­Տաս­նա­մեակ­ներ ա­ռաջ, երբ հա­յու­թիւ­նը տա­կա­ւին ինք­զինք կը փոր­ձէր վե­րագտ­նել ե­ղեռ­նեան ար­հա­ւիր­քէն ետք, ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան տա­րե­լից­նե­րու նշու­մը կը ստա­նար յու­շի բնոյթ, յա­ճախ միայն հո­գե­ւոր կա­մար­նե­րուն տակ հնչող ա­ղօթք­նե­րու ու օ­րո­ւան խօս­քե­րու ար­տա­յայ­տու­թեամբ։ ­Գա­ղու­թա­հայ կեան­քը տա­կա­ւին կը մնար իր ինք­նամ­փոփ մի­ջա­վայ­րին մէջ, յատ­կա­պէս ­Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի ու ­Մի­ջերկ­րա­կա­նի գա­ղութ­նե­րէն ներս ստեղ­ծո­ւած հա­յա­ւան­նե­րու թշո­ւառ ի­րա­վի­ճակ­նե­րուն ներ­քեւ։
Ա­ռա­ջին տաս­նա­մեակ­նե­րուն՝ յու­շը անհ­րա­ժեշտ հանգ­րո­ւան մըն էր։ Ազգ մը, որ կը փոր­ձէր վե­րա­կազ­մա­կեր­պո­ւիլ գո­յա­բա­նա­կան ա­ղէ­տէն ետք, կա­րի­քը ու­նէր ինք­նու­թեան վե­րագտ­նու­մին, հո­գե­ւոր ամ­րաց­ման եւ պատ­մա­կան գի­տակ­ցու­թեան պահ­պան­ման։ ­Սա­կայն, այդ փու­լը չէր կրնար մնա­յուն ըլ­լալ։
Ե­ղեռ­նի յի­շո­ղու­թիւ­նը պէտք էր դառ­նար քա­ղա­քա­կան գի­տակ­ցու­թեան եւ պա­հան­ջա­տի­րա­կան պայ­քա­րի շար­ժիչ ուժ, որ ի­րա­կա­նու­թիւն դար­ձաւ յատ­կա­պէս քսա­նե­րորդ դա­րու երկ­րորդ կէ­սին։
­Հա­յոց Ե­ղեռ­նի 50-ա­մեա­կին, ­Հա­յաս­տա­նի ժո­ղո­վուր­դի ան­նա­խըն­թաց պոռթ­կումն էր, որ նոր շունչ եւ թափ պար­գե­ւեց հա­յու պա­հան­ջա­տի­րա­կան ո­գիին, զայն վե­րա­ծե­լով քա­ղա­քա­կան զարթ­նու­մի, եւ լայն հո­րի­զոն­ներ բա­ցաւ հա­յու­թեան քա­ղա­քա­կան, ի­րա­ւա­կան եւ ցու­ցա­կան ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րուն հա­մար, դուրս բե­րե­լով ­Հա­յոց ցե­ղասպա­նու­թեան ո­գե­կո­չու­մը հա­մայն­քա­յին նեղ շրջա­գի­ծէն։
­Հա­մազ­գա­յին պոռթ­կու­մը կոտ­րեց լռու­թեան պա­տը եւ յու­շը վե­րա­ծեց քա­ղա­քա­կան պա­հան­ջի։ ­Հայ դա­տը սկսաւ իր ձե­ւա­ւո­րու­մը ստա­նալ՝ անց­նե­լով յու­շի հանգ­րո­ւա­նէն դէ­պի ի­րա­ւա­կան եւ քա­ղա­քա­կան հար­ցադ­րում՝ ուղ­ղո­ւած մի­ջազ­գա­յին ըն­տա­նի­քին։
Այդ փու­լին յա­ջոր­դող տաս­նա­մեակ­նե­րու ըն­թաց­քին ար­ձա­նագ­րո­ւած ճա­նա­չում­նե­րը, խորհր­դա­րան­նե­րու եւ պե­տու­թիւն­նե­րու կող­մէ ըն­դու­նո­ւած ո­րո­շում­նե­րը վկա­յե­ցին, թէ հե­տե­ւո­ղա­կան աշ­խա­տան­քը կրնայ ­Հայ դա­տի ի­րա­ւա­կան ու­ժը զե­տե­ղել մի­ջազ­գա­յին օ­րա­կար­գի սե­ղա­նին վրայ։
Հայ դա­տի նո­ւաճ­ման ի­րե­րա­յա­ջորդ հանգ­րո­ւան­նե­րը, ազ­գե­րու ըն­տա­նի­քին կող­մէ հետզ­հե­տէ բազ­մա­ցող ճա­նա­չում­նե­րու ա­լի­քը ցոյց տո­ւաւ, թէ ար­դար պա­հան­ջա­տի­րու­թեան եւ հա­տուց­ման ի­րա­ւուն­քը կը պա­հէ իր ան­ժա­ման­ցե­լիու­թիւ­նը եւ կը շա­րու­նա­կէ մնալ հա­մազ­գա­յին օ­րա­կար­գին ա­ռաջ­նա­կարգ ի­րա­գոր­ծու­մը։
Ա­ւե­լին՝ ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100-ա­մեա­կի հնչե­ղու­թիւ­նը, հա­մա­հայ­կա­կան հռչա­կա­գի­րը, ազ­գե­րու եւ պե­տու­թիւն­նե­րու ճա­նա­չո­ղա­կան բազ­մա­թիւ ո­րո­շում­նե­րը ի­րա­ւա­կան ու­ժի մէջ պա­հե­ցին մի­ջազ­գա­յին դա­տա­պարտ­ման հար­թա­կը, Օս­մա­նեան ­Թուր­քիոյ ո­ճի­րը եւ ար­դի թրքա­կան պե­տու­թեան մեր­ժու­մի հե­տե­ւո­ղա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը։
­Սա­կայն, 2020-ի ող­բեր­գա­կան ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րը եւ ա­նոր հե­տե­ւած Ար­ցա­խի կո­րուս­տը շրջա­դարձ մը ե­ղան հայ ժո­ղո­վուր­դի պա­հան­ջա­տի­րա­կան դի­մա­գի­ծին հա­մար։
­Թուրք-ատր­պէյ­ճա­նա­կան յար­ձա­կո­ղա­կա­նու­թիւ­նը եւ ա­նոր յա­ջոր­դած ա­ղէ­տը ոչ միայն տա­րած­քա­յին կո­րուստ­նե­րու ու հա­յա­թափ­ման պատ­ճառ դար­ձան, այ­լեւ ծանր հա­րո­ւած հաս­ցու­ցին մեր բո­վան­դակ ժո­ղո­վուր­դի ազ­գա­յին ինք­նավս­տա­հու­թեան եւ քա­ղա­քա­կան կամ­քին։ Ա­ւե­լի վտան­գա­ւո­րը՝ ­Հա­յաս­տա­նի իշ­խա­նա­ւոր մա­կար­դա­կին վրայ յայտ­նո­ւած հա­յու­թեան հա­մազ­գա­յին օ­րա­կար­գի մեր­ժու­մին ու նսե­մաց­ման հե­տե­ւո­ղա­կան դիր­քա­ւո­րում­նե­րը, ո­րոնք փաս­տօ­րէն կը թու­լաց­նեն ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման եւ հա­տուց­ման հար­ցին շուրջ տա­րի­նե­րով կու­տա­կո­ւած քա­ղա­քա­կան դրա­մագ­լու­խը։ Այս մթնո­լոր­տը ան­խու­սա­փե­լիօ­րէն ծանր կ­՚ազ­դէ նաեւ սփիւռ­քին վրայ, ուր աս­տի­ճա­նա­բար կը տա­րա­ծո­ւի հիաս­թա­փու­թիւն եւ նպա­տա­կի ար­ժեզր­կում։
­Հայ քա­ղա­քա­կան միտ­քը ան­կա­րող կը թո­ւի ըլ­լալ ձե­ւա­կեր­պե­լու միաս­նա­կան օ­րա­կարգ մը, որ պի­տի հա­մա­կար­գէ պե­տա­կան, դի­ւա­նա­գի­տա­կան եւ սփիւռ­քեան ջան­քե­րը, որ­պէս­զի ­Հա­յոց ցե­ղասպա­նու­թեան ճա­նա­չում­նե­րու ա­լի­քէն ետք, հա­տուց­ման օ­րա­կար­գի ճշդու­մը եւ մի­ջազ­գա­յին զօ­րա­շար­ժը դառ­նայ հա­մա­հայ­կա­կան մտա­ծո­ղու­թեան ա­ռաջ­նա­կարգ սե­ւե­ռում։
Այս պայ­ման­նե­րուն տակ, յու­շը դար­ձեալ կը գրա­ւէ տի­րա­կան դիրք, փո­խա­րի­նե­լով պայ­քա­րի եւ պա­հան­ջա­տի­րու­թեան ո­գին։ Ո­գե­կո­չում­նե­րը կը բազ­մա­նան, խօս­քե­րը կը հնչեն, սա­կայն կը պակ­սի հա­մազ­գա­յին ռազ­մա­վա­րա­կան հո­րի­զո­նը։ ­Յի­շո­ղու­թիւ­նը, որ պի­տի ծա­ռա­յէր որ­պէս պայ­քա­րի հիմք, կը վե­րա­ծո­ւի մեզ բա­ւա­րա­րող նպա­տա­կի։
Ա՛յս ի­րա­կա­նու­թեան մէջ կը նշմա­րուի հիմ­նա­կան վտան­գը՝ յու­շի գե­րա­կա­յու­թիւ­նը կ­՚ա­ռաջ­նոր­դէ քա­ղա­քա­կան եւ պա­հան­ջա­տի­րա­կան նա­հան­ջի։
Հ­րա­մա­յա­կան կը դառ­նայ շրջան­ցել այս ետ­դար­ձը, ստեղ­ծել հա­մա­հայ­կա­կան պա­հան­ջա­տի­րու­թեան նոր ա­լիք մը, որ պի­տի ա­ռաջ­նոր­դո­ւի հա­մազ­գա­յին մէկ եւ ամ­բող­ջա­կան քա­ղա­քա­կան ու պա­հան­ջա­տի­րա­կան օ­րա­կար­գի մշա­կու­մով։ ­Շար­ժու­մը կը պա­հան­ջէ իր մէջ ամ­փո­փել հայ­րե­նի եւ սփիւռ­քեան քա­ղա­քա­կան միտ­քի միաս­նա­կան մշա­կու­մը, իսկ հայ­րե­նի պե­տու­թիւ­նը պէտք է դառ­նայ ա­ռաջ­նոր­դող մղիչ ու­ժը այդ շար­ժու­մին, որ հա­մա­հայ­կա­կան հռչա­կա­գի­րի ուժգ­նու­թեամբ նոր մղում պի­տի տայ ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան մի­ջազ­գա­յին ճա­նաչ­ման եւ հա­տուց­ման գոր­ծըն­թա­ցին։
Անհ­րա­ժեշտ է ձե­ւա­կեր­պել հա­մազ­գա­յին նոր բա­նա­ձեւ մը, որ պի­տի շրջան­ցէ այս փա­կու­ղին եւ պի­տի վե­րա­կազ­մա­կեր­պէ պա­հան­ջա­տի­րա­կան պայ­քա­րը։ ­Բա­նա­ձե­ւը պէտք է հիմ­նո­ւի քա­նի մը ա­ռանց­քա­յին սկզբունք­նե­րու վրայ։
ԱՌԱՋԻՆ՝ յստա­կօ­րէն տար­բե­րու­թիւն սահ­մա­նել յու­շի եւ քա­ղա­քա­կան պա­հան­ջի մի­ջեւ։ ­Յու­շը պէտք է պա­հէ իր ի­մաս­տը իբ­րեւ ինք­նու­թեան բաղ­կա­ցու­ցիչ, սա­կայն չի կրնար փո­խա­րի­նել քա­ղա­քա­կան գոր­ծու­նէու­թիւ­նը։ Իւ­րա­քան­չիւր ո­գե­կո­չում պէտք է ու­ղեկ­ցուի յստակ նպա­տակ­նե­րու եւ գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու ծրագ­րու­մով, ո­րոնք ուղ­ղո­ւած պի­տի ըլ­լան ­Հայ դա­տի հիմ­նախն­դի­րի ար­ծար­ծու­մին մի­ջազ­գա­յին հար­թակ­նե­րուն վրայ։
ԵՐԿՐՈՐԴ՝ հա­տուց­ման օ­րա­կար­գի ճշդում։ ­Ճա­նա­չում­նե­րը կա­րե­լի չէ դի­տել որ­պէս ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան ի­րա­ւա­կան հաս­տատ­ման վերջ­նա­կան հանգ­րո­ւան։ Անհ­րա­ժեշտ է վե­րա­տե­սել ու մշա­կել քա­ղա­քա­կան, դի­ւա­նա­գի­տա­կան եւ ի­րա­ւա­կան հա­մա­պար­փակ ծրա­գիր մը, որ պի­տի սահ­մա­նէ պա­հանջ­նե­րու բնոյ­թը՝ տա­րած­քա­յին, նիւ­թա­կան եւ մշա­կու­թա­յին ի­րա­ւունք­նե­րու վե­րա­կանգ­նու­մի տե­սան­կիւ­նէն։ Այս աշ­խա­տան­քը կը պա­հան­ջէ մաս­նա­գի­տա­կան նե­րու­ժի հա­մախմ­բում եւ եր­կա­րա­ժամ­կէտ ռազ­մա­վա­րա­կան մտա­ծո­ղու­թիւն։
ԵՐՐՈՐԴ՝ պե­տա­կա­նու­թեան դե­րա­կա­տա­րու­թեան վե­րար­ժե­ւո­րում։ Ա­ռանց ու­ժեղ եւ նպա­տա­կաս­լաց պե­տու­թեան, պա­հան­ջա­տի­րա­կան պայ­քա­րը կը զրկո­ւի իր հիմ­նա­կան յե­նա­րա­նէն։ ­Պե­տու­թիւ­նը պէտք չէ դառ­նայ խո­չըն­դոտ, այլ շար­ժիչ ուժ՝ մի­ջազ­գա­յին դի­ւա­նա­գի­տու­թեան, ի­րա­ւա­կան նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րու եւ քա­ղա­քա­կան մի­ջոց­նե­րու գոր­ծի­քա­կազ­մի ամ­բող­ջա­կան օգ­տա­գոր­ծու­մով։
ՉՈՐՐՈՐԴ՝ հա­մա­հայ­կա­կան հա­մա­կար­գում։ Ա­ռանց միաս­նա­կան կեդ­րո­նա­կան ուղ­ղու­թեան, ա­ռան­ձին նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րը կը մնան մաս­նա­տո­ւած եւ սահ­մա­նա­փակ ազ­դե­ցու­թիւն ու­նե­ցող։ ­Պէտք է ստեղ­ծո­ւի հա­մա­հայ­կա­կան քա­ղա­քա­կան հար­թակ մը, ուր հայ­րե­նի պե­տու­թիւ­նը եւ սփիւռ­քեան կա­ռոյց­նե­րը պի­տի աշ­խա­տակ­ցին գործ­նա­կան մա­կար­դա­կի վրայ։ Այս հա­մա­կար­գու­մը պէտք է հիմ­նո­ւի հա­ւա­սար պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թեան եւ փո­խա­դարձ վստա­հու­թեան վրայ։
ՎԵՐՋԱՊԷՍ՝ նոր սե­րուն­դի ներգ­րա­ւում։ ­Պա­հան­ջա­տի­րա­կան պայ­քա­րը իր գո­յա­տեւ­ման ու­ժը պէտք է տես­նէ նոր սե­րուն­դի ի­մա­ցա­կան վե­րա­զարթ­նու­մին մէջ, հա­յոց ազ­գա­յին ի­րա­ւունք­նե­րու ձե­ւա­կերպ­ման մէջ դեր ու մաս­նակ­ցու­թիւն ա­պա­հո­վե­լու անհ­րա­ժեշ­տու­թեամբ։ Հ­րա­մա­յա­կան կը դառ­նայ հայ­րե­նի եւ սփիւռ­քեան են­թա­հո­ղին վրայ վերս­տեղ­ծել հա­մա­հայ­կա­կան ազ­գա­յին կրթու­թեան, մշա­կու­թա­յին եւ քա­ղա­քա­կան դաս­տիա­րա­կու­թեան նոր հա­մա­կարգ մը, ո­րուն ընդ­մէ­ջէն պի­տի ձե­ւա­ւորու­ի ար­դի մտա­ծո­ղու­թիւն, միա­ձու­լե­լով պատ­մա­կան յի­շո­ղու­թիւ­նը ժա­մա­նա­կա­կից քա­ղա­քա­կան պա­հանջ­նե­րուն հետ։
Այս բո­լոր սկզբունք­նե­րը միա­սին, ի վի­ճա­կի են կազ­մել այն նոր բա­նա­ձե­ւը, որ պի­տի կա­սեց­նէ հա­յու­թեան նա­հան­ջը դէ­պի սոսկ յու­շի աշ­խար­հը։ Խն­դի­րը այ­լեւս յի­շել կամ չյի­շել չէ։ Անհ­րա­ժեշտ է այ­լեւս սահ­մա­նել, թէ ինչ­պէս յի­շել՝ իբ­րեւ պայ­քա­րի մի­ջոց, այլ ո՛չ թէ իբ­րեւ ինք­նան­պա­տակ ա­րա­րո­ղու­թիւն։
Ե­թէ այս վե­րար­ժե­ւո­րու­մը չկա­տա­րուի, վտան­գը յստակ է. ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան ո­գե­կո­չու­մը պի­տի վե­րա­ծո­ւի սոսկ խորհր­դա­նի­շի մը, իսկ պա­հան­ջա­տի­րու­թիւ­նը՝ ան­ցեա­լի հանգ­րո­ւա­նի մը պատ­մա­կան ար­ձա­նագ­րու­թեան։
­Հա­յու­թիւ­նը կանգ­նած է ընտ­րու­թեան առ­ջեւ. կամ շա­րու­նա­կել յու­շի ծի­սա­կան կրկնու­թիւ­նը հայ­րե­նի­քի եւ սփիւռ­քեան ոս­տան­նե­րուն մէջ, կամ վե­րա­ծել զայն կազ­մա­կեր­պո­ւած քա­ղա­քա­կան կամ­քի ար­տա­յայ­տու­թեան։
Հ­րա­մա­յա­կան է խզել մեզ բա­ւա­րա­րող յու­շի ներ­կայ ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նը եւ հաս­տա­տել պայ­քա­րի նոր փուլ մը։ Ա­մէն ո­գե­կո­չում պէտք է դառ­նայ քայլ՝ դէ­պի ի­րա­ւունք­նե­րու վե­րա­տի­րա­ցում։
Ա­մէն խօսք պէտք է վե­րա­ծո­ւի քա­ղա­քա­կան յանձ­նա­ռու­թեան։ ­Հայ նոր սե­րուն­դը պէտք է վե­րա­ծո­ւի պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւն կրող ու­ժի։
­Հա­յու­թիւ­նը դար­ձեալ ի վի­ճա­կի է վե­րա­հաս­տա­տել իր կամ­քը, որ­պէս­զի յու­շը վե­րար­ժե­ւո­րո­ւի իբ­րեւ նոր մեկ­նա­կէտ՝ ար­դա­րու­թեան հաս­նե­լու ճա­նա­պար­հին։