­Հինգ­շաբ­թի՝ 12 ­Մարտ 2020ի կէ­սօ­րո­ւան, ­Գո­մո­թի­նիի հայ­կա­կան հա­մայն­քի պա­տո­ւի­րա­կու­թիւն մը բաղ­կա­ցած ­Յու­նաս­տա­նի թե­մի ա­ռաջ­նոր­դա­կան փո­խա­նորդ ­Յով­հան­նէս վրդ. ­Սաղտ­ճեա­նէ, ­Թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ Ս­տե­փան ­Մատ­թէո­սեա­նէ եւ ան­դամ­նե­րէ, ­Գո­մո­թի­նիի ոս­տի­կա­նու­թեան կեդ­րո­նէն ներս հան­դի­պում ու­նե­ցաւ տեղ­ւոյն ոս­տի­կա­նա­պե­տին հետ, ուր զրոյց ծա­ւա­լե­ցաւ ­Յու­նաս­տա­նի սահ­մա­նա­գի­ծին վրայ տե­ղի ու­նե­ցող ի­րա­դար­ցու­թիւն­նե­րուն մա­սին։ ­Հայ­կա­կան հա­մայն­քը գործ­նա­պէս իր մաս­նակ­ցու­թիւ­նը բե­րաւ սահ­մա­նին վրայ գոր­ծող ոս­տի­կա­նա­կան ու­ժե­րու ա­ջակ­ցու­թեան, ո­րա­կա­ւոր հա­կած­խա­յին դի­մակ­ներ նո­ւի­րե­լով սահ­մա­նը պաշտ­պա­նող ոս­տի­կան­նե­րուն։ Ոս­տի­նա­կա­պե­տը, իր կար­գին, իր ե­րախ­տա­գի­տու­թիւ­նը յայտ­նեց պա­տո­ւի­րա­կու­թեան կա­տա­րած նո­ւէ­րին հա­մար եւ շեշ­տեց հայ հա­մայնք­նե­րու դե­րա­կա­տա­րու­թիւ­նը եւ գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը շրջա­նի զար­գաց­ման աշ­խա­տանք­նե­րուն։ Տե­ղա­կան մա­մու­լը լայ­նօ­րէն անդ­րա­դար­ձաւ կա­տա­րո­ւած նո­ւէ­րին եւ դրո­ւա­տա­կան խօս­քե­րով նշեց հան­դի­պու­մին ար­դիւն­քը։