Կիրակի, 27 Ապրիլ 2025-ին, Քսանթիի «Ίδρυμα Θρακικής Τέχνης και Παράδοσης» սրահէն ներս, նշուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 110-րդ տարելիցը, կազմակերպուած Ա. Մակեդոնիոյ եւ Թրակիոյ մարզպետարանի եւ Հ.Յ.Դ. Հայ դատի յանձնախումբին կողմէ:
Ելոյթը սկսաւ յունական եւ հայկական ոգերգներով, կատարուած Ա. Մակեդոնիոյ եւ Թրակիոյ համայնքներու միացեալ երգչախումբին կողմէ, խմբավարութեամբ Տ. Տանիէլ քհնյ. Գալօղլեանի։
Ներկայ գտնուեցան եւ ողջոյնի խօսքեր արտասանեցին՝ կառավարութեան կողմէ Քսանթիի երեսփոխան պրն. Սփիրիտոն Ցիլիկիրիս եւ փոխմարզպետ տիկ. Փոլիքսենի Պրիքա: Քաղաքապետի ողջոյնի խօսքը փոխանցեց փոխքաղաքապետ պրն. Իոաննիս Ցափարիս: Հ.Հ. դեսպանի խօսքը ընթերցեց տիկ. Ատրիանա Խրիստոֆորիտու:
Ներկայ էին նաեւ Քսանթիի Փանտելէիմոն մետրոպոլիտը, Ա. Մակեդոնիոյ եւ Թրակիոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Տանիէլ Գալօղլեան, զինուորական եւ ոստիկանութեան ներկայացուցիչներ, քաղաքական դէմքեր, Ազգային վարչութեան, Հայ դատի յանձնախումբի եւ այլ կառոյցներու ներկայացուցիչներ:
Բացումը կատարեց տիկ. Մարի Տուլղերիտու – Փափազեան, որ իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ մէկուկէս միլիոն նահատակներուն, մշակութային կործանումին, Արցախի նահատակներուն եւ մինչեւ օրս ապօրինի կալանաւորման եւ գերիներու բանտարկութեան։ Ան շեշտեց, թէ անըմբռնելի է անպատիժ մնացած ըլլան Թուրքիոյ ոճիրները ետք, անըմբռնելի է այսքան տարիներ ետք տակաւին արդարացում պահանջելը:
Վերջանալով, ըսաւ թէ բոլորս կը պարտինք պայքարիլ ի շահ ժողովրդավարութեան եւ մարդկային արժէքներուն:
Յաջորդեց օրուան դասախօսութիւնը՝ փրոֆէսօր Աֆենտուլի Լակիտիսի կողմէ:
Ան առաջին հերթին անդրադարձաւ Թուրքիոյ հերթական քաղաքականութեան, նաեւ իրեն շուրջ երկիրներու հանդէպ (Յունաստան, Կիպրոս, Սուրիա, եւ այլն), Արցախի լրիւ տիրացումին եւ Թուրքիոյ պինդ ժխտումին ճանչնալու ցեղասպանութիւնը:
Երկրորդ, քաղաքական անձերու յայտարարութիւններու նկատմամբ եւ երրորդ, Հայաստանի աշխարհագրական վայրի մասին ու իր անկարողութիւնը մրցակցելու շրջանի երկիրներ, իր վարած քաղաքականութեան, եւ շեշտեց թէ այսօրուայ աշխարհաքաղաքական պահանջները հրամայական կը դարձնեն մեր պայքարի շարունակումը:
Յաջորդեց գեղարուեստական յայտագիր երգչախումբին կողմէ ու երկու երգ՝ «Ապրելու Ապրիլ» եւ «Կրունկ», Յասմիկ Բեգլարեանի եւ Հռիփսիմէ Դանիէլեանի կողմէ:
ԹՂԹԱԿԻՑ










