Հինգշաբթի, 20 Մարտ 2025-ին, Յունաստանի Հայոց թեմի Առաջնորդ Տ. Սահակ եպս. Եմիշեան, ընկերակցութեամբ Կրօնական ժողովի ատենապետ եւ Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ հովիւ Տ. Պարէտ քհնյ. Խաչերեանի եւ Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Նարեկ քհնյ. Շահինեանի, այցելեց Աթէնքի եւ համայն Յունաստանի Իէրոնիմոս Արքեպիսկոպոսին:
Առաջնորդ Սրբազանը նախ շնորհակալութիւն յայտնեց Իէրոնիմոս Արքեպիսկոպոսին, որ Յունաստան ժամանումին առիթով, անձնապէս իր, եւ Յոյն եկեղեցւոյ Ս. Սինոտին կողմէ ներկայացուցիչ ղրկած էր Սինոտի ուղղափառ եւ միջ-քրիստոնէական յարաբերութիւններու յանձնաժողովի քարտուղար Էմմանուիլ Փափամիքոիլիս, ինչպէս նաեւ առաջնորդական անդրանիկ Ս. Պատարագին՝ Իգնաթիոս եպիսկոպոսը։
Սրբազանը փոխանցեց նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Վեհափառ հայրապետի եղբայրական եւ սիրալիր ողջոյնները եւ յայտնեց, թէ ընդառաջելով Յունաստանի Կրթութեան, կրօնից եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան հրաւէրին, յառաջիկայ ամիսներուն Վեհափառը պիտի այցելէ Աթէնք, նախ ներկայ գտնուելու իր հեղինակած «The Armenian Church» գիրքի յունարէն թարգմանութեան ներկայացման, ապա նախագահելու իր կաթողիկոսական օծման 30-ամեակի ելոյթին։ Այս ծիրէն ներս անշուշտ Վեհափառը կը փափաքի նաեւ անձամբ հանդիպիլ Յունաց հոգեւոր առաջնորդին հետ:
Ողջոյնի խօսքեր փոխանցելէ ետք, Արքեպիսկոպոսը շնորհաւորեց Առաջնորդ սրբազանը իր ընտրութեան եւ եպիսկոպոսական օծման առիթով, մաղթելով արգասաբեր ծառայութիւն եւ յաջողութիւն:
Խօսակցութեան ընթացքին, Արքեպիսկոպոսը բարձր գնահատեց հայ համայնքի դրական ներկայութիւնը Յունաստանի մէջ: Իր կարգին, Առաջնորդ սրբազանը շնորհակալութիւն յայտնեց յոյն եպիսկոպոսներու սիրալիր վերաբերումին համար, նշելով անոնց հետ հանդիպումները եւ սերտ յարաբերութիւնները:
Այս առիթով Արքեպիսկոպոսը պանակէ նուիրեց Առաջնորդ սրբազանին։ Իր կարգին, Սրբազանը խորհրդանշական ժամացոյց մը նուիրեց Արքեպիսկոպոսին: Նուէրը կը ներկայացնէր Աստուծոյ մեզի շնորհած երեք արժէքները, հաւատքը` պատկերուած եկեղեցիներով, հայրենիքը` պատկերուած Արարատ լեռով, եւ երկրի վրայ իւրաքանչիւր վարկեանը՝ ժամացոյցը:
Աւարտին ողջագուրուելով, Արքեպիսկոպոսը դարձեալ յաջողութիւն մաղթեց Սրբազան հօր, իր նոր առաքելութեան համար։
ԳԼԽԱՒՈՐ ԷՋ ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Գաղութային կեանք Առաջնորդ Սրբազանը այցելեց Աթէնքի եւ համայն Յունաստանի Իէրոնիմոս Արքեպիսկոպոսին