Երեւանի պետական բժշկական համալսարանը Հ.Հ. պաշտպանութեան նախարարութեան հետ ստորագրած գործակցութեան յուշագիրի շրջագիծէն ներս, պիտի իրականացնէ Ն.Ա.Թ.Օ.ի անդամ Յունաստանի զինեալ ուժերու առաջին բժշկական օգնութիւն ցուցաբերող բուժանձնակազմի պատրաստութիւն: Հ.Հ. զինեալ ուժերու ռազմաբժշկական վարչութիւնը, նկատի առնելով Ե.Պ.Բ.Հ.ի մէջ ռազմական ուսումնական կեդրոնի գործունէութիւնը, Յունաստանի զինեալ ուժերու ռազմաբժշկական վարչութեան առաջարկած է առաջին բուժօգնութիւն ցուցաբերող կրտսեր բուժանձնակազմի վերապատրաստման գործընթացին մէջ ներառնել Ե.Պ.Բ.Հ. ռազմաբժշկական պաշտօնէութիւնը: Այս համաձայնութեան հիման վրայ, կադրերու վերապատրաստման զինուորական բաղադրիչը պիտի կատարուի ռազմաբժշկական վարչութեան, իսկ բժշկական բաղադրիչը՝ Ե.Պ.Բ.Հ. ռազմաբժշկական պաշտօնէութեան կողմէ:
ԳԼԽԱՒՈՐ ԷՋ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստան Ե.Պ.Բ.Հ.ն պիտի իրականացնէ Յունաստանի զինեալ ուժերու բժշկական անձնակազմի պատրաստութիւն
Ե.Պ.Բ.Հ.ն պիտի իրականացնէ Յունաստանի զինեալ ուժերու բժշկական անձնակազմի պատրաստութիւն
Ե.Պ.Բ.Հ.ն պիտի իրականացնէ Յունաստանի զինեալ ուժերու բժշկական անձնակազմի պատրաստութիւն










