Ձա­խէն աջ՝ Յա­րու­թիւն Չ­թէ­յեան, Լի­դիա Հա­լա­թեան, Դա­ւիթ Ղա­զա­րեան, Սե­ւակ Մի­նա­սեան, Մա­րիամ Խա­րա­լամ­պի­դու, Մա­րիան­նա Մի­խա­լի­ցիա­նու, Բա­նա­յո­թիս Ցա­քի­րող­լու, Եոր­ղոս Մա­րի­նոս, Մայք Ա­ւա­գեան, Մար­ղա­րի­թա Է­կեան եւ Ար­թուր Սարգ­սեան։

Հ․Կ․Խաչի «Զաւարեան» ազգային վարժարանի նախակրթարանի աւարտականներուն հրաժեշտի հանդիսութեան ներկայացո­ւած տեղեկագիրը

Նո­րա­րար ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան ծրա­գիր­նե­րով,  հե­տաքրք­րա­կան կրթա­կան զա­նա­զան գոր­ծու­նէու­թիւն­նե­րով, ար­դիւ­նա­շատ եւ յա­ջո­ղու­թիւն­նե­րով լե­ցուն տա­րեշր­ջան մը եւս բո­լո­րե­ցինք։ Եւ այ­սօր, մենք հրա­ժեշտ կու տանք մեր սի­րե­լի շրջա­նա­ւարտ­նե­րուն՝ ի­րենց կեան­քի ա­մե­նա­գե­ղե­ցիկ ու կա­րե­ւոր փու­լե­րէն մէ­կուն ա­ւար­տին։
2025-2026 տա­րեշր­ջա­նին ըն­թաց­քին մեր դպրո­ցին մէջ կազ­մա­կեր­պե­ցինք ե­լոյթ­ներ, ըն­դու­նե­ցինք հիւ­րեր, ինչ­պէս նաեւ մաս­նակ­ցե­ցանք դպրո­ցէն դուրս կա­տա­րո­ւած տար­բեր ե­ղե­լու­թիւն­նե­րու։ Եւ, հա­ւա­տա­րիմ մեր ընտ­րած ու­ղիին՝ ի­րա­կա­նա­ցու­ցինք հե­տաքրք­րա­կան, ա­շա­կեր­տա­կեդ­րոն նո­րա­րար ու գործ­նա­կան ծրա­գիր­ներ։
ԻԱ․րդ դա­րուն մէջ հա­յե­ցի կրթու­թեան գլխա­ւոր ազ­դակն է հա­յե­րէ­նը գոր­ծա­ծել որ­պէս ապ­րող լե­զու՝ յա­րա­տեւ եւ ծրագ­րո­ւած աշ­խա­տան­քով։ Մայ­րե­նի լե­զուն է, որ կը բնո­րո­շէ հայ դպրո­ցին դի­մա­գի­ծը։ Ս­փիւռ­քի մէջ, հայ­կա­կան ինք­նու­թեան գի­տակ­ցու­թեան եւ այդ ժա­ռան­գե­լու ու սփռե­լու միակ մի­ջո­ցը՝ հայ վար­ժա­րանն է։

Այս ուղ­ղու­թեամբ, Գա­լուստ Կիւլ­պէն­կեան հիմ­նար­կի Ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի զար­գաց­ման բա­ժան­մուն­քին հետ տաս­նա­մեակ մը բո­լո­րող մեր գոր­ծակ­ցու­թեան շնոր­հիւ, այս տա­րի ալ ի­րա­գոր­ծե­ցինք հե­տե­ւեալ ծրա­գիր­նե­րը․-

Զար­դիս մա­տե­նա­շար Հին­գե­րորդ տա­րին է, որ հա­յե­րէն լե­զո­ւի դա­սա­գիր­քե­րուն զու­գա­հեռ,  Զար­դիս մա­տե­նա­շա­րէն ստա­ցած հե­տաքրք­րա­կան ման­կա­վար­ժա­կան ո­ճով, ա­շա­կերտ­նե­րուն ե­րե­ւա­կա­յու­թիւ­նը զար­գաց­նող գիր­քե­րը կը գոր­ծա­ծենք։ Ե­րե­խա­նե­րը հա­յե­րէ­նով կ­՚ապ­րին, կը ստեղ­ծեն, կ­՚ե­րա­զեն եւ կը հարս­տաց­նեն ի­րենց բա­ռա­պա­շա­րը։ 2-րդ դա­սա­րա­նէն մին­չեւ 6-րդ, իւ­րա­քան­չիւր դա­սա­րան մշա­կած է իր յա­տուկ ծրա­գի­րը եւ ա­շա­կերտ­նե­րը կը գոր­ծա­ծեն այդ գիր­քե­րը։ Ծ­րա­գի­րին վեր­ջա­ւո­րու­թեան, գիր­քե­րը ա­շա­կերտ­նե­րուն նո­ւէր կը տրո­ւին։

 Ֆիլ­մի ծրա­գիր․ Այս տա­րի ալ, սի­նե­մա­յի եւ ֆիլ­մի մաս­նա­գէտ պր․ Հ­րայր Քա­լեմ­քե­րեան, 15 օ­րո­ւան հա­մար, Մարտ ամ­սո­ւան մէջ, 6-րդ դա­սա­րա­նի ա­շա­կերտ­նե­րուն հետ ֆիլ­մի աշ­խա­տա­նո­ցը վա­րեց եւ մեր ա­շա­կերտ­նե­րը ի­րենց ա­ռա­ջին փոր­ձե­րը կա­տա­րե­ցին։ Ար­դիւնքն էր հա­մա­պա­տաս­խան տե­սե­րի­զը։  

«­Լե­զուն Ս­փիւռ­քով մէկ. հա­յե­րէ­նի ա­պա­գայ ուղ­ղու­թիւն­նե­րը»

27 Փետ­րո­ւա­րէն մին­չեւ 1 Մարտ, 2026, Լոս Ան­ճը­լե­սի Հա­րա­ւա­յին Գա­լի­ֆոր­նիոյ հա­մալ­սա­րա­նին (USC) մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ «­Լե­զուն Ս­փիւռ­քով մէկ. հա­յե­րէ­նի ա­պա­գայ ուղ­ղու­թիւն­նե­րը» խո­րա­գի­րով մաս­նա­գի­տա­կան գի­տա­ժո­ղո­վը։ Անձ­նա­պէս պա­տիւ էր ին­ծի հա­մար ներ­կա­յաց­նել մեր դպրո­ցը՝ «­Զա­ւա­րեան»ը, որ­պէս Գա­լուստ Կիւլ­պէն­կեան հիմ­նար­կու­թեան Ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի զար­գաց­ման բաժ­նին հետ գոր­ծակ­ցող ա՛յդ դպրո­ցը, ուր ման­կա­պար­տէ­զէն մին­չեւ 6-րդ դա­սա­րան, կը կի­րա­ռենք հա­յե­րէն լե­զո­ւի նո­րա­րար, ե­րե­խա­նե­րու հե­տաքրք­րա­շարժ դաս­տիա­րակ­չա­կան մե­թո­տա­բա­նու­թիւ­նը։

Ձեռ­նար­կը կազ­մա­կեր­պո­ւած էր USC-ի Հա­յա­գի­տա­կան ամ­պիո­նին ու Գա­լուստ Կիւլ­պէն­կեան հիմ­նար­կու­թեան գոր­ծակ­ցու­թեամբ եւ ե­րեք օ­րո­ւան ըն­թաց­քին հա­մախմ­բեց տար­բեր եր­կիր­նե­րէ շուրջ քա­ռա­սուն­հինգ հե­տա­զօ­տող­ներ, լե­զո­ւա­բան­ներ, հա­մալ­սա­րա­նա­կան­ներ եւ ման­կա­վարժ­ներ։ Գի­տա­ժո­ղո­վը նպա­տակ ու­նէր քննար­կել հա­յե­րէ­նի ներ­կայ վի­ճա­կը սփիւռ­քի մէջ, ու­սում­նա­սի­րել լե­զո­ւին ու­սուց­ման ար­դիա­կան մե­թոտ­նե­րը եւ մտա­ծել այդ­պի­սի նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րու մա­սին, ո­րոնք կրնան նպաս­տել լե­զո­ւին փո­խանց­ման եւ զար­գաց­ման նոր ու­ղի­նե­րու ձե­ւա­ւոր­ման։

