Շաբաթ` 30 Սեպտեմբեր 2017ի առաւօտեան ժամը 11։30ին, Յունահայոց թեմակալ առաջնորդ Գեղամ Արք. Խաչերեան, ընկերակցութեամբ արեւելեան Մակեդոնիոյ ու Թրակիոյ հոգեւոր հովիւ Պարէտ Քհնյ. Խաչերեանի, Տիտիմոթիքօ-Օրէսթիատայի Թաղային Խորհուրդի ատենապետ պրն. Գէորգ Թորոսեանի եւ անդամ պրն. Ալեքս Երամեանի, պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Տիտիմոթիքոյի Տ. Տամասքինոս Մետրապոլիտին:
Մետրապոլիտը մտերմիկ ընդունելութիւն ցոյց տուաւ իր հիւրերուն հանդէպ։ Ան ըստ կարգի շնորհաւորեց Գեղամ Արք. Խաչերեանի յունահայոց թեմի առաջնորդ ընտրութիւնը։ Ապա՝ անդրադարձաւ շրջանի հայկական գաղութի պատասխանատուներուն ու ժողովուրդին հետ իր ծանօթութեանն ու մօտիկ յարաբերական կապերուն։ Ան մեծապէս գնահատեց քաղաքի հայկական գաղութն ու անոր ներդրումը համայնական կեանքին մէջ։
Գեղամ Արք. Խաչերեան շնորհակալութիւն յայտնեց իրեն ուղղուած բարեմաղթութեան համար, ինչպէս նաեւ՝ գնահատեց Մետրապոլիտի բացառիկ գովասանքը քաղաքի հայութեան նկատմամբ։ Ան իր կարգին զեկուցեց գաղութային աշխատանքներուն ու մարտահրաւէրներուն մասին։
Սրբազան Հայրն ու Մետրապոլիտը ամփոփ կերպով անդրադարձան հայ եւ յոյն եկեղեցիներու պատմական կապերուն մասին։ Անոնք համաձայն գտնուեցան հաւատացեալ ժողովուրդը հեռու պահելու եկեղեցիներու ներքին ծիսական կամ դաւանաբանական խնդրայարոյց հարցերէն։ Երկու եկեղեցիներու զաւակները մէկ տան մէջ ապրելու ու գործելու մթնոլորտը պէտք է զօրացնել։
Հանդիպումը տեւեց մէկ ժամ, որու աւարտին Գեղամ Արք. Խաչերեան Տամասքինոս Մետրապոլիտին նուիրեց խաչքար մը։ Իսկ Մետրապոլիտը նուիրեց սրբապատկեր մը։

ԹՂԹԱԿԻՑ