14 ­Փետ­րո­ւա­րի այս օ­րը կը նշենք ծննդեան տա­րե­դար­ձը հայ մտքի եւ գրա­կա­նու­թեան յի­շար­ժան դէմ­քե­րէն ­Հայ­կա­նուշ ­Մառ­քի։
­Պոլ­սա­հայ հո­գեմ­տա­ւոր մեծ ժա­ռան­գու­թեան մէջ իր կա­րե­ւոր ներդ­րու­մը ու­նի բա­նաս­տեղծ ու ար­ձա­կա­գիր, բայց մա­նա­ւանդ յան­դուգն հրա­պա­րա­կա­գիր ­Հայ­կա­նուշ ­Մառք, որ իբ­րեւ այդ­պի­սին ար­ժա­նի տեղ կը գրա­ւէ Սր­բու­հի ­Տիւ­սա­բի, ­Զա­պէլ Ա­սա­տու­րի, ­Զա­պէլ Ե­սա­յեա­նի օ­րի­նա­կով մե­ծա­նուն հայ կին գրող­նե­րու փա­ղան­գին մէջ։
­Բա­նաս­տեղ­ծա­կան խոր զգա­ցո­ղու­թեան եւ մտա­ւո­րա­կան լայն հո­րի­զո­նի տէր գրողն է ­Մառք, որ ոչ միայն հայ կնոջ յու­զաշ­խար­հը շնչա­ւո­րող գրա­կա­նու­թիւն մը կտա­կեց մեր ժո­ղո­վուր­դին, այ­լեւ ան­խոնջ դրօ­շա­կի­րը դար­ձաւ հայ կնո­ջա­կան շարժ­ման՝ հայ կնոջ ի­րա­ւունք­նե­րուն պաշտ­պա­նու­թեան նո­ւի­րա­բե­րե­լով իր գրիչն ու հո­գեմ­տա­ւոր ու­ժե­րը։
Իր «Ա­մէ­նուն ­Տա­րե­գիր­քը» շար­քին վեր­ջին՝ 1967-68 տա­րի­նե­րու միա­ցեալ հա­մա­րին մէջ, ­Կա­րօ ­Գէոր­գեան սեղմ ու կուռ ար­ժե­ւո­րու­մը կա­տա­րած է ­Հայ­կա­նուշ ­Մառ­քի վաս­տա­կին.- Կ­նո­ջա­կան աշ­խար­հին, հայ կնոջ ըն­կե­րա­յին հար­ցե­րուն եւ յատ­կա­պէս կա­նա­ցի ի­րա­ւունք­նե­րուն ու դա­տին պաշտ­պա­նու­թեան նո­ւի­րո­ւած իր հրա­պա­րա­կագ­րա­կան հա­րուստ ժա­ռան­գու­թեամբ, ­Հայ­կա­նուշ ­Մառք ի­րա­ւամբ կը հան­դի­սա­նայ քսա­նե­րորդ դա­րու ա­ռա­ջին յիս­նա­մեա­կին հայ ի­րա­կա­նու­թեան ա­մէ­նէն լայն ժո­ղովր­դա­կա­նու­թիւն վա­յե­լող գրիչ­նե­րէն մէ­կը։
Ծ­նած է ­Պո­լիս, 14 ­Փետ­րո­ւար 1881ին։ Ու­սու­մը ստա­ցած էր «Ե­սա­յեա­ն» վար­ժա­րա­նի մէջ՝ ա­շա­կեր­տե­լով ­Զա­պէլ Ա­սա­տու­րի, ո­րուն ար­ժա­նա­ւոր յա­ջոր­դը դար­ձաւ։ ­Հա­զիւ ե­րի­տա­սարդ՝ նե­տո­ւե­ցաւ ազ­գա­յին-հան­րա­յին գոր­ծու­նէու­թեան աս­պա­րէզ՝ մէկ կող­մէ կնո­ջա­կան իր նե­րաշ­խար­հը թրթռաց­նող քեր­թո­ւած­ներ ու ար­ձակ է­ջեր լոյս ըն­ծա­յե­լով, իսկ միւս կող­մէ քսա­նե­րորդ դա­րաս­կիզ­բի հայ ի­րա­կա­նու­թեան մէջ կնո­ջա­կան ի­րա­ւունք­նե­րու պաշտ­պա­նու­թեան եւ ըն­կե­րա­յին խնդիր­նե­րու ար­ծարծ­ման նո­ւի­րո­ւե­լով։
­Հայ­կա­նուշ ­Մառ­քի կեան­քին ու գոր­ծու­նէու­թեան դար­ձա­կէ­տը կը կազ­մէ հրա­տա­րա­կու­թիւ­նը «Ծա­ղի­կ» թեր­թին, որ թէեւ լոյս տե­սաւ միայն ե­րեք տա­րի (1905-1907), բայց ան­մի­ջա­պէս ըն­թեր­ցող գրա­ւեց եւ հայ կնո­ջա­կան շար­ժու­մը խթա­նող գլխա­ւոր բեմ մը դար­ձաւ։ Ա­տե­նի ե­րի­տա­սարդ հայ կին գրող­նե­րը կա­պո­ւե­ցան թեր­թին եւ թէ՛ գրա­կան-ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան, թէ՛ ի­մա­ցա­կան-բա­նա­սի­րա­կան մար­զե­րու մէջ ի­րենց աշ­խա­տակ­ցու­թեամբ՝ կա­նա­ցի շունչ բե­րին հայ հո­գեմ­տա­ւոր կեան­քին։
­Հայ­կա­նուշ ­Մառ­քի կո­թո­ղա­կան ի­րա­գոր­ծու­մը կը հան­դի­սա­նայ հրա­տա­րա­կու­թիւ­նը «­Հայ ­Կի­ն» հան­դէ­սին, որ Ա­ռա­ջին Աշ­խար­հա­մար­տի ա­ւար­տէն ետք եւ ­Մեծ Ե­ղեռ­նի բա­ցած խո­րա­գոյն վէր­քը դար­մա­նե­լու ա­ռա­ջադ­րան­քով՝­ճամ­բայ ե­լաւ 1919ին եւ շա­րու­նա­կո­ւե­ցաւ մին­չեւ 1932 թո­ւա­կա­նը։ «­Հայ ­Կի­ն»ը կա­մուրջ մը ե­ղաւ ոչ միայն նա­խա-Ե­ղեռ­նեան շրջա­նի ազ­գա­յին մեր ար­ժէք­նե­րուն հետ նո­րա­հաս սե­րունդ­նե­րու հո­գեմ­տա­ւոր կա­պը ստեղ­ծե­լու եւ ամ­րապն­դե­լու ա­ռու­մով, այ­լեւ՝ ա­րեւմտա­հայ եւ ա­րե­ւե­լա­հայ, խորհր­դա­հայ ու սփիւռ­քա­հայ աշ­խարհ­նե­րուն մի­ջեւ պոր­տա­կապն ու հա­ղոր­դակ­ցու­թիւ­նը պահ­պա­նե­լու եւ կամր­ջե­լու ի­մաս­տով։
­Հայ­կա­նուշ ­Մառ­քի գրա­կան ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը — ար­ձակ բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն­ներ ու պատ­մո­ւածք­ներ — հա­ւա­քո­ւած ու ա­ռան­ձին հա­տո­րով լոյս տե­սած են «­Ծու­լու­թեան պա­հե­րէ­ս» խո­րագ­րին տակ։ Իսկ «Ծ­փանք­ներ կեան­քէ­ս» խո­րագ­րով հրա­տա­րա­կո­ւած հա­տո­րի մը մէջ, ­Հայ­կա­նուշ ­Մառք ներ­կա­յա­ցու­ցած է իր ինք­նա­կեն­սագ­րա­կան յու­շագ­րու­թիւ­նը։
Ինչ­պէս իր գրա­կան-գե­ղա­րո­ւես­տա­կան, այն­պէս ալ հրա­պա­րա­կագ­րա­կան է­ջե­րուն մէջ, ­Հայ­կա­նուշ ­Մառք օգ­տա­գոր­ծեց յստա­կու­թեամբ ու պար­զու­թեամբ յատ­կան­շո­ւող լե­զու մը, որ ա­ւե­լիով ժո­ղովր­դա­կա­նու­թիւն ա­պա­հո­վեց իր հա­ճե­լի գրե­լաո­ճին։
1954ին, ­Պոլ­սոյ մէջ, մեծ շու­քով տօ­նո­ւե­ցաւ Հ. ­Մառ­քի գրա­կան գոր­ծու­նէու­թեան յիս­նա­մեա­կը։ Այդ ա­ռի­թով հրա­տա­րա­կո­ւե­ցաւ իր բա­նաս­տեղ­ծա­կան եւ հրա­պա­րա­կագ­րա­կան գոր­ծե­րէն ծաղ­կա­քաղ մը՝ «­Հայ­կա­նուշ ­Մառք — կեանքն ու գոր­ծը» խո­րագ­րին տակ։
­Հայ գրա­կա­նու­թեան եւ հրա­պա­րա­կագ­րու­թեան կնո­ջա­կան ձայ­նը շնչա­ւո­րող եւ հայ կնո­ջա­կան շար­ժու­մը ժո­ղովր­դա­կա­նաց­նող նո­ւի­րեա­լը ապ­րե­ցաւ մին­չեւ խոր ծե­րու­թիւն։ ­Վեր­ջին տա­րի­նե­րուն ա­ռող­ջա­կան վի­ճա­կը վատ­թա­րա­ցած էր ու ­Մառք տե­ղա­փո­խո­ւե­ցաւ ­Պոլ­սոյ Ազ­գա­յին հի­ւան­դա­նո­ցը, ուր եւ վախ­ճա­նե­ցաւ 7 ­Մարտ 1966ին՝ իր սե­փա­կան ճոխ գրա­դա­րանն ու բո­լոր ի­րե­ղէն­նե­րը կտա­կե­լով ­Սուրբ ­Խա­չի Դպ­րե­վան­քին։
Ո­գե­կո­չե­լով հայ կնո­ջա­կան շարժ­ման ար­ժա­նա­ւոր պատ­գա­մա­բե­րին յի­շա­տա­կը՝ ա­հա՛ ճա­շակ մը ա­նոր բա­նաս­տեղ­ծա­կան յու­զաշ­խար­հէն.

