Թաթուլ Ալթունեան (1901-1973)

Թաթուլ Ալթունեան (1901-1973). Հայ­կա­կան եր­գի ու պա­րի կա­խար­դան­քին բե­մադ­րի­չը Ն.

0
3896

­Հոկ­տեմ­բեր 2ին հայ ժո­ղո­վուր­դը կը նշէ ծնուն­դը իր մե­ծա­տա­ղանդ ա­րո­ւես­տա­գէտ­նե­րէն ­Թա­թուլ Ալ­թու­նեա­նի, ո­րուն ա­նունն ու գոր­ծը ան­մա­հու­թիւ­նը նո­ւա­ճե­ցին իբ­րեւ հիմ­նա­դիր խմբա­վա­րը ­Հա­յաս­տա­նի Եր­գի ու ­Պա­րի ­Պե­տա­կան ­Հա­մոյ­թին։
­Գե­ղա­րո­ւես­տա­կան բարձ­րո­րակ ճա­շա­կով ու յղա­ցում­նե­րով օժ­տո­ւած ե­րա­ժիշտն ու խմբա­վարն է ­Թա­թուլ Ալ­թու­նեան, որ իբ­րեւ հայ մշա­կոյ­թի մեծ ժա­ռան­գու­թեան ա­ւե­տա­բե­րի՝ հա­յոց եր­գի ու պա­րի կա­խար­դա­կան աշ­խար­հը բա­ցաւ ոչ միայն սե­փա­կան ժո­ղո­վուր­դին, այ­լեւ ողջ մարդ­կու­թեան առ­ջեւ՝ հմա­յե­լով ա­րո­ւես­տի ծա­րաւ բո­լոր հո­գի­նե­րը հա­յաշ­խար­հի եւ ան­կէ ան­դին բա­ցո­ւող հո­րի­զոն­նե­րու։
Ինչ­պէս բո­լոր ի­րա՛ւ ա­րո­ւես­տա­գէտ­նե­րու պա­րա­գա­յին, մար­դուն եւ մարդ­կա­յի­նին նկատ­մամբ ան­հուն սէրն ու ջեր­մե­ռանդ պաշ­տա­մուն­քը ա­ռաջ­նոր­դող լոյ­սը ե­ղան ­Թա­թուլ Ալ­թու­նեա­նի, որ խո­րա­պէս հա­ւա­տաց եւ անվ­հատ ստեղ­ծա­գոր­ծեց այն մղու­մով, թէ՝
«Եր­բեմն մի պտղունց բա­րու­թեամբ կա­րե­լի է չա­րու­թեան մի բլուր փլեց­նել»։
Այս տա­րի կը լրա­նայ մա­հո­ւան 45րդ ­տա­րե­լի­ցը մե­ծա­տա­ղանդ այս ­Հա­յուն, որ ծնած է 117 տա­րի ա­ռաջ, ­Հոկ­տեմ­բեր 2ի այս օ­րը, հայ­կա­կան ­Կի­լի­կիոյ գե­ղա­տե­սիլ, բայց թրքա­կան պե­տու­թեան գոր­ծադ­րած ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան հե­տե­ւան­քով ա­րեան բաղ­նի­քի վե­րա­ծո­ւած Ա­տա­նա­յի մէջ։
Ծ­նած է ­Տիգ­րան Ալ­թու­նեա­նի ըն­տա­նե­կան հա­մեստ յար­կին տակ եւ կնքո­ւած՝ հայ ժո­ղո­վուր­դի հե­րո­սա­կան զա­ւակ­նե­րէն ­Թա­թու­լի ա­նու­նով։
Ծ­նած ըլ­լա­լով հայ ժո­ղո­վուր­դի փառ­քի եւ ող­բեր­գու­թեան ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին՝ 20րդ ­դա­րաս­կիզ­բին, ­Կի­լի­կիոյ հա­յու­թեան բա­բա­խուն սիր­տը հան­դի­սա­ցող Ա­տա­նա քա­ղա­քին մէջ աչ­քե­րը բա­ցած ­Թա­թուլ Ալ­թու­նեա­նը, հա­յոց դա­ժան ճա­կա­տագ­րին հե­տե­ւան­քով, եր­կար չչվա­յե­լեց բնա­կան գե­ղեց­կու­թեամբ յատ­կո­րո­շո­ւող իր ծննդա­վայ­րը։ ­Մա­նուկ տա­րի­քին ճա­շա­կեց դառն բա­ժա­կը 1909ի ­Կի­լի­կիոյ Ա­ղէ­տին, իսկ 1915ին ար­դէն 14ա­մեայ պա­տա­նի՝ ­Թա­թուլ Ալ­թու­նեան ան­ձամբ ապ­րե­ցաւ ար­հա­ւիր­քը ­Մեծ Ե­ղեռ­նին։
­Հայ ժո­ղո­վուր­դին դէմ թրքա­կան պե­տու­թեան գոր­ծադ­րած ցե­ղաս­պա­նա­կան տե­ղա­հա­նու­թեան ու սպան­դի, ա­րեան ու սու­գի ճա­նա­պարհ­նե­րը կտրե­լով, հա­յոց մեծ խա­չե­լու­թե­նէն մա­զա­պուրծ, պա­տա­նի ­Թա­թուլ Ալ­թու­նեան ա­պաս­տա­նե­ցաւ Ե­րե­ւան։
Ի վե­րուստ ե­րաժշ­տա­կան տա­ղան­դով օժ­տուած հայ պա­տա­նի գաղ­թա­կա­նին հա­մար Ե­րե­ւա­նը դար­ձաւ ան­փո­խա­րի­նե­լի իր մեծ օ­ճա­խը՝ ­Թա­թուլ Ալ­թու­նեա­նին տա­լով հնա­րա­ւո­րու­թիւ­նը լիո­վին զար­գաց­նե­լու թէ՛ ե­րա­ժիշ­տի ու խմբա­վա­րի իր ըն­դու­նա­կու­թիւն­նե­րը, թէ՛ հա­յոց եր­գի ու պա­րի ա­ռինք­նող աշ­խար­հին խո­րա­թա­փանց ճա­նա­չո­ղու­թիւ­նը, թէ՛ ազ­գա­յին-ժո­ղովր­դա­կան շուն­չով ստեղ­ծա­գոր­ծե­լու տա­ղան­դը։
Թ. Ալ­թու­նեան 1928ին ա­ւար­տեց Ե­րե­ւա­նի, իսկ 1934ին՝ ­Լե­նինկ­րա­տի (այժմ՝ վերս­տին ­Սան ­Փե­թերս­պուրկ ա­նո­ւա­նա­կո­չո­ւած) ե­րաժշ­տա­նոց­նե­րը: 1934էն իսկ սկսաւ դա­սա­ւան­դել Ե­րե­ւա­նի ե­րաժշտա­նո­ցին մէջ:
1935էն մին­չեւ 1949 թո­ւա­կա­նը, տար­բեր հանգ­րո­ւան­նե­րով, Թ. Ալ­թու­նեան ստանձ­նեց ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը Ե­րե­ւա­նի ե­րաժշ­տա­նո­ցին եւ ­Հա­յաս­տա­նի պե­տա­կան երգ­չա­խումբ­նե­րուն։ Իսկ 1938էն մին­չեւ 1970 տե­ւա­բար ղե­կա­վա­րեց ­Հայ­կա­կան ­Ժո­ղովր­դա­կան Եր­գի-­Պա­րի ­Հա­մոյ­թը (Ան­սամպ­լը, որ իր մա­հէն տա­րի մը ետք՝ 1974ին, պաշ­տօ­նա­պէս կո­չո­ւե­ցաւ ­Թա­թուլ Ալ­թու­նեա­նի ա­նու­նով)։
