Սիւսեքս համալսարանին կողմէ հրապարակուած ուսումնասիրութեան մը համաձայն, գիրք կարդալը լաւագոյն միջոցն է ընկճախտը թեթեւցնելու համար: Արդարեւ, 6 վայրկեանկարդալը բաւարար է մեզ հանդարտեցնելու եւ 68 առ հարիւրով պակսեցնելու մեր ընկճախտը:
Նոյն ուսումնասիրութեան համաձայն, այս միջոցը շատ աւելի ազդու է, քան` երաժշտութիւն ունկնդրելը, պտտիլը, սուրճ կամ թէյ խմելը` ներքին լարուածութիւնը պարպելու համար:
Այս առիթով եկէք` վերյիշենք գիրք կարդալու այլ բարիքները.
– Կ՛աշխուժացնէ ուղեղը:
– Կը բարելաւէ գիտելիքները:
– Կը հարստացնէ բառապաշարը:
– Կ՛աշխուժացնէ յիշողութիւնը:
– Կը խթանէ քննական միտքը:
– Կը բարելաւէ ուշադրութիւնն ու կեդրոնացումը:
– Կը զարգացնէ շարադրական ունակութիւնը:
– Կը խաղաղեցնէ միտքը:
– Կը զարգացնէ երեւակայութիւնն ու ստեղծագործական միտքը: