­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան ո­գե­կո­չում­նե­րու կար­գին, ա­ռանձ­նա­յատուկ տեղ կը գրա­ւէ ­Նէա Զ­միռ­նիի ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան յու­շա­կո­թո­ղին առ­ջեւ ի­րա­գոր­ծո­ւող յար­գան­քի ե­լոյ­թը ու բա­րե­խօ­սա­կան կար­գը, յար­գե­լու հա­մար յի­շա­տա­կը մէ­կու­կէս մի­լիոն սրբա­դա­սո­ւած նա­հա­տակ­նե­րուն, ո­րոնց հան­դէպ յար­գան­քի տուր­քը կը կազ­մէ յու­նա­հա­յու­թեան յատ­կան­շա­կան ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րէն մին։
Ուր­բաթ, 24 Ապ­րիլ 2026-ի ե­րե­կո­յեան, յու­նա­հայ գա­ղու­թի պար­ծան­քը հան­դի­սա­ցող Խ­րի­սոս­թո­մու Զ­միռ­նիս հրա­պա­րա­կին վրայ կանգ­նած «­Զան­գակ-յու­շա­կո­թող»-ին շուրջ ներ­կայ ե­ղող մե­ծա­թիւ հայ­րե­նա­կից­նե­րու կող­քին, ակ­նե­րեւ էր յոյն պաշ­տօ­նա­կան հիւ­րե­րու մաս­նակ­ցու­թիւ­նը, ո­րոնք գլուխ խո­նար­հե­ցին մեր ան­հա­մար նա­հա­տակ­նե­րու յի­շա­տա­կին եւ ի­րենց զօ­րակ­ցա­կան խօս­քե­րով ցոյց տո­ւին հէլ­լէն ժո­ղո­վուր­դի ան­վե­րա­պահ ու ան­սա­կարկ զգա­ցում­նե­րը։
­Յի­շա­տա­կի ե­լոյ­թին յու­նա­հայ կա­ռոյց­նե­րու կրօ­նա­կան, ազ­գա­յին, քա­ղա­քա­կան եւ միու­թե­նա­կան բո­լոր գոր­ծօն­նե­րը հաս­տա­տե­ցին ի­րենց ներ­կա­յու­թիւ­նը։ Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան հօր՝ Տ. ­Սա­հակ եպս. Ե­մի­շեա­նի կող­քին կանգ­նած էին ­Հայ կա­թո­ղի­կէ ժո­ղովր­դա­պետ ­Մի­քա­յէլ վրդ. ­Պա­սա­լէ, հայ ա­ւե­տա­րա­նա­կան ե­կե­ղե­ցե­ւոյ վե­րա­պա­տո­ւե­լի ­Վի­գէն ­Չո­լա­քեան, կրօ­նա­կան դա­սը, ­Նէա Զ­միռ­նիի մետ­րո­պո­լի­տի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ վար­դա­պե­տը եւ անկ­լի­քան ե­կե­ղեց­ւոյ հո­վի­ւը։ Ազ­գա­յին վար­չու­թեան կող­մէ ներ­կայ ե­ղան ա­տե­նա­պետ ­Նա­զար Ա­ւա­գեան եւ ան­դամ­նե­րը, Հ.Յ.Դ. ­Կեդր. կո­մի­տէի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ ընկ. Հ­ռիփ­սի­մէ ­Յա­րու­թիւ­նեան եւ ան­դամ­նե­րը, ինչ­պէս նաեւ Հ.Կ.­Խա­չի, ­Հա­մազ­գա­յի­նի եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի վար­չա­կան­նե­րը։
­Յու­նա­կան կող­մէն ի­րեց ներ­կա­յու­թեամբ ե­լոյ­թը պա­տո­ւե­ցին Ար­դա­րա­դա­տու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան քար­տու­ղար ­Փե­լոբս ­Լաս­քոս, ­Հել­լէն խորհր­դա­րա­նի ե­րես­փո­խան եւ հայ-յու­նա­կան միջ­խորհր­դա­րա­նա­կան խում­բի նա­խա­գահ ­Վա­սի­լիս Ի­քո­նո­մու, «Փ­լեւ­սի» կու­սակ­ցու­թեան նա­խա­գահ եւ խորհրդա­րա­նի նախ­կին նա­խա­գահ ­Զոի ­Քոնս­թան­տո­փու­լու, ­Փա­սօք կու­սակ­ցու­թեան ե­րես­փո­խան ­Փաւ­լոս Խ­րիս­թի­տիս, Ատ­տի­կէի փոխ­նա­հան­գա­պետ Խ­րիս­թի­նա ­Քե­ֆա­լո­յեա­նի, ­Նէա Զ­միռ­նիի քա­ղա­քա­պետ Եոր­ղոս ­Քու­թե­լա­քիս, քա­ղա­քա­պե­տա­կան խոր­հուր­դի ան­դամ­ներ եւ շրջա­նի հա­սա­րա­կա­կան միու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ։
­Յար­գան­քի ե­րե­կո­յին բա­ցու­մը կա­տա­րեց ընկ. ­Շո­ղիկ ­Տա­տո­յեան, որ իր խօս­քին մէջ նշեց թրքա­կան պե­տու­թեան ցե­ղաս­պա­նա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը, որ պատ­ճառ դար­ձաւ քրիս­տո­նեայ ժո­ղո­վուրդ­նե­րու բնաջնջ­ման եւ հայ­րե­նիք­նե­րու կորս­տեան։ Ան յա­տուկ անդ­րա­դարձ կա­տա­րեց Ար­ցա­խի ող­բեր­գու­թեան մա­սին, ման­րա­մաս­նե­լով Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ Ար­ցա­խի դէմ շղթա­յա­զեր­ծո­ւած պա­տե­րազ­մի ծալ­քե­րը, որ յան­գե­ցաւ մեր ար­ծո­ւա­բոյ­նի կո­րուս­տին եւ հա­յա­թափ­ման։ Ան դա­տա­պար­տեց ­Թուր­քիոյ կող­մէ մեր­ժու­մի քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը, մատ­նան­շե­լով, թէ անվ­ճիր մնա­ցած ցե­ղաս­պա­նու­թիւն­նե­րը կը շա­րու­նա­կեն պատ­ճառ դառ­նալ նոր ո­ճիր­նե­րու՝ հայ ժո­ղո­վուր­դի եւ տա­րա­ծաշր­ջա­նի ազ­գե­րուն հան­դէպ։
Ո­րո­ւան հան­դի­սա­վա­րը յա­տուկ նշում կա­տա­րեց ­Յու­նաս­տա­նի խորհր­դա­րա­նին կող­մէ ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան պաշ­տօ­նա­կան ճա­նաչ­ման ո­րո­շու­մին, որ իւ­րա­յա­տուկ տեղ կը գրա­ւէ հա­յու­թեան ար­դար հա­տուց­ման գոր­ծըն­թա­ցին մէջ, ցոյց տա­լով յոյն ազ­գի ան­վե­րա­պահ զգա­ցում­ներն ու զօ­րակ­ցու­թիւ­նը հա­յու­թեան հան­դէպ։ ­Խօ­սո­ղը անդ­րա­դարձ կա­տա­րեց ­Նէա Զ­միռ­նիի յու­շար­ձա­նի կանգ­նու­մին մա­սին, որ կը խորհր­դան­շէ եր­կու բախ­տա­կից ժո­ղո­վուրդ­նե­րու անն­կուն կամ­քը եւ միու­թիւ­նը։ Ան շեշ­տեց, թէ հայ ազ­գը պի­տի շա­րու­նա­կէ իր պայ­քա­րի ու­ղին, որ­պէս­զի վերջ­նա­կան ար­դա­րու­թիւ­նը եւ հա­տու­ցու­մը վե­րա­կանգ­նեն մեր ժո­ղո­վուր­դի ար­դա­րու­թեան պա­հան­ջը։
­Հա­յու­թեան ուղ­ղո­ւած զօ­րակ­ցա­կան խօս­քե­րով հան­դէս ե­կան վե­րը նշուած պաշ­տօ­նա­կան ներ­կա­նե­րը։ ­Յատ­կանշա­կան էր Ար­դա­րադա­տու­թեան ընդհ. քար­տու­ղա­րի ու­ղեր­ձը, որ կուռ խօս­քով մը բնո­րո­շեց ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան ի­րա­ւա­կան շրջա­գի­ծը, շեշ­տը դնե­լով դա­տա­պարտ­ման եւ հա­տուց­ման ի­րա­ւուն­քին վրայ, յե­նո­ւե­լով մի­ջազ­գա­յին օ­րէն­քի ու­ժին ու ան­ժա­ման­ցե­լիու­թեան վրայ։ ­Հայ ժո­ղո­վուր­դին հան­դէպ ի­րենց տա­ծած զգա­ցում­նե­րը ար­տա­յայ­տե­ցին մնա­ցեալ խօ­սող­նե­րը եւս, մատ­նա­ցոյց ը­նե­լով թրքա­կան պե­տու­թեան ան­մարդ­կա­յին ո­ճիր­նե­րը, Ատր­պէյ­ճա­նի յար­ձա­կո­ղա­կա­նու­թիւ­նը եւ ան­վերջ պայ­քա­րե­լու հրա­մա­յա­կա­նը, ի խնդիր ցե­ղաս­պա­նո­ւած ժո­ղո­վուրդ­նե­րու ար­դար դա­տին։ ­Նէա Զ­միռ­նիի քա­ղա­քա­պե­տը յա­տուկ նշում կա­տա­րեց ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան յու­շա­կո­թո­ղին մա­սին, ընդգ­ծե­լով հա­յու­թեան բազ­մա­մեայ ներ­կա­յու­թիւ­նը եւ յա­ռաջ­դի­մու­թիւ­նը քա­ղա­քի կեան­քէն ներս։ ­Բո­լոր խօս­քե­րը, ի­րենց զգա­ցա­կան եւ քա­ղա­քա­կան բո­վան­դա­կու­թեամբ, ար­ժա­նա­ցան ներ­կա­նե­րու գնա­հա­տան­քին, ցոյց տա­լով նաեւ հա­յու­թեան յար­գան­քը յոյն ժո­ղո­վուր­դի ան­վե­րա­պահ կե­ցո­ւած­քին հան­դէպ։
­Բեմ հրա­ւի­րո­ւե­ցաւ կրօ­նա­կան դա­սը, որ Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան հօր գլխա­ւո­րու­թեամբ կա­տա­րեց բա­րե­խօ­սա­կան կար­գը եւ հնչե­ցուց օ­րո­ւան պատ­շաճ ա­ղօթք­նե­րը, յու­զու­մի պա­հեր ստեղ­ծե­լով ներ­կա­նե­րուն մէջ։ Սր­բա­զան հայ­րը ի­մաս­տա­լից քա­րո­զով մը վեր ա­ռաւ հայ ե­րի­տա­սար­դու­թեան պայ­քա­րու­նակ ո­գին, շեշ­տը դնե­լով պայ­քա­րը յա­րա­տեւ շա­րու­նա­կե­լու անհ­րա­ժեշ­տու­թեան վրայ, որ­պէս­զի հա­յու ար­դար դա­տը գտնէ իր ու­ղին եւ հաս­նի վերջ­նա­կան ար­դար լուծ­ման։
­Հուսկ, կա­տա­րո­ւե­ցաւ դափ­նեպ­սակ­նե­րու զե­տեղ­ման յու­զիչ ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը։ ­Յու­նա­հայ գա­ղու­թի ա­նու­նով զե­տե­ղու­մը կա­տա­րեց ­Մե­ծի ­Տանն ­Կի­լի­կիոյ կա­թո­ղի­կո­սու­թեան Ազ­գա­յին կեդ­րո­նա­կան վար­չու­թեան ան­դամ Ար­մէն ­Տէ­րեան, ո­րուն յա­ջոր­դե­ցին յոյն պաշ­տօ­նա­տար­նե­րու զե­տե­ղում­նե­րը։ ­Յար­գան­քի պա­հուն, քա­ղա­քա­պե­տու­թեան փո­ղե­րա­խում­բը հնչե­ցուց հել­լէն եւ հայ­կա­կան ո­գերգ­նե­րը, ո­րոնց ըն­կե­րակ­ցե­ցաւ ժո­ղո­վուր­դի միա­բե­րան եր­գե­ցո­ղու­թիւ­նը։ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի սկաուտ­նե­րու պա­տո­ւոյ պա­հա­կա­խում­բը, պար­զած ու­նե­նա­լով ­Յու­նաս­տա­նի, ­Հա­յաս­տա­նի, Ար­ցա­խի եւ միու­թեան դրօշ­նե­րը, յա­տուկ փայլ մը տո­ւաւ պա­հու խորհր­դա­ւո­րու­թեան։
Ա­ւար­տին, ներ­կայ ժո­ղո­վուր­դը յու­զու­մով մօ­տե­ցաւ յու­շար­ձա­նին եւ ծա­ղիկ­ներ խո­նար­հեց պա­տո­ւան­դա­նին վրայ։
­Յար­գան­քի ե­րե­կոն իր ա­ւար­տին հա­սաւ օ­րո­ւան հան­դի­սա­վա­րի կո­չով, յա­ջոր­դա­բար ուղ­ղո­ւե­լու դէ­պի ­Սին­տաղ­մա եւ մաս­նա­կից դառ­նա­լու հա­մա­ժո­ղովր­դա­յին քայ­լար­շա­ւին ու ցոյ­ցին դէ­պի թրքա­կան դես­պա­նա­տուն։