­Թա­թուլ Ալ­թու­նեան 1958էն մին­չեւ 1973ի իր վախ­ճա­նը վա­րեց նա­խա­գա­հու­թիւ­նը ­Հա­յաս­տա­նի Երգ­չախմ­բա­յին Ըն­կե­րու­թեան, իսկ 1966-69ին միա­ժա­մա­նակ ղե­կա­վա­րեց Ըն­կե­րու­թեան Երգ­չա­խում­բը:
Այդ­պէ՛ս, շուրջ քա­ռա­սուն տա­րի, ­Թա­թուլ Ալ­թու­նեա­նի ղե­կա­վա­րու­թեան տակ, հայ թէ օ­տար բե­մե­րու վրայ, ­Խորհր­դա­յին կողմն աշ­խար­հի թէ երկ­րա­գուն­դի ողջ տա­րած­քին, ինք­նա­տիպ մեկ­նա­բա­նու­թեամբ հնչե­ցին ու լայն ժո­ղովր­դա­կա­նու­թեան ար­ժա­նա­ցան ­Կո­մի­տա­սի «­Գա­րուն»ը, «­Կա­լի եր­գը», «­Սո­նա եար»ը, «­Լօ, լօ»ն, «Անձ­րեւն ե­կաւ»ը, «­Քաղ­հան»ը, նոյն­պէս՝ Ք­րիս­տա­փոր ­Կա­րա-­Մուր­զա­յի «­Գա­ցէք, տե­սէք»ը, «­Զինչ ու զինչ»ը, Ս­պի­րի­դոն ­Մե­լի­քեա­նի «Թխ­կոն­դա», «­Պի­լի­բի» եր­գե­րը, հայ­կա­կան ժո­ղովր­դա­կան եր­գե­րու բա­զում մշա­կում­ներ, հայ­կա­կան, ռու­սա­կան, եւ­րո­պա­կան խմբեր­գա­յին ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­ներ։
­Թա­թուլ Ալ­թու­նեա­նի գե­ղա­րո­ւես­տա­կան մեծ տա­ղան­դին ան­մահ վկա­ներն են ինք­նա­տիպ ո­ճով իր մշա­կում­նե­րը ոչ միայն ­Կո­մի­տա­սի եւ Ս. ­Մե­լի­քեա­նի գո­հար­նե­րուն, այ­լեւ իր իսկ կող­մէ ձայ­նագրո­ւած գու­սա­նա­կան եւ ժո­ղովր­դա­կան եր­գե­րուն ու պա­րե­ղա­նակ­նե­րուն, ինչ­պի­սին են «­Հոյ, իմ ­Նա­զա­նի եա­րը», «­Նու­բար, ­Նու­բար»ը, «Եա­ման Եար»ը, «­Հո­պի­նա»ն, «­Խամ­բա­ջի»ն, «­Քա, դէ ե­սիմ»ը ե­ւայլն:
­Թա­թուլ Ալ­թու­նեան հե­ղի­նակն է նաեւ մեր ժո­ղո­վուր­դին եւ ընդ­հան­րա­պէս հան­դի­սա­տե­սին կող­մէ այն­քա՜ն սի­րո­ւած «­Սե­ւա­նի», «­Նա­զե­լի», «­Նազ­պար», «Ար­տա­շա­տի» եւ այլ պա­րե­ղա­նակ­նե­րուն:
Եր­գի-­Պա­րի ­Հա­մոյ­թի գե­ղա­րո­ւես­տա­կան շրջապ­տոյտ­նե­րով, եր­կար տա­րի­ներ եւ բա­զում ան­գամ­ներ, ­Թա­թուլ Ալ­թու­նեան գտնո­ւե­ցաւ Ս­փիւռ­քի գրե­թէ բո­լոր հա­յօ­ճախ­նե­րուն մէջ եւ մե­ծա­պէս նպաս­տեց տե­ղա­կան եր­գի-պա­րի կա­մա­ւոր ու սի­րո­ղա­կան խում­բե­րուն կա­տա­րո­ղա­կան վար­պե­տու­թեան բարձ­րա­ցու­մին։
