Շաբաթ, 22 եւ Կիրակի, 23 Փետրուար 2025-ին, ձեռամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի, Անթիլիասի մայր տաճառին մէջ պիտի կատարուի երեք միաբաններու եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւն եւ օծում,
որոնց կարգին է նաեւ Յունաստանի հայոց թեմակալ առաջնորդ գերպ. Տ. Սահակ ծ.վրդ. Եմիշեան։
Շաբաթ օրուան արարողութիւնը պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 5-ին, իսկ Կիրակի օրուան պատարագը՝ առաւօտեան ժամը 10-ին։
Եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան արարողութիւնները կարելի է դիտել առցանց, կաթողիկոսարանի Cilicia TV էջէն, հետեւեալ կապով՝ https://www.facebook.com/CiliciaTv