաղթելով արեւշատ տարիներ։
Հ.Հ. դեսպան Տիգրան Մկրտչեան, իր կարգին, շնորհակալութիւն յայտնեց ընձեռուած առիթին համար՝ ներկայ ըլլալու Առաջնորդ Սրբազան հօր պատուոյ երեկոյթին։ Ան հիացումով անդրադարձաւ Սահակ սրբազանի ուսումնական նուաճումներուն, կարեւորելով տոքթորական աստիճանի յաջողութիւնը, ցոյց տալով տեւաբար գիտութեան աշխարհին հետ կապ կապելու նախանձախնդրութիւնը, որ կը յատկանշէ Սրբազան հօր ծառայական կեանքը։ Ան նաեւ դրուատեց Առաջնորդի հոգեւոր, վարչական եւ դիւանագիտական կարողութիւնները, որոնք շեշտաւորուած են իր անձին ու հանգամանքին մէջ, ապա կարեւորեց ջերմ ու արդիւնաւէտ գործակցութեան դաշտը, որ մշակուած է անոր առաջնորդութեան տարիներուն ընդմէջէն։
Յարգանքի խօսքերով՝ երեկոյի մթնոլորտին համար անդրադարձ կատարեց Հ.Յ.Դ. Կեդր. Կոմիտէի ներկայացուցիչ ընկ. Հռիփսիմէ Յարութիւնեան։
Ան շնորհաւորեց Սրբազան Հայրը, իր քահայանական օծման 20-ամեակին առիթով, նշելով թէ մեր գաղութը մեծապէս կը գնահատէ Առաջնորդի հոգեւոր ծառայութիւնը, ինչպէս նաեւ անոր խոհեմ եւ ազնիւ ներկայութիւնը մեր գաղութի բոլոր հայրենակիցներու կողքին, ինչպէս եւ Յունաստանի պետական եւ ընկերային շրջանակներուն մօտ, ուր ան վստահութիւն եւ պատիւ կը վայելէ։
Հուսկ բանով հանդէս եկաւ Առաջնորդ Սրբազան հայրը, իր յուզումնախառն զգացումները յայտնելով ընծայուած պատիւին ու նախորդած խօսքերուն մասին։ Ան հետեւեալ խօսքերով բնորոշեց քսանամեայ ծառայութեան իմաստը. «Ամեակները կը հրաւիրեն մեզ արժեւորել անցնող տարիները, սակայն պէտք չէ սահմանափակուիլ անցեալը գնահատելով ու արժեւորելով։ Հետեւաբար, ամեակները առիթ են, անցեալի լոյսին տակ յառաջիկայ ծառայութիւնը յանձնառութեամբ եւ նուիրումով կազմաւորել։
Անցնող 20 տարիներու հինգը անցան Յունաստանի Հայոց Թեմէն ներս։ Կարեւոր է նշել թէ այս Թեմը յատկանաշական եւ հարազատ եղած է մեր ծառայութեան ընթացքին։ Եւ վերջապէս հոգեւորականի ծառայութեան ամեակները անձնական իրագործումներ չեն, անոր հիմքը եկեղեցին է եւ մղիչ ուժը՝ ժողովուրդը»։
Սրբազան հօր նուիրուած երեկոն շարունակուեցաւ հիւրասիրութեամբ եւ մտերմիկ զրոյցներով։
Բոլոր մասնակիցները գոհունակութեամբ եւ անխառն զգացումներով բարեմաղթութիւններ փոխանցեցին Թեմակալ Առաջնորդին, մաղթելով երկար ու բեղմնաւոր տարիներ, ի խնդիր Յունահայոց պատմական թեմի յարատեւման ու բարգաւաճման։










