Հ.Կ.Խաչի Ֆալիրոյի «Նայիրի» մասնաճիւղի վարչութիւնը կը հրաւիրէ իր բոլոր անդամուհիները անդամական Ընդհանուր ժողովի, Երկուշաբթի 11 Սեպտեմբեր 2023-ին, երեկոյեան ժամը 5-ին, Վուլայի քաղաքապետարանի մշակութային կեդրոնէն ներս (Πνευματική Εστία δημοτικής ενότητας Βούλας, Αγίου Ιωάννου και Ναυσικάς):
Օրակարգ
— Վարչութեան 2021-2023 նստաշրջանի նիւթաբարոյական տեղեկագրի ներկայացում:
— Հ.Կ.Խաչի 84-րդ Պատգամաւորական ժողովին ուղղուած առաջարկներ եւ պատգամաւորներու ընտրութիւն:
Կը հրաւիրուի Հ.Կ.Խաչի Շրջանային վարչութիւնը:
Վարչութիւն