Անցեալ շաբաթավերջին, Հայաստանի պասքեթպոլի պատանեկան երկու խումբերը, կարեւոր նուաճումներ արձանագրելով՝ հանդիսացան ախոյեան: Արդարեւ, տղոց պատանեկան հաւաքականը, Անտորայի մէջ կայացած Եւրոպայի պասքեթպոլի 16 տարեկանէն վար Գ. դասակարգի ախոյեանութեան մէջ առաջնութիւնը խլեց՝ աւարտական ճակատումին 88-70 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Ճիպրալթարի խումբը: Նշենք, որ կիսաւարտականին Հայաստանի կազմը պարտութեան մատնած էր Ատրպէյճանի խումբը։
Նաեւ՝ Ճիպրալթարի մէջ տեղի ունեցած Եւրոպայի Գ. դասակարգի աղջկանց ախոյեանութեան տիտղոսին արժանացաւ Հայաստանի 16 տարեկանէն վար պարմանուհիներու խումբը, որ աւարտականին 63-44 արդիւնքով յաղթեց Մալթային:
Հայաստանի պասքեթպոլը Եւրոպայի ախոյեան
Հայաստանի պասքեթպոլի պատանեկան երկու խումբերը՝ Եւրոպայի ախոյեան