Այ­սօր, յու­նա­հայ գա­ղու­թի օ­րա­թեր­թը՝ «Ա­զատ Օր»-ը, կը թե­ւա­կո­խէ իր հրա­տա­րա­կու­թեան 81-րդ ­տա­րին։ ­Հայ գա­ղա­փա­րա­կան մա­մու­լին մէջ իր ստանձ­նած յանձ­նա­ռու­թեամբ, որ միա­ժա­մա­նակ ժո­ղովր­դա­յին հենք կը վա­յե­լէ, մեր թեր­թը հա­մար­ձակ կը շա­րու­նա­կէ իր եր­թը, պա­հե­լով իր քայ­լը մա­մու­լի տե­ւա­բար յա­րա­փո­փոխ աշ­խար­հին մէջ։  ­Թեր­թիս հիմ­նա­դիր­նե­րուն եւ ան­ցեա­լի ծա­ռա­յող­նե­րուն թո­ղած կտա­կին ար­ժա­նա­ւո­րու­թիւ­նը ծանր կը կշռէ «Ա­զատ Օր»-ի մե­րօ­րեայ աշ­խա­տա­կազ­մին ու վար­չա­կան պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րուն վրայ։
­Մեր թեր­թի հրա­տա­րա­կու­թեան 81-րդ ­տա­րո­ւան մուտ­քին ա­ռի­թով, Ուր­բաթ, 28 ­Փետ­րո­ւա­րի թի­ւով հան­գա­մա­նօ­րէն պի­տի անդ­րա­դառ­նանք ա­ռաջ­նոր­դող յօ­դո­ւա­ծով եւ մեր աշ­խա­տա­կից­նե­րու մտո­րում­նե­րով։
Այս ա­ռի­թով, թեր­թիս պաշ­տօ­նէու­թիւ­նը ե­րախ­տա­գի­տա­կան խօսք ու­նի յու­նա­հայ, հայ­րե­նի եւ ար­տա­սահ­մա­նի ըն­թեր­ցող­նե­րուն, ո­րոնք քա­ջա­լեր կը հան­դի­սա­նան «Ա­զատ Օր»-ին։