­Յու­նաս­տա­նի տա­րած­քին ի­րա­գոր­ծուած ե­լոյթ­նե­րու ծի­րէն ներս, ու­շագրաւ հա­ւաք մը եւս ա­ւել­ցաւ ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան 111-ա­մեա­կի նշում­նե­րու շար­քին։ Այս ան­գամ, ­Նաու­սա­յի «Էւք­սի­նոս ­Փոն­տոս» պոն­տա­կան ա­կում­բի վար­չու­թիւ­նը եւ քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նը յու­զիչ մի­ջո­ցա­ռում մը կազ­մա­կեր­պե­ցին, ուր հայ­կա­կան ներ­կա­յու­թեամբ լու­սար­ձա­կի տակ առ­նո­ւե­ցան ­Հա­յոց մեծ Ե­ղեռ­նի ար­հա­ւիր­քի օ­րե­րը։
­Ներ­կայ ե­ղան շրջա­նի քա­ղա­քա­կան, քա­ղա­քա­պե­տա­կան, կրօ­նա­կան եւ հա­սա­րա­կա­կան կա­ռոյց­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ։ Ա­կում­բին ա­նու­նով բա­ցու­մը կա­տա­րեց ­Խա­րա­լամ­պոս ­Ֆա­նիա­տիս, որ նշեց ե­լոյ­թի կազ­մա­կերպ­ման ի­մաս­տը։
­Յա­ջոր­դա­բար, ա­կում­բի նա­խա­գահ ­Ֆո­թիս ­Ֆա­նիա­տիս անդ­րա­դարձ կա­տա­րեց հայ եւ պոն­տա­կան ա­ւան­դա­կան կա­պե­րուն մա­սին, շեշ­տը դնե­լով հա­սա­րա­կաց ող­բեր­գու­թիւն­նե­րուն վրայ, ո­րոնք կա­տա­րո­ւե­ցաւ ցե­ղաս­պան ­Թուր­քիոյ կող­մէ։
­Յա­տուկ ու­ղերձ­նե­րով հան­դէս ե­կան շրջա­նի հո­գե­ւոր հո­վի­ւը, ե­րես­փո­խան Ա­նաս­թա­սիոս ­Պար­ծո­քաս եւ փոխ­քա­ղա­քա­պետ ­Թա­մա­րա ­Լո­կի­նի­տու։
­Հայ­կա­կան կող­մէն կա­տա­րո­ւած ներ­կա­յա­ցում­նե­րէն ա­ռաջ, ցու­ցադ­րո­ւե­ցաւ տե­սաե­րիզ մը, ո­րուն մէջ տեղ գտած էին պատ­մա­կան տո­ւեալ­ներ ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան մա­սին։
Ե­լոյ­թի գլխա­ւոր մա­սը հան­դի­սա­ցաւ յա­տուկ ներ­կա­յա­ցում­նե­րու բա­ժի­նը։ Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի Ե­րիտ. ­Միու­թեան ան­դամ ընկ. Ան­նա ­Մա­րիա Ա­լեք­սա­նեան, ­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բին կող­մէ ընկ. ­Յո­վիկ ­Գա­սա­պեան եւ ­Թե­սա­ղո­նի­կէի հա­մայն­քին ա­նու­նով Ա­նուշ ­Պա­պո­յեան ներ­կա­յա­ցու­ցին ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան պատ­մա­կան ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րը, ման­րա­մասն նկա­րագ­րե­լով ջար­դի եւ տե­ղա­հա­նու­թեան տա­րի­նե­րը, ո­րոնց ըն­թաց­քին բնաջն­ջո­ւե­ցաւ ամ­բողջ ժո­ղո­վուրդ մը։ Ա­նոնք նաեւ անդ­րա­դար­ձան ­Հայ դա­տի պա­հան­ջա­տի­րա­կան իւ ի­րա­ւա­կան ծալ­քե­րուն, պաշ­տօ­նա­կան ճա­նա­չում­նե­րուն եւ հա­յու­թեան պայ­քա­րի ջան­քե­րուն՝ ի խնդիր ար­դա­րու­թեան վե­րա­կանգ­նու­մին։ Ար­ժա­նի է նշել, թէ ­Նաու­սա­յի պոն­տա­կան միու­թիւ­նը կը պա­հէ հին հրա­տա­րա­կու­թիւն­նե­րու գնա­հա­տե­լի հա­ւա­քա­ծոյ մը իր ըն­դար­ձակ գրա­դա­րա­նին մէջ։ Ա­նոնց մէջ կա­յին նաեւ հայ­կա­կան հին եւ ար­ժէ­քա­ւոր հա­տոր­ներ։ ­Յատ­կան­շա­կան է, թէ նման գիր­քի մը է­ջե­րուն մէջ գտնո­ւե­ցաւ այն ա­տե­նին գրո­ւած հե­տե­ւեալ վկա­յու­թիւ­նը. «13 ­Յու­նիս 1915-ի ­Շա­բաթ օ­րը, Ար­ղի­րու­պոլ­սոյ մէջ ծայր ա­ռաւ հա­յե­րու ընդ­հա­նուր սպան­դը։ Այ­րեր, կի­ներ, ե­րե­խա­ներ եւ մա­նուկ­ներ ամ­բող­ջո­վին ջար­դո­ւե­ցան։ Ի թա­գա­ւո­րու­թիւն ­Սուլ­թան ­Մեհ­մետ Ե.-ի, ի պատ­րիար­քու­թիւն ­Գէորգ Ե.-ի, յա­ռաջ­նոր­դու­թիւն ­Լաւ­րեն­տիոս ­Մետ­րո­պո­լի­տի եւ ի հո­վո­ւու­թիւն ­Վա­սի­լիոս քա­հա­նա­յի»։
­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան պատ­մա­կան ի­րա­զեկ­ման ծի­րէն ներս, սոյն հին վկա­յու­թիւ­նը կու գայ տա­լու ան­մի­ջա­կան պատ­մա­կան վկա­յու­թիւն մը Օս­մա­նեան ­Թուր­քիոյ տա­րած­քին գոր­ծո­ւած ջար­դե­րուն մա­սին։