Բ­րի­տա­նիոյ ար­տա­քին գոր­ծոց նո­րան­շա­նակ նա­խա­րար ­Պո­րիս ­Ճոն­սը­նի թուրք նա­խա­հայ­րը՝ Ա­լի ­Քե­մալ ընդ­դի­մա­ցած էր ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը գոր­ծադ­րած ղե­կա­վար­նե­րուն եւ, 1922ին, դա­ժա­նա­բար սպան­նո­ւած էր ­Թուր­քիոյ ցե­ղա­պաշտ ու­ժե­րուն կող­մէ: Այս մա­սին հա­ղոր­դագ­րու­թիւն հրա­պա­րա­կած է Ա­մե­րի­կա­յի ­Հայ­կա­կան ­Հա­մա­ժո­ղո­վը:

Բ­րի­տա­նիոյ նո­րան­շա­նակ ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար ­Պո­րիս ­Ճոն­սըն յայտ­նի է որ­պէս ­Լոն­տո­նի քա­ղա­քա­պետ, վառ ան­հա­տա­կա­նու­թիւն եւ ­Յու­նի­սի հան­րա­քո­ւէի Brexit քա­րո­զար­շա­ւի ա­ռաջ­նորդ: Ա­ւե­լի քիչ տե­ղե­կու­թիւն­ներ կան ա­նոր անձ­նա­կան կեն­սագ­րու­թեան մա­սին, ո­րուն մէջ կ­՛ար­տա­ցո­լայ բրի­տա­նա­ցիին բազ­մա­շերտ ցե­ղա­յին ժա­ռան­գու­թեան խառ­նուր­դը, ուր կայ թուրք նա­խա­հայր Ա­լի ­Քե­մա­լը: ­Վեր­ջինս ի­րա­պէս ու­շադ­րու­թիւն գրա­ւած է իբ­րեւ ա­մէ­նէն հա­մար­ձակ ձայ­նե­րէն մէ­կը, որ ընդ­դի­մա­ցաւ 1915-1923 թո­ւա­կան­նե­րուն ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը գոր­ծադ­րած ղե­կա­վար­նե­րուն եւ, 1922ին, դա­ժա­նա­բար սպան­նո­ւե­ցաւ ցե­ղա­պաշտ ու­ժե­րուն կող­մէ:

Որ­պէս լրագ­րող, իր կեան­քին հա­մար ան­հանգս­տա­նա­լով, 1909ին Ա­լի ­Քե­մալ փա­խուստ կու տայ Անգ­լիա, տա­րագ­րու­թեան մէջ ըլ­լա­լով կնոջ՝ Ո­ւի­նիֆ­րե­տի եւ դստեր հետ: ­Սա­կայն որ­դիին ծնուն­դէն կարճ ժա­մա­նակ անց, ա­նոր կի­նը կը մա­հա­նայ յետ-ծննդա­բե­րու­թեան տեն­դի պատ­ճա­ռով, ­Տոր­սէ­թի կոմ­սու­թեան ­Պորն­մուտ քա­ղա­քին մէջ: ­Քա­նի մը տա­րի ետք՝ 1912ին, ան վե­րա­դար­ձած էր Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թիւն եւ կրկին ա­մուս­նա­ցած օս­ման­ցի փա­շա­յի մը դստեր՝ ­Սա­պի­հա ­Հա­նը­մին հետ:

Ա­լի ­Քե­մա­լի ա­ռա­ջին կնոջ­մէ ու­նե­ցած ե­րե­խա­նե­րը, ո­րոնք դեռ կ­՛ապ­րին Անգ­լիոյ մէջ, որ­դեգ­րած էին ի­րենց մայ­րա­կան մեծ մօր օ­րիոր­դա­կան մա­կա­նու­նը՝ ­Ճոն­սըն: Ա­լի ­Քե­մա­լի որ­դին՝ ­Պո­րիս ­Ճոն­սը­նի մեծ հայ­րը, որ ի սկզբա­նէ Օս­ման ա­նու­նը կը կրէր, հե­տա­գա­յին սկսաւ օգ­տա­գոր­ծե­լու իր երկ­րորդ ա­նու­նը՝ Ո­ւիլֆ­րիտ: ­Ճոն­սը­նի նա­խա­հայր Ա­լի ­Քե­մալ օս­մա­նեան պե­տու­թեան բնաջն­ջո­ղա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թեան ա­ռա­ւել նշա­նա­ւոր թուրք քննա­դատն էր: Ա­լի ­Քե­մալ լրագ­րող եւ հա­սա­րա­կա­կան բա­նա­խօս էր, որ նոյ­նիսկ կարճ ժա­մա­նա­կաշր­ջան մը՝ 1919ին, յետ-պա­տե­րազ­մեան օս­մա­նեան կա­ռա­վա­րու­թեան մէջ, նա­խա­րա­րի պաշ­տօն կը վա­րէր:

Դոկ­տոր ­Վա­հագն ­Տատ­րեան, ո­րուն բազ­մա­թիւ հրա­պա­րա­կում­նե­րը բա­ցա­յայ­տած են ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան վե­րա­բե­րեալ գեր­մա­նա­կան եւ օս­մա­նեան ա­պա­ցոյց­նե­րուն լայն ծա­ւա­լը, ներ­կա­յա­ցու­ցած էր ե­րիտթր­քա­կան ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նի քա­ղա­քա­կա­նու­թեան մէջ Ա­լի ­Քե­մա­լի դե­րա­կա­տա­րու­թեան ազ­դե­ցիկ նկա­րագ­րու­թիւ­նը:

