ՏԻԳՐԱՆ ՊԱՊԻԿԵԱՆ
Առաջին անգամը չէ, որ այս հարցը կ՛արծարծուի եւ այդ մասին անդրադարձ կ՛ըլլայ: Վստահ եմ, որ վերջինն ալ պիտի չըլլայ: Սակայն, երեւոյթը այն աստիճան նուաստացուցիչ է, որ կը ստիպէ ձայնս միացնելու ձայնին այն քանիներուն, որոնք տարբեր առիթներով ցուցաբերած են իրենց ընդվզումը՝ նոյն հարցին առնչութեամբ:
Հարցը կը վերաբերի Զուարթնոց օդակայանի ժամանման սրահներու գովազդի հսկայ պաստառներուն վրայ ցուցադրուած նիւթերու պատշաճութեան:
Երկու շաբաթներ առաջ, գործիս բերմամբ քանի մը օդակայաններ այցելելէ ետք, Վարշաւիոյ ճամբով հասայ Երեւան: Ճամբորդութեանս վերջին 2 ժամերուն (կէս գիշերը անց ժամը 2-4), քաղաքավարութեան զոհ երթալու գնով, կողքս նստող գերմանացիին հետ երկար զրուցած էի Հայաստանի մասին:
Ըստ երեւոյթին, Հայաստան իր առաջին այցելութիւնը ըլլալով, շատ բան չէր գիտեր հայերու եւ մեր հայրենիքին մասին: Ուստի՝ ամէն ջանք թափած էի լաւագոյն ձեւով ներկայացնելու հայրենիքս, իր պատմական եւ մշակութային արժէքներով, տեսարժան վայրերով եւ նորագոյն նուաճումներով:
Ներկայացուցածներուս կարգին էին Ապրիլեան Եղեռնի յուշարձանը՝ Ծիծեռնակաբերդը եւ անոր կողքի թանգարանը, ուխտատեղի եւ նուիրական սրբավայր Խոր Վիրապ վանական համալիրը՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցիով, Տաթեւի վանքը՝ իբրեւ միջնադարեան ճարտարապետական եւ հոգեւոր մշակութային կեդրոն, նաեւ համաշխարհային ճանաչում ունեցող իր ճոպանուղիով:
Նաեւ խօսած էի Դիլիջանի համալսարանին եւ ԹՈՒՄՕ կեդրոնին մասին: Մինչեւ իսկ տեղեկացուցած էի վերջին տարիներուն գինիի զարգացող արտադրութեան մասին, որ կը վերականգնէր Հայաստանի 6000 տարուան պատմութիւն ունեցող գինի արտադրելու ճարտարարուեստը:
Սակայն, ըստ երեւոյթին, մոռցած էի ներկայացնելու մեր երկրին մէջ վերջին տարիներուն զարգացած կարեւորագոյն նուաճումներէն՝ բախտախաղերու շքեղ եւ բազմաթիւ սրահները:
Փաստօրէն, մոռացումս այնքան ալ մեծ թերութիւն մը չէր եղած, որովհետեւ օդակայանի ժամանման սրահներուն մէջ գտնուող հսկայ ելեկտրոնային պաստառները լաւագոյն ձեւով կը ցուցադրէին այդ խաղատուներու գովազդները: Փառք ու պատիւ օդակայանի եւ զբօսաշրջութեան մեր պատասխանատուներուն:
Օդանաւէն դուրս գալով՝ ուղղուեցայ թիւ 4 «կարուսել»ի սպասման սրահը, պայուսակներուս տիրանալու: Քանի մը վայրկեան չանցած, սրահը լեցուեցաւ նոր ժամանած ճամբորդներով, որոնք մեծամասնութեամբ օտարներ էին: Ճամբորդներէն շատեր, նշմարելով այդ պաստառներուն գովազդները՝ կ՛ակնարկէին այն բանին, ինչը մտքովս կ՛անցնէի:
— Երեւի այս երկիրը, այստե՛ղ, քազինոներէն աւելի կարեւոր ուրիշ բաներ չունի ցուցադրելու,- ըսաւ մէկը:
— Արդեօք պետութեա՞ն կը պատկանին այս քազինոները,- աւելցուց ուրիշ մը:
— Երեւի շատ հպարտ են ասոնցմով,- պատասխանեց անոր ընկերը:
— Աստուած գիտէ ինչքա՜ն վճարած է ասոր տէրը, որպէսզի իր գովազդները հոս ցուցադրուին,- աւելցուց չորրորդը:
