Այս տարի եւս Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Երիտասարդական Միութեան Թեսաղոնիկէի «Ս. Թեհլիրեան» խումբը առաջնորդող եւ եռանդուն ուժով կազմակերպեց շարք մը հրապարակային ձեռնարկներ, նուիրուած՝ Հայոց Ցեղասպանութեան 102ամեակին։ Երիտասարդականի խումբին անդամները Ապրիլ 20էն սկսեալ կազմակերպեցին քարոզչական կրպակի ցուցահանդէս՝ քաղաքի Արիստոթելուս հրապարակին վրայ։ Բազմաթիւ հայրենակիցներու ներկայութեամբ տեղի ունեցան ձեռնարկներ, որոնք իրենց վրայ կեդրոնացուցին յոյն հասարակութեան հետաքրքրութիւնը։
Կազմակերպուեցաւ բացօթեայ հայկական պարերու եւ երաժշտութեան երեկոյ, ինջպէս նաեւ՝ հեծանիւային ցոյց-արշաւ։
Շաբաթ օր, առաւօտեան ժամերուն, գաղութի Մալաքեան-Գասպարեան Ծաղկոցի շաբաթօրեայ հայկական դպրոցի տնօրէնութեան եւ ուսուցիչներու կազմակերպութեամբ եւ աշակերտներու ներկայութեամբ, կազմակերպուեցաւ լուռ նստացոյց, որու աւարտին սպիտակ փուչիկներ արձակուեցան, որոնց վրայ գրուած էին Հայոց Ցեղասպանութենէն յիշատակելի դրուագներ։
Յայտնի է, որ Երիտասարդական Միութեան անդամները կազմակերպչական թափով եւ բարձր պատասխանատուութեամբ՝ յառաջ բերին լուրջ արտաքին քարոզչական աշխատանք, որ զգալի դարձաւ քաղաքիս հասարակութեան կողմէ։ Նշելի է, որ ամէն տարի, բազմաթիւ յոյն համաքաղաքացիներու շնորհաւորանքի ու քաջալերանքին կ՚արժանանայ միութեանս գործունէութիւնը։
Կրպակը այցելեցին յունահայոց թեմի թեմակալ Կաթողիկոսական Փոխանորդ Կոմիտաս Արք. Օհանեան, Թեսաղոնիկէի հայոց Հոգեւոր Հովիւ Սմբատ Վրդ. Սապունճեան եւ Հ.Հ. դեսպանութեան կցորդ Ալիք Սարգսեան։ Մեզ ուրախութիւն կը պատճառէ այն երեւոյթը, որ այս բոլոր ձեռնարկներուն կը մասնակցին բազմաթիւ հայրենակիցներ, որոնք վերջին տարիներու ընթացքին հաստատուած էն Թեսաղոնիկէ։ Կþարժէ շեշտել, որ Հ.Յ.Դ. «Ս. Թեհլիրեան» Երիտասարդական Խումբի անդամները, որոնց թիւը վերջին տարիներուն աճ կ՚արձանագրէ, բաղկացած է ջախջախիչ մեծամասնութեամբ Հայաստանէն տեղափոխուած հայրենակիցներու ընտանիքներու զաւակներէն։ Խումբին եռանդը եւ պայքարողունակ գորձելաձեւը ներշնչանքի աղբիւր մըն է եւ օրինակելի գործելակերպի հիմք համայնքիս համար։
ՅՈՎԻԿ ԳԱՍԱՊԵԱՆ