­Շա­բաթ, 12 ­Հոկ­տեմ­բեր 2024-ի ե­րե­կո­յեան ժա­մը 6։30-ին, ­Գո­մո­թի­նիի միօ­րեայ վար­ժա­րա­նի վե­րա­մու­տին ա­ռի­թով, կա­տա­րո­ւե­ցաւ ե­րե­կո­յեան ժա­մեր­գու­թիւն եւ ջրօրհ­նէ­քի կարգ՝ ­Սուրբ Գ­րի­գոր ­Լու­սա­ւո­րիչ ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ։ ­Ժա­մեր­գու­թեան ա­ւար­տին, վար­ժա­րա­նի ա­շա­կերտ­նե­րը հա­մայն­քի սրա­հին մէջ ներ­կա­յա­ցու­ցին գե­ղա­րո­ւես­տա­կան յայ­տա­գիր նո­ւի­րո­ւած ­Թարգ­ման­չաց տօ­նին։ ­Նոյն ա­ռի­թով, գծագ­րու­թեան գե­ղա­րո­ւես­տա­կան խում­բի ա­շա­կերտ­նե­րը ար­ժա­նա­ցան պար­գե­ւատ­րու­մի։