Մեր հաւաքական կեանքի զանազան ոլորտներուն մէջ, երբ աչքի չզարնող նուիրեալներու շարքէն անվերադարձ կը հեռանան սիրելի անձեր, այն ժամանակ միայն կը զգանք կորուստին տարողութիւնը։ Անոնցմէ մէկն էր ողբացեալ Անահիտ Ֆուրունճեան, որուն կեանքը եղաւ լուռ ու զուսպ գործին օրինակը, իր համեստ լուման զետեղելով մեր գաղութի եկեղեցական եւ բարեսիրական բնագաւառներու գանձանակին մէջ։
Անահիտ բազմազաւակ, բարեպաշտ եւ հայրենասէր ընտանիքի զաւակ էր, որ իր աչքերը բացաւ Աթէնքի մէջ, 1939-ին: Իր կեանքի առաջին տարիները ապրեցաւ պատերազմի արհաւիրքին ու անկէ ետք երկրի թշուառ ժամանակաշրջանի ընթացքին, սակայն երբ հասուն տարիները հասան, իր մէջ զարգացաւ ծառայասիրութեան ու նուիրումի կամաւոր ոգին, որ շատերուն նման իրեն եւս մղեց աշխոյժ գործունէութեան գաղութի կեանքէն ներս։
Հայ կաթողիկէ համայնքի ժրաջան անդամ ըլլալով, փարեցաւ եկեղեցւոյ պայծառութեան գործին, դարձաւ Տիկնանց մարմնոյ անդամ եւ գործակցեցաւ եկեղեցւոյ իրերայաջորդ հովիւներուն հետ, միշտ ի մտի ունենալով օգտակար դառնալու վսեմ գիտակցութիւնը, իր շուրջիններուն հասնելու ազնուական մատուցման խոր ըմբռնումը։ Իբրեւ տիպար հաւատացեալ, ո՛չ միայն մնայուն ներկայութիւն ունէր եկեղեցւոյ մէջ, այլեւ մշտապէս բարիք գործող անձնաւորութիւն մը եղաւ: Իր տունը եղած է կարիքաւորներու ապաստան. դուռը միշտ բաց մնաց ամէն կարօտեալի դիմաց:
Անահիտ Ֆուրունճեան իր ծառայասիրութեան ոգին նաեւ ի սպաս դրաւ Յունաստանի Հայ Կապոյտ Խաչի մեծ ընտանիքէն ներս։ Ընտրուեցաւ միութեան Շրջ. վարչութեան անդամ եւ անսակարկ նուիրումով սատարեց կանացի մեծ կազմակերպութեան հայրենանուէր ծրագիրներուն եւ յունահայ խնամատարական աշխատանքներուն։ Իր ջերմ հայրենասիրութիւնը կը դրսեւորէր բազմապիսի ձեւերով ու ամէն առիթով, նախ ինք մասնակից դառնալով ազգային կեանքին, ապա իր շուրջինները քաջալերելով որպէսզի մօտենան համայնական կեանքին եւ անոնք ալ ծառայեն խղճմտօրէն որպէս հայ հաւաքականութեան մէկ մասնիկը։
Ամուսնացած էր գաղութի ծանօթ հայրենակիցներէն՝ Կարպիս Ֆուրունճեանին հետ, որ կարեւոր ներկայութիւն ունեցաւ յունահայ մշակութային կեանքէն ներս, յատկապէս թատերական բնագաւառին մէջ, որպէս դերասան եւ բեմադրիչ։
Բախտաւորուեցան աղջիկ զաւակով մը՝ Ալիսը, որուն մէջ եւս զարգացուցին սէրը հայ մշակոյթին ու գեղարուեստին հանդէպ։
Անահիտ Ֆուրունճեանի թաղման կարգը կատարուեցաւ 23 Ապրիլին, Ֆիքսի հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ։ Հոն փութացած էին հարազատներ եւ բարեկամներ՝ վերջին յարգանքը տալու իրենց սիրեցեալ Անահիտին։
Ազնուական ու ծառայասէր սերունդի մը մնացորդացին տերեւաթափը ծանր կ՚ազդէ մեր հաւաքական շրջապատին։ Կը մնայ, որ մեկնողի մը ծառայական կեանքը բարձր օրինակ ու գօտեպնդիչ ազդակ շարունակէ ըլլալ ազգային կեանքի խղճամիտներուն համար։
Ք.Է.