Ո­ւի­քի­փե­տիա  

6-րդ դա­սա­րա­նի ա­շա­կերտ­նե­րը, Ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի Ո­ւի­քի­փե­տիա­յին մա­սին հե­տաքրք­րո­ւե­ցան եւ մշտա­կան բնտռե­լու ու ի­մա­նա­լու ի­րենց ցան­կու­թիւ­նը մեզ մղե­ցին ի­րենց ներ­կա­յաց­նել Ո­ւի­քի­փե­տիան եւ ա­նոր ըն­ծա­յած ա­պա­հով գոր­ծիք­նե­րը։  Յա­ջոր­դին, ա­շա­կերտ­նե­րը քայլ առ քայլ սկսան հա­յե­րէ­նով յօ­դո­ւած­ներ շա­րադ­րել ու հրա­պա­րա­կել Ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի Ո­ւի­քի­փե­տիա­յի հար­թա­կին մէջ։ Փոր­ձառ­կե­ցին ու  խմբագ­րե­ցին։ Այս ուղ­ղու­թեամբ, մե­զի օգ­նեց Ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի Ո­ւի­քի­փե­տիա­յին ե­րի­տա­սարդ խմբա­գիր­նե­րէն եւ մեր դպրո­ցի շրջա­նա­ւարտ­նե­րէն՝ Նա­թա­լի Է­քի­զեան, որ սի­րա­յօ­ժար ըն­դա­ռա­ջեց մեր դի­մու­մին եւ ա­շա­կերտ­նե­րուն կող­քին էր, օգ­նե­լով ա­նոնց որ­պէս­զի ա­պա­հով եւ վստա­հե­լի աղ­բիւր­ներ ո­րո­նեն ու հար­թա­կին վրայ բեռ­նեն ի­րենց խմբագ­րում­նե­րը։

 E-twinning

E-twinning-ի ըն­ծա­յած գոր­ծակ­ցու­թեան հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րուն ծի­րէն ներս, մեր դպրո­ցի 4-րդ­ եւ 5-րդ դա­սա­րան­նե­րուն ա­շա­կերտ­նե­րը ի­րենց ու­սուց­չու­հի­նե­րուն՝ Թէո­տո­րա Մա­ցա­կու­րա­յի եւ Խ­րի­սա Փա­րիա­նու­յի քա­ջա­լե­րան­քով, մաս­նակ­ցե­ցան «The Rhythm of Christmas» ե­ռամ­սեայ ծրագ­րին։ Նա­մա­կագ­րու­թեան եւ հե­ռա­վար կա­պե­րու մի­ջո­ցով ծա­նօ­թա­ցան Փոր­թու­կա­լի, Ի­տա­լիոյ  եւ Մի­թի­լի­նիի գոր­ծակ­ցող դպրոց­նե­րու ի­րենց դա­սըն­կեր­նե­րուն հետ։ Այս ուղ­ղու­թեամբ, Հինգ­շաբ­թի, 29 Յու­նո­ւա­րին մեր դպրո­ցը այ­ցե­լե­ցին Փոր­թու­կա­լի «Frei Bartolomeu dos Mártires School» դպրո­ցին տնօ­րէ­նու­հին եւ եր­կու ու­սուց­չու­հի­ներ։

Լող 

Այս տա­րին ալ, 3-րդ­ եւ 4-րդ դա­սա­րան­նե­րուն ա­շա­կերտ­նե­րը չորս ամ­սո­ւան հա­մար շա­բա­թա­կան հեր­թա­կա­նու­թեամբ եւ եր­կու դա­սա­պա­հի տե­ւո­ղու­թեամբ Փի­րէա­յի «­Փա­Փասթ­րա­թիօ» լո­ղա­ւա­զա­նին մէջ ի­րենց լո­ղի պա­հե­րը վա­յե­լե­ցին։

 Վո­լէյ, ճատ­րակ, ե­րաժշ­տու­թեան աշ­խա­տա­նոց    

Վո­լէյ․ Գո­քի­նիոյ Հ․Մ․Ը․Մ․-ի ա­ռա­ջար­կին ըն­դա­ռա­ջե­լով, մեր դպրո­ցի 4-րդ, 5-րդ­ եւ 6-րդ դա­սա­րան­նե­րուն ա­շա­կերտ­ներ, տա­րեշր­ջա­նին ըն­թաց­քին ա­մէն Եր­կու­շաբ­թի եւ Չո­րեք­շաբ­թի, դպրո­ցէն ար­ձա­կու­մէն ետք հե­տե­ւե­ցան «μετά το σχόλασμα» վո­լէ­յի մար­զա­կան ծրագ­րին։ Ար­դիւնքն է եր­կու տա­րի ա­ռաջ սկսած Գո­գի­նիոյ Հ․Մ․Ը․Մ․-ի «վո­լէյ ա­շա­կերտ­նե­րուն հա­մար» յա­տուկ ծրա­գի­րին։

Ճատ­րակ․ Վեր­ջին տաս­նըութ տա­րի­նե­րուն, Ծ­նո­ղա­կան միու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ, ա­մէն Ուր­բաթ ճատ­րա­կի դա­սեր կը տրո­ւին Զա­ւա­րեան կեդ­րո­նի 2-րդ յար­կին մէջ։

Ե­րաժշ­տու­թեան աշ­խա­տա­նոց․ Եր­րորդ տա­րին է ար­դէն շա­բա­թա­կան հեր­թա­կա­նու­թեամբ կը գոր­ծէ դպրո­ցին «Ե­րաժշ­տու­թեան աշ­խա­տա­նոց» (Μουσική Ακαδημία), ո­րուն պա­տաս­խա­նա­տուն է ե­րաժշ­տա­գէտ եւ յօ­րի­նող Միհ­րան Չա­լը­քեան։ Այս տա­րի ալ մեր ա­շա­կերտ­նե­րը մաս­նակ­ցե­ցան Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ո­գե­կոչ­ման կեդ­րո­նա­կան ե­լոյ­թին։

Ըն­թեր­ցա­սի­րու­թեան ծրա­գիր

Ըն­թեր­ցա­սի­րու­թեան զարկ կու տանք։ Դպ­րո­ցին ա­ռօ­րեա­յին ըն­թաց­քին, մեր հրա­պու­րիչ, ճոխ եւ գրա­ւիչ «Ս­թաւ­րոս Համ­բա­րեան» գրա­դա­րա­նին ե­ռու­զե­ռը դա­դար չու­նե­ցաւ։ Այս տա­րի 6-րդ դա­սա­րա­նին ա­շա­կերտ­նե­րը յանձն ա­ռած էին ա­նոր պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւ­նը։ Հա­սուն, համ­բե­րա­տար եւ ազ­նիւ՝ կը գո­հաց­նէին ի­րենց­մէ փոքր դա­սըն­կեր­նե­րուն հե­տաքրք­րու­թեան։ Ծ­րագ­րո­ւած ձե­ւով, շա­բա­թա­կան եւ կամ ամ­սա­կան հեր­թա­կա­նու­թեամբ՝ ըստ ա­շա­կեր­տին կամ­քին, գրա­դա­րա­նէն հա­յա­լե­զու, յու­նա­լե­զու եւ անգ­լե­րէն լե­զո­ւով ման­կա­կան եւ պա­տա­նե­կան տա­րի­քի գիր­քեր փոխ կ­՛առ­նո­ւին։ Շ­նոր­հիւ ու­սու­ցիչ­նե­րուն քա­ջա­լե­րան­քին, ա­շա­կերտ­նե­րը ըն­թեր­ցե­լէ ետք ի­րենց նա­խընտ­րած գիր­քը, բե­րա­նա­ցի եւ կամ գրա­ւոր, ամ­փոփ՝ դա­սա­րա­նի ի­րենց դա­սըն­կեր­նե­րուն կը ներ­կա­յաց­նեն։

Պար­գեւ­ներ մեր դպրո­ցի ա­շա­կերտ­նե­րուն հա­մար

Մեր դպրո­ցի ա­շա­կերտ­նե­րը այս տա­րի ալ մեծ հե­տաքրք­րու­թեամբ եւ ո­գե­ւո­րու­թեամբ մաս­նակ­ցե­ցան հա­մա­հել­լե­նա­կան ​​ա­շա­կեր­տա­կան մրցոյթ­նե­րուն՝ ար­ձա­նագ­րե­լով նշա­նա­կա­լի յա­ջո­ղու­թիւն­ներ, ո­րոնք մեզ ու­րա­խու­թիւն եւ հպար­տու­թիւն պար­գե­ւե­ցին։

