Արցախի հերոսական ժողովուրդի պայքարին մշտական զօրակցութիւն բերելու առաջադրանքով, Շաբաթ՝ 2 Մարտ 2019ին Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Երիտասարդական Միութեան Կեդրոնական Վարչութեան նախաձեռնութեամբ ու Պատանեկան Միութեան անդամներու մասնակցութեամբ, թռուցիկներու բաշխման աշխատանք մը ծաւալեցաւ Աթէնքի եւ Թեսաղոնիկէի մէջ։
Երիտասարդական ու Պատանեկան միութեանց անդամները՝ Արցախի հիմնախնդրի թեման պարզաբանող թռուցիկներ բաժնեցին ժողովուրդին, յոյն հասարակութիւնը տեղեկացնելու նպատակով։
Նաեւ՝ թիւ մը երիտասարդներ, լոզունգներ գրած պաստառներով կանգնեցան Յունաստանի Խորհրդարանի շէնքին առջեւ ու Թեսաղոնիկէի Սպիտակ աշտարակի հրապարակին վրայ, անցորդներու ուշադրութիւնը գրաւելով եւ բարձրաձայնելով Արցախի ժողովուրդի եւ համայն հայութեան արդար պահանջքները: