Հ.Կ.Խաչի Ֆիքսի «Ռուբինա» մասնաճիւղի վարչութիւնը կը կազմակերպէ Ամանորի գաթայի հաւաքոյթ, Չորեքշաբթի 17 Յունուար 2024-ին, երեկոյեան ժամը 6-ին, Ֆիքսի «Արամ Մանուկեան» ակումբի «Աւետիքեան» սրահէն ներս։
Մասնաճիւղի Ամանորեայ գաթան պիտի օրհնէ ու իր հայրական
խօսքը պիտի փոխանցէ շրջանի հոգեւոր հովիւ
Արժ. Տ. Նարեկ քհն. Շահինեան։
Կը հրաւիրուի Շրջանային Վարչութիւնը, քոյր մասնաճիւղերը եւ բոլոր անդամուհիները:
ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