ՄԻՀՐԱՆ ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ
Շատ դժուար է իմ սերունդիս համար, որ առանց վրէժխնդրական զգացումի հանդարտ խորհրդածէ տարեդարձի մը մասին, որ յիշողութեան կը բերէ ամբողջ ազգի մը վրայ գործադրուած ահաւոր եղեռնագործութիւնը եւ հայրենահանութիւնը՝ ծրագրով մը, որ կը միտէր ոչնչացնել հայ ազգը: Ցեղասպանն էր, որ յայտարարած էր, թէ յիսուն տարի վերջ նոյնիսկ թանգարաններու մէջ պիտի չգտնուի հայ բառը…:
Այս էր թրքական պետութեան մշակած քաղաքական ծրագիրը, որպէսզի բնաջնջէ թրքացեղ ժողովուրդներու օղակումին բնական արգելք հանդիսացող Հայաստանն ու հայութիւնը…:
Բայց ահաւասիկ, որ 111 տարի վերջ ունինք անկախ հայրենիք եւ շուրջ տասը միլիոն հաշուող պահանջատէր հայութիւն:
Հիմա, տարիները անցած են, իրարու յաջորդած են չորս-հինգ սերունդներ, որոնք այսօր պիտի դժուարանան պատկերացումն իսկ ունենալու գաղթականութեան դառնութիւններուն, ինչպէս նաեւ թշուառութիւններու մատնուած գաղթական հայերու զաւակներուն աղքատութեան մէջ հասակ առնող վիճակին:
Հաւանաբար նոր սերունդներէն ոմանք հարց տան, թէ մինչեւ ե՞րբ պիտի յիշենք ցեղասպանութիւնը եւ պայքարինք անոր համար: Կարելի չէ՞ անյիշաչար ըլլալ, չարիքը չյիշել եւ բարի դրացիութիւն հաստատել անկախ Հայաստանի սահմանակից Թուրքին եւ նոյնացեղ ու նոյնպէս սահմանակից ազերիին հետ:
Յաճախ իրաւացիօրէն դատապարտած ենք մենք զմեզ այն բանին համար, որ հայերս պատմութեան ընթացքին ընդհանրապէս մեր թշնամիները ընդունած ենք իբրեւ յաւիտենական թշնամիներ եւ բարեկամները՝ իբրեւ մնայուն բարեկամներ, հակառակ որ միշտ կրած ենք այդ դատողութեան վնասները։ Քննադատած ենք մենք զմեզ անցեալի դառն փորձառութիւնները ապագային մէջ կիրարկած չըլլալնուս համար։
Ճիշդ է, որ պատմութեան մէջ պարագայաբար կամ քաղաքական նպատակներով ազգեր թշնամացած են իրարու, կոտորած են զիրար, ապա դէպքերու յեղաշրջումով ու ժամանակի թաւալումին հետ մոռցուած են քէները, չքացած են ատելութիւնները, հաշտուած են ու դարձած անյիշաչար իրարու հանդէպ…:
Եզրակացնե՞նք ուրեմն, որ յանուն բարի դրացութեան ըլլանք անյիշաչա՞ր, որ մոռնա՞նք 111 տարի առաջ թուրքին գործադրած ցեղասպանութիւնը, որով ամբողջ Արեւմտահայաստանը վերածուած էր համատարած գերեզմանի:
Ահա տրամաբանութիւն մը, որուն կը հետեւին Հայաստանի այժմու վարչապետն ու անոր շուրջ խմբուած իշխանաւորները: Տակաւին աւելին՝ իրենց թեզին մէջ այնքան կը խորանան, որ կը հասնին անլրջութեան: Կը պահանջեն՝ ամբողջովին թօթափել ազգի յիշողութիւնը, այսինքն չյիշել, որ Արեւմտահայաստանը մեր պատմական հայրենիքն է, մոռնալ թէ Արարատը մեր ինքնութիւնը խորհրդանշող լեռն է ու մեր պայքարի ուխտը եւ այս կարգի անհեթեթութիւններ:
«Իրական Հայաստանը այսօրուանն է», կ՚ըսեն անոնք, եւ մեր քաղաքական ուղեգիծը բարեկամանալն է թուրքին ու ազերիին հետ, որու գինը պիտի ըլլայ յիշողութեան կորուստը անբողջ ազգին: Այսինքն, պարզ խօսքով՝ անոնք կը պահանջեն եւ կը յուսան, որ ազգովին ալհայմըր հիւանդութենէ վարակուինք…: Կ՚առարկեն, թէ յանուն ներկայի դադրինք այլեւս անցեալի պատանդը մնալէ…:
Պահ մը եթէ փորձենք բարեացակամ տրամաբանութեամբ մեկնաբանել «անյիշաչար» ըլլալու առաջարկը, կը նշանակէ ըսուածը լռելեան ներել է Թուրքիոյ յանցագործութիւնները: Նման մտածումի մը համար սակայն, պայման է նախ, որ յանցաւորը իր յանցագործութեան գիտակցութիւնը ունենայ, զղչում արտայայտէ ու իր յանցանքը սրբագրելու պատրաստակամութիւն յայտնէ, եւ երկրորդ՝ զօրեղն է, որ կը ներէ տկարին: Երկու պարագաներուն մէջ ալ անհեթեթ է ներումի մասին խօսիլ: Մենք տկար ենք, որով ներելու մասին մտածելը պարզապէս ծիծաղելի է, երբ մանաւանդ զղչումը չկայ: Թուրքիան զօրաւոր է եւ ուժեղ պետութիւնները, որոնց կարգին յատկապէս Թուրքիան, երբեք չեն շեղիր իրենց գերնպատակներէն, երբեմն կ՚ունենան նահանջներ կամ առաջխաղացքներ, բայց չեն հրաժարիր իրենց մեծ նպատակներէն: Եւ վերը նշուած թրքացեղ ժողովուրդներու միացումի գաղափարը Թուրքիոյ գերնպատակներէն եղած է անցեալին, է՛ նաեւ այսօր: Նոյն նպատակին համար Արցախի կորուստին ու հայաթափումին մէջ Թուրքիոյ դերակատարութեան մասին քանի՞ անգամ պիտի յոխորտայ Էրտողան, որ Հ.Հ..ի իշխանութիւնները անդրադառնան չոր իրականութեան:
Աւելորդ չէ յիշեցնել նաեւ, որ 1918-ին Հայաստանի անկախութիւնը առաջին ճանչցող պետութիւնը Թուրքիան եղաւ, որուն հետ փոխադարձ դիւանագիտական պատշաճ յարաբերութիւններ ալ հաստատած էր Հայաստան դեսպանական մակարդակով: Սակայն, հակառակ այդ յարաբերութիւններուն, երկու տարի վերջ, երբ Թուրքիոյ համար ձեռնտու պայմաններ ստեղծուեցան, թրքական բանակը խուժեց արիւնաքամ եղած մեր երկիրը եւ այդ օրուան «իրական Հայաստանին» կէսը գրաւեց ու կցեց իր երկրին:
Հ.Հ.-ի վարչապետին ու հետեւորդներուն չխոստովանուած չքմեղանքը. «պարտուած ենք, ելք չունինք, ինչպէս նաեւ անկեղծ դաշնակից չունինք»…:
Անձս կը հաւատայ, որ տկար Հայաստանին համար ռազմավարական հզօր ու ազդու զէնքի կարելի է վերածել հայոց ցեղասպանութեան փաստը միջազգային սեղանին վրայ այժմէական օրակարգ դարձնելու հետապնդումը: Բայց ասիկա արդէն այլ տարածք է եւ մաս չի կազմեր ներկայ խորհրդածութեան:
«Ելք չունինք…» մտածողներուն համար պատկեր մը.
1950-ական թուական. նախակրթութեան աղքատիկ դպրոց մը՝ աղքատիկ աշակերտներով եւ փայտորմերով բաժնուած դասարաններ: Ապրիլ 24-ի նախօրէ է:
Ուսուցիչը կը նկարագրէ Եղեռնէն ահռելի դրուագներ, անապատի մէջ բռնագաղթէն տեսարաններ ու կը պատմէ ապրուած սահմռկեցուցիչ պատահարներու մասին: Ապա իբրեւ եզրակացութիւն աշակետներուն կ՚ըսէ. «Թուրքը յաղթեց մեզի, բայց չհասաւ իր նպատակին: Փաստը ձեր գոյութիւնն է, դուք պիտի մեծնաք եւ ձեր պայքարով տիրութիւն պիտի ընէք մեր իրաւունքին ու արդարութեան…»:
Փոքր տարիքէն, աշակերտներու մատղաշ հոգիներուն եւ ենթագիտակցութեան մէջ անջնջելի կնիքով կը դրոշմուէր հաւատքը, թէ թուրքը մեզի յաղթած է թէեւ, բայց մենք չենք պարտուած:
Համեստ ու աղքատիկ հայ ուսուցիչներուն գտած ելքը՝ սերունդին մէջքը շիտակ պահելու եւ ամրացնելու համար: Համեստ ուսուցիչներու ցոյց տուած այդ ելքն էր, որ ճամբայ բացաւ հետագայ սերունդներուն, որ կազմակերպ հայօճախներ գոյացնեն սփիւռքի տարածքին:
Երբեք չընկճուիլ, ահա պարտութենէն ետք ելք գտնելու պայմանական ուղին:
Աթէնք, 21 Ապրիլ 2026










