Իւրաքանչիւր անցնող օրուան հետ, Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանը ալ աւելի բռնակալ կը դառնայ: Ընդդիմադիր քրտամէտ Ժողովուրդներու Ժողովրդավարական կուսակցութեան թրքական խորհրդարանի 11 անդամներու ձերբակալութիւնը վերջինն է Էրտողանի բռնապետական քաղաքականութեան երկար շարանին մէջ:
Փենթակոնի նախկին պաշտօնեայ եւ «Ամերիկեան Ձեռներէցութեան Հիմնարկ»ի գիտաշխատող Մայքըլ Ռուպին, անցեալ շաբաթ, ջախջախիչ նիւթ մը հրապարակած է Էրտողանի մասին` թուարկելով անոր խայտառակ գործողութիւններէն քանի մը հատը…
Ամփոփելով՝ ձեր ուշադրութեան կը ներկայացնեմ Ռուպինի ծաւալուն յօդուածը, որ տեղադրուած էր «Նիւզուիք»ի եւրոպական հրատարակութեան կայքին մէջ` «Տասներկու հարց, որ թուրք լրագրողները չեն համարձակիր տալու» խորագիրով:
1. Ինչպէ՞ս Էրտողանը դարձաւ միլիառատէր:
Էրտողանը մեծցած է աղքատ ընտանիքի մը մէջ՝ մինչեւ Պոլսոյ քաղաքապետ դառնալը, երբ բախում ունեցաւ 13 փտածութեան հետաքննութիւններու: 2004 թուականին, երբ ան Թուրքիոյ վարչապետն էր, Անգարայի մէջ Ա.Մ.Ն. դեսպանատունը Ուաշինկթըն ուղարկած հեռագիրի մը մէջ կը գրէր, որ «ան առնուազն ութ դրամատնային հաշիւներ ունի Զուիցերիոյ մէջ»: Բացի այդ, գաղտնի հեռախօսային ձայնագրութիւններէն բացայայտուեցան անոր հրահանգները` «գրեթէ մէկ միլիառ տոլար կանխիկ գումար վերցնելու մասին: Էրտողան օգտագործեց իր ազդեցութիւնը դատարաններու վրայ` դատը չեղեալ յայտարարելու եւ ձերբակալելու այն դատախազներն ու դատաւորները, որոնք կը ձգտէին հետամուտ ըլլալ ատոր»:
2. Ո՞ւր է Էրտողանի համալսարանական վկայականը:
Էրտողան կը պնդէ, որ 1981ին աւարտած է Պոլսոյ Մարմարայի համալսարանը: Հնարաւոր է, որ անոր վկայականը կեղծուած է: «Քառամեայ բարձրագոյն կրթութիւնը պարտադիր նախապայման է նախագահ ըլլալու համար: Եթէ Էրտողան կը ստէ վկայականի մասին, արդեօք ան կրնա՞յ մնալ իբրեւ նախագահ»:
3. Արդեօք կա՞յ մէկ այլ պատմութիւն՝ յեղաշրջման փորձի ետին:
Էրտողան ազատեց աշխատանքէ եւ բանտարկեց իր հազարաւոր քաղաքական հակառակորդները, զանոնք մեղադրելով Ֆեթուլլահ Կիւլէնի հետեւորդները ըլլալուն մէջ, որ իբր եղած է Յուլիս 15ի յեղաշրջման կազմակերպիչը, ինչ որ թուրք նախագահը անուանեց «պարգեւ Աստուծոյ կողմէ»:
4. Եթէ կայ FETO, կա՞յ արդեօք ETO:
Էրտողան Կիւլէնի շարժումը կ՛անուանէ «Ֆեթուլլիստական ահաբեկչական կազմակերպութիւն (FETO)…. Եթէ թոյլատրելի է խօսիլ FETOի մասին իբրեւ ահաբեկչական խումբի, արդեօք հաւասարապէս ընդունելի՞ կ՛ըլլայ յիշատակել «Էրտողանամէտներու ահաբեկչական կազմակերպութիւն»ը (ETO)»:
5. Եթէ Կիւլէնը ահաբեկիչ է, ապա ինչո՞ւ Էրտողանը կ՛աշխատէր անոր հետ մինչեւ 2013 թուականը:
Կիւլէնը եւ Էրտողանը գրեթէ միեւնոյն կրօնական փիլիսոփայական սկզբունքներու կրողներ էին մինչեւ 2013 թուականի իրենց բաժանումը: Ինչո՞ւ այժմ Կիւլէնը «ահաբեկիչ» կը համարուի:
6. Ինչո՞ւ կը հաղորդեն Քրտական Աշխատաւորական Կուսակցութեան (PKK) յարձակումներուն մասին, բայց ոչ Ի.Լ.Ի.Պ.ի:
«Երբ PKKն կամ քրտական ծայրայեղական խումբերը կը յարձակին, ատոնք օրեր շարունակ Թուրքիոյ մէջ գերիշխող խորագիրներ են, քանի որ հետաքննութիւնը կը շարունակուի, իշխանութիւնները կ՛անուանեն կասկածեալները եւ այլն… Սակայն երբ ԻԼԻՊը կը յարձակի, Թուրքիոյ կառավարութիւնը կ՛արգիլէ հրապարակումները հետաքննութեան մասին»:
7. Ինչո՞ւ Թուրքիոյ հետախուզութիւնը կ՛օգնէ «Նուսրա ճակատ»ին եւ ԻԼԻՊին:
«Անհերքելի փաստեր կան, որ թէ՛ «Նուսրա ճակատ»ը` «Ալ Քայիտա»ի սուրիական թեւը, թէ՛ Ի.Լ.Ի.Պ.ը Թուրքիոյ իշխանութիւններէն ստացած են զէնք, աջակցութիւն եւ սարքաւորումներ: Երբ լրագրողները բացայայտեցին այս պատմութիւնը եւ լուսանկարչական ապացոյցներ ներկայացուցին, Էրտողանի պատասխանը եղաւ` լուրը հրապարակած թերթի խմբագիրին ձերբակալումը: Նոյն կերպով, երբ թուրք զինուորները կանգնեցուցին զէնքի առաքումը դէպի Սուրիա, Էրտողան հրամայեց ձերբակալել ոչ թէ մաքսանենգները, այլ զինուորները…»:
8. Արդեօք թո՞ւրք մահապարտներու ջոկատ կանգնած էր Փարիզի սպանութիւններուն ետին:
«2013ին մարդասպաններ մահապատժի ենթարկեցին երեք քիւրտ գործիչի, Փարիզի իրենց գրասենեակին մէջ: Անոնք երեքն ալ PKKի անդամներ էին… Ֆրանսայի մէջ ձերբակալուած Օմար Կիւնէյը 32ամեայ թուրք մըն էր, որ Ֆրանսա տեղափոխուած է 9 տարեկանին: Սպանութենէն ետք կատարուած հեռախօսազանգներու ստուգումէն պարզուած էր, որ ան ետ զանգած է Թուրքիոյ հետախուզական ծառայութեան գործակալներուն…»:
9. Ինչո՞ւ Էրդողան իր փեսային նշանակած է քարիւղային տնտեսութեան նախարար:
«էրտողանի 37ամեայ փեսան` Պարաթ Ալպայրաքը, դարձած է Թուրքիոյ ուժանիւթի նախարար 2015ի Նոյեմբեր 24ին: Արդեօք ա՞ն էր ամենաբարձր որակաւորում ունեցողը, թէ՞ այլ գործօններ դեր խաղցած են»:
10. Կրնա՞նք խօսիլ Էրտողանի կապերուն մասին:
Էրտողանի մտերիմ ընկեր, սէուտեան գործարար Եասին ալ Քատին, ըստ Ա.Մ.Ն. գանձատան բաժանմունքին, «մեղադրուած է «Ալ Քայիտա»ի առաջնորդ Ուսամայ Պըն Լատենի հետ մինչեւ 2014 թուականը ունեցած կապերուն մէջ»: Էրտողան յամառօրէն յայտարարած է.- «Ես կը ճանչնամ պարոն Քատին: Ես կը հաւատամ անոր, ինչպէս ես ինծի: Անհնարին է, որ պարոն Քատին կապուած ըլլայ որեւէ ահաբեկչական կազմակերպութեան հետ կամ աջակցի անոնցմէ որեւէ մէկուն»: Էրտողան մտերիմ է նաեւ աֆղանստանցի Կիւլպետին Հեքմաթեարի հետ, որ «կապեր ունի «Թալիպան»ի եւ «Ալ Քայիտա»ի հետ»: Միւս ընկերը` Խալիտ Մաշհալը («Համաս» խմբաւորման զինուած առաջնորդ), Թուրքիա ժամանած էր իբրեւ Էրտողանի անձնական հիւր…
11. Ի՞նչ գործարք կնքած էր Փութինի հետ:
Էրտողանն ու Փութինը, վերջերս խաղաղութիւն կնքելէ ետք, համաձայնութեան եկան կազամուղի ծրագիրին շուրջ եւ բանակցութիւններ վարեցին Թուրքիոյ կողմէ ռուսական հրթիռային համակարգի ձեռքբերման վերաբերեալ: Եղա՞ծ են արդեօք այլ գաղտնի համաձայնութիւններ:
12. Ինչո՞վ պայմանաւորուած է դատարանի կողմէ «Արդարութիւն եւ Բարգաւաճում» կուսակցութեան փակման մերժումը:
2008ին Թուրքիոյ սահմանադրական դատարանը շատ մօտ էր Էրտողանի իշխող կուսակցութեան լուծարման: Սակայն, վերջին պահուն, դատաւորներէն մէկը փոխեց իր քուէն: Պնդումներ կան, որ «գործարար մը, որ երկար ժամանակ հետապնդումներու կ՛ենթարկուէր Էրտողանի կողմէ, գումար փոխանցած է այդ դատաւորի հաշուեհամարին քուէարկութենէն անմիջապէս առաջ»:
Նոյեմբեր 6ին, Պոլսոյ մէջ դոկտորի պատուաւոր կոչում ստանալու արարողութեան ժամանակ, Էրտողանը հպարտօրէն յայտարարեց.- «Հոգս չէ, որ ինծի բռնատէր կամ այդօրինակ ուրիշ բան կոչեն. մէկ ականջէ կը մտնէ, միւսէն կ՚ելլէ»։