Երկուշաբթի, 14 Հոկտեմբեր 2024-ին Յունահայոց թեմակալ Առաջնորդ Տ. Սահակ Ծ. Վրդ. Եմիշեան ընկերակցութեամբ Ազգային Վարչութեան ատենապետ պրն. Թագւոր Յովակիմեանի եւ ատեանդպիր պրն. Նազար Աւագեանի, ծանօթացման այցելութիւն տուին Կրօնից նախարարութիւն։
Թեմակալ առաջնորդին դիմաւորեց նախարարութեան ընդհանուր քարտուղար պրն. Եորղոս Քալանծիս, որ լաւագոյն խօսքերով արտայայտուեցաւ գաղութին հետ ունեցած երկար տարիներու սերտ յարաբերութեան ու գործակցութեան մասին, մասնաւոր յարգալից արտայայտութիւններով յիշեց նախորդ առաջնորդ Տ. Գեղամ Արք. Խաչերեանը։
Իր կարգին թեմակալ Առաջնորդը գաղութիս երախտագիտական զգացումները արտայայտեց անձնապէս պրն. Քալանծիսին, որ իր երկար տարիներու գործունէութեան ընթացքին նախարարութեան կրօնից պատկան բաժանմունքին յատուկ հետաքրքրութեամբ հետեւած է մեր հարցերուն փորձելով օգտակար դառնալ մեր յաջորդական դիմումներուն։
Երախտագիտական արտայայտութիւն յայտնեց Յունաստանի կառավարութեան եւ նախարարութիւններուն, որ իրենց անվերապահ աջակցութիւնը կը բերեն մեր վարժարաններուն։ Աւարտին, քննարկուեցան յառաջիկայ ծրագիրները կապուած ազգային Առաջնորդարանին եւ ազգային վարժարաններուն։
Դիւան Ազգային Առաջնորդարանի