­Մեր շրջա­նա­ւարտ­նե­րը (ձա­խէն աջ) Ոտ­քի՝ ­Հեն­րի ­Խա­լա­տեան, Ա­լեքս ­Շա­մէս, Անդ­րա­նիկ ­Թու­թու­շեան, ­Նա­րեկ ­Խա­չատ­րեան, Ա­լեքս ­Ճան­շա­նեան, ­Վա­սի­լիս ­Ռա­պա­զիս, ­Սե­ւակ ­Խա­չե­րեան, Ար­ման ­Սու­քիա­սեան Նս­տած՝ Ա­լեքս Է­կեան, ­Սո­նիա ­Ֆա­րա­ճեան, Ք­րիս­տին ­Քե­րո­բեան, Օ­ֆե­լիա ­Գափ­լա­նեան, Ա­նա­յիս ­Լու­լու­մա­րի, Ա­նա­հիտ ­Խա­չատ­րեան, Ք­րիս­տիան ­Փի­լա­ֆեան, Անդ­րէաս ­Պաս­մա­ճեան

Հ. Կ. Խ.-ի «Ա. եւ Ժ. ­Ճէնազեան» ազգային միջնակարգ վարժարանի 2025-2026 ուսումնական տարեշրջանի ամփոփ տեղեկագիր

ՎԵՐԱՄՈՒՏ

2025-2026 տա­րեշր­ջա­նի պաշ­տօ­նա­կան բա­ցումն ու ջրօրհ­նէ­քի ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը տե­ղի ու­նե­ցաւ 11 ­Սեպ­տեմ­բեր 2025-ին, հան­դի­սա­պե­տու­թեամբ թե­մա­կալ Ա­ռաջ­նորդ Տ. ­Սա­հակ եպս. Ե­մի­շեա­նի: ­Ներ­կայ էին՝  Տ. ­Նա­րեկ քհնյ. ­Շա­հի­նեան, Ազ­գա­յին վար­չու­թեան, Հ.Կ.Խ.-ի Շր­ջա­նա­յին վար­չու­թեան եւ Ու­սում­նա­կան խոր­հուր­դի, ինչ­պէս նաեւ միու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ ու ծնող­ներ:

ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԱՇԱԿԵՐՏՈՒԹԵԱՆ ԹԻՒ

Ա. դա­սա­րան 15, Բ.՝ 11, Գ.՝ 17: Ընդ­հա­նուր թիւ՝  43 ա­շա­կերտ:

ՈՒՍՈՒՑՉԱԿԱՆ ԿԱԶՄ

­Տա­րեշր­ջա­նի ա­ռա­ջին օ­րէն ու­սուց­չա­կան կազ­մը ներ­կա­յա­ցաւ ծա­ռա­յե­լու մեր դպրո­ցէն ներս ու բաղ­կա­ցաւ հե­տե­ւեալ­նե­րէն (այբ­բե­նա­կան կար­գով). Եա­լեռ­նիու Է­քա­թե­րի­նի՝ տե­ղե­կա­գի­տու­թեան ու­սուց­չու­հի, ­Կե­քաս Է­ւան­կե­լոս՝ անգ­լե­րէն լե­զո­ւի ու­սու­ցիչ, ­Սափ­րի­չեան Ար­շա­լոյս ՝ տնօ­րէ­նու­հի եւ ու­սուց­չու­հի հա­յոց լե­զո­ւի, գրա­կա­նու­թեան եւ պատ­մու­թեան, Վ­լա­խո­փու­լու Անտ­րո­նի­քի՝ յու­նաց լե­զո­ւի ու գրա­կա­նու­թեան եւ պատ­մու­թեան ու­սուց­չու­հի: ­Փա­փաի­լիա ­Նաւ­սի­քա՝ Ֆ­րան­սե­րէն լե­զո­ւի ու­սուց­չու­հի, ­Փա­փա­տա­քու ­Վա­սի­լի­քի՝ մարմ­նա­մար­զու­թեան ու­սուց­չու­հի, ­Փի­փե­րի­տու Է­լե­նի՝ ի­րա­գի­տու­թեան, տար­րա­լու­ծու­թեան, կեն­սա­բա­նու­թեան եւ աշ­խար­հագ­րու­թեան ու­սուց­չու­հի, ­Քիւֆ­թի ­Ռո­տու­լա՝ ու­սո­ղու­թեան ու­սուց­չու­հի, ­Քոլ­ցի­տա Ա­լեք­սանտ­րա՝ յու­նաց լե­զո­ւի ու գրա­կա­նու­թեան եւ պատ­մու­թեան ու­սուց­չու­հի:

­Հոկ­տեմ­բե­րի սկիզ­բը, կազ­մը հա­մալ­րո­ւե­ցաւ Կր­թու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան Ա­թէն­քի Ա. տնօ­րէ­նու­թեան կող­մէ տրա­մադ­րո­ւած հե­տե­ւեալ ու­սու­ցիչ­նե­րով՝ ե­րաժշ­տու­թեան ու­սուց­չու­հի՝ ­Պու­ֆի­տու ­Ֆո­թի­նի, գե­ղա­րո­ւես­տի ու­սու­ցիչ՝ Վ­լա­խոս ­Նի­քո­լաոս, ճար­տա­րա­րո­ւես­տի ու­սուց­չու­հի՝ ­Քաս­սու ­Տես­փի­նա։

­Վար­ժա­րա­նի տնօ­րէ­նու­թեան կար­գադ­րու­թեամբ, ու­սուց­չա­կան կազ­մը հե­տե­ւե­ցաւ տասն­հինգ ժա­մո­ւան տե­ւո­ղու­թեամբ ներդպ­րո­ցա­կան վե­րա­պատ­րաստ­ման դա­սըն­թաց­քի:

­Մաս­նակ­ցե­ցանք բազ­մա­թիւ դա­սըն­թաց­նե­րու, թէ՛ խմբո­վին, թէ՛ ան­հա­տա­պէս:

Այս տա­րի եւս ու­րա­խու­թիւ­նը ու­նե­ցանք գոր­ծակ­ցե­լու Ու­սում­նա­կան խոր­հուր­դին կող­մէ հրա­ւի­րո­ւած պատ­մա­բան եւ կրթա­կան մշակ տի­կին ­Գո­հար ­Գան­տա­հա­րեա­նին հետ: ­Միաս­նա­բար քննար­կե­ցինք հա­յոց պատ­մու­թեան դա­սա­ւանդ­ման կերպն ու ծրա­գիր­ներ մշա­կե­լու ըն­թաց­քը:

Ու­սուց­չա­կան կազ­մի գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը տնօ­րէ­նու­թեան հետ ամ­բողջ տա­րեշր­ջա­նի ըն­թաց­քին ե­ղաւ ջերմ ու ար­դիւ­նա­ւէտ:

2025-2026 ՏԱՐԵՇՐՋԱՆԻ ՈՒՍՈՒՄՆԱԿԱՆ ԵՒ ԿՐԹԱԿԱՆ ՎԻՃԱԿ

Կր­թու­թեան ­Նա­խա­րա­րու­թեան կող­մէ թե­լադ­րո­ւած ներ­քին ար­ժե­ւոր­ման ուղ­ղու­թիւն­նե­րուն հա­մա­ձայն, տա­րեշր­ջա­նի սկիզ­բը ու­սուց­չա­կան կազմ եւ տնօ­րէ­նու­թիւն միաս­նա­բար ճշդե­ցինք մեր կրթա­կան թի­րախ­նե­րը: Այս տա­րի կեդ­րո­նա­ցանք մաս­նա­ւո­րա­բար հայ­կա­կան պա­րի ու­ժին եւ մշա­կու­թա­յին ու ազ­գա­յին ար­ժէ­քին, ար­հես­տա­կան բա­նա­կա­նու­թեան, բնա­պահ­պա­նու­թեան (Ի­լի­սոս գե­տի մա­սին), թա­ղա­յին պատ­մու­թեան (­Տուր­ղու­թիի թա­ղա­մա­սի մա­սին), ­Մարդ­կա­յին ի­րա­ւունք­նե­րուն, յանձ­նա­ռու քա­ղա­քա­ցիի տի­պա­րին եւ մեր պա­տա­նի ա­շա­կերտ­նե­րու հո­գե­կան ամ­րապնդ­ման: Ու­սուց­չա­կան կազ­մը կազ­մեց խմբակ­ներ, ո­րոնք ստանձ­նե­ցին ի­րա­գոր­ծել մշա­կո­ւած ծրա­գիր­նե­րը: ­Յա­տուկ զարկ տո­ւինք դպրո­ցա­կան եւ ար­հես­տա­գի­տա­կան կողմ­նո­րոշ­ման ծրա­գիր­նե­րուն, այ­ցե­լե­ցով Ընդ­հա­նուր եւ ­Մաս­նա­գի­տա­կան երկ­րոր­դա­կան վար­ժա­րան­ներ ու Ա­րեւմ­տեան Ատ­տի­կէի հա­մալ­սա­րա­նը, եւ հրա­ւի­րե­լով այ­լա­զան բնա­գա­ւառ­նե­րէ հայ մաս­նա­գէտ­ներ, ո­րոնք թէ՛ ի­րենց մաս­նա­գի­տու­թիւ­նը ծա­նօ­թա­ցու­ցին եւ թէ՛ ազ­գա­յին ներդ­րու­մին մա­սին խօ­սե­ցան մեր ա­շա­կերտ­նե­րուն: ­Մե­զի հա­մար ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւն է  մեր պա­տա­նի­նե­րուն տալ նո­րա­գոյն մե­թոտ­նե­րով, բազ­մա­կող­մա­նի, բարձ­րո­րակ կրթու­թիւն, հա­յե­ցի դաս­տիա­րա­կու­թիւն եւ ներշն­չել մարդ­կա­յին բարձր ար­ժէք­ներ. հայ­րե­նա­սի­րու­թիւն, նո­ւի­րո­ւա­ծու­թիւն, վեհ գա­ղա­փար­նե­րու հա­մար յա­րա­տեւ պայ­քար, բար­ձունք­նե­րու նո­ւա­ճում: Ուս­տի նո­րա­գոյն դաս­տիա­րակ­չա­կան մի­ջոց­ներ ի գործ դրինք, որ­պէս­զի բարձր ո­րա­կի, ան­կախ ու­սուց­ման պայ­ման­ներ ստեղ­ծենք դպրո­ցէն ներս եւ դուրս:

­Տա­րեշր­ջա­նի ա­ւար­տին մեր ա­շա­կեր­տու­թեան ու­սում­նա­կան վի­ճա­կը կ­’ամ­փո­փո­ւի հե­տե­ւեալ կեր­պով.

Ան­բա­ւա­րար՝ 1, ­Վե­րաքն­նե­լի՝ 3,  ­Մի­ջակ՝ 3, ­Լաւ՝ 17, ­Շատ ­Լաւ՝ 15, ­Գե­րա­զանց՝ 4 ա­շա­կերտ:

Ու­րա­խու­թեամբ կը հրա­ւի­րենք հե­տե­ւեալ գե­րա­զանց ա­շա­կերտ­նե­րը յա­ջորդ տա­րեշր­ջա­նի յու­նաց Ազ­գա­յին տօ­նի՝ ­Հոկ­տեմ­բեր 28-ի տօ­նա­կա­տա­րու­թեան, որ­պէս­զի ստա­նան Կր­թու­թեան ­Նա­խա­րա­րու­թեան կող­մէ պար­գե­ւո­ւող վկա­յա­գիր­ներն ու մրցա­նակ­նե­րը.

Ա. ­Կար­գէն՝  Ե­զե­կիէ­լեան ­Մա­րալ եւ ­Գաէ Ա­նաս­տա­սիա, Բ. ­Կար­գէն՝  ­Պար­ղու­տեան ­Մա­րիք­րիս­տին, Գ. ­Կար­գէն՝ ­Լու­լու­մա­րի Ա­նա­յիս

ՄՐՑԱՆԱԿՆԵՐ

Գ­րե­թէ տաս­նա­մեակ մըն է, որ մեր վար­ժա­րա­նը Ու­սո­ղու­թեան ըն­կե­րու­թեան «­Թա­լիս» եւ «­Պիւ­թա­կո­րաս» մրցոյթ­նե­րուն քննչա­կան կեդ­րոն է, ինչ որ մեր վար­ժա­րա­նը ծա­նօթ դար­ձու­ցած է շրջա­նին մէջ: Այս մրցոյթ­նե­րուն, այս տա­րի եւս մեր ա­շա­կերտ­նե­րը բարձր գնա­հա­տան­քի ու մրցա­նակ­նե­րու ար­ժա­նա­ցան:

Հ. Կ. Խ.-ի Շր­ջա­նա­յին վար­չու­թեան կող­մէ ա­ւան­դու­թիւն դար­ձած է Հ.Յ.Դ. ­Պա­տա­նե­կան միու­թեան բա­նա­կու­մի մաս­նակ­ցու­թեան մրցա­նա­կը, որ կը շնոր­հո­ւի շրջա­նա­ւարտ­նե­րէն հա­յա­գի­տա­կան ա­ռար­կա­նե­րուն ա­մե­նաե­ռան­դուն ճի­գը թա­փող եւ լա­ւա­գոյն ար­դիւն­քը ներ­կա­յաց­նող ա­շա­կեր­տին: Այս տա­րի մրցա­նա­կին կ­’ար­ժա­նա­նայ Ա­նա­յիս ­Լու­լու­մա­րի:

­Նոր մրցա­նակ մը՝ եր­կու հա­րիւր եւ­րո­յի գու­մա­րը, հաս­տա­տո­ւե­ցաւ այս տա­րիէն՝ Ար­սէն, ­Վե­րո­նի­քա եւ ­Ռու­բէն ­Գալ­ֆա­յեան­նե­րուն կող­մէ, այն ա­շա­կեր­տին հա­մար, որ ամ­բողջ միջ­նա­կար­գի ըն­թաց­քին ­Հա­յա­գի­տա­կան նիւ­թե­րուն մէջ ա­մե­նա­մեծ յա­ռաջ­դի­մու­թիւ­նը ու­նե­ցած է: Այս մրցա­նա­կաին կ­՚ար­ժա­նա­նայ՝ Անդ­րէաս ­Պաս­մա­ճեան:

ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐ, ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԵՒ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՉԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Ա­շա­կեր­տու­թիւ­նը, ա­մէն տա­րո­ւան պէս, տա­րեշր­ջա­նի սկիզ­բը ընտ­րեց իր դա­սա­րա­նա­յին եւ դպրո­ցա­կան վար­չու­թիւն­նե­րը, ո­րոնց մի­ջո­ցաւ ա­նոնք լա­ւա­պէս կ­՚ըն­կա­լեն ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան կա­նոն­նե­րը: Այս տա­րի եւս դպրո­ցա­կան ա­շա­կեր­տա­կան վար­չու­թիւ­նը կազ­մա­կեր­պեց պա­րա­հա­ւա­քոյթ­ներ եւ ա­մա­նո­րեայ հան­դէս ու տօ­նա­վա­ճառ, գոր­ծակ­ցե­լով դպրո­ցի տնօ­րէ­նու­թեան եւ Ծ­նո­ղա­կան ­Միու­թեան հետ: Այս­պի­սով, կա­րե­ւոր ներդ­րում ու­նե­ցան ­Հա­յաս­տան մեր այ­ցե­լու­թեան նա­խա­հա­շի­ւին:

