­Կի­րա­կի, 19 ­Յու­նո­ւար 2025-ին, Ա­լեք­սանտ­րու­պոլ­սոյ հա­ւա­տա­ցեալ ժո­ղո­վուր­դը մեծ բազ­մու­թեամբ ներ­կայ գտնո­ւե­ցաւ Ս. ­Կա­րա­պետ ե­կե­ղեց­ւոյ 150-ա­մեա­կի տօ­նա­կա­տա­րու­թեանց։ Ա­ռաջ­նոր­դա­կան Ս. ­Պա­տա­րա­գին ներ­կայ էին Ազ­գա­յին վար­չու­թեան ա­տե­նա­պե­տը, Ա­լեք­սանդ­րու­պոլ­սոյ մետ­րո­պո­լի­տը, քա­ղա­քա­պե­տը, զի­նո­ւո­րա­կան բարձ­րաս­տի­ճան սպա­ներ, Թ­րա­կիոյ հայ հա­մայնք­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ եւ ուխ­տա­ւոր­ներ։
­Պա­տա­րա­գի ըն­թաց­քին Ա­ռաջ­նորդ ­Հայր սուր­բը նախ ող­ջու­նեց Ս. ­Կա­րա­պետ ե­կե­ղեց­ւոյ հա­ւա­տա­ւոր ժո­ղո­վուր­դը եւ շնոր­հա­ւո­րեց 150 տա­րի­նե­րու ծա­ռա­յու­թիւ­նը, նո­ւի­րու­մը եւ հա­ւա­տար­մու­թիւ­նը։ ­Հայր սուր­բը ե­րեք հիմ­նա­կան կէ­տե­րով ներ­կա­յա­ցուց Ս. ­Յով­հան­նու ­Կա­րա­պե­տի կեան­քը` հա­ւա­տար­մու­թիւն, քա­ջու­թիւն Աս­տու­ծոյ խօս­քի քա­րո­զու­թեան մէջ եւ խո­նար­հու­թիւն։ Ա­ռաջ­նորդ ­Հայր սուր­բը հրա­ւի­րեց Ս. ­Կա­րա­պետ ե­կե­ղեց­ւոյ ժո­ղո­վուր­դը վե­րա­ժե­ւո­րել եւ վե­րաշ­խու­ժաց­նել Ա­լեք­սանդ­րու­պոլ­սոյ հա­մայն­քը, շա­րու­նա­կե­լով հա­ւա­տար­մու­թեան ո­գին, Աս­տու­ծոյ խօս­քին քա­րո­զու­թիւ­նը եւ խո­նար­հու­թիւ­նը։ ­Պա­տա­րա­գի ա­ւար­տին կա­տա­րո­ւե­ցաւ Ս. Ծնն­դեան ա­ւան­դա­կան ջրօրհ­նէ­քը եւ հո­գե­հան­գիստ ե­կե­ղեց­ւոյ նո­ւի­րեալ­նե­րու հո­գի­նե­րուն հա­մար։
150-ա­մեա­կի տօ­նա­կա­տա­րու­թիւն­նե­րու ա­ռի­թով Ա­լեք­սանդ­րու­պոլ­սոյ մետ­րո­պո­լիտ Ան­թի­մոս սրբա­զա­նը Ս. ­Կա­րա­պետ ե­կե­ղեց­ւոյ նո­ւի­րեց յու­նա­կան գե­ղա­զարդ խաչ մը։
Ս. ­Պա­տա­րա­գէն ետք տե­ղի ու­նե­ցաւ 150-ա­մեա­կին նո­ւի­րո­ւած ճաշ­կե­րոյ­թը, ո­րուն ներ­կայ էի 300 հա­ւա­տա­ցեալ­ներ։ ­Տօ­նա­կա­տա­րու­թիւ­նը ծաղ­կե­ցու­ցին Ս. ­Կա­րա­պետ ե­կե­ղեց­ւոյ շա­բա­թօ­րեայ վար­ժա­րա­նի ա­շա­կերտ­նե­րը, Ա­լեք­սանդ­րու­պոլ­սոյ նո­րա­կազմ պա­րա­խում­բը եւ ե­կե­ղեց­ւոյ երգ­չա­խում­բը ղե­կա­ւա­րու­թեամբ հո­գե­ւոր հո­վիւ Տ. ­Դա­նիէլ քհնյ. ­Գա­լօղ­լեա­նի։
Ա­ւար­տին, Ա­ռաջ­նորդ ­Հայր սուր­բը գնա­հա­տեց 150-ա­մեա­կի տօ­նա­կա­տա­րու­թեան կազ­մա­կեր­պիչ­նե­րը, մաս­նա­կից­նե­րը եւ կա­մա­ւոր­նե­րը, ինչ­պէս նաեւ հրա­ւի­րեց ներ­կա­նե­րը հաս­տատ մնալ հայ ե­կե­ղեց­ւոյ ա­ւան­դու­թիւն­նե­րուն եւ ինք­նու­թեան։

ԹՂԹԱԿԻՑ