­Մեծ վար­պե­տին ա­նու­նով կո­չո­ւե­ցան ­Գա­հի­րէի, ­Պո­ւէ­նոս Այ­րէ­սի եւ այլ գա­ղութ­նե­րու հայ­կա­կան եր­գի-պա­րի հա­մոյթ­նե­րը։
­Հայ եր­գին ու պա­րին բե­մա­կա­նաց­ման մե­ծա­տա­ղանդ վար­պե­տին մեր սե­րունդ­նե­րը պի­տի յի­շեն ա­նոր գե­ղա­րո­ւես­տա­կան թե­ւա­ւոր կտա­կով՝
«­Հայ եր­գը մի բարձ­րա­հա­սակ, նի­հար ու նուրբ գե­ղեց­կու­հի է, ո­րին ե­թէ շատ զար­դա­րես` կը կոր­չի ու կը խեղ­դո­ւի, կը կռա­նայ ու կը փշրո­ւի»։
­Մե­ծա­տա­ղանդ խմբա­վա­րին, ե­րաժշ­տա­կան ու­սու­ցի­չին եւ ­Հա­յաս­տա­նի ­Պե­տա­կան Երգ­չա­խում­բին ու ­Հայ­կա­կան ­Ժո­ղովր­դա­կան Եր­գի-­Պա­րի ­Հա­մոյ­թին վաս­տա­կա­շատ հիմ­նա­դի­րին ծննդեան 117ա­մեա­կին ու մա­հո­ւան 45րդ ­տա­րե­լի­ցին նո­ւի­րո­ւած ո­գե­կոչ­ման ու մե­ծա­րան­քի այս ամ­փոփ վկա­յու­թիւ­նը եզ­րա­փա­կե­լու հա­մար, յա­տուկ կա­րե­ւո­րու­թեամբ կ­’ար­ժէ շեշ­տել, որ ­Թա­թուլ Ալ­թու­նեան կը հան­դի­սա­նայ նաեւ ­Պատ­գա­մի՛ տէր ­Հա­յը, որ միշտ վառ պա­հեց ան­հուն բա­րու­թիւ­նը մեր ժո­ղո­վուր­դին՝ ծան­րա­գոյն հա­րո­ւած­նե­րէ վե­րապ­րե­լու եւ մար­դուն ու աշ­խար­հին նկատ­մամբ իր բա­րի հա­ւատ­քը չկորսնց­նե­լու ­Հա­յու ազ­գա­յին հրա­շա­զօր լա­ւա­տե­սու­թեան:
Թր­քա­կան պե­տու­թեան գոր­ծադ­րած ցե­ղաս­պա­նա­կան մեծ ո­ճի­րի ար­հա­ւիր­քէն յա­րու­թիւն ա­ռած ­Հա­յաս­տա­նի ու վե­րած­նեալ հա­յու­թեան անլ­ռե­լի վկան կը հան­դի­սա­նայ նաեւ ինք։
­Մեր ժո­ղո­վուր­դի բազ­մա­դա­րեան լու­սա­ւոր եր­թը նոր հո­րի­զոն­նե­րու բա­նա­լու ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան ան­շէջ հու­րով վա­րա­կո­ւած՝ ­Թա­թուլ Ալ­թու­նեան հայ մշա­կոյ­թի ու ա­րո­ւես­տի վե­րա­նո­րոգ­ման կեն­սու­նա­կու­թեամբ պա­տաս­խա­նեց ­Ցե­ղաս­պա­նին եւ, ար­ժա­նա­ւո­րա­պէ՛ս, իր բարձ­րա­դիր պա­տո­ւան­դա­նը նո­ւա­ճեց վե­րապ­րող հա­յու­թեան հո­գեմ­տա­ւոր ա­ռաջ­նորդ­նե­րու ան­մա­հա­ցեալ փա­ղան­գին մէջ։

ԲԱԺՆԵԼ
Նախորդ յօդուածը1 Հոկտեմբեր 1847
Յաջորդ յօդուածըՆոր Գիրք