Չորեքշաբթի, 12 Մարտին, Թեսաղոնիկէի Գրողներու միութեան սրահէն ներս տեղի ունեցաւ բժիշկ, քաղաքական գործիչ եւ հրապարակախօս Էլենի Թէոխարուսի գիրքի շնորհանդէսը, որ կը կոչուի «Եօթերորդ կնիքը» (‘Eβδομη σφραγίδα)։
Հրատարակութիւնը կը պարունակէ հեղինակի վերջին ժամանակաշրջանի բանաստեղծութիւններու ծաղկաքաղը, որ լոյս տեսած է «Երաթօ» հրատարակչատան կողմէ։ Ելոյթի ընթացքին, գիրքին մասին խօսեցան հանրածանօթ երգահան եւ երգչուհի Աֆրոտիթի Մանու, արուեստագէտ Վիքթորիա Քափլանի եւ գրող Անտրէաս Քարաքոքինոս, որոնք շեշտեցին բանաստեղծութիւններու բարձր մշակումը, լեզուի որակը, բայց յատկապէս իրական ապրումներու վրայ հիմնուած երկը եւ խօսքը։ Բոլոր խօսողները մասնաւոր անդրադարձ կատարեցին տիկին Թէոխարուսի Արցախեան կենսափորձին վրայ, որուն արտացոլումը կը հանդիպինք հեղինակին տողերուն մէջ, «սեւ պարտէզ» (μαύρος κήπος) այլաբանութեամբ։ Խօսողները մեծարեցին Թէոխարուսի անզուգական եւ նուիրեալ գիտնականի ոգին, որ միշտ գտնուած է տարապեալ ու մաքարող ազգային ազատագրական շարժումներու մէջ, որպէս վիրահատող բժիշկ, անդամակցելով «Աշխարհի բժիշկներ» կազմակերպութեան առաքելութիւններուն։
Վերջին խօսքը արտասանեց տիկին Թէոխարուս, պատմելով դրուագ մը 1990-ական թուականներու Արցախի ազատագրական պայքարէն, յիշելով նաեւ թեսաղոնիկահայ Կարապետ Գալֆայեանին հետ գործակցութիւնը եւ համընդհանուր խանդավառութիւնը, որ կը տիրէր հայ ժողովուրդին մէջ։ Կիպրացի հեղինակը մեծ կսկիծ եւ անձկութիւն ապրեցաւ Արցախի անկումով, զգացում մը, որ յայտնի է իր բանաստեղծութիւններուն մէջ, քանի որ ինքն ալ մաս կազմած էր Արցախի ազատագրական պայքարի յաղթանակին։
Ներկայացումը իր աւարտին հասաւ երաժշտական մասով, որուն ընթացքին Աֆրոտիթի Մանու մեներգեց շարք մը ծանօթ յունական երգեր։
Նշենք, որ գիրքի վաճառքի հասոյթը պիտի տրամադրուի սրցախահայութեան օժանդակութեան համար:
Թղթակից