Ա­թէն­քի հա­մալ­սա­րա­նի Բ­նա­գի­տու­թեան բաժ­նին եւ Յու­նա­կան Բ­նա­գի­տու­թեան ըն­կե­րակ­ցու­թեան կազ­մա­կեր­պու­թեամբ՝ «Ա­րիս­տո­թե­լիս» Բ­նա­գի­տու­թեան ա­շա­կեր­տա­կան մրցոյ­թին, մաս­նակ­ցե­ցան 5-րդ­ եւ 6-րդ դա­սա­րան­նե­րուն ա­շա­կերտ­նե­րը։ Ա­նոնք բո­լո­րը գո­վես­տով գնա­հա­տո­ւե­ցան եւ ար­դա­րա­ցու­ցին ի­րենց մաս­նակ­ցու­թիւ­նը։ Իսկ իւ­րա­քան­չիւր դա­սա­րա­նէն հին­գա­կան ա­շա­կերտ­ներ գե­րա­զանց ար­դիւն­քին ար­ժա­նա­ցան եւ պար­գե­ւատ­րո­ւե­ցան․ ա­նոնք են՝

6-րդ․ Ա­ւա­գեան Մայք, Է­կեան Մար­ղա­րի­թա, Ղա­զա­րեան Դա­ւիթ, Մի­նա­սեան Սե­ւակ եւ Ցա­քի­րող­լու Բա­նա­յո­թիս։

5-րդ Զու­լա­մեան Զու­լալ, Լաւ­րա­քի Ա­լեք­սանտ­րա, Ճի­նե­ճեան Ճե­սի­քա, Մալ­թո­զեան Է­վա եւ Մալ­թո­զեան Մո­նի­քա։

Նոյն­քան կա­րե­ւոր էին մեր ա­շա­կերտ­նե­րուն յա­ջո­ղու­թիւն­նե­րը Հա­մա­հել­լե­նա­կան Թո­ւա­բա­նա­կան ըն­կե­րու­թեան կող­մէն կազ­մա­կեր­պո­ւած «­Փոք­րիկ Եվք­լի­տիս» հա­մա­յու­նա­կան թո­ւա­բա­նու­թեան մրցոյ­թին: 5-րդ­ եւ 6-րդ դա­սա­րան­նե­րուն ա­շա­կերտ­նե­րը մաս­նակ­ցե­ցան թո­ւա­բա­նու­թեան նկատ­մամբ ե­ռան­դով եւ սի­րով՝ հաս­նե­լով գե­րա­զանց ար­դիւնք­նե­րու:

Մեր դպրո­ցէն մրցոյ­թին գե­րա­զանց ար­դիւն­քով հան­դէս ե­կան ութ ա­շա­կերտ­ներ եւ պար­գե­ւատ­րո­ւե­ցան յա­տուկ ե­լոյ­թի մը ըն­թաց­քին, որ տե­ղի ու­նե­ցաւ Կի­րա­կի,14 Յու­նիս Փե­րիս­թե­րիի «Κέντρο Υποδοχής και Βιομηχανικής Επανένταξης (Κ.Υ.Β.Ε.)» սրա­հին մէջ։

6-րդ դա­սա­րա­նէն՝  Ա­ւա­գեան Մայք, Ղա­զա­րեան Դա­ւիթ, Է­կեան Մար­ղա­րի­թա, Մա­րի­նոս Եոր­ղոս, ՄԻ­նա­սեան Սե­ւակ, Սարգ­սեան Ար­թուր եւ Ցա­քի­րող­լու Փա­նա­յո­թիս։

5-րդ դա­սա­րա­նէն՝ Ճի­նե­ճեան Ճե­սի­քա։

Ջեր­մօ­րէն կը շնոր­հա­ւո­րենք մեր բո­լոր ա­շա­կերտ­նե­րը ի­րենց գե­րա­զան­ցու­թեան հա­մար, ինչ­պէս նաեւ բո­լոր ե­րե­խա­նե­րը, ո­րոնք մաս­նակ­ցե­ցան մրցոյթ­նե­րուն, ներ­կա­յաց­նե­լով մեր դպրո­ցը եւ պա­տո­ւա­բեր ներ­կա­յու­թիւն ու­նե­ցան։ Ա­նոնց յա­ջո­ղու­թիւն­նե­րը ի­րենց հա­մա­կար­գո­ւած ջան­քե­րուն, գի­տե­լի­քի հան­դէպ սի­րոյ եւ յա­մա­ռու­թեան ար­դիւնք են եւ մեզ կը հպար­տաց­նեն։

Ներ­քին ու ար­տա­քին Հո­գե­ւոր, ազ­գա­յին, ա­ւան­դա­կան տօ­ներ, ե­լոյթ­ներ 

 Հո­գե­ւոր, ինչ­պէս նաեւ յու­նա­կան եւ հայ­կա­կան ազ­գա­յին տօ­նե­րուն ու յի­շա­տա­կու­մի օ­րե­րուն առ­թիւ բո­լոր դա­սա­րան­նե­րուն ա­շա­կերտ­նե­րը անխ­տիր, պատ­շա­ճօ­րէն հան­դէս ե­կան ի­րենց նա­խա­ձեռ­նած աշ­խա­տանք­նե­րով, այ­ցե­լու­թիւն­նե­րով եւ ներ­կա­յա­ցում­նե­րով։

Մաս­նա­ւո­րա­բար՝

Սուրբ Թարգ­ման­չաց. Սուրբ Թար­գա­ման­չաց տօ­նին ա­ռի­թով,  Ուր­բաթ, 10 Հոկտ­մե­բեր, 2025, առ­տուն, նա­խակր­թա­րա­նի եւ ման­կա­պար­տէ­զին ա­շա­կերտ­նե­րը ա­ռաջ­նոր­դո­ւե­ցան Ս․­Յա­կոբ ե­կե­ղե­ցին ու հե­տե­ւե­ցան Ս․ Պա­տա­րա­գի ա­րա­րո­ղու­թեան։ Պա­տա­րա­գին ու հան­դի­սու­թեան ներ­կայ ե­ղաւ Յու­նա­հա­յոց թե­մի Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան հայ­րը Տ. Սա­հակ եպս․ Ե­մի­շեան։ 4-րդ, 5-րդ­ եւ 6-րդ դա­սա­րան­նե­րուն ա­շա­կերտ­նե­րը մաս­նա­կա­ցե­ցան շա­րա­կան­նե­րու եր­գե­ցո­ղու­թեան։ Ե­կե­ղե­ցա­կան ա­րա­րո­ղու­թեան ա­ւար­տին, իւ­րա­քան­չիւր դա­սա­րան՝ ման­կա­պար­տէ­զի եւ Նա­խակր­թա­րա­նի, «­Թարգ­մա­նիչ­նե­րու Տօն»-ին յար­մար ներ­կա­յա­ցու­մով հան­դէս ե­կաւ։

Նոր Տա­րո­ւան հան­դէս․­Նոր Տա­րո­ւան ար­ձա­կուր­դի նա­խօ­րէին, բո­լոր դա­սա­րան­նե­րը պատ­րաս­տու­թիւն­ներ տե­սան։ Ե­րեք­շաբ­թի, 23 Դեկ­տեմ­բե­րին, դպրո­ցի ա­շա­կեր­տու­թիւ­նը Ս. Յա­կոբ ե­կե­ղե­ցի ա­ռաջ­նոր­դո­ւե­ցաւ ուր եւ հա­ղոր­դո­ւե­ցաւ։ Ա­պա, դպրոց՝ «Զ» կեդ­րո­նի «­Սա­րա­ճեան» եւ «­Զա­քա­րեան» սրահ­նե­րուն մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ Նոր Տա­րո­ւան հան­դէ­սը, որ բո­լոր ներ­կա­նե­րուն խան­դա­վա­ռեց։ Հան­դէ­սին ըն­թաց­քին Կա­ղանդ Պա­պան նո­ւէր­նե­րով ե­կաւ եւ ներ­կա­նե­րուն՝ ա­շա­կերտ, ու­սու­ցիչ, ծնող, փո­խան­ցեց իր բա­րի մաղ­թանք­նե­րը։ Այս ա­ռի­թով, Նոր Տա­րո­ւան ար­ձա­կուր­դէն դպրոց վե­րա­դար­ձին, մեր սի­րե­լի ծնո­ղա­կան միու­թեան ան­դա­մու­հի­նե­րը ա­շա­կեր­տու­թեան կար­կան­դակ մե­ծա­րե­ցին ու իւ­րա­քան­չիւր  դա­սա­րա­նի «բախ­տա­ւո­րը» գե­ղե­ցիկ նո­ւէր մը ստա­ցաւ։