Ա­լի ­Քե­մալ ա­զա­տա­կան գա­ղա­փար­նե­րու կողմ­նա­կից էր. ո­րու նման­նե­րը կը ճնշուէին թէ՛ ե­րիտթր­քա­կան ծայ­րա­յե­ղա­կան­նե­րու եւ թէ ­Մուս­թա­ֆա ­Քե­մա­լի գլխա­ւո­րած թուրք ազ­գայ­նա­կան­նե­րուն կող­մէ: Ա­լի ­Քե­մալ ա­ռա­ւել պոռթ­կուն, քան ոե­ւէ այլ թուրք, դա­տա­պար­տած է հա­յե­րուն դէմ կա­տա­րո­ւած ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը եւ սուր քննա­դա­տու­թեան են­թար­կած իթ­թի­հա­տա­կան ցե­ղա­պաշտ­նե­րը՝ իբ­րեւ այդ յան­ցա­գոր­ծու­թեան հե­ղի­նակ­նե­րու, ա­նո­ղոր­մա­բար պա­հան­ջե­լով ա­նոնց հե­տապն­դու­մը եւ պա­տի­ժը: Այս վե­րա­բեր­մուն­քին հա­մա­պա­տաս­խան՝ ան պայ­քար կը մղէր նաեւ ­Քե­մա­լա­կան շարժ­ման դէմ, ո­րուն այն ժա­մա­նակ կը սա­տա­րէին տա­պա­լած Իթ­թի­հա­տի գաղտ­նի հրո­սակ­նե­րը:

Զայն ա­ռե­ւան­գե­ցին ­Պոլ­սոյ «­Թո­քաթ­լեան» պան­դո­կի վար­սա­յար­դա­րին մօ­տէն եւ մո­թոր-նա­ւա­կով տա­րին քա­ղա­քի Ա­սիա­կան մա­սը, ու­ղե­ւո­րո­ւե­լով դէ­պի Ան­գա­րա՝ դա­ւա­ճա­նու­թեան հա­մար մե­ղադ­րան­քով դա­տի: ­Սա­կայն Իս­մի­թի մօտ խում­բը կանգ­նե­ցո­ւե­ցաւ ­Մուս­թա­ֆա ­Քե­մա­լի հետ միա­ւո­րո­ւած այդ ժա­մա­նա­կո­ւան Ա­ռա­ջին զօր­քի հրա­մա­տա­րին՝ զօր. ­Նու­րէտ­տի­նի կող­մէ: Ա­լի ­Քե­մա­լը զօ­րա­վա­րին հրահ­րու­մով ­Լին­չի դա­տաս­տա­նին են­թար­կո­ւե­ցաւ ամ­բո­խին կող­մէ: Ա­նոր գլու­խը ջախ­ջա­խո­ւե­ցաւ մա­հակ­նե­րով, եւ զայն քար­կո­ծե­լով սպան­նե­ցին:

Նու­րէտ­տին ան­ձամբ այս­պէ՛ս նկա­րագ­րած է տե­ղի ու­նե­ցա­ծը ­Ռի­զա ­Նու­րին, ո­րուն հետ ­Լօ­զան կ­՛ուղ­ղո­ւի՝ խա­ղա­ղու­թեան բա­նակ­ցու­թիւն­ներ վա­րե­լու ­Դաշ­նա­կից պե­տու­թիւն­նե­րուն հետ.
«Ա­նոր ար­նա­շա­ղախ մար­մի­նը այ­նու­հե­տեւ կա­խա­ղան բարձ­րա­ցո­ւե­ցաւ, եւ տա­պա­նա­գիր կա­խո­ւե­ցաւ ա­նոր կրծքա­վան­դա­կին, ո­րուն վրայ գրո­ւած էր. «Ար­թին ­Քե­մալ»: ­Զո­հին յան­պատ­րաս­տից հա­յու ա­նուն շնոր­հե­լով՝ զտա­րիւն թուր­քին մե­ծա­գոյն ար­հա­մար­հան­քի են­թար­կե­ցին՝ որ­պէս ա­նար­գո­ւած ազ­գի ան­դա­մի»:

Պատ­մա­կա­նօ­րէն ա­նար­գո­ւե­լով ­Թուր­քիոյ մէջ իբ­րեւ դա­ւա­ճա­նի՝ փոր­ձեր կա­տա­րո­ւած էին վե­րա­նա­յե­լու Ա­լի ­Քե­մա­լի ժա­ռան­գու­թիւ­նը՝ ­Պո­րիս ­Ճոն­սը­նի ճա­նա­չո­ւա­ծու­թեան բարձ­րաց­ման զու­գա­հեռ: Ան վե­րագ­նա­հա­տո­ւե­ցաւ իբ­րեւ այ­լա­խոհ եւ փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րու ի­րա­ւունք­նե­րու պաշտ­պան: 2004ին ­Թուրք Լ­րագ­րող­նե­րու ­Միու­թիւ­նը Ա­լի ­Քե­մա­լի ա­նու­նը նշած էր ­Թուր­քիոյ մէջ նա­հա­տա­կո­ւած լրագ­րող­նե­րու շար­քին։

13769540_1264114260280102_4140825880327086938_n