­Յու­նաս­տա­նի ­Հայ ­Մարմ­նակր­թա­կան Ընդ­հա­նուր ­Միու­թեան (Հ.Մ.Ը.Մ.) հա­մար ­Յու­նիս ա­մի­սը հան­դի­սա­ցաւ գոր­ծու­նէու­թեամբ լե­ցուն շրջան մը:
Ա­մի­սը սկսաւ մեր վար­չու­թեան պաշ­տօ­նա­կան հան­դի­պու­մով՝ ­Յու­նաս­տա­նի Ս­կաու­տա­կան ­Մար­մի­նին (Σ.Ε.Π.) հետ։ ­Հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին, վե­րա­հաս­տա­տո­ւե­ցան գոր­ծակ­ցու­թեան սերտ կա­պե­րը եւ քննար­կո­ւե­ցան հա­մա­տեղ նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­ներ, ­Հա­յաս­տա­նի մէջ կա­յա­նա­լիք 13-րդ ­Հա­մա-Հ.Մ.Ը.Մ.-ա­կան բա­նա­կու­մի նա­խա­պատ­րաս­տու­թիւն­նե­րը, ինչ­պէս նաեւ ան­դամ­նե­րու դաս­տիա­րա­կու­թեան եւ անվ­տան­գու­թեան վե­րա­բե­րող հար­ցեր:
­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան Ա­ռա­ջին Ան­կա­խու­թեան հռչակ­ման 108-ա­մեա­կին ա­ռի­թով, Շր­ջա­նա­յին վար­չու­թիւ­նը մեծ յա­ջո­ղու­թեամբ կազ­մա­կեր­պեց «­Սար­տա­րա­պատ» ճատ­րա­կի մրցա­շար­քը։ Մր­ցու­մին մաս­նակ­ցե­ցան չորս դպրոց­նե­րէ 35 ա­շա­կերտ­ներ՝ յա­ռաջ մղե­լով ազ­նիւ մրցակ­ցու­թեան եւ մար­զա­կան ո­գիի ար­ժէք­նե­րը:

Ա­թէն­քի Հ.Մ.Ը.Մ.-ի մաս­նա­ճիւղ

­Մեր մար­զա­կան ա­կա­դե­միա­նե­րը նոյն­պէս յա­ջո­ղու­թեամբ ա­ւար­տե­ցին ի­րենց տա­րեշր­ջա­նը: ­Թե­նի­սի ման­կա­կան բա­ժան­մուն­քը, իր հրա­ժեշ­տի հան­դի­սու­թեամբ, փա­կեց մար­զա­կան փոր­ձե­րով, ջան­քե­րով, ժպիտ­նե­րով ու գե­ղե­ցիկ յու­շե­րով լե­ցուն ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան շրջան մը։
­Պաս­քեթ­պո­լի (կո­ղո­վագն­դա­կի) ա­կա­դե­միա­նե­րը պտոյտ մը կա­տա­րե­ցին դէ­պի Օ­րո­փոս, ուր բա­րե­կա­մա­կան մրցում մը ու­նե­ցան տե­ղա­կան խմբա­կին հետ՝ ե­րե­խա­նե­րուն ջամ­բե­լով մար­զա­կան, խմբա­յին եւ ժա­ման­ցի ե­զա­կի փոր­ձա­ռու­թիւն մը:
­Միա­ժա­մա­նակ, մեծ թի­ւով ե­րե­խա­նե­րու մաս­նակ­ցու­թեամբ կազ­մա­կեր­պո­ւե­ցաւ «Ար­մե­նի­քի»-ի լո­ղի մրցա­շար­քը, որ ա­ռանձ­նա­յա­տուկ մար­զա­կան փոր­ձա­ռու­թիւն ե­ղաւ փոք­րիկ մար­զիկ­նե­րուն հա­մար՝ քա­ջա­լե­րե­լով խմբա­յին ո­գին, ճիգն ու սէ­րը դէ­պի մար­զան­քը։ ­Տա­րեշր­ջա­նը փա­կո­ւե­ցաւ լա­ւա­տե­սու­թեամբ եւ հպար­տու­թեամբ՝ մար­զիկ­նե­րու նոր սե­րուն­դին հան­դէպ, որ կը կազ­մէ «Ար­մե­նի­քի»-ի ա­պա­գան:
­Վեր­ջա­պէս, ճատ­րա­կի բա­ժան­մուն­քի տա­րեշր­ջա­նը ա­ւար­տե­ցաւ ներ­քին մրցա­շար­քով՝ պսա­կե­լով յա­ռաջ­դի­մու­թեամբ լե­ցուն ար­դիւ­նա­ւէտ տա­րի մը:
Ամ­սո­ւան ըն­թաց­քին յա­ջո­ղու­թեամբ սկսաւ նաեւ «Ար­մե­նի­քի»-ի ա­մառ­նա­յին ճամ­բա­րը (camp)։ Ս­տեղ­ծա­գոր­ծա­կան զբաղ­մունք­նե­րով, մար­զա­կան գոր­ծու­նէու­թիւն­նե­րով, խա­ղե­րով եւ դաս­տիա­րակ­չա­կան յայ­տա­գիր­նե­րով՝ ճամ­բա­րը ե­րե­խա­նե­րուն կու տայ ինք­նավս­տա­հու­թեան, գոր­ծակ­ցու­թեան ու ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեան ա­պա­հով եւ ու­րախ մի­ջա­վայր մը:

Գո­քի­նիոյ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի մաս­նա­ճիւղ

­Բա­ցա­ռիկ ու­րա­խու­թիւն եւ հպար­տու­թիւն պար­գե­ւե­ցին «Ար­մե­նի­քի»-ի մար­զիկ­ներ ­Փոլ Ա­ւա­գեան եւ ­Ֆի­լիփ ­Քա­լեն­տե­րիս-Ա­մի­րա­լեան։ Ա­նոնք ար­ծա­թէ մե­տալ նո­ւա­ճե­ցին Ε.Σ.ΠΕ.Δ.Α.-ի «Juniors Regional Beach Volley 2026 մրցա­շար­քի ­Թե­թեւ Ո­լոր­տի (Beach Volley)» տղոց Մ17 (Կ17) դա­սա­կար­գին մէջ՝ հաս­տա­տե­լով մեր միու­թեան ու­ժեղ ներ­կա­յու­թիւ­նը նաեւ վո­լէյ­պո­լի մէջ:

Ս­կաուտ­ներ

Ա­մի­սը բո­լո­րո­ւե­ցաւ 4 սկաու­տա­կան մաս­նա­ճիւ­ղե­րու տա­րե­փա­կի հան­դէս­նե­րով եւ գայ­լիկ­նե­րու մրցում­նե­րով (Λυκοπουλικούς Αγώνες)։ Ե­րե­խա­նե­րը, խմբա­պետ­ներն ու ծնող­նե­րը միաս­նա­բար բաժ­նո­ւե­ցան խա­ղեր գե­ղե­ցիկ եւ յու­զում­նա­լից պա­հեր՝ նոր ժա­մադ­րու­թիւն տա­լով ա­մառ­նա­յին բա­նա­կում­նե­րուն հա­մար:
­Ծա­ռա­յու­թեան, գոր­ծակ­ցու­թեան եւ եղ­բայ­րու­թեան ար­ժէք­նե­րով ա­ռաջ­նոր­դո­ւած՝ ա­ռա­ւել թա­փով կը շա­րու­նա­կենք մեր ըն­թաց­քը դէ­պի գայ­լիկ­նե­րու եւ սկաուտ­նե­րու ա­մառ­նա­յին բա­նա­կում­նե­րը, ինչ­պէս նաեւ 2026-ի մեծ ­Հա­մա-Հ.Մ.Ը.Մ.-ա­կան բա­նա­կու­մը, որ պի­տի կա­տա­րո­ւի ­Հա­յաս­տա­նի մէջ, 24 ­Յու­լի­սէն մին­չեւ 2 Օ­գոս­տոս, ո­րուն ­Յու­նաս­տա­նի սկաու­տա­կան կա­ռոյ­ցը պի­տի մաս­նակ­ցի 15 ան­դամ­նե­րէ բաղ­կա­ցած պա­տո­ւի­րա­կու­թեամբ մը։