Որ­դիս, քեզ ի՞նչ կտա­կեմ, ի՞նչ կտա­կեմ, իմ բա­լիկ,
Որ ինձ յի­շես վշտի մէջ, թէ խին­դի մէջ քո գա­լիք.
Գան­ձեր չու­նեմ, բայց գանձն ի՞նչ, գան­ձը լոյսն էր աչ­քե­րիս,
Դու ես միակ իմ գան­ձը, դու ես գան­ձը գան­ձե­րիս։
Քեզ այն­պի­սի գանձ կ­’ու­զեմ ես կտա­կել հայ­րա­բար,
Որ չի կա­րող կտա­կել ու­րիշ երկ­րում ոչ մի հայր,¬
Ես քեզ այն եմ կտա­կում, ո­րին այս մեծ մեր դա­րում
Փոք­րիկ մար­դիկ են բան­տել ու շղթա­յել ամ­պե­րում.
Քեզ մեր սարն եմ կտա­կում, որ դուրս բե­րես սեւ ամ­պից,
Որ տուն բե­րես շա­լա­կած ար­դա­րու­թեամբ մեր ան­բիծ,
Ու կը բե­րես, իմ բա­լիկ, թէ­կուզ քո խեղճ թա­թի­կով
Մեր սարն այս կողմ շուռ կը տաս՝ ար­դա­րու­թեանդ ուժն է ծով.
Ու երբ բե­րես, իմ բա­լիկ, սիրտս էլ շիր­մից կը հա­նես,
Կը բարձ­րա­նաս ու սիրտս ա­զատն ի վեր կը տա­նես
Ու կը թա­ղես իմ սիր­տը ձիւ­նե­րի տակ Մա­սի­սի,
Որ շիր­մում էլ՝ դա­րա­ւոր հուր կա­րօ­տից չմրսի։

Քեզ Մա­սիսն եմ կտա­կում, որ դու պա­հես յա­ւի­տեան,
Որ­պէս լե­զուն մեր հա­յոց, որ­պէս սիւ­նը քո հօր տան:

Մեր սե­րունդ­նե­րուն հայ­րա­բար իր պատ­գա­մած այս «Կ­տակ»ը շրթնե­րուն, 33 տա­րի ա­ռաջ, Մարտ 14ի այս օ­րը, աչ­քե­րը առ­յա­ւէտ փա­կեց Յով­հան­նէս Շի­րազ։
Սու­գը պա­տեց հա­յոց քա­ղա­քա­մայր Ե­րե­ւա­նը։
69 տա­րե­կա­նին մարմ­նա­պէս շի­ջե­ցաւ լու­սա­բաշխ ու յու­սա­բեր աստ­ղը հա­յոց աշ­խար­հին։
Շատ ու շատ տա­րի­ներ կ­’անց­նին, հա­յոց սե­րունդ­ներ կը յա­ջոր­դեն ի­րա­րու, բայց հա­յե­րէ­նի թօ­թո­վան­քով աշ­խար­հին բա­ցո­ւող ա­մէն հայ մա­նուկ, ան­կաս­կած, Շի­րա­զէն տող մը, սրտա­յոյզ երգ մը եւ խո­րա­խոր­հուրդ պատ­գամ մը պի­տի շա­րու­նա­կէ մրմնջալ, նաեւ գո­ռալ՝ յա­նուն Ար­դա­րու­թեան յաղ­թա­նա­կին եւ Մա­սիս Սա­րի տուն վե­րա­դար­ձին։
Այ­սօր կը լրա­նայ մա­հո­ւան 33րդ տա­րե­լի­ցը ա­ւա­զա­նի ա­նու­նով Օն­նիկ Կա­րա­պե­տեա­նի, որ լոյս աշ­խարհ ե­կաւ Հա­յոց Ար­հա­ւիր­քի օ­րե­րուն՝ 1915 թո­ւի Սեւ Ապ­րի­լի 27ին, Ա­խու­րեան գե­տի ա­փին գտնո­ւող գիւմ­րե­ցի Թա­դէո­սի եւ կար­սե­ցի Աստ­ղի­կի գիւ­ղա­կան խար­խուլ տան մէջ։
Նո­րա­ծի­նը հա­զիւ ե­րեք տա­րե­կան մա­նուկ էր, երբ որ­բա­ցաւ հօր կող­մէ, ո­րուն թուրք զի­նո­ւոր­նե­րը սպան­նե­ցին՝ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը շա­րու­նա­կե­լու հա­մար Ա­րե­ւե­լա­հա­յաս­տա­նի վրայ գոր­ծո­ւած 1918ի թրքա­կան ար­շա­ւան­քին ժա­մա­նակ։
Թր­քա­կան խժդժու­թեանց հե­տե­ւած ի­րա­րան­ցու­մին մէջ, Օն­նիկ կորսն­ցուց մայ­րը, ան­պատս­պար փո­ղոց­նե­րը թա­փա­ռե­ցաւ՝ հա­ցի եւ օ­թե­ւա­նի կա­րօտ, մին­չեւ որ ան­տէր լքո­ւած հա­րիւ­րա­ւոր շատ որ­բե­րու հետ զինք եւս յանձ­նե­ցին Ա­լեք­սանդ­րա­պո­լի որ­բա­նո­ցին խնա­մա­տա­րու­թեան։ Դառն ու դա­ժան ման­կու­թիւն մը ան­ցուց, յա­ճա­խա­կի փա­խուստ տո­ւաւ որ­բա­նո­ցի ճնշիչ մթնո­լոր­տէն եւ, ինչ­պէս որ հե­տա­գա­յին պի­տի գրէր իր ինք­նա­կեն­սագ­րու­թեան մէջ, «որ­բա­նո­ցից շա­տերն էին փախ­չում, մեծ մա­սը դէ­պի շու­կայ, իսկ ես` դէ­պի Ար­փա­չա­յի հո­վիտ­նե­րը` փնտռե­լու հայ­րի­կիս բոս­տա­նը: Եւ մի վայր­կեան ծա­ղիկ­նե­րի ու կա­կաչ­նե­րի մեջ մո­ռա­նում էի, որ որբ եմ…»:
Այդ օ­րե­րու իր յու­զաշ­խար­հը կը խտաց­նէ եւ հայ որ­բե­րու սիր­տը այն­քան հա­րա­զա­տօ­րէն կը բա­նայ հօր նո­ւի­րուած բա­նաս­տեղ­ծա­կան հե­տե­ւեալ պատ­կե­րը՝

«­Կը գար հայրս Շի­րա­կի հո­վե­րի հետ ի­րի­կո­ւայ,
Կը շող­շո­ղար բահն ու­սին, սա­րից ել­նող լուս­նի պէս…»

Ա­ւե­լի ուշ, երբ ար­դէն թե­ւա­կո­խած էր պա­տա­նե­կու­թեան տա­րի­քը, Օն­նիկ լրիւ հե­ռա­ցաւ որ­բա­նո­ցէն եւ բա­ռին բուն ի­մաս­տով փո­ղո­ցի կեանք ապ­րե­ցաւ, մին­չեւ որ այդ ձա­խորդ օ­րե­րուն մէջ յան­կարծ փայ­լե­ցաւ «ճա­կա­տագ­րա­կան մի սուրբ վայր­կեան»: Փո­ղո­ցը պա­տա­հա­կա­նօ­րէն հան­դի­պե­ցաւ հա­ցը ձեռ­քին ան­ցորդ խեղճ կնոջ մը: Սո­ված Օն­նի­կը փոր­ձեց փախց­նել կնոջ հա­ցը, բայց կի­նը բռնեց զինք եւ… սեղ­մեց կրծքին: Մայրն էր` Աստ­ղի­կը, որ վեր­ջա­պէս գտած էր իր կո­րու­սեալ որ­դին: Փա­ղաք­շան­քով «գիժ-ջան, գիժ» կրկնե­լով՝ մայ­րը որդ­ւոյն տա­րաւ տուն, որ հին ու կի­սա­փուլ խրճիթ մըն էր: Եւ ճա­կա­տագ­րա­կան այդ օ­րէն, մօր խօս­քը սրբու­թիւն եւ օ­րէնք ե­ղաւ Օն­նի­կի հա­մար, իսկ մօր գլխա­ւոր խոր­հուրդն էր` «Ար­հեստ սո­վո­րիր… ար­հեստն է մար­դուն ոս­կէ բի­լա­զուկ»:
Որ­բու­թեան եւ չքա­ւո­րու­թեան այդ տա­րի­նե­րը ա­դա­ման­դի պէս կո­փե­ցին տա­ղան­դը ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան երկ­նա­տուր շնորհ­նե­րով օժ­տո­ւած Օն­նի­կի, որ հայ ժո­ղո­վուր­դի ան­մահ մե­ծե­րու երկ­նա­կա­մա­րին վրայ ան­մար աստ­ղի իր տե­ղը գրա­ւեց իբ­րեւ Սի­րոյ, Վշ­տի եւ Հա­յոց Սր­բա­զան Դա­տի զգա­յուն եւ խո­հուն եր­գի­չը՝ Յով­հան­նէս Շի­րազ գրչա­նու­նով։
Եւ մեր ժո­ղո­վուր­դի մե­ծա­գոյն ող­բեր­գու­թեան՝ Հա­յաս­պա­նու­թեան դառ­նա­գոյն բա­ժա­կը նաեւ սե­փա­կան կեն­սա­փոր­ձով ցմրուր ճա­շա­կած ան­մահ Շի­րա­զը իր անլ­ռե­լի բո­ղո­քը յղեց ողջ աշ­խար­հին.

Ա­մե­նայն սրտով բո­ղո­քում եմ ես մար­դու ա­նար­դար վճի­ռի հա­մար,
Ա­նի­ծում եմ ես մար­դուն նեն­գա­ւոր, որ նա ընտ­րել է պղծո­ւած ճա­նա­պարհ.
Ա­տում եմ հո­գով օ­րէնք­ներ շատ-շատ, որ ծան­րա­ցել են մարդ­կանց ու­սե­րին
Եւ ստի­պում են կեղ­ծել, քծնո­ւել, գո­վել ա­նար­ժան, տգէտ բար­քե­րին:

Ես բո­ղո­քում եմ, ի­րա­ւունք ու­նեմ գան­գատ գրե­լու ամ­բողջ աշ­խար­հին,
Որ հա­յոց հո­ղը ետ վե­րա­դար­ձո­ւի եւ տրո­ւի պան­դուխտ, տա­ռա­պող հա­յին.
Ես ցան­կա­նում եմ մէկ ան­գամ տես­նել քար­տէ­զը հա­յոց ան­ծայր երկ­րի,
Դ­րա­նից յե­տոյ ե­թէ մեռ­նեմ էլ, իմ հո­գին ու­րախ եւ յա­ւերժ կ­’ապ­րի:

Ին­չո՞ւ է հա­յը պան­դուխ­տի ցու­պով այ­սօր թա­փա­ռում ամ­բողջ աշ­խար­հում,
Օ­տա­րի հո­ղում կեղ­ծո­ւած ու տան­ջո­ւած, հե­ռու հիւ­սի­սում կամ ա­նա­պա­տում.
Ի՞նչ է նա կորց­րել Սու­դա­նում կի­զիչ, կամ Հնդ­կաս­տա­նում հե­ռու հե­ռա­ւոր,
Ին­չո՞ւ է հա­յը բե­կոր­ներ դար­ձել, նա չու­նի հան­գիստ, նա չու­նի ան­դորր:

Խեղճ պան­դուխտ հա­յին հող է հար­կա­ւոր, ոչ օ­տար երկ­րում, այլ իր սե­փա­կան,
Եւ երբ ու­նե­նայ նա հո­ղը նո­րից, դուրս կը շպրտի ցուպն օ­տա­րու­թեան,
Ան­հուն հրճո­ւան­քով կը շտա­պի հե­ռո­ւից դէ­պի Ղարս, իգ­դիր, Վան կամ Ար­դա­հան,
Նո­րից կը լսուի հո­րո­վե­լը հին, նո­րից կը ծխայ ծու­խը հայ­կա­կան:

Շի­րազ պա­տա­նի տա­րի­քէն նե­տո­ւե­ցաւ կեան­քի աս­պա­րէզ, բախ­տը փոր­ձեց կօշ­կի­կի եւ հի­սո­ւա­ծե­ղէ­նի ար­հեստ­նե­րուն մէջ, բայց շու­տով անդ­րա­դար­ձաւ, որ բա­նաս­տեղ­ծու­թիւնն է իր կեան­քի բուն եւ միակ աս­պա­րէ­զը։ Սկ­սաւ ստեղ­ծա­գոր­ծել 15 տա­րե­կա­նէն եւ իր ա­ռա­ջին քեր­թո­ւած­նե­րը լոյս տե­սան Լե­նի­նա­կա­նի (­Գիւմ­րիի խորհր­դա­յին ա­նո­ւա­նու­մը) հիւ­սո­ւա­ծե­ղէ­նի գոր­ծա­րա­նին գրա­կան հրա­տա­րա­կու­թեան է­ջե­րուն։
1935ին ա­ռան­ձին հա­տո­րով լոյս տե­սաւ իր ե­րե­խայ­րի­քը՝ «­Գար­նա­նա­մուտ»ը, որ ան­մի­ջա­պէս յափշ­տա­կո­ւե­ցաւ ըն­թեր­ցող­նե­րուն կող­մէ եւ ա­րա­գօ­րէն մեծ համ­բաւ ա­պա­հո­վեց քսա­նա­մեայ Շի­րա­զին։
Եւ սկսաւ Շի­րա­զի ան­կա­սե­լի վե­րել­քը դէ­պի հայ քնա­րեր­գու­թեան Մա­սիս բարձ­րուն­քը։
Սի­րոյ եւ Վշ­տի եր­գե­րով յատ­կան­շո­ւե­ցաւ Շի­րա­զի մուտ­քը հայ գրա­կա­նու­թեան ան­դաս­տա­նէն ներս եւ որ­քան ժա­մա­նա­կը թա­ւա­լե­ցաւ, այն­քան պար­զու­թիւնն ու խո­հա­կա­նու­թիւ­նը, գե­ղա­րո­ւես­տա­կան քնա­րա­կա­նու­թիւ­նը ու ազ­գա­յին յու­զաշ­խար­հը բիւ­րե­ղա­ցան Շի­րա­զի մէջ, որ իբ­րեւ ինք­նու­րոյն դպրոց, ԵՐԵՒՈ՜ՅԹ դար­ձաւ քսա­նե­րորդ դա­րու երկ­րորդ կէ­սին՝ հայ գրա­կա­նու­թեան վե­րա­զարթ­նու­մին վրայ իր տի­րա­կան դրոշ­մը դնե­լով։
Պա­տա­հա­կա­նօ­րէն չէր, որ «­Շի­րա­զը հայ ժո­ղովր­դի վշտի դա­րա­ւոր մա­ռա­խու­ղից ծա­գած աստղն է» վկա­յեց վար­պե­տը՝ Ա­ւե­տիք Ի­սա­հա­կեան։
Իսկ Ո­ւի­լեըմ Սա­րո­յեան պար­զա­պէս ար­ժա­նին կը մա­տու­ցա­նէր Հա­յուն Սիր­տը այդ­պէ՛ս հա­րա­զա­տօ­րէն, ջեր­մու­թեամբ եւ խո­րու­թեամբ աշ­խար­հին առ­ջեւ բա­ցած Շի­րա­զին, երբ կը հաս­տա­տէր, թէ «­Շի­րազ մեծ տա­ղանդ մըն է: Ա­նի­կա մեծ, մեծ ա­նուն ու­նի՝ մենք շատ կը գնա­հա­տենք ա­նոր գո­յու­թիւ­նը… Շի­րազ թան­կա­գին հո­գի մըն է, ես շատ կը ցան­կա­նամ լու­րեր առ­նել ա­նոր գրու­թիւն­նե­րէն, լսել զա­նոնք: Ան տա­ղանդ է, մենք պէտք է հպարտ զգանք՝ մեծ պա­տիւ հա­մա­րենք ա­նոր հետ ծա­նօթ ըլ­լա­լը»:
Եւ ի­րա­պէս Շի­րազ իր կեն­դա­նու­թեան ե­ղաւ ապ­րող ա­ռաս­պել մը հայ ժո­ղո­վուր­դի կեան­քին մէջ։ Ա­ռա­ջին հեր­թին՝ քա­ղա­քա­մայր Ե­րե­ւա­նի հա­մար, ուր գրե­թէ ա­մէ­նօ­րեայ իր գրա­կան հա­ւաք­նե­րը կ’ու­նե­նար փո­ղո­ցը՝ Ա­բո­վեան, Ա­մի­րեան եւ Տէ­րեան փո­ղոց­նե­րու խաչ­մե­րուկ­նե­րուն, իր երկր­պա­գու­նե­րու հետ հան­դի­պում­նե­րով։ Ա­պա եւ մա­նա­ւանդ՝ ամէ­նուր սփռո­ւած հա­յաշ­խար­հի բո­լոր ա­փե­րուն, ուր հա­յու­թեան նո­րա­հաս սե­րունդ­նե­րը իր բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն­նե­րով եր­գե­ցին Սէ­րը, Հա­յոց Վիշ­տը, Մօր պաշ­տա­մուն­քը եւ, մա­նա­ւանդ, Հայ­կա­կան Հար­ցը ար­դար լուծ­ման ար­ժա­նաց­նե­լու պա­հան­ջա­տի­րա­կան պայ­քա­րը։
Հա­յա­շունչ մթնո­լոր­տի մէջ կազ­մա­ւո­րո­ւած ո՞ր հա­յը, այ­սօր, կրնայ մտա­հան ը­նել իր պա­տա­նե­կու­թեան սոր­ված եւ ար­տա­սա­նած Շի­րա­զի միեւ­նոյն «Ա­մե­նայն Սր­տով»ի պայ­քա­րի հրա­ւէ­րը, որ ամ­բողջ ազ­գա­յին զար­թօն­քի մը նշա­նա­բա­նը դար­ձաւ՝

