Անտոնիս Լուլումարիս
Բանակումն էինք դեռ, երբ ընկերոջս հետ իմացանք, որ մեր ոտնագդնակի խումբը՝ Օլիմբիաքոսը, պիտի խաղար ազերի Քարապաք անունով խումբին դէմ: Մենք որ ամէն խաղին մեր խումբին կողքին էինք, հասկցած էինք որ այս խաղը տարբեր պիտի ըլլար: Մարզադաշտ պիտի երթայինք ո՛չ միայն մեր խումբին կողքին ըլլալու համար, այլեւ մեր ամբողջ հայրենիքին համար, մեր Արցախին համար:
Խաղին գացինք, մեր հետ առած երկու դրօշակներ. մէկը անշուշտ Արցախինն էր, որուն հայ բնակիչները չարչարուած ու վռնտուած էին ամիսներ արաջ Ազերիներէն: Միւսը՝ հայկական դրօշակ մըն էր, որուն վրայ գրած էինք անգլերէնով «We havn’t forgotten 1915-2020», որպէսզի ցոյց տանք այդ թուրք ցեղին որ 1915-ին ցեղասպանութիւնը եւ 2020-ին պատերազմը երբեք չենք մոռնար:
Երբ որ մեր տեղերը առինք, հպարտօրէն մեր դրօշակները վեր հանեցինք եւ սկսանք ցոյց տալ Ազերիներուն: Վստահ չէինք դեռ, որ իրենց ուշադրութիւնը գրաւած էինք, բայց կեցանք այնտեղ, որպէսզի յոյն մարդոց բացատրենք այս մեր ըրածին պատճառը եւ նպատակը: Այս մեր արարքէն յետոյ նոր հնար մը գտանք, որպէսզի բոլոր այս մօտաւորապէս 100 Ազերինուն ուշադրութիւնը գրաւենք: Մեր հեռախօսներու լուսարձակները վառեցինք եւ տակէն դրօշակները կը բռնէինք: Ասիկա տեսնելով Ազերիները, բացին բոլորը իրենց դրօշակները: Հասկնալի էր, որ տեսած էին մեր դրօշակները եւ որ անոր համար պատասխանեցին մեզի: Բայց դեռ չէինք հասած մեր նպատակին. կ‘ուզէինք ամբողջ Եւրոպան մեր դրօշակները տեսնէ, անոր համար պիտի կապէինք տեղ մը, որ երեւելի պիտի ըլլային հեռատեսիլէն: Մենք գիտէինք, որ UEFA-ն չ’ուզեր, որ իր խաղերուն ընդացքին քաղաքական լօզունգներ տարածուին: Այսպիսով մեր արարքէն քանի մը երկվայրկեան ետք, ոստիկանութեան հրամանով մեր կախած դրoշակները անհետացած էին:
Խաղէն ետք, երբ որ ժողովուրդին մեծ մասը մեկնած էր, գացինք վար, ուր Քարապաքին խաղցողները կը նստէին եւ գտանք ազերի խաղցող մը: Այն ատեն սկսանք կանչել իրեն անգլերենով «Qarabak is Armenian» եւ «Aliev killer»: Ան շատ գէշ նայուածք մը նետեց մեզի: Այսպիսով հասկցանք որ գիտէ՛ր ինչ կ‘ըսէինք իրեն, եւ մեր խօսքերը հովը չտարաւ:
Այդ իրիկուն երկու պատճառ կար որ ուրախ քնանամ. մէկը, որ մեր խումբը շատ կարեւոր մրցումի մը յաղթած էր, եւ երկրորդը, որ կրցայ մեր հայրենիքը հպարտացնել այս ձեւով: