Դիտարկումներ «Ազատ Օր»-ը՝ մեր անգնահատելի բարեկամը

0
33

«Ա­զատ Օր»-ի այ­սօ­րո­ւան է­ջե­րէն հրամ­ցո­ւած, թեր­թիս ա­ւե­լի քան 80-ա­մեայ հրա­տա­րա­կու­թեան՝ ­Թե­սա­ղո­նի­կէի մէջ ի­րա­գոր­ծո­ւած գնա­հա­տան­քի ե­րե­կո­յին մա­սին անդ­րա­դար­ձը, շար­ժա­ռի­թը կը դառ­նայ ան­գամ մը եւս կա­տա­րել կարգ մը խորհր­դա­ծու­թիւն­ներ։
­Տա­կա­ւին թարմ են յի­շո­ղու­թիւն­նե­րը ու­ղիղ տա­րի մը ա­ռաջ տե­ղի ու­նե­ցած ան­նա­խըն­թաց պա­տո­ւոյ ե­լոյ­թէն եւ «Ա­զատ Օր»-ի հին աշ­խա­տող­նե­րու ու գոր­ծա­կից­նե­րու բազ­մա­վաս­տակ աշ­խա­տան­քի պար­գե­ւատ­րու­մէն։ Այս ան­գամ, մեր թեր­թը իր յար­գան­քի տուր­քը մա­տու­ցեց ­Հիւ­սի­սա­յին ­Յու­նաս­տա­նի հա­յա­գա­ղու­թի այն նո­ւի­րեալ­նե­րուն, ո­րոնք ի­րենց կեան­քի ամ­բողջ տե­ւո­ղու­թեան, յու­նա­հայ օ­րա­թեր­թը դար­ձու­ցին ապ­րում եւ նպա­տակ, օ­րի­նա­կե­լի գուր­գու­րան­քով կան­գուն պա­հե­լու հա­մար ա­նոր տա­րա­ծու­մը հե­ռա­ւոր հա­մայնք­նե­րուն մէջ։
«Ա­զատ Օր»-ի եր­կա­րա­մեայ գո­յա­տեւ­ման գաղտ­նի­քը իր ա­կունք­նե­րը կը գտնէ ըն­թեր­ցող­նե­րու ու մա­նա­ւանդ թեր­թի բա­րե­կամ­նե­րու նո­ւի­րա­կան հա­ւա­տար­մու­թեան մէջ։ Ո­րե­ւէ խմբագ­րա­կան կամ վար­չա­կան նպա­տակ չի կրնար պսա­կո­ւիլ յա­ջո­ղու­թեամբ ա­ռանց ա­նոնց ներդ­րու­մին։ Ի տար­բե­րու­թիւն օ­տար մա­մու­լին, սփիւռ­քա­հայ մա­մու­լի յատ­կա­նի­շը կը մնայ հա­րա­զատ ջեր­մու­թիւ­նը, որ բա­ցա­ռա­պէս շունչ կը ստա­նայ հայ թեր­թին շուրջ մէկ­տե­ղո­ւած բա­րե­կամ­նե­րու թան­կա­գին նո­ւի­րա­բե­րու­մով։ ­Հոս եւս, կ­՚ար­ժէ ը­սել «­Վարձ­քը կա­տար» բո­լոր ա­նոնց, ո­րոնք կ­՚ապ­րին մեր թեր­թի սրտի տրո­փիւն­նե­րով։
­Յու­նա­հայ գա­ղու­թի ան­ցեա­լի պատ­մա­կան եր­թը ու աս­կէ ետք ա­նոր գո­յա­տեւ­ման ու ամ­րապնդ­ման ա­մէն հե­ռան­կար առն­չո­ւած ու պայ­մա­նա­ւո­րո­ւած կը մնայ մեր օ­րա­թեր­թի յա­րա­տե­ւու­մով ու ներ­կա­յու­թեամբ հայ օ­ճախ­նե­րէն ներս։