­Տա­րեշր­ջա­նի ըն­թաց­քին կա­տա­րե­ցինք բազ­մա­թիւ կրթա-դաս­տիա­րակ­չա­կան այ­ցե­լու­թիւն­ներ եւ ի­րա­գոր­ծե­ցինք ապ­րու­մա­յին ծրա­գիր­ներ, ինչ­պէս հե­տա­զօ­տո­ղի ե­րե­կոն Աստ­ղա­դի­տա­րա­նին մէջ, գոմ­պոստ պատ­րաս­տե­լու ե­ղա­նա­կը եւ ա­նոր կեն­սո­լոր­տա­յին կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը, հին Ու­սո­ղու­թեան պատ­մու­թիւ­նը, հա­մա­կար­գիչ­նե­րու եւ ար­հես­տա­կան բա­նա­կա­նու­թեան ա­կունք­նե­րը, ­Յու­նաց լե­զո­ւի Օ­րը, Է­րա­տոս­թե­նէ­սի փոր­ձը, եւ այլ:

Ու­սու­ցիչ­նե­րու եւ ա­շա­կերտ­նե­րու մի­ջեւ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը ա­ռա­ւել բա­րե­լա­ւե­լու նպա­տա­կով բազ­մա­թիւ մի­ջո­ցա­ռում­ներ կազ­մա­կեր­պե­ցինք, ինչ­պէս կո­ղո­վագն­դա­կի եւ վո­լէյ­պո­լի մրցա­շար­քեր եւ ստեղ­ծա­րար աշ­խա­տա­նոց­ներ:

Ինչ­պէս ա­մէն տա­րի, մեր փոք­րիկ պար­տէ­զը խնա­մե­ցինք եւ բոյ­սե­րուն հա­յե­րէն եւ յու­նա­րէն ա­նուն­ներն ու ա­ռանձ­նա­յատ­կու­թիւն­նե­րը սոր­վե­ցանք:

­Նոր եւ շա­հա­բեր հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւն մը ու­նե­ցանք Ա­րեւմ­տեան Ատ­տի­կէի ­Հա­մալ­սա­րա­նի Ըն­կե­րա­յին ծա­ռա­յու­թեան բաժ­նին եւ գա­նա­տա­հայ դա­սա­խօս ­Տոքթ. Ա­լին ­Պօ­ղո­սեա­նին հետ: ­Մաս­նակ­ցե­լով դա­սա­խօս­նե­րուն եւ ու­սա­նող­նե­րուն հե­տա­զօ­տու­թեան, որ մի­ջազ­գա­յին մրցա­նա­կի ար­ժա­նա­ցաւ, մեր ա­շա­կեր­տու­թիւ­նը ա­ռա­ւել եւս գի­տակ­ցե­ցաւ մեր ար­մատ­նե­րուն ու գա­ղու­թա­յին ըն­կե­րա­յին ի­րա­կա­նու­թեան:

­Հայ­կա­կան մշա­կոյ­թը մեր վար­ժա­րա­նի հիմ­նա­քարն է: ­Յա­ճա­խա­կի ա­շա­կեր­տա­կան տօ­նախմ­բու­թիւն­ներ եւ հայ­կա­կան խո­հա­նո­ցի, ա­ւան­դա­կան եր­գի ու պա­րի աշ­խա­տա­նոց­ներ, մաս­նակ­ցու­թեամբ ա­շա­կեր­տու­թեան եւ ու­սուց­չա­կան կազ­մին:

Այս տա­րի բա­ցա­ռիկ ա­ռի­թը ու­նե­ցանք մաս­նակ­ցե­լու Ա­թէն­քի Ա. Շր­ջա­նի տնօ­րէ­նու­թեան կազ­մա­կեր­պած մշա­կու­թա­յին փա­ռա­տօ­նի կազ­մա­կերպ­ման եւ ի­րա­գործ­ման: ­Մեր ա­շա­կերտ­նե­րը, իբ­րեւ հայ ազ­գի դես­պան­ներ, ներ­կա­յա­ցու­ցին եւ ի­րենց բազ­մա­թիւ ազ­գե­րէ ծա­գում ու­նե­ցող տա­րե­կից­նե­րուն սոր­վե­ցու­ցին հայ­կա­կան երգ, պար եւ մեր ազ­գա­յին խո­հա­նո­ցէն՝ ա­նու­շա­պու­րը: Այս աշ­խա­տան­քը բարձր գնա­հա­տո­ւե­ցաւ Տ­նօ­րէ­նու­թեան եւ պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րուն կող­մէ:

«Ա­զատ Օր» օ­րա­թեր­թի «­Մենք» թեր­թի­կին մէջ լոյս տե­սան մեր ա­շա­կերտ­նե­րու յօ­դո­ւած­ներ եւ գրա­կան հա­տո­ւած­ներ:

­Մեր վար­ժա­րա­նին ա­ռա­ւե­լու­թիւն­նե­րը ծա­նու­ցա­նե­լու նպա­տա­կով, հիւ­րըն­կա­լե­ցինք, ինչ­պէս ա­մէն տա­րի, Հ.Կ.Խ.-ի «Լ. եւ Ս. ­Յա­կո­բեան» եւ «­Զա­ւա­րեան» ­Նա­խակր­թա­րան­նե­րու Զ. դա­սա­րան­նե­րու ա­շա­կերտ­նե­րը եւ ծա­նօ­թաց­ման զրոյց­ներ ու­նե­ցանք ա­նոնց ծնող­նե­րուն հետ:

­Կա­րո­ղա­ցանք ­Փի­րէոս դրա­մա­տու­նէն իբ­րեւ նո­ւէր ստա­նալ գրա­սե­ղան­ներ եւ ա­թոռ­ներ, ո­րոնց շնոր­հիւ մեր ու­սուց­չա­րա­նը, գրա­դա­րանն ու դա­սա­րան­նե­րը նոր կա­հոյ­քով օժ­տո­ւե­ցան:

Ազ­գա­յին եւ կրօ­նա­կան տօ­նե­րը նշե­ցինք պատ­շաճ ու ստեղ­ծա­գործ կեր­պով: ­Տօ­նա­կա­տա­րու­թիւն­նե­րը ճոխ մթնո­լորտ ստեղ­ծե­ցին, ազ­գա­յին եւ ա­ւան­դա­կան եր­գե­րով ու պա­րե­րով, թա­տե­րա­կան ներ­կա­յա­ցում­նե­րով, գի­տե­լիք­նե­րու խա­ղե­րով եւ պատ­մա­կան աշ­խա­տու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցում­նե­րով:

­Նոր ­Տա­րո­ւան եւ Ս. Ծ­նուն­դի ա­ռի­թով, այ­ցե­լե­ցինք ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան դես­պա­նա­տու­նը, ուր ա­շա­կեր­տու­թիւ­նը ե­լոյթ ու­նե­ցաւ ազ­գա­յին ա­ւե­տիս­նե­րով ու պա­րե­րով:

­Բա­րե­կեն­դա­նին հայ­կա­կան ա­ւան­դա­կան սուտ­լիկ հար­սա­նիք, կա­տա­կեր­գու­թիւն­ներ եւ խա­ղեր կազ­մա­կեր­պե­ցինք ու խա­ղա­ցինք մեր ա­շա­կերտ­նե­րուն հետ: Ըստ ա­ւան­դու­թեան, ա­շա­կերտ­նե­րը այդ օր «դա­տե­ցին» ի­րենց ու­սու­ցիչ­նե­րը:

­Մաս­նակ­ցե­ցանք Սր­բոց ­Թարգ­ման­չաց եւ ­Վար­դա­նանց տօ­նա­կա­տա­րու­թեանց, եւ մեր երգ­չա­խում­բը մաս­նակ­ցե­ցաւ եր­գե­ցո­ղու­թեան:

Այս տա­րի «­Մա­զի եա թօ փե­տի» (­Միա­սին ե­րե­խա­յին հա­մար) կազ­մա­կեր­պու­թեան հետ հա­մա­գոր­ծակ­ցե­լով, ի­րա­կա­նա­ցու­ցինք յա­տուկ կրթա­կան ծրա­գիր, ո­րու նպա­տակն էր մեր ա­շա­կերտ­նե­րու հո­գե­կան ամ­րապն­դումն եւ բար­կու­թիւնն ու անց­կու­թիւ­նը դի­մագ­րա­ւե­լու լա­ւա­գոյն ձե­ւե­րը գտնե­լը: ­Նաեւ Հ.Կ.Խ.-ի «Լ. եւ Ս. ­Յա­կո­բեա» ազ­գա­յին վար­ժա­րա­նին եւ «­Տի­րի ­Գո­լէճ»-ի դա­սա­խօ­սու­հի տոքթ. ­Մա­րի ­Ճա­նի­կեա­նին հետ գոր­ծակ­ցե­լով, մաս­նակ­ցե­ցանք բռնա­ծաղ­րի (bullying) կան­խար­գիլ­ման աշ­խա­տա­նո­ցի մը: ­Նոյն նպա­տա­կով, կազ­մա­կեր­պե­ցինք ­Յու­նաս­տա­նի բո­լոր դպրոց­նե­րուն հետ միա­ժա­մա­նակ, յա­տուկ մի­ջո­ցա­ռում եւ ապ­րու­մա­յին աշ­խա­տա­նոց, կրկին «Լ. եւ Ս. ­Յա­կո­բեան» վար­ժա­րա­նի մաս­նակ­ցու­թեամբ: ­Սոյն մի­ջո­ցա­ռու­մը վա­րեց մեր վար­ժա­րա­նի ֆրան­սե­րէ­նի ու­սուց­չու­հի եւ դպրո­ցա­կան կեան­քի խորհր­դա­տու տի­կին ­Նաւ­սի­քա ­Փա­փաի­լիա

­Մեր ըն­կե­րա­յին զգայ­նու­թիւ­նը ար­տա­յայ­տե­ցինք «­Խա­մո­ղե­լօ թու փե­տիու» (­Ման­կան Ժ­պի­տը) կազ­մա­կեր­պու­թեան հա­մար անհ­րա­ժեշտ ի­րեր հա­ւա­քե­լով ու նո­ւի­րե­լով:

­Կազ­մա­կեր­պե­ցինք եւ ի­րա­գոր­ծե­ցինք դաս­տիա­րակ­չա­կան միօ­րեայ պտոյտ մը դէ­պի ­Մա­րա­թո­նա: ­Նախ այ­ցե­լե­ցինք ձիե­րու ա­պա­քին­ման կեդ­րոն մը, ­Մա­րա­թո­նա­յի հնա­գի­տա­կան թան­գա­րա­նը եւ դամ­բա­րա­նը, նաեւ ­Ռամ­նուս հնա­գի­տա­կան վայրն ու ­Նե­մե­սի­սի հե­թա­նո­սա­կան տա­ճա­րը: Ա­պա, խմբա­յին ճա­շէն ետք, հա­ճե­լի պտոյտ մը կա­տա­րե­ցինք ­Նեա ­Մաք­րիի ծո­վե­զեր­քը:

­Մեր ա­շա­կերտ­նե­րուն հետ ջերմ մթնո­լորտ ստեղ­ծե­լու նպա­տա­կով, կազ­մա­կեր­պե­ցինք հա­ճե­լի պտոյտ­ներ դէ­պի մե­զի մօ­տիկ ­Նէա Զ­միռ­նիի հրա­պա­րա­կը եւ ­Տուր­ղու­թիի մար­զա­դաշ­տե­րը:

­Մեր նա­խորդ տա­րո­ւան շրջա­նա­ւարտ­նե­րուն հա­մար յա­տուկ ե­րե­կոյ մը կազ­մա­կեր­պե­ցինք:

Այ­ցե­լե­ցինք եւ գե­ղե­ցիկ գոր­ծակ­ցու­թեան մը մեկ­նար­կը ե­ղաւ ­Փեֆ­քիի 2-րդ ­միջ­նա­կարգ վար­ժա­րա­նին հետ: ­Մեր ա­շա­կերտ­նե­րը ու­րա­խու­թեամբ  ներ­կա­յա­ցու­ցին ի­րենց աշ­խա­տու­թիւն­նե­րը մեր պատ­մու­թեան ու հա­րուստ մշա­կոյ­թի մա­սին եւ ի­րենց յոյն տա­րե­կից­նե­րուն հայ­կա­կան ա­ւան­դա­կան եր­գեր ու պա­րեր սոր­վե­ցու­ցին:

Քն­նու­թիւն­նե­րու վեր­ջին օ­րը, ինչ­պէս ա­մէն տա­րի, բո­լորս միա­սին զո­ւար­ճա­ցանք ­Վար­դա­վա­ռի ջրա­խա­ղով:

Ձգ­տե­լով մի՛շտ լա­ւա­գոյ­նին ու հա­մա­կեր­պե­լով Կր­թու­թեան ­Նա­խա­րա­րու­թեան թե­լադ­րանք­նե­րուն եւ դպրո­ցի տնօ­րէ­նու­թեան դի­մու­մով, Ազ­գա­յին իշ­խա­նու­թիւ­նը յանձն ա­ռած է եւ այս ամ­րան ըն­թաց­քին ար­դէն կ­՚ի­րա­գոր­ծէ մեր տար­րա­լու­ծա­րա­նի ըն­դար­ձա­կումն ու նո­րո­գու­թիւ­նը:

ՅԱՐԱԲԵՐԱԿԱՆ

­Մեր ա­շա­կերտ­նե­րու ծնող­նե­րուն հետ ան­մի­ջա­կան եւ սի­րա­լիր կա­պը ե­ղաւ թէ՛ մօ­տէն, թէ՛ էլ. նա­մա­կագ­րու­թեան եւ թէ՛ հե­ռա­ձայ­նի մի­ջո­ցաւ: ­Միշտ փոր­ձե­ցինք գոր­ծել հա­մա­խոր­հուրդ, ի խնդիր մեր պա­տա­նի­նե­րու լա­ւա­գոյն աճ­ման:

Սր­բա­զան հօր եւ Ազ­գա­յին վար­չու­թեան հետ մեր կա­պե­րը ե­ղան յար­գա­լից, իսկ Ու­սում­նա­կան եւ Տն­տե­սա­կան խոր­հուրդ­նե­րուն հետ՝ ան­մի­ջա­կան ու գործ­նա­կան:

­Սի­րա­լիր յա­րա­բե­րու­թիւն­ներ ու­նե­ցանք Հ.Կ.Խ.-ի Շր­ջա­նա­յին եւ տեղ­ւոյն վար­չու­թիւն­նե­րուն հետ:

­Սի­րա­լիր եւ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան ո­գիով սահ­մա­նո­ւած յա­րա­բե­րու­թիւն­ներ ու­նե­ցանք մեր ­Վար­ժա­րա­նի Ծ­նո­ղա­կան միու­թեան վար­չու­թեան հետ:

Հ.Մ.Ը.Մ.-ի եւ ­Հա­մազ­գա­յի­նի Շր­ջա­նա­յին եւ տեղ­ւոյն վար­չու­թիւն­նե­րուն հետ մեր կա­պե­րը ե­ղած են սի­րա­լիր եւ շի­նիչ:

­Կա­նո­նա­ւոր կապ հաս­տա­տած ենք շրջա­նի Կր­թու­թեան տնօ­րէ­նու­թեան հետ, հա­մադ­րե­լով մեր կրթա­կան աշ­խա­տան­քը, ըստ ա­նոնց թե­լադ­րանք­նե­րուն: ­Հան­դի­պում­ներ ու­նե­ցած ենք մեր վար­ժա­րա­նը հսկող բո­լոր պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րուն հետ, ամ­րապն­դե­լով ար­դէն իսկ գո­յա­ցած փո­խա­դարձ յար­գանքն ու հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը:

Ս­տա­ցո­ւած ու ա­ռա­քո­ւած նա­մակ­ներ, հրա­ւէր­ներ, հաս­տա­տագ­րեր եւ այլ բնոյ­թի փաս­տա­թուղ­թեր պա­հած ենք է­լեկտ­րո­նա­յին ար­խի­ւով, ինչ­պէս թե­լադ­րո­ւած է:

ԾՆՈՂԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆ

Ծ­նո­ղա­կան ­Միու­թեան ­Վար­չու­թիւ­նը բաղ­կա­ցած է  հե­տե­ւեալ ան­դամ­նե­րէն. Ա­նե­թա Ն­շա­նեան, Ա­ղաւ­նի ­Խա­նի­կեան, ­Մի­րիամ ­Շի­րա­կեան, ­Մա­րի Ա­ճէ­մեան, Աստ­ղիկ ­Սարգ­սեան:

­Վար­չու­թիւ­նը ա­մէն ջանք թա­փեց, որ­պէս­զի գո­հաց­նէ վար­ժա­րա­նի կա­րիք­նե­րը: ­Տա­րեշր­ջա­նի սկիզ­բը ա­շա­կեր­տու­թեան հա­մար խմբա­յին ա­պա­հո­վագ­րու­թիւն կա­տա­րեց: ­Նոր ­Տա­րո­ւան ար­ձա­կուր­դէն ետք ա­ւան­դա­կան գա­թա­ներ ու նո­ւէր­ներ տրա­մադ­րեց ա­շա­կերտ­նե­րուն եւ ու­սուց­չա­կան կազ­մին: ­Կազ­մա­կեր­պեց ա­շա­կեր­տա­կան բա­րե­կեն­դա­նեան պա­րա­հա­ւա­քոյթ եւ թատ­րո­նի այ­ցե­լու­թիւն: ­Մեր շրջա­նա­ւարտ­նե­րուն յու­շա­նո­ւէր­ներ պար­գե­ւեց: ­Կա­րե­ւոր ներդ­րում ու­նե­ցաւ գոր­ծակ­ցե­լով տնօ­րէ­նու­թեան եւ ա­շա­կեր­տու­թեան հետ, ա­մա­նո­րեայ տօ­նա­վա­ճա­ռը կազ­մա­կեր­պե­լուն:

­Վար­չու­թիւ­նը ա­մէն կեր­պով սա­տար կանգ­նե­ցաւ մե­զի: Ա­ռա­ւե՛լ, երբ ա­կում­բը խնա­մա­տար չու­նէր, Ուր­բաթ օ­րե­րը պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւ­նը ստանձ­նեց հսկե­լու բո­լոր յա­ճա­խող ե­րե­խա­նե­րուն եւ ա­ղան­դեր ու զո­վա­ցու­ցիչ տրա­մադ­րել ա­նոնց:

­Մեր եւ «Լ. եւ ­Սո­ֆիա ­Յա­կո­բեան» վար­ժա­րա­նի տնօ­րէ­նու­թեան եւ զոյգ Ծ­նո­ղա­կան միու­թեանց հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեամբ, մեր գրա­դա­րա­նը ըն­դար­ձա­կե­ցաւ եւ վե­րա­նո­րո­գո­ւե­ցաւ: «­Բաբ­գէն ­Գա­սա­պեան գրա­դա­րան»-ի ա­նո­ւա­նա­կո­չումն ու բա­ցու­մը կա­տա­րո­ւե­ցաւ 2025-ի ­Նո­յեմ­բե­րին՝ հան­դի­սա­ւոր կեր­պով:

ԱՄԱՎԵՐՋԻ ՀԱՆԴԷՍ ԵՒ ՎԿԱՅԱԿԱՆԱՑ ԲԱՇԽՈՒՄ

­Մեր վար­ժա­րա­նի ա­մա­վեր­ջի հան­դէսն ու վկա­յա­կա­նաց բաշխ­ման ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը տե­ղի ու­նե­ցաւ ­Հինգ­շաբ­թի, 25 ­Յու­նիս 2026-ի ե­րե­կո­յեան ժա­մը 9.00-ին, մեր բա­կին մէջ, հո­վա­նա­ւո­րու­թեամբ եւ ներ­կա­յու­թեամբ թե­միս բա­րե­ջան Ա­ռաջ­նորդ Տ. ­Սա­հակ եպս. Ե­մի­շեա­նի:

­Ներ­կա­յա­ցո­ւե­ցան յու­նա­կան եւ հայ­կա­կան թա­տե­րա­խա­ղեր, եր­գեր, պա­րեր ու տա­րեշր­ջա­նի գոր­ծու­նէու­թիւ­նը՝ տե­սե­րիզ­նե­րով:

