­Հինգ­շաբ­թի, 13 ­Մարտ 2025-ի կէ­սօ­րին, «Ա­զատ Օր»-ի խմբագ­րա­տու­նը այ­ցե­լեց ­Յու­նաս­տա­նի ­Հա­յոց թե­մի Ա­ռաջ­նորդ գերշ. Տ. ­Սա­հակ եպս. Ե­մի­շեան, ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ Ա­թէն­քի Ս. Գ­րի­գոր ­Լու­սա­ւո­րիչ մայր ե­կե­ղեց­ւոյ հո­գե­ւոր հո­վիւ հոգշ. Տ. Եզ­րաս վրդ. ­Թէ­նէ­քէ­ճեա­նի։
Սր­բա­զան հայ­րը դի­մա­ւո­րո­ւե­ցաւ թեր­թիս պաշ­տօ­նէու­թեան կող­մէ եւ ա­ռիթ ու­նե­ցաւ մօ­տէն ծա­նօ­թա­նա­լու հրա­տա­րա­կու­թեան ու յա­րա­կից աշ­խա­տանք­նե­րու գոր­ծըն­թա­ցին։
Ա­ռա­ջին հեր­թին, թեր­թի աշ­խա­տող­նե­րը շնոր­հա­ւո­րե­ցին Ա­ռաջ­նոր­դը իր ե­պիս­կո­պո­սա­կան օծ­ման ու­րախ ա­ռի­թով։ ­Յա­ջոր­դեց մտեր­միկ զրոյց, ո­րուն ըն­թաց­քին ներ­կա­յա­ցո­ւե­ցաւ ու­րո­ւա­գի­ծը «Ա­զատ Օր»-ի պատ­մու­թեան ու ա­նոր դե­րա­կա­տա­րու­թեան յու­նա­հայ կեան­քի ո­լորտ­նե­րէն ներս։
Սր­բա­զան հայ­րը, իր կար­գին, մե­ծա­պէս գնա­հա­տեց «Ա­զատ Օր»-ի բազ­մա­մեայ վաս­տա­կը ու հրա­տա­րա­կու­թեան ան­խոնջ ջան­քե­րը, նշե­լով ա­նոր ներդ­րու­մը սփիւռ­քա­հայ մա­մու­լի ան­դաս­տա­նին։
Զ­րոյ­ցը կեդ­րո­նա­ցաւ յու­նա­հայ գա­ղու­թի գոր­ծու­նէու­թեան ու մար­տահ­րա­ւէր­նե­րուն վրայ։ ­Հա­ւա­քա­կան կեան­քի բազ­մա­զան ե­րես­նե­րու մա­սին կար­ծիք­նե­րու եր­կուս­տեք փո­խա­նակ­ման ընդ­մէ­ջէն, լու­սար­ձա­կի տակ առ­նո­ւե­ցան յատ­կա­պէս նոր սե­րուն­դի հա­մախմբու­մի ու ներգ­րաւ­ման հրա­մա­յա­կա­նը, միշտ նկա­տի առ­նե­լով ներ­կայ ըմբռ­նում­ներն ու ար­դի հա­ղոր­դակ­ցա­կան մի­ջոց­նե­րու ըն­ձե­ռած հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րը։ Անդ­րա­դարձ ե­ղաւ ազ­գա­յին կեան­քին շուրջ, մատ­նան­շե­լով բազ­մա­կող­մա­նի ուղ­ղու­թիւն­նե­րով գոր­ծե­լու անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը, ինչ­պէս նաեւ ­Յու­նաս­տա­նի տա­րած­քին հա­յու­թեան զան­գո­ւած­նե­րը հա­մայ­նա­կան կեան­քին կա­պո­ւած պա­հե­լու կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը։ Բ­նա­կա­նա­բար, խօ­սակ­ցու­թեան նիւթ ե­ղաւ նաեւ հո­գե­ւոր նիւ­թե­րու մա­տուց­ման նշա­նա­կու­թիւ­նը թեր­թիս է­ջե­րէն, նկա­տի ու­նե­նա­լով հայ ե­կե­ղեց­ւոյ տօ­նա­ցոյ­ցի կա­րե­ւոր նշում­նե­րը, ինչ­պէս նաեւ հո­գե­ւոր, ըն­կե­րա­յին եւ ըն­տա­նե­կան ար­ժէք­նե­րու բո­վան­դա­կու­թեան ներ­կա­յաց­ման շրջա­գիծ մը։