Օ­տա­րի ձեռ­քից հինգ հա­րիւր տա­րո­ւայ հո­ղե­րը այ­սօր ետ են գրա­ւում,
Օ­րէնք է, ու մենք էլ ա­սում, որ հո­ղը տի­րոջն է միայն պատ­կա­նում.
Բայց ին­չի՞ խօ­սել ու­րի­շի մա­սին եւ միշտ մո­ռա­նալ ցա­ւը սե­փա­կան,
Ին­չո՞ւ վաս­տա­կել, որ ու­րիշն ու­տի, մո­ռա­նալ քաղ­ցը հա­րա­զատ ման­կան:

Ո՛չ, բա­ւա­կան է, չպէտք է լռել. ե­րա­զել քիչ է, պէտք է պայ­քա­րել,
Քա­ռա­սուն տա­րին դեռ նոր է ան­ցել, հա­յոց հո­ղե­րը պէտք է պա­հան­ջել.
Քար­տէ­զի վրայ դեռ շատ ա­նուն­ներ մին­չեւ օրս էլ հինն են մնա­ցել,
Նոյնն են մնա­ցել քա­ղաք­ներ, գիւ­ղեր, շէ­ներ ու գե­տեր եւ հին ամ­րոց­ներ:

Սահ­մա­նին թիկ­նած Ա­րա­րատն է սէգ, ի­րեն լան­ջե­րով, զմրուխտ կու­սա­կան.
Ա­րա­րատն է սիմ­պո­լը հա­յոց, միշտ թովչան­քով լի, քաղցր մայ­րա­կան.
Իսկ այն կողմ հեռ­ւում, Պին­կէօլն է լքոած, սգո­ւո­րի նման, սեւ ամ­պե­րի մէջ,
Վա­նայ եւ Նա­զիկ լճերն են նիր­հում, Աղ­թա­մարն է մեր ար­տաս­ւում ան­վերջ:

Այս բո­լո­րը դուք տես­նում էք հա­յեր եւ այն թողել էք բախ­տի պատ­մու­թեան,
Լոկ ցան­կա­նա­լով հար­ցեր չեն լուծ­ւում. ա՛յս է մեզ ա­սում կեան­քը այժ­մեան.
Պէտք է պայ­քա­րել, պէտք է պայ­քա­րել եւ պէտք չէ սոս­կալ մա­հից սե­փա­կան,
Մա­հո­ւան գնով էլ պար­տա­ւոր ենք մենք միա­ցեալ տես­նել հո­ղը հայ­կա­կան:

Սի­րոյ, Ցա­ւի եւ Պայ­քա­րի այս­պի­սի՛ սրտա­բուխ եր­գե­րով ու պատ­գա­մով իր ան­ցո­ղիկ կեան­քը ի­մաս­տա­ւո­րեց ան­զու­գա­կան Շի­րա­զը, որ մին­չեւ իր վախ­ճա­նը՝ 1984 թո­ւա­կա­նի Մարտ 14ը, կան­գուն մնաց պատ­նէ­շի վրայ եւ ան­մա­հու­թեան իր գա­հը նո­ւա­ճեց մեր ժո­ղո­վուր­դի սրտին մէջ։
Եւ յա­ւեր­ժին յանձ­նեց եր­գը Հա­յաս­տա­նի ու հա­յու­թեան.-

Դա­րերն ինչ­քան քեզ թա­ղե­ցին՝ դու ծլե­ցիր, ինչ­պէս ցո­րեն,
— Դու իմ գողտ­րիկ հայ ժո­ղո­վուրդ, պի­տի ծաղ­կես յա­ւեր­ժօ­րէն։
Պի­տի ծաղ­կես, պի­տի պտղես, քան­զի դու տունկն ես Աս­տը­ծու։