Եւրոպական Խորհրդարանի պատգամաւոր Էլէնի Թէոխարուս յայտարարութիւն մը կատարեց՝ Ատրպէյճանի կողմէ Յուլիս 4ին Լեռնային Ղարաբաղի շփման գիծին վրայ տեղի ունեցող սադրիչ նոր գործողութիւններու վերաբերեալ։ Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրէս», յայտարարութեան մէջ կը նշուի, որ Յուլիս 4ին «Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի բռնատիրական ռեժիմը, որու համար մարդկային կեանքը որեւէ արժէք չունի, իր իսկ բնակչութիւնը օգտագործած է, իբրեւ կենդանի վահան՝ խախտելով հրադադարի պահպանման ռեժիմը»:
«Ատրպէյճանը համազարկային իր հրթիռային կայանքը տեղադրած է բնակելի գիւղին շատ մօտ եւ օգտագործած է ատիկա Լեռնային Ղարաբաղը արկակոծելու նպատակով։ Ատիկա Ատրպէյճանի ներկայ կառավարութեան արատաւոր ու անմարդկային ռազմավարութիւնն է՝ քարոզչական նպատակով, անգթօրէն օգտագործել հասարակ ժողովուրդի ողբերգութիւնը», -նշած է Է. Թէոխարուս։
Ան անհերքելի համարեց այն փաստը, որ նոյն այդ կառավարութիւնը վճռականօրէն կը մերժէ շփման գծով հետաքննական մեխանիզմներու տեղադրումը, որը կարող է կանխել հրադադարի ռեժիմի խախտումները, անմեղ մարդոց կորուստը եւ ստեղծել բարենպաստ մթնոլորտ բանակցութիւններու ու խաղաղութեան համար։
«Ես խորապէս կը ցաւիմ ատրպէյճանական կողմի անմեղ մարդկային կորուստներուն համար։ Միեւնոյն ժամանակ ես կոչ կþուղղեմ բոլոր անոնց, որոնք մտահոգուած են այս կացութեամբ, ըլլալ առարկայական եւ լուռ չմնալ, երբ Ատրպէյճանի զինուած ուժերը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ «Իսլամական պետութիւն» խմբաւորման ոճով կը գլխատեն մարդոց, անոնց մարմնի մասերը կը ցուցադրեն, որպէս յաղթական աւար եւ կը խեղեն 90ամեայ հայ քաղաքացիներու մարմինները, ինչպէս ատիկա տեղի ունեցաւ 2016 թուականի Ապրիլին», -կ’ըսուի Թէոխարուսի յայտարարութեան եզրափակիչ հատուածին մէջ։