­Յու­նա­լե­զու «Ար­մե­նի­քա» պար­բե­րա­թեր­թի ե­լեկտ­րո­նա­յին գրա­դա­րա­նը օ­րեր ա­ռաջ տրուե­ցաւ հան­րու­թեան տրա­մադ­րու­թեան։ ­Քա­նի մը տա­րի ա­ռաջ սկսած թո­ւայ­նաց­ման աշ­խա­տան­քը ար­դէն հա­սած է գո­վե­լի հանգ­րո­ւա­նի մը, ընդգր­կե­լով յու­նա­հայ գա­ղու­թի ա­ւե­լի քան մէկ դա­րու մա­մու­լի եւ հրա­տա­րակ­չա­կան պատ­մու­թեան ստո­ւար նմուշ­ներ, ո­րոնք պա­հա­ծո­նե­րէն դուրս ել­լա­լով, մատ­չե­լի կը դառ­նան հան­րու­թեան հա­մար։
­Հին ու նոր թեր­թե­րու, պար­բե­րա­թեր­թե­րու եւ այլ հրա­տա­րա­կու­թիւն­նե­րու կա­րե­ւոր մէկ մա­սը ան­ցած է թո­ւայ­նաց­ման ըն­թաց­քը եւ այժմ դա­սա­ւո­րո­ւած է «kantsaran.gr» կայ­քէ­ջին մէջ։
­Սոյն աշ­խա­տան­քի հրա­պա­րա­կա­յին ներ­կա­յա­ցու­մը տե­ղի ու­նե­ցաւ ­Չո­րեք­շաբ­թի, 5 ­Դեկ­տեմ­բեր 2024-ի ե­րե­կո­յեան, ­Գո­քի­նիոյ ­Հայ Ա­ւե­տա­րա­նա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ սրա­հին մէջ։
­Յու­նա­հայ գա­ղու­թի կա­ռոյց­նե­րու կրօ­նա­կան, ազ­գա­յին եւ միու­թե­նա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ, ինչ­պէս նաեւ պար­բե­րա­թեր­թի բա­րե­կամ­ներ եւ աշ­խա­տա­կից­ներ ներ­կայ ե­ղան եւ մօ­տէն ծա­նօ­թա­ցան աշ­խա­տանք­նե­րու ծա­ւա­լին ու ա­պա­գայ ծրա­գիր­նե­րուն։
­Պար­բե­րա­թեր­թի խմբագ­րու­թեան ա­նու­նով բա­ցու­մը կա­տա­րեց Ար­տա ­Ճէ­լա­լեան, որ ի մի­ջի այ­լոց յայտ­նեց. «­Մա­մու­լը եւ հա­յա­տառ տպագ­րու­թիւ­նը ­Յու­նաս­տան՝ սկիզբ ա­ռած էին ար­դէն 1890-ա­կան թո­ւա­կան­նե­րէն:
Ա­թէն­քի մէջ, ուր այդ ժա­մա­նակ հիմք ու­նէր Հնչա­կեան կու­սակ­ցու­թիւ­նը, կը հրա­տա­րա­կո­ւին զա­նա­զան թեր­թեր եւ ամ­սագ­րեր, ինչ­պէս «­Միու­թիւն»ը: Ն­շենք նաեւ Ա­ւե­տիս ­Նա­զար­բէ­կեա­նի յե­ղա­փո­խա­կան բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն մը, հրա­տա­րա­կո­ւած նոյն շրջա­նին: Ա­սոնք են հնա­գոյն տպագ­րու­թիւն­նե­րը ո­րոնց­մէ փրկո­ւած են շատ քիչ նմուշ­ներ:
­Փոքր Ա­սիոյ ա­ղե­տէն ետք, նոր եւ բեղմ­նա­ւոր տպագ­րա­կան շրջան մը կը սկսի: Ար­դէն իսկ 1922-ին կը հրա­տա­րա­կո­ւի ա­ռա­ջին թեր­թը. մին­չեւ 1923 կ­՚ու­նե­նանք «Ա­րա­րատ»ը, «Եր­կունք»ը, «­Նոր Օր»ը: «­Նոր Օր»ը կը հիմ­նո­ւի իբ­րեւ շա­բա­թա­թերթ, ա­պա 17 տա­րո­ւայ հա­մար կը մնայ օ­րա­թերթ: ­Կը հա­շո­ւենք մօ­տա­ւո­րա­պէս 30 տար­բեր թեր­թեր հրա­տա­րա­կո­ւած միջ­պա­տե­րազ­մեան շրջա­նին:
­Զա­նա­զան-պա­տա­հա­կան նմուշ­նե­րէ բաղ­կա­ցած, «Ար­մե­նի­քա»-ի ար­խիւ-գրա­դա­րա­նը կը ստեղ­ծո­ւի ­Գա­րէա­յի մէջ իբ­րեւ փոքր հա­ւա­քա­ծոյ մը, պար­բե­րա­թեր­թի հրա­տա­րա­կու­թեան զու­գա­հեռ: ­Հետզ­հե­տէ հա­ւա­քա­ծոն կը ճո­խա­նայ նո­ւի­րա­տո­ւու­թիւն­նե­րով, վա­ճառ­նե­րով, ան­հատ­նե­րու, ըն­տա­նիք­նե­րու եւ կա­ռոյց­նե­րու նպաս­տա­ւո­րու­մով:
­Հա­ւա­քա­ծո­յի ծա­ւա­լը մեծ չափ կը ստա­նայ շնոր­հիւ «Ար­մե­նի­քա»-ի հե­տե­ւո­ղա­կան եւ կեդ­րո­նա­ցած աշ­խա­տան­քին, հա­մադ­րո­ւած ­Մայք ­Չի­լին­կի­րեա­նին կող­մէ:
Այ­սօր 10.000–է ա­ւե­լի գիր­քեր, թեր­թեր եւ փաս­տա­թուղ­թեր, տա­րած­քի պա­կա­սու­թեան պատ­ճա­ռաւ, դա­սա­ւո­րո­ւած եւ բաժ­նո­ւած են 5 տար­բեր տե­ղեր՝ գրա­սե­նեակ­ներ, գրա­դա­րան­ներ եւ թո­ւայ­նաց­ման կեդ­րոն­նե­րու մէջ: Կ­՚ար­ժէ նշել, թէ ա­նոնց­մէ եր­կու պա­հեստ-գրա­դա­րան­նե­րը տրա­մադ­րուած են ­Վի­րո­նա­յի քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նին կող­մէ: Բ­նա­կա­նա­բար, ար­դի ժա­մա­նակ­նե­րու ա­ռու­մով եւ փճաց­ման վտան­գէ փրկե­լու հա­մար՝ անհ­րա­ժեշտ կը դառ­նայ ա­նոնց թո­ւայ­նա­ցու­մը: Ն­պա­տակն է հա­մախմ­բել, ցան­կագ­րել եւ փրկել հայ­կա­կան նիւթ ու­նե­ցող (յու­նա­րէն կամ հա­յե­րէն) ­Յու­նաս­տա­նի մէջ տպագ­րա­կան ամ­բող­ջու­թիւ­նը:
­Պա­հանջ­կոտ, համ­բե­րու­թեան եւ ժա­մա­նա­կի կա­րօտ գործ մըն է, ըլ­լայ ե­լեկտ­րո­նա­յին պատ­ճէն­նե­րու վե­րա­ծու­մը (scanning), թէ՛ կայ­քէ­ջի պատ­րաս­տու­թիւ­նը: Իր ամ­բող­ջա­ցու­մը հա­ւա­նա­կան է տա­րի­ներ տե­ւել:
Այս­պէս ծայր կ՚ առ­նէ ­Յու­նա­հա­յու­թեան ­Հա­մա­ցան­ցա­յին Գ­րա­դա­րա­նի մը ստեղծ­ման նա­խա­գի­ծը:
Ա­ռա­ջին հեր­թին՝ հիմ­նա­կան ե­րաշխ­ա­ւո­րը կը դառ­նայ ­«Գա­լուստ ­Կիւլ­պէն­կեան» ­Հիմ­նար­կու­թիւ­նը, նիւ­թա­պէս օ­ժան­դա­կե­լով մեր ա­ռա­ջար­կը եր­կու տա­րո­ւան ժա­մա­նա­կա­մի­ջո­ցի հա­մար՝ հեշ­տաց­նե­լով այս­պէս եւ քա­ջա­լե­րե­լով մեր նա­խա­ձեռ­նու­թիւ­նը:
Այ­սօր, ար­դէն եր­կու տա­րո­ւան աշ­խա­տան­քէն վերջ, մեծ չա­փով օգ­տո­ւած ըլ­լա­լով Գ. ­Կիւլ­պէն­կեա­նի օ­ժան­դա­կու­թե­նէն, ու­նե­նա­լով նոր գի­տա­րո­ւես­տա­կան մի­ջոց­ներ եւ ա­ւե­լի փոր­ձա­ռու­թիւն՝ աշ­խա­տան­քը պէտք է շա­րու­նա­կենք մեր սե­փա­կան ու­ժե­րով:
Այ­սօր հան­րու­թեան կը ներ­կա­յաց­նենք ­Հա­մա­ցան­ցա­յին Գ­րա­դա­րա­նը, որ ա­ռա­ջին քայ­լե­րը լրա­ցու­ցած ըլ­լա­լով հան­դերձ՝ կը գտնո­ւի իր մեկ­նա­կէ­տին:
Հս­կայ գան­ձի մը վկայ ենք եւ բաժ­նե­կից:
­Գանձ մը, ո­րուն հարկ է ըլ­լալ բո­լորս տէր եւ հա­ղոր­դա­կից»:
­Յա­ջոր­դա­բար, ­Հայ Ա­ւե­տա­րա­նա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ վե­րա­պա­տո­ւե­լի ­Վի­գէն ­Չո­լա­քեան, որ­պէս յանձ­նա­խում­բի ան­դամ, սա­հիկ­նե­րու ճամ­բով ներ­կա­յա­ցուց «Kantsaran.gr» կայ­քէ­ջի պատ­րաս­տու­թեան ըն­թաց­քը, ա­նոր պա­րու­նա­կու­թիւ­նը եւ թո­ւայ­նաց­ման ձե­ւե­րը, նշե­լով, թէ 17.000 էջ ար­դէն տեղ գտած է կայ­քէ­ջին վրայ։ Ան թո­ւեց նաեւ սոյն աշ­խա­տան­քի դժո­ւա­րու­թիւն­նե­րու բա­ժի­նը, յայտ­նե­լով, թէ այս­քան լայ­նա­ծա­ւալ շտե­մա­րա­նի մը թո­ւայ­նա­ցու­մը կը պա­հան­ջէ տա­րի­նե­րու աշ­խա­տանք, կա­մա­ւոր­նե­րու մաս­նակ­ցու­թիւն եւ նիւ­թա­կան աղ­բիւր­ներ։ Ան յոյս յայտ­նեց, թէ ներ­կայ ե­րի­տա­սարդ գոր­ծա­կից­նե­րուն եւ կա­մա­ւոր­նե­րուն կող­քին, յա­ւե­լեալ հե­տաքրք­րո­ւող­ներ պի­տի ըն­դա­ռա­ջեն հրա­ւէ­րին եւ պի­տի միա­նան հին ու մա­շու­մի են­թար­կո­ւող տպա­գիր մեր հարս­տու­թեան փրկու­թեան գոր­ծին։ ­Նաեւ, վե­րա­պա­տո­ւե­լին կա­րե­ւոր նկա­տեց անձ­նա­կան հա­ւա­քա­ծո­նե­րու տրա­մադ­րու­թիւնն ու ա­նոնց թո­ւայ­նա­ցու­մը, ո­րուն հա­մար բաց հրա­ւէր ար­տա­յայ­տեց հան­րու­թեան՝ տրա­մադ­րե­լու իր քով պա­հո­ւած թան­կա­գին է­ջեր եւ հա­ւա­քա­ծո­ներ։
­Հե­տաքր­քա­կան ե­ղաւ հարց ու պա­տաս­խա­նի, ա­պա զրոյ­ցի բա­ժի­նը, ո­րուն ըն­թաց­քին ներ­կա­նե­րը ի­րենց շի­նիչ թե­լադ­րանք­նե­րով կա­տա­րե­ցին կարգ մը օգ­տա­կար մատ­նան­շում­ներ։ Զ­րոյ­ցը շա­րու­նա­կո­ւե­ցաւ ա­ւե­լի մտեր­միկ մթնո­լոր­տի մէջ, կո­կիկ հիւ­րա­սի­րու­թեան ըն­թաց­քին։
­Պէտք է նշել, թէ յու­նա­հայ հրա­տա­րակ­չա­կան հարս­տու­թեան թո­ւայ­նաց­ման աշ­խա­տան­քի ներ­կա­յա­ցու­մը մեր գա­ղու­թի պատ­մու­թեան պահ­պան­ման կա­րե­ւո­րա­գոյն աշ­խա­տանք­նե­րէն մէ­կը կը հան­դի­սա­նայ։ Այ­լեւս, այս աշ­խա­տան­քը դուրս կ­՚ել­լէ գա­ղու­թի մը նեղ սահ­ման­նե­րէն եւ մատ­չե­լի կը դառ­նայ հայ­րե­նի եւ սփիւռ­քա­հայ պատ­մա­գի­տա­կան, ա­կա­դե­մա­կան եւ հե­տա­զօ­տա­կան լայն շրջա­նակ­նե­րու, որ­պէս կա­րե­ւոր աղ­բիւր ի­րենց աշ­խա­տու­թեանց։ ­Նաեւ, պարզ ըն­թեր­ցո­ղը եւս կա­րե­լիու­թիւ­նը ու­նի ո­րո­նել ան­ցեա­լի պատ­մա­կան տո­ւեալ­նե­րը, ո­րոնց ար­տա­ցո­լու­մը հա­րա­զա­տօ­րէն ար­ձա­նագ­րո­ւած կը մնայ յու­նա­հայ մա­մու­լի ան­թիւ է­ջե­րուն մէջ։

Ք.Է.