Հ.Կ.Խաչի Ֆիքսի «Ռուբինա» մասնաճիւղի վարչութիւնը կը կազմակերպէ Ամանորի գաթայի հաւաքոյթ, Չորեքշաբթի 18 Յունուար 2023-ին, երեկոյեան ժամը 5։30-ին, Ֆիքսի «Արամ Մանուկեան» ակումբի «Աւետիքեան» սրահէն ներս։
Հաւաքոյթին իրենց ներկայութեամբ յայտագիրը պիտի ճոխացնեն «Լ. եւ Ս. Յակոբեան» վարժարանի աշակերտները։
Մասնաճիւղի Ամանորեայ գաթան պիտի օրհնէ եւ իր հայրական խօսքը պիտի փոխանցէ շրջանիս հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Նարեկ քհնյ. Շահինեան։
Կը հրաւիրուի Շրջանային Վարչութիւնը, քոյր մասնաճիւղերը եւ բոլոր անդամուհիները:
Վարչութիւն