­Հա­կա­ռակ կեան­քի նոր ըմբ­նում­նե­րու եւ փո­փո­խա­կան պայ­ման­նե­րու յոր­ձա­նու­տին, սփիւռ­քա­հայ իրականութեան ա­ռանց­քը կը շա­րու­նա­կէ մնալ հայ մա­մու­լը, որ­պէս հա­րա­զատ մի­ջո­ցը մեր հա­ւա­քա­կան ի­րա­կա­նու­թեան ար­տա­յայ­տու­թեան, այ­լեւ ազ­գա­յին հիմ­նա­հար­ցե­րը, հայ մշա­կոյ­թը, մեր ըն­կե­րա­յին ապ­րում­նե­րը վառ պա­հե­լու ա­մէ­նէն հա­րա­զատ ու վա­ւե­րա­կան հար­թա­կը ըլ­լա­լու յանձ­նա­ռու­թեամբ։
­Ժա­մա­նակ­նե­րու էա­կան շրջա­դար­ձի թո­հու­բո­հին, տե­ղե­կա­տո­ւա­կան նո­րա­նոր գոր­ծի­քա­կազ­մե­րու ըն­կալ­ման մա­սին եւ թեր­թի ա­մէ­նօ­րեայ հա­րա­զատ ներ­կա­յու­թիւ­նը ա­պա­հո­վե­լու մտա­ծում­նե­րուն մէջ, «Ա­զատ Օր»-ի բա­րե­կամ­նե­րու շրջա­նա­կը ընդ­լայ­նե­լու ճի­գը կը մնայ ան­փո­փոխ։ Որ­քան ալ ար­դի մի­ջոց­նե­րը եւ ե­լեկտ­րո­նա­յին հար­թակ­նե­րը փո­խա­րի­նեն դա­սա­կան մա­մու­լի ա­ւան­դա­կան գոր­ծե­լա­ձե­ւը, թերթ-ըն­թեր­ցող յա­րա­բե­րակ­ցու­թիւ­նը կը շա­րու­նա­կէ պա­հել իր ար­ժէ­քը մէկ ըն­տա­նի­քի մը ան­դա­մը ըլ­լա­լու հա­րա­զա­տու­թեան մէջ։
­Հոս ա­ռի­թը կը տրո­ւի մտա­ծե­լու, թէ ինչ­պէս կա­րե­լի է ստեղ­ծել այն շրջա­նա­կը, հա­րա­զա­տու­թեան նոր ըն­կա­լում մը, որ պա­հե­լով հա­ւա­տա­ւոր ըն­թեր­ցո­ղի իր հան­գա­ման­քը, գուր­գու­րայ թեր­թի յա­րա­տեւ­ման հա­մար՝ ո­գե­կան թե­լը պա­հե­լու նոյն անձ­կու­թեամբ, որ յատ­կան­շած է թեր­թիս 80-ա­մեայ ներ­կա­յու­թիւ­նը հայ կեան­քէն ներս։
­Դուրս գա­լով ան­ցեա­լի կարգ մը դա­սա­կան գոր­ծե­լա­ձե­ւե­րու նեղ շրջա­գի­ծէն, այ­լեւս ժա­մա­նա­կը կը պար­տադ­րէ, որ թեր­թը ըլ­լայ նա­խա­ձեռ­նո­ղը այն­պի­սի քայ­լե­րու, ո­րոնք պի­տի ստեղ­ծեն հա­ւա­տա­ւոր շրջա­նա­կի եւ բա­րե­կամ­նե­րու ա­ւե­լի գոր­ծուն են­թա­հո­ղը։
