Մի սպասեր. Գործէ. Իւրաքանչիւր, նոյնիսկ աննշան քայլ դէպի առջեւ աւելի արդիւնաւէտ է, քան անիմաստ սպասումները: Հարցազրոյցէն ետք չե՞ն հեռաձայներ: Դուն հեռաձայնէ եւ գիտցիր, թէ երբ որոշում պիտի կայացնեն: Ընկերդ չի՞ կրնար որոշել շաբաթավերջին ինչով զբաղիլ: Դուն ծրագրաւորէ քու հանգիստդ, իրմէ անկախ: Երկար ժամանակ է չե՞ս կրնար պաշտօնի բարձրացում ստանալ: Այլ ընկերութիւններ դիտարկէ: Աւելի լաւ է բազմաթիւ տարբերակներ փորձել եւ չստանալ ցանկալին, քան ընդհանրապէս ոչինչ ընել: Ոչ ոք քեզի համար աւելին կ՝ընէ, քան՝ դուն:
Մի մտածեր, թէ քեզի ինչպէս կը գնահատեն: Դուն գնահատէ. Մեծ հաճոյք չէ` սրճարանի մէջ նստիլ ժամադրութեան եւ հարց տալ. «Ես անոր համար հաճելի՞ եմ»: Դուն հաւանաբար նկատած ես, որ տղամարդիկ յաճախ չեն դիտարկեր այն հնարաւորութիւնը, որ իրենք կրնան հաճելի չթուիլ: Այնպէս որ, լիցքաթափուիր, յենուիր աթոռի թիկնակին եւ գնահատէ քեզ սիրողը բոլոր չափանիշներով: Միաժամանակ պիտի որոշես` ան քեզի համար հետաքրքրական է, թէ՝ ոչ:
Ցանկալին իրականութեան տեղ մի անցներ. Պատկերացուր, թէ որքան ժամանակ կարելի է խնայել, եթէ զայն չծախսես տղամարդու համակրանքի ազդանշանները վերծանելու վրայ: Ի՞նչ տարբերութիւն, թէ ան ինչպէս նայած է, եթէ մինչեւ հիմա չէ հեռաձայնած եւ չէ առաջարկած հանդիպիլ: Ամենալաւ տրամադրուածութիւնը հանգիստ լաւատեսութիւնն է եւ տրամադրութեան ցատկերու բացակայութիւնը ոեւէ մէկուն հեռաձայնին կամ անոր բացակայութեան պատճառով:
Փորձէ բարձրացնել տրամադրութիւնդ. Թոյլ մի տար նեղանալ անոր համար, որ վերադասը դիտողութիւն ըրած է ուշացման համար, կամ ընկերուհիդ քննադատած է նոր սանտրուածքդ: Այլ մարդիկ պէտք չէ բացասաբար ազդեն յուզական վիճակիդ վրայ եւ խարխլեն ինքնագնահատականը: Տրամադրութիւնդ բարձր պահելու համար մտքիդ մէջ պահէ քեզ ուրախացնող բաներուն ծանրակշիռ ցուցակը. տաք լոգանք գիրքով, գաւաթ մը սուրճ օշարակով, այցելութիւն լողաւազան կամ եղունգներու յարդարում: Անյաջողութիւնները հաճոյքով փոխհատուցէ:
Մի զոհաբերեր դուն քեզ. Քեզի հանդէպ սէրը կեանքիդ մէջ իւրաքանչիւր յարաբերութեան առաջին աստիճանն է: Մի սպասեր, թէ ուրիշները քեզի աւելի շատ պիտի սիրեն, քան դուն քեզ: Մարդու կեանքի մէջ ամենաարժէքաւոր յարաբերութիւնները ինքն իր հետ յարաբերութիւններն են: Կարեւոր է եւ այն, թէ ինչ կը մտածես քու մասիդ: Կարելի չէ առաւօտեան յուզական առումով յարմարաւէտ զգալ, եթէ անցեալ երեկոյեան մինչեւ ուշ ժամ նստած ես աշխատասենեակիդ մէջ` ուրիշին աշխատանքը ընելով: Երբ չես ուզեր որեւէ բան ընել, քաղաքավար կերպով մերժէ եւ պիտի զգաս, թէ ինչ կը նշանակէ «ուսերէն լեռ ինկաւը» եւ «հոգիին մէջ թեթեւութիւնը»: