Հայաստանցի 15 տարեկանները գրագիտութեան լուրջ խնդիր ունին թուաբանութեան, բնագիտութեան եւ ընթերցանութեան ոլորտներուն մէջ, կը փաստէ Տնտեսական համագործակցութեան եւ զարգացման կազմակերպութեան (OECD) վերջին հետազօտութիւնը։
Ըստ ուսումնասիրութեան՝ հայաստանցի աշակերտներուն միայն մօտ 1 տոկոսը լաւագոյն արդիւնք արձանագրած է թուաբանութեան մէջ, գրեթէ ոչ մէկ աշակերտ բարձրագոյն արդիւնք ունեցած է բնագիտական ոլորտին մէջ, իսկ ընթերցանութեան պարագային գրեթէ ոչ մէկ աշակերտ հասած է 5-րդ կամ աւելի բարձր մակարդակի։ Այս ցուցանիշներով Հայաստան տարածաշրջանին մէջ վերջին հորիզոնականին վրայ է՝ զիջելով Վրաստանին, Ատրպէյճանին եւ Թուրքիոյ։
OECD-ի վերջին հետազօտութեան մասնակցած է 91 երկրէ 760 հազար 15-ամեայ աշակերտ։ Մասնագէտները եզրակացուցած են, որ ամբողջ աշխարհի մակարդակով եւս կրթական վիճակը առանձնապէս գոհացուցիչ չէ։
OECD-ի քննութիւնը կը համարուի կրթական յառաջադիմութեան աշխարհի առաջատար չափանիշներէն մէկը, եւ անոր արդիւնքները մանրամասնօրէն կ՚ուսումնասիրուին կառավարութիւններու եւ կրթութեան ոլորտի մասնագէտներուն կողմէ։
Հայաստան անցեալ տարի առաջին անգամ մասնակցած է Սորվողներու միջազգային գնահատման ծրագիրին՝ PISA-ին։
Ուսումնասիրութեան համաձայն՝ կրթական յառաջադիմութեան առումով աշխարհի առաջատարները Արեւելեան Ասիոյ երկիրներն են՝ քննութեան մասնակցած Չինաստանի քաղաքները, Ճափոնը, Հարաւային Քորէան, Սինկափուրը եւ Թայուանը։
Լաւագոյն տասնեակին մէջ են նաեւ Մեծ Բրիտանիան եւ Էսթոնիան՝ ընթերցանութեան, թուաբանութեան եւ բնագիտութեան ցուցանիշներով։
Միջինէն ցած միաւորներ ստացած հայ աշակերտները
Հայ աշակերտները թուաբանութեան, ընթերցանութեան եւ բնագիտական քննութիւններուն մէջ ստացած են մասնակցած 91 երկիրներու արձանագրած միջինէն ցած միաւորներ։ Հայաստան իր ցուցանիշներով կը զիջի ցանկին մէջ ընդգրկուած տարածաշրջանային բոլոր երկիրներուն՝ Ատրպէյճանին, Թուրքիոյ եւ Վրաստանին։
Հայաստան կը զիջի նաեւ Ուզպեքիստանին, Մոլտովային, Ռումանիոյ եւ Ղազախստանին, իսկ նախկին խորհրդային երկիրներուն շարքին միայն Ղրղզստանէն առաջ է։
Հայաստանի մէջ աշակերտներուն մօտ 1 տոկոսը միայն լաւագոյն արդիւնք արձանագրած է թուաբանութեան մէջ։ Գրեթէ ոչ մէկ աշակերտ բարձր արդիւնք ունեցած է բնագիտական ոլորտին մէջ, իսկ ընթերցանութեան պարագային գրեթէ ոչ մէկ աշակերտ ցուցաբերած է այնպիսի գիտելիքներ, որոնք կը վկայեն, թէ ան կրնայ հասկնալ երկար գրութիւններ, գործ ունենալ վերացական կամ հակասական հասկացութիւններու հետ եւ տարբերակել փաստը կարծիքէն։
Այս քննութեան մէջ հիմնական մակարդակէն բարձր գնահատական ստացած հայ աշակերտները մասնակից երկիրներու միջինէն աւելի քան երկու անգամ ցած ցուցանիշ արձանագրած են։
Բնագիտական առարկաներուն մէջ հայ աշակերտներուն միայն 28 տոկոսը հասած է հիմնական մակարդակէն բարձր արդիւնքի, մինչ OECD-ի միջին ցուցանիշը 74 տոկոս է։ Թուաբանութեան պարագային եւս ցուցանիշը 28 տոկոս է, մինչ համաշխարհային միջինը կը կազմէ 65 տոկոս։
Ամէնէն ցած ցուցանիշը արձանագրուած է ընթերցանութեան մէջ։ Հիմնական մակարդակէն բարձր արդիւնք ստացած հայ աշակերտները կը կազմեն միայն 19 տոկոսը, մինչ OECD-ի միջին ցուցանիշը 67 տոկոս է։ Այս ոլորտին մէջ լաւագոյն ցուցանիշները ունի Չինաստանը՝ 93-97 տոկոս։
Գործնական անգրագիտութիւնը՝ ազգային անվտանգութեան խնդիր
Տակաւին 2020-էն Հայաստանի իշխանութիւնները ամենաբարձր մակարդակով կը խօսէին գործնական անգրագիտութեան խնդրին մասին։ 2022-ին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան զայն ազգային անվտանգութեան խնդիր համարած էր։
Վարչապետը այդ ժամանակ նաեւ խօսած էր հանրակրթութեան ոլորտին մէջ լայնածաւալ եւ խորքային բարեփոխումներու անհրաժեշտութեան մասին՝ յանուն կրթութեան, ուսուցիչին եւ աշակերտին։
Սակայն, դատելով հեղինակաւոր PISA քննութեան արդիւնքներէն, Փաշինեանի կառավարութեան որդեգրած ռազմավարութիւնը տակաւին էական արդիւնքներ չէ արձանագրած։
Մասնագէտներուն տուած պատասխաններուն համաձայն՝ հայաստանցի աշակերտներուն 15 տոկոսը 2025-ին համաձայն կամ լիովին համաձայն եղած է այն տեսակէտին, որ դպրոցը ժամանակի վատնում է։
Միաժամանակ պարզուած է, որ այն աշակերտները, որոնք աւելի բարձր կը գնահատեն դպրոցին կարեւորութիւնը եւ համաձայն չեն այն տեսակէտին, թէ դպրոցը ժամանակի վատնում է, բնագիտութենէն 13 միաւորով աւելի բարձր արդիւնք կ՚արձանագրեն, քան անոնք, որոնք դպրոցին մէջ անցուցած ժամանակը անիմաստ կը համարեն։
Հայաստանցի աշակերտները նաեւ յայտնած են, որ դպրոցին մէջ ուսումնառութեան նպատակով օրական միջին հաշուով 2,2 ժամ կը գործածեն բջիջային սարք կամ համակարգիչ, մինչ OECD-ի միջին ցուցանիշը 1,7 ժամ է։ Բացի այդ, հեռախօս, համակարգիչ կամ պաստառաձեւ համակարգիչ (tablet) դպրոցին մէջ ժամանցի նպատակով կը գործածեն օրական միջին հաշուով 154 ժամ։
Մինչդեռ 2025-ին Հայաստանի աշակերտներուն 34 տոկոսը կը սորվէր այնպիսի դպրոցներու մէջ, ուր բջիջային հեռախօսներու գործածութիւնը արգիլուած էր, կը փաստէ զեկոյցը։
Հայաստանի աշակերտներուն 49 տոկոսը նաեւ յայտնած է, որ առնուազն շաբաթը մէկ անգամ կ՚օգտագործէ արհեստական բանականութեան ծրագիրներ, մինչ OECD-ի միջին ցուցանիշը 46 տոկոս է։ Աշակերտներուն միայն 10 տոկոսը նշած է, որ երբեք կամ գրեթէ երբեք չի գործածեր արհեստական բանականութեան ծրագիրներ, մինչ OECD-ի միջինը 14 տոկոս է։
Զեկոյցի հեղինակները կը նշեն, որ նոր արհեստագիտութիւնը կրնայ օգտագործուիլ ուսուցումը բարելաւելու համար, սակայն՝ որոշ սահմանափակումներով։ Ըստ հետազօտութեան՝ երբ աշակերտները օրական աւելի քան հինգ ժամ կը գործածեն թուային սարքեր, անոնց յառաջադիմութիւնը կը սկսի նուազիլ։
Գրագիտութեան առումով մտահոգիչ են նաեւ աշխարհի ընդհանուր ցուցանիշները։ Դեռահասները ոչ միայն քիչ կը կարդան, այլ նաեւ նուազած է բնագիտական եւ թուաբանական առարկաներուն մէջ արձանագրուած բարձր մակարդակի ցուցանիշը։ Նուազած է նաեւ «գերազացներու» թիւը։ Թուաբանութեան պարագային, օրինակ, գերազանց արդիւնք արձանագրած է մասնակիցներուն միայն 5 տոկոսը, մինչ 2015-ին այդ ցուցանիշը կը կազմէր 11 տոկոս։
Աղբիւր՝ «Ազատութիւն»