Տեառ­նըն­դա­ռաջ Գո­քի­նիոյ Ս. Յա­կոբ ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ կա­տա­րո­ւե­ցաւ Տեառ­նըն­դա­ռա­ջի նա­խա­տօ­նա­կի ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը։ Ներ­կայ էին մեր վար­ժա­րա­նի ա­շա­կերտ­ներ, ծնող­ներ եւ ու­սուց­չու­հի­ներ, ու հայ­րե­նա­կից­ներ։ Օ­դի անն­պաս­տու­թեան պատ­ճա­ռով ե­կե­ղեց­ւոյ բա­կին մէջ չկրցանք  ինչ­պէս ա­մէն տա­րի եր­գով, պա­րով մաս­նակ­ցիլ ա­ւան­դա­կան խա­րոյ­կա­հան­դէ­սին։ Ա­տոր փո­խա­րէն, յա­ջորդ օ­րը դպրո­ցին բա­կին մէջ, «խա­ռոյ­կին» շուրջ, մե­ծով ու պզտի­կով եւ ա­ւան­դա­կան վե­րամ­շա­կո­ւած տա­ղե­րով, վառ պա­հե­ցինք «­Տեա­ռըն­դա­ռաջ»-ի ա­ւան­դու­թիւ­նը։

Վար­դա­նանց․ Սր­բոց Վար­դա­նանց հո­գե­ւոր եւ ազ­գա­յին տօ­նին առ­թիւ, բո­լոր ա­շա­կերտ­նե­րը ուղ­ղո­ւե­ցան Ս․­Յա­կոբ ե­կե­ղե­ցի, ուր հե­տե­ւե­ցան ե­կե­ղե­ցա­կան ա­րա­րո­ղու­թեան։ 4րդ, 5րդ­ եւ 6րդ դա­սա­րան­նե­րուն ա­շա­կերտ­նե­րը մաս­նակ­ցե­ցան պա­տա­րա­գի եր­գե­ցո­ղու­թեան։ Ա­ւար­տին, դպրոց վե­րա­դար­ձանք եւ տօ­նե­ցինք Վար­դա­նան­ցը՝ եր­գե­րով, աս­մունք­նե­րով եւ ներ­կա­յա­ցում­նե­րով։

Զա­տիկ   Սուրբ Զատ­կո­ւան նա­խօ­րեա­կին, ամ­բողջ ա­շա­կեր­տու­թիւ­նը ե­կե­ղե­ցի ա­ռաջ­նոր­դո­ւե­ցաւ եւ սուրբ հա­ղոր­դու­թիւն ստա­ցաւ։  «Զղ­ջու­մը»-ի ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը   6-րդ դա­սա­րա­նին ա­շա­կերտ­նե­րը կա­տա­րե­ցին։ Ե­կե­ղե­ցո­ւոյ հո­գե­ւոր հո­վիւ Տ. Պա­րէտ քհնյ. Խա­չե­րեան, ա­շա­կերտ­նե­րուն փո­խան­ցեց Ս․­Յա­րու­թեան եւ Ս․ Զատ­կո­ւան պատ­գա­մը, ա­նոնց հետ կարճ սա­կայն ի­մաս­տա­լի ու հե­տաքրք­րա­կան զրոյց մը ու­նե­նա­լով։ Ա­ւագ շաբ­թո­ւան ըն­թաց­քին, ա­շա­կերտ­նե­րը մաս­նակ­ցե­ցան նաեւ «­Տա­սը Կու­սա­նաց» ու «Ոտն­լո­ւա­յի» ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րուն, իսկ Սուրբ Յա­րու­թեան պա­տա­րա­գի սկիզ­բին Ս. Գ­րա­յին ըն­թեր­ցում­ներ կա­տա­րե­ցին։

Բա­րե­կեն­դան․ Դպ­րո­ցը տօ­նեց Բա­րե­կեն­դա­նը պատ­շա­ճօ­րէն․․­․ինչ­պէս նաեւ Ակ­լա­տի­զը։

Համ­բար­ձումՀամ­բարձ­ման տօ­նը իւ­րա­յա­տուկ է հա­յուն հա­մար․ ա­մէն տա­րի բո­լորս խան­դա­վա­ռու­թեամբ կը տօ­նենք՝ դա­սա­րան­նե­րուն եւ դպրո­ցին շրջա­փա­կին մէջ։ Ու­րախ զո­ւարթ մթնո­լոր­տի մը մէջ, այս տա­րի եւս Համ­բար­ձու­մը տօ­նե­ցինք եր­գե­լով, վի­ճակ քա­շե­լով եւ գե­ղե­ցիկ մաղ­թանք­ներ ը­նե­լով։

Ապ­րիլ 24․ Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը յի­շա­տա­կո­ւե­ցաւ իւ­րա­քան­չիւր դա­սա­րա­նի մէջ։  Ա., Բ., Գ. եւ Դ. դա­սա­րան­նե­րու ա­շա­կերտ­նե­րը ի­րենց ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան աշ­խա­տանք­նե­րու մի­ջո­ցով յի­շա­տա­կե­ցին եւ պա­տո­ւե­ցին Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան զո­հե­րուն յի­շա­տա­կը։ 5-րդ­ եւ 6-րդի ա­շա­կերտ­նե­րը ի­րենց տնօ­րէ­նու­հիին եւ ու­սուց­չու­հի­նե­րուն ա­ռաջ­նոր­դու­թեամբ, այ­ցե­լե­ցին Նէա Զ­միռ­նիի հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան յու­շար­ձա­նը։  Ա­շա­կերտ­նե­րը տե­ղե­կա­ցան յու­շար­ձա­նի պատ­մու­թեան եւ պատ­շաճ ներ­կա­յա­ցու­մէ ետք , յար­գե­լով զո­հե­րուն յի­շա­տա­կը, մէ­կա­կան ծա­ղիկ զե­տե­ղե­ցին։

28 Մա­յիս 1918Ծ­նող­նե­րու ներ­կա­յու­թեամբ ու խան­դա­վառ մթնո­լոր­տի մէջ ամ­բողջ ա­շա­կեր­տու­թիւ­նը տօ­նեց Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան Ա․ ան­կա­խու­թեան տա­րե­դար­ձը։ Ման­կա­պար­տէ­զէն մին­չեւ 6-րդ, բո­լոր ա­շա­կերտ­նե­րը հան­դէս ե­կան եր­գե­րով, պա­րե­րով, աս­մունք­նե­րով ու ներ­կա­յա­ցում­նե­րով։

Մայ­րե­րու ՕրՄայ­րե­րու Օ­րո­ւան առ­թիւ ա­շա­կերտ­նե­րը ձե­ռա­յին աշ­խա­տանք­ներ պատ­րաս­տե­ցին որ­պէս­զի իւ­րա­քան­չիւ­րը իր սի­րե­լի մօր նո­ւի­րէ։

Դես­պա­նու­թիւնԸն­դա­ռա­ջե­ցինք Յու­նաս­տա­նի մէջ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան դես­պա­նու­թեան հրա­ւէ­րին եւ մեր ա­շա­կերտ­նե­րը դա­սա­րան առ դա­սա­րան  այ­ցե­լե­ցին եւ հան­դէս ե­կան եր­գե­րով, պա­րե­րով եւ ար­տա­սա­նու­թիւն­նե­րով։

Հայ մշա­կը

Գա­րուն հա­սաւ եւ ա­շա­կերտ­նե­րը ի­րենց դա­սա­նիւ­թե­րուն ընդ­մէ­ջէն ո­րո­շե­ցին փոք­րիկ պար­տիզ­պան­ներ ըլ­լան եւ տնկեն ի­րենց հա­մե­մունք­նե­րը։ Դպ­րո­ցին պատշ­գա­մը օգ­տա­գոր­ծե­ցին եւ բոյ­սեր տնկե­ցին՝ հա­մեմ­ներ, ծա­ղիկ­ներ, ըստ ընտ­րու­թեան,  որ­պէս­զի կա­րե­նան հե­տե­ւիլ ա­նոր ա­ճու­մին ըն­թաց­քը։ Վեր­ջա­ւո­րու­թեան, աշ­խա­տան­քա­յին թեր­թիկ մը պատ­րաս­տե­ցին իւ­րա­քան­չիւ­րը իր բոյ­սին մա­սին՝ քա­ղե­լով նոր տե­ղե­կու­թիւն­ներ եւ ար­տա­յայ­տե­ցին ի­րենց զգաց­մունք­նե­րը տա­րո­ւած գոր­ծու­նէու­թեան մա­սին։

Պա­տա­հա­կան չէ թէ մեր լե­զո­ւին մէջ մշա­կը  ու­սու­ցիչն է, կրթո­ղը, հո­ղա­գործն է, բոյս ա­ճեց­նո­ղը։

Հայ­կա­կան ա­ւան­դա­կան խո­հա­նոց

Սո­վո­րու­թիւն է մեր դպրո­ցին մէջ ա­մէն տա­րի ա­ւան­դա­կան շա­րի­կը պատ­րաս­տո­ւի, ինչ­պէս նաեւ՝ Զատ­կո­ւան ա­ծի­կը ու կար­միր հաւ­կիթ­ներ։

Մար­զանք եւ ման­կա­վար­ժու­թիւն  

Հա­մա­յու­նա­կան դպրո­ցա­կան մարմ­նա­մար­զա­կան օ­րո­ւան առ­թիւ, բո­լոր ա­շա­կերտ­նե­րը այ­ցե­լե­ցին ΣΕΦ-ի մար­զա­կան վայ­րը։ Ծա­նօ­թա­ցան եւ մաս­նակ­ցե­ցան հե­տե­ւեալ մար­զա­խա­ղե­րուն՝ նե­տաձ­գու­թեան, սրա­վար­ժու­թեան, վազ­քի մրցու­մի, Τae Κwo Do եւ ձեռ­նագն­դա­կի։ Ե­րե­խա­նե­րը ու­րա­խու­թեամբ եւ խան­դա­վա­ռու­թեամբ մաս­նակ­ցե­ցան մրցում­նե­րուն եւ խա­ղե­րուն, եւ վա­յե­լե­լով այս յա­տուկ օ­րը իւ­րա­ցու­ցին  «ար­դար խա­ղի եւ մրցակ­ցու­թեան» (ευ αγωνίζεσθαι) ի­մաս­տը։

Ծ­րա­գիր­ներ ֆրան­սե­րէ­նով եւ անգ­լե­րէ­նով

Ֆ­րան­սե­րէն լե­զո­ւով ծրա­գիր­ներԱ­շա­կերտ­նե­րը ի­րենց ու­սուց­չու­հիին՝ Վա­սօ Ֆ­լու­թա­յի ու­ղեկ­ցու­թեամբ ի­րա­գոր­ծե­ցին նաեւ հե­տե­ւեալ ծրա­գիր­նե­րը․-

«TOP 5 de la chanson francophone d’aujourd’hui» մրցոյթ2025-ի Նո­յեմ­բե­րին, 5-րդ­ եւ 6-րդ դա­սա­րան­նե­րը մաս­նակ­ցե­ցան մի­ջազ­գա­յին՝ Ֆ­րան­սե­րէ­նի ու­սու­ցիչ­նե­րու հա­մաշ­խար­հա­յին ըն­կե­րակ­ցու­թեան կող­մէն կազ­մա­կեր­պո­ւած, «TOP 5 de la chanson francophone d’aujourd’hui» 2025, ֆրան­սե­րէն եր­գի մի­ջազ­գա­յին մրցոյ­թին եւ գո­վես­տի ար­ժա­նա­ցան։ Մր­ցոյ­թին փոր­ձը ե­զա­կի էր եւ ամ­րապն­դեց ա­շա­կերտ­նե­րու շփու­մը ֆրան­սա­խօս մշա­կոյ­թին հետ։ Ա­շա­կերտ­նե­րը լսե­ցին տար­բեր եր­կիր­նե­րէ 20 ժա­մա­նա­կա­կից ֆրան­սե­րէն եր­գեր, քո­ւէար­կե­ցին ի­րենց նա­խընտ­րած­նե­րը եւ կազ­մե­ցին ի­րենց լա­ւա­գոյն հնգեա­կը: Այս գոր­ծըն­թա­ցի մի­ջո­ցով ա­նոնք շփո­ւե­ցան ժա­մա­նա­կա­կից հնչիւն­նե­րու հետ, ծա­նօ­թա­ցան ֆրան­սա­խօս երկր­նե­րու ա­րո­ւես­տա­գետ­նե­րու եւ պատ­կեր­նե­րու եւ ե­րաժշ­տու­թեան մի­ջո­ցով մտա­յին ճամ­բոր­դե­ցին ՝ զո­ւար­ճա­նա­լով եւ եր­գե­լով։ Այս տա­րի մաս­նակ­ցե­ցան 13 եր­կիր, 15629 ա­շա­կերտ եւ 888 դա­սա­րան։
La Chandeleur․ 2 Փետ­րո­ւար 2026-ին, 6-րդ դա­սա­րա­նի ա­շա­կերտ­նու­թիւ­նը պատ­րաս­տա­կան աշ­խա­տանք­նե­րը տե­սաւ օգ­տա­գոր­ծե­լով «Զ» կեդ­րո­նի խո­հա­նո­ցին ըն­ծա­յած յար­մա­րու­թիւն­նե­րը եւ պատ­շա­ճօ­րէն տօ­նեց «Ք­րեփ»ի Օ­րը՝  La Chandeleur։  Դպ­րո­ցին ամ­բողջ ա­շա­կեր­տու­թիւ­նը ա­խոր­ժա­կով համ­տե­սեց ու­տես­տը։

Թա­տե­րա­կան ներ­կա­յա­ցում․ 6-րդի ա­շա­կերտ­նե­րը ի­րենց անգ­լե­րէ­նի ու­սուց­չու­հիին՝ տի­կին Էլ­սա Փե­զեք­ծի­տո­ւի ու­ղեկ­ցու­թեամբ, թա­տե­րա­կա­նի վե­րա­ծե­ցին Շէյքս­փի­րի  «Ա­մառ­նա­յին գի­շե­րո­ւան ե­րազ»ը եւ դպրո­ցի ա­շա­կերտ­նե­րուն ներ­կա­յա­ցու­ցին։

Փի­րէա­յի Ե­րաժշ­տա­կան վար­ժա­րա­նը մեր դպրո­ցին մէջ

Ուր­բաթ, 27 Մարտ, 2026, ու­րա­խու­թեամբ ըն­դու­նե­ցանք Փի­րէա­յի Ե­րաժշ­տա­կան վար­ժա­րա­նը մեր վար­ժա­րա­նի մէջ, e-Twinning «­Յու­նաս­տան-­Հա­յաս­տան մշա­կու­թա­յին կա­մուրջ­ներ» ծրագ­րէն ներս։
Ա­շա­կերտ­նե­րը այ­ցե­լե­ցին Ս. Յա­կոբ ե­կե­ղե­ցին, ուր մեր վար­ժա­րա­նին բո­լոր ա­շա­կերտ­նե­րուն ներ­կա­յա­ցու­ցին հայ­կա­կան ա­ւան­դա­կան եր­գեր՝ Թամ­զա­րա, Մո­կաց Շու­կէն եւ Մայ­րօ, ստեղ­ծե­լով ջերմ եւ հո­գե­պա­րար մթնո­լորտ մը։
Այ­ցե­լու­թիւ­նը շա­րու­նա­կո­ւե­ցաւ շրջա­գա­յու­թեամբ դէ­պի Նի­քէա­յի հայ­կա­կան թա­ղը եւ ա­ւար­տե­ցաւ մեր դպրո­ցը։ Հիւ­րե­րը ըն­դու­նո­ւե­ցան ժպիտ­նե­րով, խան­դա­վա­ռու­թեամբ եւ հիւ­րա­սի­րու­թեամբ, զօ­րաց­նե­լով բա­րե­կա­մու­թեան, գոր­ծակ­ցու­թեան եւ մշա­կու­թա­յին փո­խա­նակ­ման կա­պե­րը ա­շա­կերտ­նե­րուն մի­ջեւ։ 

Տար­բեր բնոյ­թով այլ ծրա­գիր­ներ

Տա­րեշր­ջա­նի ըն­թաց­քին ի­րա­գոր­ծո­ւե­ցան տար­բեր բնոյ­թով աշ­խա­տա­նոց­ներ, ո­րոնք կը խթա­նեն յար­գան­քը, գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը, ըն­թեր­ցա­նու­թեան հան­դէպ սէ­րը եւ ա­շա­կերտ­նե­րուն աշ­խուժ մաս­նակ­ցու­թիւ­նը դպրո­ցա­կան ու հա­սա­րա­կա­կան կեան­քին մէջ: Ինչ­պէս օ­րի­նակ՝ ե­րե­խա­յի ի­րա­ւունք­նե­րուն, բնտան­ջու­թեան (bullying) դէմ պայ­քա­րի հա­մաշ­խար­հա­յին օ­րո­ւան, գիր­քի հա­մաշ­խար­հա­յին օ­րո­ւան, եր­կիր մո­լո­րա­կին պաշտ­պա­նու­թեան, եւ այլն՝ ցան­կը եր­կար է․․․։

Իէ­թիո­նիա դար­պաս եւ Լի­բազ­մա­թա­յի հա­մա­լիր
­Վեր­ջին տա­րի­նե­րուն, սո­վո­րու­թիւն ե­ղած է մեր նա­խակր­թա­րա­նին 6-րդ դա­սա­րա­նի այ­ցե­լու­թիւ­նը  Իէթիոնիա դար­պա­սը եւ ա­պա Լի­բազ­մա­թա­յի հա­մա­լի­րը։ Իէ­թիո­նիա թե­րակղ­զին իր հին ամ­րո­ցով կը գտնո­ւի Փի­րէա­յի կեդ­րո­նա­կան նա­ւա­հան­գիս­տի հիւ­սիս-ա­րեւմ­տեան կող­մը։ Ա­շա­կերտ­նե­րը, ճանչ­ցան կա­րե­ւոր հնա­բա­նա­կան վայր մը՝ յայտ­նա­բե­րո­ւած 1997-ին, ինչ­պէս նաեւ տե­ղե­կա­ցան թէ հոն, Փոքր Ասիոյ Ա­ղէ­տէն փրկո­ւած յոյն եւ հայ գաղ­թա­կան­նե­րուն հա­մար, ա­ւե­րակ­նե­րուն մէջ գաղ­թա­վայր մը ստեղ­ծո­ւե­ցաւ։ Ա­պա՝ պտտե­ցան Լի­բազ­մա­թա եւ հա­մա­նուն հա­մա­լի­րը եւ տե­ղե­կա­ցան ճար­տա­րա­րո­ւես­տի հին շէն­քե­րուն մա­սին (ո­րոնց կմախ­քը դեռ կան­գուն է), ուր աշ­խա­տած են ա­ռա­ջին գաղ­թա­կան­նե­րուն մե­ծա­մաս­նու­թիւ­նը, ինչ­պէս օ­րի­նակ՝ ա­պա­կե­ղէ­նի եւ կա­շե­գոր­ծու­թեան գոր­ծա­րան­նե­րուն մէջ։

Դաս­տիա­րակ­չա­կան այ­ցե­լու­թիւն­նե­րու հա­մառοտ  ներ­կա­յա­ցում
Ու­սում­նա­կան տա­րո­ւան ըն­թաց­քին ա­շա­կերտ­նե­րը մաս­նակ­ցե­ցան  շարք մը կրթա­կան եւ փոր­ձա­ռա­կան ծրա­գիր­նե­րու, ո­րոնց ըն­թաց­քին հարս­տա­ցու­ցին եւ զար­գա­ցու­ցին ի­րենց գի­տե­լիք­նե­րը․ իւ­րա­քան­չիւր դա­սա­րան կը հե­տե­ւի ար­տադպ­րո­ցա­կան 2 կամ  3 ծրա­գիր­նե­րու, որ սա­կայն կապ ու­նին իր դա­սա­րա­նին մէջ տա­րած զա­նա­զան գոր­ծու­նէու­թիւն­նե­րուն հետ։

Կազ­մա­կեր­պե­ցինք կրթա­կան — դաս­տիա­րակ­չա­կան  այ­ցե­լու­թիւն­ներ դէ­պի բու­սա­բա­նա­կան պու­րակ­ներ, թատ­րոն­ներ, թան­գա­րան­ներ եւ կրթա­կան հե­տաքրք­րու­թիւն ներ­կա­յաց­նող վայ­րեր, ինչ­պէս նաեւ հմտու­թիւն­նե­րու աշ­խա­տա­նոց­նե­րու եւ  քա­ղա­քա­ցիա­կան-հան­րա­յին մի­ջո­ցա­ռում­նե­րու մի­ջո­ցով մեր ա­շա­կերտ­նե­րը զար­գա­ցու­ցին կա­րե­ւոր գի­տե­լիք­ներ, վե­րա­բեր­մունք եւ ար­ժեք­ներ:

Հա­ւա­տա­րիմ նպա­տա­կին՝ մօ­տիկ բե­րել եւ ծա­նօ­թաց­նել ի­րա­րու Հ.Կ.Խ.-ի եր­կու նա­խակր­թա­րան­նե­րուն եւ միջ­նա­կար­գին ա­շա­կերտ­նե­րը, ա­ւար­տա­կան դա­սա­րա­նը այ­ցե­լեց «Լ․ եւ Ս․ Յա­կո­բեան» նա­խակր­թա­րա­նը, ուր մօ­տէն ծա­նօ­թա­ցաւ այդ դպրո­ցին իր դա­սըն­կեր­նե­րուն, ինչ­պէս նաեւ ծա­նօ­թա­ցաւ «­Ճե­նա­զեան» միջ­նա­կար­գին մի­ջա­վայ­րին, դա­սա­րան­նե­րուն եւ ա­շա­կերտ­նե­րուն։

6րդ դա­սա­րա­նին թա­ղա­յին պտոյտ­նե­րը

Կա­րե­ւոր կը նկա­տենք մեր ա­ւար­տա­կան դա­սա­րա­նի ա­շա­կերտ­նե­րը տե­ղե­կա­նան, ծա­նօ­թա­նան Գո­քի­նիոյ շրջա­նի մա­սին։ Հոն ուր, 1927-ի Սեպ­տեմ­բե­րին հիմ­նո­ւե­ցաւ ու սկսաւ գոր­ծել ի­րենց սի­րե­լի դպրո­ցը՝ «­Զա­ւա­րեան»ը, Նի­քէա­յի ա­ռա­ջին դպրոց­նե­րէն։ Այս տա­րի, մեր ա­ւար­տա­կան դա­սա­րա­նը ե­րեք դա­սա­պահ տրա­մադ­րե­լով, շրջե­ցաւ դպրո­ցի շրջա­նը ու ճանչ­ցաւ Գո­քի­նիոյ թա­ղե­րը եւ տե­ղե­կա­ցաւ տեղ­ւոյ հայ հա­մայն­քի պատ­մու­թեան մա­սին մին­չեւ այ­սօր։ 

Մեր դպրո­ցը այ­ցե­լե­ցին

Մեր դպրո­ցը այ­ցե­լե­ցին կեն­դա­նա­սէր­նե­րու, մթնո­լոր­տի պահ­պան­ման, միու­թիւն­նե­րէ ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ եւ մեր ա­շա­կերտ­նե­րուն պար­զե­ցին ի­րենց գոր­ծու­նէու­թիւ­նը։

 

Եւ­րո­պա­յի հայ­կա­կան վար­ժա­րան­նե­րու ա­շա­կերտ­նե­րու հետ ծա­նօ­թա­ցում եւ այ­ցե­լու­թիւն­ներ

6-րդ­ եւ 5-րդ դա­սա­րան­նե­րուն ա­շա­կեր­նե­րը Նոր Տա­րո­ւան գրա­ւոր մաղ­թանք­ներ փո­խա­նա­կե­ցին Պոլ­սոյ «­Պեզ­ճեան» դպրո­ցին ի­րենց դա­սըն­կեր­նե­րուն հետ։ Բա­ցիկ­ներ նո­ւի­րե­ցին ու ստա­ցան, եւ հե­ռա­վար՝ բա­րե­մաղ­թանք­ներ փո­խա­նա­կե­ցին։

Մար­սէ­յի «­Հա­մազ­գա­յին»ի 4-րդ դա­սա­րա­նին ա­շա­կերտ­նե­րը ի­րենց ու­սու­ցիչ­նե­րուն ու­ղեկ­ցու­թեամբ, հե­տե­ւե­լով Ֆ­րան­սա­յի կրթու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան ծրա­գի­րին, մէկ շաբ­թո­ւան տե­ւո­ղու­թեամբ դաս­տիա­րակ­չա­կան այ­ցե­լու­թիւն կա­տա­րե­ցին Յու­նաս­տա­նի հնա­բա­նա­կան վայ­րե­րը։ Ա­ռի­թը օգ­տա­գոր­ծե­ցին եւ այ­ցե­լե­ցին մեր դպրո­ցը։

Յա­րա­բե­րա­կան

Փի­րէա-­Նի­քէա տաս­նե­րորդ շրջա­նի խորհր­դա­տուն, տի­կին Խ­րի­սան­թի Ի­քու, տա­րո­ւան ըն­թաց­քին քա­նիցս դպրոց այ­ցե­լեց ու մօ­տէն խորհր­դակ­ցե­ցանք զա­նա­զան նիւ­թե­րու շուրջ։ Ան,  ըն­դա­ռա­ջեց ու­սուց­չա­կան կազ­միս եւ Ծ­նո­ղա­կան միու­թեան միաս­նա­կան հրա­ւէ­րին եւ Ուր­բաթ 23 Յու­նո­ւա­րին, «­Զա­ւա­րեան» կեդ­րո­նի 2-րդ յար­կին, Սա­րա­ճեան-­Զա­քա­րեան սրահ­նե­րուն մէջ եւ ծնող­նե­րու հոծ ներ­կա­յու­թեան ներ­կա­յա­ցուց  «Σχολείο–οικογένεια: οικοδομώντας αμοιβαία εμπιστοσύνη» նիւ­թը, որ­մէ ետք յա­ջոր­դեց շի­նիչ զրոյց։

Ու­սում­նա­կան Խոր­հուր­դին նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ, տա­րեշր­ջա­նի սկիզ­բին, ինչ­պէս նաեւ Փետ­րո­ւա­րի վեր­ջա­ւո­րու­թեան, մեր դպրո­ցը այ­ցե­լեց պատ­մա­բան տի­կին Գո­հար Գան­տա­հա­րեան։ Ան հե­տե­ւե­ցաւ դա­սա­րան­նե­րուն մէջ հա­յե­րէն լե­զո­ւի եւ Հա­յոց Պատ­մու­թեան դա­սա­նիւ­թե­րուն դա­սա­ւանդ­ման։

Ա­մա­նո­րի, Ս. Ծնն­դեան տօ­նե­րուն, ինչ­պէս նաեւ տա­րե­վեր­ջին առ­թիւ, Ծ­նո­ղա­կան միու­թեան ան­դա­մու­հի­նե­րը կար­կան­դակ­նե­րով, նո­ւէր­նե­րով եւ պաղ­պա­ղա­կով այ­ցե­լե­ցին մեր դպրո­ցը, ու ա­շա­կերտ­նե­րուն եւ ու­սու­ցիչ­նե­րուն փո­խան­ցե­ցին ի­րենց բա­րե­մաղ­թան­քե­րը։

Մեր շնոր­հա­կա­լա­կան խօս­քը կ­՚ուղ­ղենք

Թե­միս ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան հօր՝ Սա­հակ եպս․ Ե­մի­շեա­նին, շրջա­նիս Ս․­Յա­կոբ ե­կե­ղեց­ւոյ հո­գե­ւոր հո­վիւ Տ. Պա­րէտ քհնյ. Խա­չե­րեա­նին ու Թա­ղա­յին եւ Տիկ­նաց մար­մին­նե­րուն։ Վար­ժա­րա­նին բա­րօ­րու­թեան հո­գա­տար Ազ­գա­յին վար­չու­թեան, Ու­սում­նա­կան, Տն­տե­սա­կան եւ Կա­լո­ւա­ծա­յին խոր­հուրդ­նե­րուն, Հայ Կա­պոյտ Խա­չին Շր­ջա­նա­յին եւ մաս­նա­ճիւ­ղե­րու  վար­չու­թիւն­նե­րուն։

Յա­տուկ շնոր­հա­կա­լան խօսք՝

  • Գա­լուստ Կիւլ­պէն­կեան հիմ­նար­կի հայ­կա­կան բաժ­նին՝ կրթա­կան, բա­րո­յա­կան, նիւ­թա­կան զօ­րակ­ցու­թեան, ինչ­պէս նաեւ ցոյց տո­ւած վստա­հու­թեան հա­մար։
  • Ա­մե­րի­կա­յի Յու­նա­հա­յե­րու Միու­թեան՝ բա­րո­յա­կան եւ նիւ­թա­կան ա­ջակ­ցու­թեան հա­մար․
  • Հա­մազ­գա­յի­նի Պա­րի միա­ւո­րի վար­չու­թեան, որ սի­րա­յօ­ժար տրա­մադ­րեց տա­րազ­նե­րը մեր ա­ւար­տա­կան­նե­րուն ի­րենց այ­սօ­րո­ւան գե­ղե­ցիկ պա­րի ե­լոյ­թին հա­մար։
  • Վար­ժա­րա­նիս Ծ­նո­ղա­կան միու­թեան վար­չու­թեան ա­տե­նա­պե­տու­հիին, ան­դամ­նե­րուն ու ծնող­նե­րուն։ Ծ­նո­ղա­կան Միու­թիւ­նը այս տա­րի ալ շա­րու­նա­կեց ճատ­րա­կի դա­սե­րը շա­բա­թա­կան հեր­թա­կա­նու­թեամբ։ Հո­գաց Նոր Տա­րո­ւան նո­ւէր­նե­րը, ինչ­պէս նաեւ մեր ման­կա­պար­տէ­զի եւ նա­խակր­թա­րա­նի ա­ւար­տա­կան­նե­րուն յի­շա­տա­կի նո­ւէր­նե­րը․ ման­կա­պար­տէ­զին՝ մէ­կա­կան հայ­կա­կան հէ­քիաթ, իսկ նա­խակր­թա­րա­նին՝ Զա­ւա­րեա­նի մէջ ա­նոնց ութ տա­րո­ւան ու­ղե­ւո­րու­թեան յու­շա­մա­տեա­նը։
  • Պա­րոն Սար­գիս Զու­լա­մեա­նին, ո­րուն միջ­նոր­դու­թեան շնոր­հիւ, ու­սու­ցիչ­նե­րուն եւ ար­խի­ւի գրա­սե­նեակ­նե­րը օժ­տո­ւե­ցան նոր եւ գործ­նա­կան պա­հա­րան­նե­րով։
  • Տի­կին Վարդ Կեն­տի­կեա­նին, որ Փետ­րո­ւար ա­մի­սէն, սի­րա­յօ­ժար, յանձն ա­ռաւ մեր ա­շա­կերտ­նե­րուն մար­զու­մը։
  • Պա­րոն Միհ­րան Չա­լը­քեա­նին։
  • Օ­րիորդ Նա­թա­լի Է­քի­զեա­նին։

Շ­նոր­հա­կա­լու­թիւն՝

  • «Ա­զատ Օր» օ­րա­թեր­թի ու «Ար­մե­նի­քա» պար­բե­րա­թեր­թի խմբագ­րու­թեանց, «­Զա­ւա­րեան» կեդ­րո­նի խոր­հուր­դին:
  • Սան պա­հող բա­րե­րար տի­կին Պեր­ճու­հի Ուն­ճեա­նին։
  • Նո­ւի­րա­տու­նե­րուն՝
  • Ա­րամ եւ Իոան­նա Գա­սար­ճեան զոյ­գին
  • «Ա­նե­մո­նի» ա­նու­շա­վա­ճա­ռա­տան, Սա­րեան-­Ցա­քի­րող­լու զոյ­գին։
  • Պր․ Ար­թօ Շեմ­մա­սին, որ դպրո­ցը օժ­տեց լու­սար­ձա­կով մը  (projector)։

Եւ մեր  բո­լոր ան­կեղծ բա­րե­կամ­նե­րուն՝ ո­րոնք թի­կունք կանգ­նե­ցան մեր վար­ժա­րա­նին ու հո­գա­ցին բազ­մա­տե­սակ կա­րիք­նե­րուն։

Վարձ­քը կա­տար՝

Մեր Սի­րե­լի ա­շա­կերտ­նե­րուն, ո­րոնք տա­րեշր­ջա­նի ըն­թաց­քին բա­ցի ի­րենց ա­մե­նօ­րեայ պար­տա­կա­նու­թիւն­նե­րէն, գուր­գու­րա­ցին ի­րենց վար­ժա­րա­նին վրայ:

Ման­կա­պար­տէ­զի ու նա­խակր­թա­րա­նի բո­լոր ու­սու­ցիչ­նե­րուն՝ Է­ֆի Քի­րիա­քի­տու, Տի­միթ­րա Ուկ­րի­նի, Մա­րի­նա Փա­րաս­քե­վա, Խ­րի­սու­լա Ֆի­լի­փու­սի, Թէո­տո­րա Մա­ցա­կու­րա, Խ­րի­սա Փա­րիա­նու, Տես­փի­նա Մա­քե­տո­նո­փու­լու, Էլ­սա Փե­սեք­ծի­տու, Է­մի­լիա Ֆո­լիա, Եա­նիս Քուր­լոս, Վա­սօ Ֆ­լու­թա։ Բո­լո­րիս հաս­կա­ցո­ղու­թեան եւ ան­կեղծ գոր­ծակ­ցու­թեան շնոր­հիւ, մեր վար­ժա­րա­նը կը զար­գա­նայ, կը բար­գա­ւա­ճի կիրթ մթնո­լոր­տի, ան­կեղծ, ջերմ ու հա­ղոր­դա­կան մի­ջա­վայ­րի մէջ։        

Մաս­նա­ւո­րա­բար, կո­րո­վի հայ ու­սուց­չա­կան կազ­մին՝ Ա­նի, Թա­մար եւ Ա­նուշ։ Ա­մէն ջանք կը թա­փէ, որ­պէս­զի մեր ա­շա­կերտ­նե­րը ապ­րու­մով ճանչ­նան մեր հե­քեաթ­նե­րը, ա­ւան­դու­թիւն­նե­րը, հա­յոց պատ­մու­թիւ­նը, մեր հա­րուստ մշա­կոյթն ու գրա­կա­նու­թիւ­նը։  Այս­պէս՝  կը կազ­մեն հա՛­յօ­րէն ապ­րող, ստեղ­ծող ինք­նավս­տահ հայ ան­հատ­ներ։ Մեր ա­շա­կերն­տե­րը հպար­տօ­րէն կը տո­ղան­ցեն Հ․Մ․Ը․Մ․-ի սկաու­տա­կան դրօ­շին տակ, կը խան­դա­վա­ռեն մեզ ի­րենց աշ­խուժ թէ նազ պա­րե­րով Հա­մազ­գա­յի­նի պա­րա­խում­բե­րու ե­լոյթ­նե­րուն։

Շ­նոր­հա­կա­լու­թիւն՝

Դպ­րո­ցի «մայ­րի­կին», տի­կին Կա­րի­նէ Մի­քա­յէ­լեա­նին։  Ինք­նա­շարժ­նե­րու վա­րորդ­նե­րուն՝  Նո­րա Յա­կո­բեան եւ Յա­կոբ Էվ­հան, ու­ղեկ­ցող տի­կին­նե­րուն՝  Լո­ւի­զա Ա­ւա­գեան եւ Սու­զան­նա Պօ­ղո­սեան։

 Ձե­զի, շատ սի­րե­լի ծնող­ներ, որ մե­զի վստա­հե­ցաք ու կը վստա­հիք ձեր զա­ւակ­նե­րը, ձեր աչ­քի լոյ­սե­րը։  Շ­նոր­հա­ւո­րու­թիւն­ներ մեր շատ սի­րե­լի ա­ւար­տա­կան­նե­րուն։ «­Սի­րե­ցիք դպրո­ցը, գուր­գու­րա­ցիք ա­նոր վրայ, եւ հոգ տա­րիք ձեզ­մէ փոքր դա­սըն­կեր­նե­րուն։ Ան­շուշտ ու­նե­ցաք «չա­րաճ­ճիու­թեան» պա­հեր, սա­կայն ա­նոնք ան­մեղ էին, այն­պէս ,որ պէտք է ըլ­լան․․․։ Աշ­խա­տե­ցաք, մէ­կը միւ­սին կռնակ կե­ցաք, օգ­նու­թեան ձեռք եր­կա­րե­ցիք հոն ուր հարկ ե­ղաւ։ Գ­րա­դա­րա­նի եւ աս­տի­ճան­նե­րուն վրայ ա­շա­կերտ­նե­րուն վե­րել­քի պա­հե­րուն ձեր ճշդա­պա­հու­թիւնն ու հսկո­ղու­թիւ­նը վստահ ե­ղէք, թէ մեր միտ­քե­րուն մէջ դրոշ­մո­ւած պի­տի մնան։ Ապ­րի՛ք, հա­զար ապ­րիք եւ բա­րի երթ ու­նե­նաք, նո­րա­նոր նո­ւա­ճում­նե­րով»։

Կր­թա­թօ­շակ

Տի­կին Պեր­ճու­հի Ուն­ճեան, իր ա­մուս­նոյն Բիւ­զանդ Ուն­ճեա­նի յի­շա­տա­կին, ա­մէն տա­րի 500 եւ­րո­յի կրթա­թօ­շա­կով կը պար­գե­ւատ­րէ հայ­կա­կան դա­սա­նիւ­թե­րուն մէջ բա­ցա­ռիկ ճիգ թա­փող եւ գե­րա­զանց ար­դիւնք­ներ ձեռք­բե­րող ա­շա­կերտ մը։ 

ՀԿ­Խա­չի մրցա­նակ

Ա­մէն տա­րի Հ․Կ․­Խա­չի Շրջ․ Վար­չու­թիւ­նը ա­ւար­տա­կան դա­սա­րա­նէն, տա­րեշր­ջա­նի ըն­թաց­քին հա­յե­րէն լե­զո­ւի մէջ գե­րա­զանց ար­դիւնք բե­րող ա­շա­կեր­տին կը պար­գե­ւատ­րէ Պա­տա­նե­կան Միու­թեան ա­մա­ռո­ւան բա­նա­կու­մի մաս­նակ­ցու­թեան մրցա­նա­կով։ Դիւ­րին չէ զա­նա­զա­նել, մա­նա­ւանդ երբ իւ­րա­քան­չիւր պա­տա­նի ու­նի ե­զա­կի կա­րո­ղու­թիւն­ներ, իսկ դա­սա­րա­նը իր ամ­բող­ջու­թեամբ գե­րա­զանգ ար­դիւնք բե­րաւ․ ծա­փով շնոր­հա­ւո­րենք՝ Ար­թու­րին, Մար­ղա­րի­թա­յին, Մայ­քին, Եոր­ղո­յին, Բա­նա­յո­թիին, Մա­րիան­նա­յին, Մա­րիա­մին, Սե­ւա­կին, Դա­ւի­թին, Լի­դիա­յին, Յա­րու­թին։ Հայ ու­սուց­չա­կան կազ­մը ո­րո­շեց այս տա­րի մրցա­նա­կը ար­ժա­նա­նայ այն ա­շա­կեր­տը, որ ամ­բողջ տա­րեշր­ջա­նին ըն­թաց­քին, պար­տա­ճա­նաչ ըլ­լա­լէ զատ, նաեւ զգա­լիօ­րէն բա­րե­լա­ւեց ա­մի­սէ ա­միս իր ար­դիւնք­նե­րը՝ Լի­տիա Հա­լա­թեան։

Հայ Կա­պոյտ Խա­չի «­Զա­ւա­րեան» ազ­գա­յին վար­ժա­րա­նի տնօ­րէ­նու­հի՝
 ՀԱՅԿԱՆՈՒՇ ՄԻՆԱՍԵԱՆ