Չորեքշաբթի՝ 19 Մայիս 2021ին, կէսօրուան ժամը 2-ին, հեռատեսիլի «OPEN Beyond» կայանի «Γενοκτονία Ποντίων 353.000 + αθώα θύματα» հաղորդումին ընթացքին, որ նուիրուած է Պոնտոսցիներու ցեղասպանութեան ու ցնցող պատմական իրադարձութիւններուն, աւանդոյթներուն եւ մշակոյթին, ելոյթ պիտի ունենայ Հ.Յ.Դ. Հայ դատի Եւրոպայի գրասենեակի նախագահ ընկ. Գասպար Կարապետեան:
Հաղորդումը կը ներկայացնեն Իէրոքլիս Միխայիլիտիս եւ Լամպիս Թաղմաթարխիս: