Աննկարագրելի ողբերգութիւն մը կը ցնցէ Յունաստանը. երկու գնացքներ բախեցան Թեմպիի մէջ. ցարդ կայ 29 մեռեալ եւ 85 վիրաւոր

Երէկ գիշեր, Լարիսայէն քիչ մը անդին, Թեմպիի շրջանէն ներս, երկու գնացքներ, մէկը մարդատար իսկ միւսը բեռնատար, իրար բախեցան պատճառ դառնալով 29 անձերու մահուան եւ 85 անձերու վիրաւորման։ Անոնցմէ 25-ին վիճակը ծայրայեղ կը նկատուի։ Վախ կայ, թէ թիւերը պիտի բազմանան, քանի մինչեւ հիմա փրկարար ջոկատները կը փորձեն դուրս բերել կառքերուն մէջ արգելափակուած ճամբորդները։ Տեղւոյն վրայ կը գործեն 150 փրկարարներ, մինչ աւելի քան 40 հիւանդակառքեր վիրաւորները կը փոխադրեն դէպի Քաթերինիի, Լարիսայի եւ Թեսաղոնիկէի հիւանդանոցները։
Փրկարարներու աշխատանքը շատ դժուար է, որովհետեւ ահաւոր բախումէն ետք, կառքերուն մէջ հրդեհ ծագեցաւ եւ այնքան բարձր ջերմութիւն յառաջացաւ, որ պատճառ դարձաւ մետաղներու հալումին։ Աննկարագրելի են նաեւ այն բոլոր տեսարանները տեղւոյն վրայ հասնող ճամբորդներու ազգականներուն կապակցութեամբ, որոնք կը փնտռեն իրենց կորսուած հարազատները։
Մարդատար գնացքով կը ճամբորդէին 350 անձեր, որոնցմէ մինչեւ հիմա 250 ճամբորդ փոխադրուած է հիւանդանոց։ Փրկուածներէն շատեր կը փորձեն նկարագրել ողբերգական պահերը, նշելով թէ վիրաւորներուն մէջ կան մեծ թիւով անդամահատուած անձեր։
Երկու գնացքներու բախումը տեղի ունեցաւ երէկ գիշեր, ժամը 11-էն ետք, Էվակելիսմոս շրջանին մէջ, որ կը գտնուի Լարիսա քաղաքի եւ Թեմպիի միջեւ։ Մինչեւ հիմա ստոյգ չէ, թէ ինչպէս երկու գնացքները իրար բախեցան։ Ներկայիս երկու պարագայ կը քննուի։ Առաջինին համաձայն, երկու գնացքները կը շարժէին նոյն գիծին վրայ, որով անխուսափելի եղաւ բախումը, իսկ երկրորդ վարկածին համաձայն, մէկ գնացքէն քանի մը կառքեր իրենց գիծէն դուրս ելան պատճառ դառնալով միւս գնացքին հետ բախումին։
Ողբերգութեան վայրէն լրատուական միջոցներուն հասած նկարներն ու նկարագրումները ցոյց կու տան բախումի ծաւալը։ Անոնք կը յայտնեն, թէ կարելի չէ նկարագրել դժոխային տեսարանը։ Ըստ տեղեկութիւններուն, մեռեալներու մեծամասնութիւնը գտնուած է մարդատար գնացքի առաջին երկու կառքերուն մէջ, որոնք բախումի եւ ծագած հրդեհին պատճառով վերածուած են մետաղներու կոյտի, ցոյց տալով ահաւոր ողբերգութեան տարողութիւնը։
Ողբերգական պատահարին մասին կը խօսին նաեւ միջազգային լրատուական միջոցները, որոնք մանրամասն կը նկարագրեն կացութիւնը, յայտնելով, թէ մեծ թիւով զոհեր եւ վիրաւորներ կան։
Հրշէջ սպասարկութիւնը անցած է պատահարի քննութեան, ստուգելու համար բախումի պատճառները։ Յայտարարութիւն տարածած է նաեւ գնացքներու ընկերութիւնը, մինչ Լարիսայի կայանի պատասխանատուն, որուն հերդապահութեան ընթացքին պատահեցաւ երկու գնացքներու բախումը, առաջնորդուած է ոստիկանատուն եւ հետաքննութիւն բացուած է ստուգելու համար իր պատասխանատուութեան բաժինը։