Ար­դիւ­նա­ւէտ շփման հա­մար պէտք է այ­լեւս մտա­ծել երկ­խօ­սու­թեան հար­թակ­նե­րու, քննարկ­ման խմբակ­նե­րու եւ գա­ղու­թա­յին հե­տա­զօ­տու­թիւն­նե­րու մա­սին, ո­րոնք պի­տի ա­պա­հո­վեն լայն շրջա­նա­կի մը մաս­նակ­ցու­թիւ­նը: Այս աշ­խա­տան­քին մէջ, թո­ւա­յին հար­թակ­նե­րու տա­րա­ծու­մը եւ ա­նոնց մէ­ջէն նիւ­թե­րը շօ­շա­փե­լու հնա­րա­ւո­րու­թիւ­նը կրնայ զար­գաց­նել թերթ-ըն­թեր­ցող երկ­խօ­սու­թեան կա­պե­րը։ ­Ժա­մա­նա­կա­կից տե­ղե­կա­տո­ւա­կան դաշ­տին մէջ, օ­րա­թեր­թը պէտք է հա­մա­կար­գո­ւած օգ­տա­գոր­ծէ հա­ղոր­դակ­ցու­թեան տար­բեր ձե­ւա­չա­փե­րը՝ ըն­կե­րա­յին ցան­ցե­րու, թո­ւա­յին լրա­տո­ւա­մի­ջոց­նե­րու եւ ու­ղիղ հա­ղոր­դում­նե­րու մի­ջո­ցով:
Ա­ռա­ւել, թեր­թը կրնայ դառ­նալ պար­բե­րա­կան հան­դի­պում­նե­րու նա­խա­ձեռ­նո­ղը՝ ստեղ­ծե­լով քննար­կում­նե­րու, ազ­գա­յին եւ հա­սա­րա­րա­կան բո­վան­դա­կու­թեամբ հրա­պա­րա­կա­յին հա­ւաք­նե­րու տար­բեր բեմ մը, որ ըն­թեր­ցող­նե­րը ա­ւե­լի պի­տի կա­պէ օ­րա­թեր­թի ա­ռա­քե­լու­թեան ու ա­նոր տա­րած­ման։ ­Նոյ­նիսկ, թեր­թի նոր գոր­ծի­քա­կազ­մե­րու որ­դեգրու­մի մա­սին քննար­կում­նե­րը կրնան ընդգրկել ա­ւե­լի ե­րի­տա­սարդ եւ գոր­ծին ա­տակ ան­ձեր, ո­րոնք, ձեռք ձգած փոր­ձա­ռու­թեամբ, պի­տի սա­տա­րեն ա­նոր յա­ռաջ­դի­մու­թեան, այ­լեւ ըն­թեր­ցող­նե­րու շրջա­նա­կը ընդ­լայ­նե­լու կա­րե­լիու­թեան։
­Վե­րը նշո­ւած մտա­ծում­նե­րու ի­րա­գործ­ման ա­ռանց­քը պի­տի ըլ­լայ մարդ­կա­յին եւ հո­գե­կան կա­պի նոր ո­րա­կի մը մա­տու­ցու­մը թեր­թիս հա­ւա­տա­ւոր շրջա­նա­կին։ ­Բո­լոր մտա­ծում­նե­րը պէտք է նպաս­տեն յու­նա­հայ գա­ղու­թի օ­րա­թեր­թին՝ «Ա­զատ Օր»-ին ա­պա­հո­վե­լու հիմ­նա­ւո­րուած, նո­րա­րա­րա­կան եւ ըն­թեր­ցո­ղի հե­տաքրք­րու­թիւն­նե­րու կի­զա­կէ­տին ուղ­ղո­ւած ար­դի հար­թա­կի մը ձե­ւա­ւոր­ումը:
Ար­հես­տա­գի­տա­կան հնա­րա­ւոր եւ մատ­չե­լի մի­ջոց­նե­րու գոր­ծադ­րու­թեան ա­ռըն­թեր, օ­րա­թեր­թի եր­կա­րա­ժամ­կէտ յա­ջո­ղու­թեան հա­մար նախ եւ ա­ռաջ անհ­րա­ժեշտ է մարդ­կա­յին յա­րա­բե­րակ­ցու­թեան եւ վստա­հու­թեան ամ­րապն­դու­մը, հիմ­նուե­լով նաեւ թեր­թի ա­ւե­լի քան 80-ա­մեայ կեն­սա­փոր­ձին վրայ։

ԴԻՏՈՂ