Ինչ­պէ՞ս

Ինչ­պէ՞ս սի­րեմ զքեզ, սի­րե­լիս
Որ սէրս ըլ­լայ միշտ տե­ւա­կան ու տար­բեր,
Ինչ­պէ՞ս սի­րեմ զքեզ, իմ հո­գիս,
Որ նմա­նը չը­րած ըլ­լան ու­րիշ­ներ …։
Ինչ­պէ՞ս, ը­սէ՛, ե­րա­զեմ քեզ որ յոգ­նած
Չ­ծան­րա­նան աչ­քերս ար­թուն ու ցած
­Ձայ­ներն չվրդո­վեն հան­գիստ – ­քուն՝
Երբ մտնեմ քուն ։
Ինչ­պէ՞ս գգո­ւեմ զքեզ սէ­րովս րո­լոր,
Որ նա­խան­ձին սիւ­քե­րը, ծի­լերն ալ ո­լոր,
Ինչ­պէ՞ս կազ­մեմ տար­րե­րը սի­րոյս կրա­կին
Որ հոն բո­լոր իղ­ձերս ալ բոբ­բո­քին:
Ինչ­պէ՞ս ը­սեմ թէ չաս­տո­ւած մ­՛ես դուն կամ ան­կէ
Ա­ւե­լի վեր,
­Հո­գի մը վառ կրա­կէ,
Անձ­նո­ւէր…
Ինչ­պէ՞ս սա­կայն ինչ­պէ՞ս սի­րեմ քեզ, ա­նոյշ սի­րա­կան
Որ սա խենթ սէրս ըլ­լայ յա­ւէտ տե­ւա­կան։

«­Լոյ­ս» 1904

Հ. ­Մառ­քի գա­ղա­փա­րա­կան աշ­խար­հին հետ ըն­թեր­ցո­ղը հա­ղորդ պա­հե­լու թող ծա­ռա­յէ «­Հայ ­Կի­ն» հան­դէ­սի խմբագ­րա­կա­նով ա­նոր կտա­կած հե­տե­ւեալ պատ­գա­մը.
«­Մեր յե­տե­ւում թող­նում ենք մի ա­րա­հետ, ո­րը թէեւ տօ­նա­կան կամ փայ­լուն ո­չինչ ու­նի, բայց ա­րա­հետ է, ո­րին ա­ռանց ա­մա­չե­լու ենք նա­յում, գիւ­ղի մի նեղ ա­րա­հետ, ո­րով ան­ցել ենք՝ կա­տա­րե­լով մեր պար­տա­կա­նու­թիւն­նե­րը իբ­րեւ կին, իբ­րեւ ա­մու­սին եւ իբ­րեւ մայր: ­Հի­մա նոր ու­ղի պի­տի հար­թենք, այն պի­տի քա­ղա­քի լուրջ ճա­նա­պարհ լի­նի, ա­ւե­լի լայն, ա­ւե­լի ու­ղիղ, ա­ւե­լի ձիգ դէ­պի նպա­տա­կը: Այդ ճամ­բի վրայ պի­տի կրենք մեր պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւ­նը, պի­տի ստեղ­ծենք մեր ի­րա­ւունք­նե­րը, պի­տի դարբ­նենք մեր գոր­ծը` ա­մէ­նե­ւին չհե­ռաց­նե­լով մեզ մեր կա­նա­ցի բնազդ­նե­րից, մեր տնից: Այն պի­տի տա­նի մեզ մի բար­ձունք, ուր մղում են մեզ մեր սե­ռի, մեր ազ­գի, մեր հայ­րե­նի­քի վե­րածնն­դի ջղա­պիրկ իղ­ձե­րը»։