Նուաստացուցիչ եւ ամօթալի զգացումներով կը լսէի այդ խօսակցութիւնները ու անհամբեր կը սպասէի պայուսակիս, որպէսզի վայրկեան առաջ դուրս գայի այդ սրահէն, նախքան նոր ծանօթիս հանդիպիլս:
Ուստի՝ պայուսակս ստանալուս պէս, առանց իսկ չորս կողմս նայելու՝ դուրս սուրացի սրահէն:
Ճամբորդութեանս ընթացքին այցելած էի Լոնտոնի, Վիեննայի եւ Վարշաւիոյ օդակայանները: Այս օդակայաններուն դիմաւորման անցքերուն եւ սրահներուն պատերուն վրայ ցուցադրուած էին իւրաքանչիւր երկրի տեսարժան վայրերու նկարներ ու պատմական յայտնի դէպքեր յիշեցնող եւ բարեգործական նախաձեռնութիւններ յատկանշող ազդեր:
Մէկ խօսքով՝ պատշաճ ձեւով կը ծանօթացնէին եւ կը ներկայացնէին իրենց երկիրը այցելող ճամբորդներուն եւ ինչու չէ, նաե՛ւ կը թարմացնէին յիշողութիւնը իրենց քաղաքացիներուն:
Իսկ մե՜նք… այնպէս կ՛երեւի, թէ մեր երկրին մէջ չունինք նոյնանման նիւթեր, զորս կրնանք ցուցադրել գովազդի այդ պաստառներուն վրայ. արդեօք մեր անցեալն ու ներկան աղքատ ու խղճալի ըլլալուն՝ պատշաճ հրամցնելիքներ չունի՞նք մեր այցելուներուն: Այդ տուն քանդող «քազինոներ»էն բացի իրագործումներ չունի՞նք ցուցադրելու եւ անոնցմով հպարտանալու: Արդեօք այդ մեր պատասխանատուներն ու ղեկավարները առիթը չե՞ն ունեցած այլ երկիրներ ճամբորդելու եւ տեսնելու ու օրինակ առնելու այդ երկիրներէն: Կամ՝ թերեւս ալ տեսա՞ծ են այդ ամէնը եւ սակայն կարողութիւնը չունի՞ն զանազանելու լաւը վատէն…:
Դժբախտաբար այս բոլոր հարցումներուն պատասխանը ժխտական է:
Անոնք՝ նշածներս՝ լաւատեղեակ են «ամէն բանէ»: Սակայն, դժբախտաբար, անոնք շլացած են, եւ տարուած՝ իրենց անձնական շահերով եւ նիւթականով:
Կը կարծեմ, որ իրապէս անոնք բոլորն ալ կորսնցուցած են իրենց ազգային արժանապատւութեան գիտակցութիւնը եւ գերադասած իրենց նիւթականը ազգային արժէքներէն:
Սակայն ո՛չ… անոնք իրաւունք չունին մեր ազգը նուաստացնելու: Նոյնիսկ պէտք չէ իրաւունք ունենան ոտնակոխելու մեր դարաւոր արժէքները:
Ե՞րբ եւ ինչպէ՞ս պէտք է վերջ դնել այս անտարբերութեան եւ արհամարհանքին:
Ո՞ւր են մեր ազգային դիմագիծին հանդէպ բծախնդիր պատասխանատուները. Ո՞ւր է մշակոյթի նախարարութիւնը, ո՞ւր է զբօսաշրջութեան նախարարութիւնը, կամ՝ ո՞ւր են մեր կազմակերպութիւնները…: Արդեօք անոնք այս մասին ըսելիք չունի՞ն կամ իրենք ալ իրենց շահերով տարուած՝ մտահոգ են, որ երկրի ղեկավարները չվշտացնեն եւ իրենց շահերը չվտանգեն:
Եթէ ա՛յս է իրականութիւնը, ուրեմն կը մնանք միայն մենք՝ երկիր այցելող բծախնդիր զբօսաշրջիկներս, եւ մեր կողքին ալ ապրուստ մը ապահովելու հազար ու մէկ մտահոգութիւններ ունեցող ճնշուած Հայաստանի բնակիչները: Մե՛նք պէտք է տէր կանգնինք մեր արժանապատուութեան: Պէտք է պահպանե՛նք մեր մշակութային արժէքները եւ մեր ազգային արժանապատուութիւնը. եւ ինչո՛ւ չէ, հարկ եղած պարագային ալ, պէտք է զգուշացնենք եւ գիտակցութեան կանչենք մեր ղեկավարներն ու պատասխանատուները.
Իսկ եթէ մենք ալ թերանանք, հաւատացէ՛ք, այդ ժամանակ ուշ պիտի ըլլայ, եբր բացագանչենք՝
«Աւա՜ղ փառացս անցաւորի»…: