Եր­կար ա­միս­նե­րու նա­խա­պատ­րաս­տա­կան աշ­խա­տան­քէ ետք, ­­Հա­մազ­գա­յի­նի «Ա. ­­Գա­զան­ճեան» թա­տե­րա­խում­բը հան­դէս ե­կաւ 3 տար­բեր կա­տա­կեր­գու­թիւն­նե­րով, ո­րոնք ի­րենց ներ­կա­յաց­ման ո­ճով եւ ե­րի­տա­սարդ դե­րա­սան­նե­րու յայտ­նու­թեամբ բե­մին վրայ, բա­ցա­ռիկ խան­դա­վա­ռու­թիւն ստեղ­ծե­ցին թա­տե­րա­սէր հան­րու­թեան։
Ու­ղիղ տա­րի մը ա­ռաջ, թա­տե­րա­կան խում­բը ներ­կա­յա­ցուց ­­Մալ­խա­սի «­­Զար­թօնք»-ը յու­նա­րէն թարգ­մա­նու­թեամբ եւ ար­դէն լաւ տպա­ւո­րու­թիւն­ներ թո­ղեց հան­րու­թեան։ Այս ան­գամ, կարգն էր զա­ւեշ­տա­խառն ներ­կա­յա­ցում­նե­րուն, ո­րոնք խան­դա­վառ եւ ու­րախ մթնո­լորտ մը ստեղ­ծե­ցին ներ­կա­նե­րուն մօտ։
­­Կի­րա­կի, 17 ­­Մա­յիս 2026-ի ե­րե­կո­յեան, ­­Քա­լի­թէա­յի «Ի­զո­լա» թա­տե­րաս­րա­հը ըն­դու­նեց հայ­րե­նա­կից­նե­րը, ո­րուն մուտ­քին ար­դէն ­­Հա­մազ­գա­յի­նի Շր­ջա­նա­յին վար­չու­թեան ան­դամ­նե­րը պատ­շաճ ըն­դու­նե­լու­թիւն կը կա­տա­րէին։ ­­Գե­ղա­տիպ յայ­տա­գի­րը բաժ­նո­ւե­ցաւ բո­լո­րին. ա­նոր մէջ տեղ գտած էին ներ­կա­յա­ցո­ւող կտոր­նե­րուն նկա­րագ­րա­կան­նե­րը եւ դե­րա­սան­նե­րուն մա­սին հա­կիրճ տե­ղե­կու­թիւն­ներ։
­­Ներ­կայ ե­ղան Ազ­գա­յին վար­չու­թեան, Հ.Յ.Դ. ­­Կեդր. կո­մի­տէի եւ Հ.Կ.­­Խա­չի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը։ ­­Ներ­կա­յաց­ման մեկ­նար­կին, ընկ. Ա­լիս ­­Ֆու­րուն­ճեան ամ­փոփ ներ­կա­յա­ցուց թա­տե­րա­կան գոր­ծու­նէու­թեան բա­ժին­նե­րը, զարկ տա­լով եր­կա­րամ­սեայ փոր­ձե­րուն ու պատ­րաս­տու­թեան։
Օ­րո­ւան յայ­տա­գի­րը բաժ­նո­ւած էր ե­րեք տար­բեր կարճ ներ­կա­յա­ցում­նե­րու, ո­րոնց մաս­նակ­ցե­ցան մեծ թի­ւով դե­րա­սան­ներ եւ խլե­ցին խան­դա­վառ ծա­փա­հա­րու­թիւն­ներ։
Ա­ռա­ջին կա­տա­կեր­գու­թիւ­նը Ան­տոն ­­Չե­խո­վի «Ա­մուս­նու­թեան ա­ռա­ջար­կը»-ն­ էր, որ ներ­կա­յա­ցու­ցին ­­Ժա­նօ ­­Պար­տաք­ճեան, Ա­նա­յիս ­­Բար­սե­ղեան եւ Ն­շան ­­Սա­վու­լեան։ ­­Ռու­սա­կան հին կեան­քէն առ­նո­ւած զո­ւար­ճա­­լի պատ­մու­թիւն մը, որ զա­ւեշ­տա­կան եւ ի­րար փոր­ձանք­ներ ստեղ­ծող երկ­խօ­սու­թիւն մըն էր, ան­վերջ զո­ւար­ճաց­նե­լով հան­դի­սա­տե­սը։ Ե­րեք դե­րա­կա­տար­ներն ալ, ի­րենց դե­րե­րը լա­ւա­պէս իւ­րա­ցու­ցած, պար­գե­ւե­ցին ու­րախ պա­հեր եւ ստա­ցան եր­կար ծա­փա­հա­րու­թիւն։
­­Յա­ջորդ ներ­կա­յա­ցու­մը դար­ձեալ ­­Չե­խո­վի ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն մըն էր՝ «Ար­ջը» խո­րա­գի­րով, ո­րուն մե­նա­կա­տար­նե­րը հան­դի­սա­ցան ­­Յա­կոբ ­­Պար­սա­մեան, ­­Սա­ռա ­­Մի­սա­քեան եւ ­­Ժագ ­­Տա­մա­տեան։ ­­Բո­լոր դե­րա­սան­նե­րը հայ բե­մին վրայ ար­դէն փոր­ձա­ռու­թիւն ձեռք ձգած ան­ձեր են, այս­պէս, իւ­րա­քան­չիւ­րին ներ­կա­յու­թիւ­նը ինք­նավս­տահ եւ լա­ւա­պէս ար­տա­յայ­տո­ւած դե­րե­րու մարմ­նա­ցումն էր, որ ան­վերջ ծի­ծա­ղի ա­լիք­ներ ստեղ­ծեց հան­դի­սա­տե­սին մօտ։
­­Վեր­ջին կա­տա­կեր­գու­թիւ­նը՝ ­­Տի­միթ­րիս Փ­սա­թա­սի «­­Կա­պոյտ կրիան» իր սրա­միտ ու քրքջա­լի երկ­խօ­սու­թիւն­նե­րով, եր­կար ծի­ծաղ ու խնդուք պար­գե­ւեց ներ­կա­նե­րուն։ Այս ան­գամ դե­րա­սա­ն­­նե­րու խում­բը ա­մէ­նէն ըն­դար­ձա­կը ըլ­լա­լով, տար­բեր երկ­խօ­սու­թիւն­ներ, յա­ջոր­դա­կան տե­սա­րան­ներ ու անս­պա­սե­լի ըն­թացք մը ստեղ­ծեց ներ­կա­յաց­ման հոս­քին մէջ։ ­­Բե­մին վրայ ե­րեւ­ցան ­­Թա­մար ­­Մի­նա­սեան, ­­Սար­գիս ­­Մի­նա­սեան, Ն­շան ­­Սա­վու­լեան, ­­Մա­րօ ­­Մա­թեան, Ալ­պերթ ­­Մար­տի­կեան, ­­Ծի­լա ­­Թու­թու­շեան, ­­Նա­րի­նէ Կմ­բի­գեան եւ ­­Կա­րէն ­­Խա­չե­րեան։ ­­Հոս եւս ­­Հա­մազ­գա­յի­նի թա­տե­րա­կա­նին մէջ վաս­տակ ու­նե­ցող դե­րա­սան­նե­րուն կող­քին, ե­րի­տա­սարդ­նե­րու ե­րե­ւու­մը տար­բեր շունչ մը տո­ւաւ ծի­ծա­ղով լե­ցուն ներ­կա­յա­ցու­մին։
­­Պէտք է ան­վա­րան գնա­հա­տել բո­լոր դե­րա­կա­տար­նե­րը։ ­­Փոր­ձա­ռու դե­րա­սան­նե­րուն կող­քին, իս­կա­պէս խրա­խու­սիչ էր տես­նել խումբ մը պա­տա­նի եւ ե­րի­տա­սարդ հա­յոր­դի­ներ, ո­րոնց մէջ արթնցած է սէ­րը դէ­պի հայ­կա­կան թատ­րո­նը, եւ ար­դէն եր­րորդ ան­գամ ըլ­լա­լով, ի­րենց ծլար­ձա­կո­ւող տա­ղան­դը կը սկսի ծաղ­կիլ հան­րու­թեան առ­ջեւ։ Վս­տա­հա­բար, հի­նե­րու փոր­ձա­ռու­թիւ­նը եւ ինք­նավս­տահ ե­րե­ւու­մը օ­րի­նա­կե­լի ճամ­բայ կը բա­նայ նո­րե­րուն առ­ջեւ, ո­րոնք մեր գնա­հա­տան­քին եւ քա­ջա­լե­րան­քին ար­ժա­նի են։
Եր­կու խօսք բե­մադ­րիչ ընկ. ­­Յա­կոբ ­­Պար­սա­մեա­նին մա­սին։ ­­Սի­րե­լի դե­րա­կա­տա­րը, պա­տա­նե­կան տա­րի­քէն թրծուե­ցաւ Ար­շա­ւիր ­­Գա­զան­ճեա­նի շուն­չին տակ, կա­նու­խէն ցոյց տա­լով բե­մա­կան յատ­կու­թիւն­ներ եւ իւ­րա­յա­տուկ թա­տե­րա­կան տի­պար մը։ ­­Քա­նի մը տա­րիէ ի վեր ան մտաւ բե­մադ­րա­կան գոր­ծին մէջ, ար­ժա­նա­ւո­րա­պէս իր վրան առ­նե­լով թա­տե­րա­կան կեան­քի յա­րա­տեւ­ման ջան­քե­րը։ Կ­­՚ար­ժէ գրկել ­­Յա­կո­բի բե­մադ­րա­կան ե­ռան­դը ու ակն­կա­լել նո­րա­նոր ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­ներ։
Գ­նա­հա­տան­քով պի­տի ար­տա­յայ­տուինք ընկ. ­­Սար­գիս ­­Մի­նա­սեա­նի թարգ­մա­նա­կան գոր­ծին մա­սին, որ կա­րո­ղա­ցաւ յու­նա­րէ­նէ հա­յե­րէ­նի վե­րա­ծո­ւած ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րուն եւ խօ­սակ­ցա­կան ո­ճին պատ­շա­ճեց­նել երկ­խօ­սու­թիւն­նե­րը եւ տե­ւա­բար պա­հել ծի­ծա­ղի մթնո­լոր­տը իւ­րա­քան­չիւր նա­խա­դա­սու­թեան մէջ։
­­Բե­մին ե­տեւ կանգ­նած դե­րա­կա­տար­նե­րը սա­տա­րե­ցին ներ­կա­յաց­ման յա­ջո­ղու­թեան, ա­նե­րե­ւոյթ հե­րոս­նե­րու դե­րը ստանձ­նե­լով վա­րա­գոյ­րին այն կող­մը։ ­­Տա­րի­նե­րու փոր­ձա­ռու­թեամբ օժ­տո­ւած յու­շա­րա­րի պար­տա­կա­նու­թիւ­նը իր ու­սե­րուն վրայ ա­ռաւ ընկ. ­­Կիւ­լա ­­Գա­րա­պա­ճա­քեան։ ­­Ճա­շա­կա­ւոր բե­մա­յար­դա­րու­մը կա­տա­րեց ընկ. Ա­նա­յիս ­­Գա­զան­ճեան, իսկ ե­րաժշ­տա­կան յա­ջող մշա­կու­մի աշ­խա­տան­քը ստանձ­նեց ընկ. Ա­լիս ­­Ֆու­րուն­ճեան։ ­­Դե­րա­սա­ն­­նե­րու շպա­րու­մին լաւ ար­դիւն­քը կը պար­տինք ընկ. ­­Լո­ւի­զա ­­Պօ­ղո­սեա­նին։ Ն­կար­նե­րը պատ­րաս­տած էր ընկ. ­­Կա­րօ Ա­ղա­պա­տեան, իսկ յայ­տա­գի­րի պատ­շաճ ձե­ւա­ւո­րու­մը ամ­բող­ջա­ցուց ­­Վա­կե­լիս ­­Կե­քաս. յայ­տա­գի­րի գրու­թիւն­նե­րը խնամքով պատ­րաս­տեց ընկ. ժագ ­­Տա­մա­տեան։ ­­Ներ­կա­յաց­ման հո­վա­նա­ւո­րու­թեան սա­տա­րեց ­­Սար­գիս ­­Տան­կա­զեան։

* * *

­­Խան­դա­վա­ռու­թեամբ նկա­րագրուած բե­մա­կան տե­սա­րան­նե­րուն հա­կա­պատ­կերն էր մեր հայ­րե­նա­կից­նե­րու բա­ցա­կա­յու­թեան տխուր տես­քը։ ­­Թա­տե­րա­կան ներ­կա­յա­ցու­մը, իր գե­ղա­րո­ւես­տա­կան ար­ժէ­քով հան­դերձ, զուրկ էր այն կեն­սա­կան ներ­կա­յու­թե­նէն, որ կը պար­գե­ւեն մեր գա­ղու­թի ան­դամ­նե­րը։
­­Թա­տե­րաս­րա­հին մէջ զգա­լի էր մաս­նակ­ցու­թեան նօս­րու­թիւ­նը, իսկ կրօ­նա­կան, ազ­գա­յին, կրթա­կան, միու­թե­նա­կան, ե­րի­տա­սար­դա­կան ո­լորտ­նե­րու դե­րա­կա­տար­նե­րուն բա­ցա­կա­յու­թիւ­նը նոյն­քան տե­սա­նե­լի էր՝ բե­մին վրայ ե­ղած շար­ժում­նե­րուն կող­քին։ Ա­ւե­լի քան հիաս­թա­փեց­նող էր ե­րի­տա­սարդ տար­րին բա­ցա­կա­յու­թիւ­նը, մա­նա­ւանդ երբ բե­մին վրայ տի­րա­կան դար­ձաւ տա­ղանդ մշա­կող թիւ մը պա­տա­նի­նե­րու եւ ե­րի­տա­սարդ­նե­րու խրա­խու­սիչ մաս­նակ­ցու­թիւ­նը, ո­րոնց հան­դէպ քա­ջա­լե­րան­քը նախ եւ ա­ռաջ պէտք է բխի նոյն տա­րի­քի ու սե­րուն­դի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րէն։
­­Հայ թատ­րո­նը կա­րե­լի չէ նկա­տել իբ­րեւ սոսկ ժա­մանց, այլ ազ­գա­յին ինք­նու­թեան պահ­պան­ման ու դի­մա­գի­ծի ամ­րապնդ­ման մի­ջոց։ ­­Հայ բե­մը ե­ղած է հայ լե­զո­ւի, գի­րի ու պատ­մա­կան ժա­ռան­գու­թեան մշտա­կան դպրո­ցը։ Ա­նոր մի­ջո­ցով եւս հայ մար­դը վե­րագ­տած է իր ձայ­նը, իր կեր­պարն ու ազ­գա­յին գի­տակ­ցու­թիւ­նը։ ­­Հայ թատ­րո­նը կը շա­րու­նա­կէ պա­հել մեր լե­զո­ւին շուն­չը եւ մեր գրա­կա­նու­թեան կեն­դա­նի ներ­կա­յու­թիւ­նը։
­­Պէտ­ք­ է զօ­րաց­նել թատ­րո­նի յա­րա­տե­ւու­մը գա­ղու­թա­հայ կեան­քէն ներս։ ­­Հա­մազ­գա­յի­նի ճի­գե­րը, ե­րի­տա­սարդ դե­րա­կա­տար­նե­րու թա­փը, հայ բե­մին ծա­ռա­յե­լու փա­փա­քը պէտք է ըստ ա­մե­նայ­նի ի­րենց ար­ժա­նի գնա­հա­տան­քը գտնեն բո­լո­րիս կող­մէ՝ անխ­տիր։