ՈՒԽՏԱԳՆԱՑՈՒԹԻՒՆ ԴԷՊԻ ՀԱՅՐԵՆԻՔ

Այս տա­րի եւս մեր վար­ժա­րա­նը սեր­տօ­րէն գոր­ծակ­ցե­լով մեր ծնող­նե­րուն, Հ.Կ.Խ.-ի Շր­ջա­նա­յին վար­չու­թեան, Ու­սում­նա­կան եւ Տն­տե­սա­կան խոր­հուրդ­նե­րուն հետ կա­րո­ղա­ցանք կազ­մա­կեր­պել եւ ի­րա­կա­նաց­նել եօթ­նօ­րեայ ուխ­տագ­նա­ցու­թիւն դէ­պի մայր հայ­րե­նիք՝ ­Հա­յաս­տան 30 ­Յու­նի­սէն մին­չեւ 8 ­Յու­լիս 2026: Այս մէ­կը կա­րե­լի ե­ղաւ ի­րա­գոր­ծել շնոր­հիւ Տն­տե­սա­կան խոր­հուր­դի եւ Հ.Կ.Խ.-ի յատ­կա­ցում­նե­րուն, ան­հատ­նե­րու նո­ւի­րա­տո­ւու­թիւն­նե­րու, ծնող­նե­րու ներդ­րու­մին եւ մեր ա­շա­կերտ­նե­րու աշ­խուժ գոր­ծու­նէու­թեան:

Ուխ­տագ­նա­ցու­թեան ման­րա­մասն ծրա­գի­րը հե­տե­ւեալն էր.

Օր ա­ռա­ջին. մեր օ­րը սկսաւ ա­ւան­դա­կան թոն­րա­տան մէջ հա­մեղ նա­խա­ճա­շով։ Ա­պա այ­ցե­լե­ցինք ­Գե­ղար­դի վան­քը, ­Գառ­նիի հե­թա­նո­սա­կան տա­ճա­րը, քա­րե­րի սիմ­ֆո­նիան եւ ­Չա­րեն­ցի կա­մա­րը։

Օր երկ­րորդ. ­Ծի­ծեռ­նա­կա­բեր­դի ան­մար բո­ցին առ­ջեւ խո­նար­հե­լով, ուխ­տե­ցինք մի՛շտ յի­շել մեր պատ­մու­թիւնն ու պահ­պա­նել մեր ինք­նու­թիւ­նը: Ա­պա այ­ցե­լե­ցինք ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան թան­գա­րա­նը: ­Շա­րու­նա­կե­ցինք մեր ըն­թաց­քը դէ­պի Օ­շա­կա­նի ­Սուրբ ­Մես­րոպ ե­կե­ղե­ցին, ուր խո­նար­հե­ցանք մեր այ­բու­բե­նը ստեղ­ծող հան­ճա­րի դամ­բա­նին առ­ջեւ, ուխ­տե­լով վառ պա­հել մեր լե­զուն: Այ­ցե­լե­ցինք նաեւ այ­բու­բե­նի այ­գին: ­Յա­ջոր­դա­բար ուղ­ղո­ւե­ցանք դէ­պի ­Գիւմ­րի քա­ղա­քը: Պտ­տե­ցանք քա­ղա­քին մէջ եւ այ­ցե­լե­ցինք ­Գիւմ­րիի մայր ­Հա­յաս­տա­նը եւ ­Սեւ ամ­րո­ցը: Իշ­խա­նա­ձուկ համ­տե­սե­ցինք հրա­շա­լի ձո­րի մը մէջ: ­Գի­շե­րա­յին պտոյտ մը կա­տա­րե­ցինք Ե­րե­ւա­նի մէջ եւ այ­ցե­լե­ցինք ու մեր յար­գան­քի տուր­քը մա­տու­ցե­ցինք ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան հիմ­նա­դի­րին՝ Ա­րամ ­Մա­նու­կեա­նին:

Օր եր­րորդ. այ­ցե­լե­ցինք ­Սե­ւա­նայ լիճն ու ­Սե­ւա­նա­վան­քը, ­Դի­լի­ջա­նը, ­Հա­ղար­ծին վան­քը եւ ­Պարզ լի­ճը:

Օր չոր­րորդ. այ­ցե­լու­թիւն  ­Սար­դա­րա­պատ, ­Պատ­մու­թեան եւ ազ­գագ­րու­թեան թան­գա­րան, ­Մայր Ա­թոռ Ս. Էջ­միա­ծին, գի­շե­րա­յին պտոյտ Ե­րե­ւա­նի մէջ:

Օր հին­գե­րորդ. պտոյտ Ե­րե­ւա­նի մէջ, այ­ցե­լու­թիւն Ե­րե­ւա­նի գնաց­քի կա­յա­րան եւ ­Սա­սուն­ցի ­Դա­ւի­թի ար­ձան: Ի­րի­կու­նը՝ Ե­րե­ւա­նի օ­փե­րա­յին մէջ դի­տե­ցինք Ա­րամ ­Խա­չա­տու­րեա­նի «­Դի­մա­կա­հան­դէս» պա­լէն: ­Յե­տոյ, բարձ­րա­ցանք ­Գաս­գատ տես­նե­լով Ա. ­Խա­չա­տու­րեա­նի, Ու. ­Սա­րո­յեա­նի, Մ. ­Սա­րեա­նի եւ մեծն ­Կո­մի­տաս վար­դա­պե­տի ար­ձան­նե­րը:

Օր վե­ցե­րորդ. այ­ցե­լու­թիւն ­Խոր ­Վի­րապ, ­Գէորգ ­Չա­ւու­շի ար­ձան, ­Նո­րա­վանք, Ա­րե­նիի քա­րան­ձաւ եւ գի­նիի գոր­ծա­րան , խաչ­քա­րա­շի­նու­թեան ար­հես­տա­նոց, գի­շե­րա­յին պտոյտ Ե­րե­ւա­նի մէջ:

Օր եօթ­նե­րորդ. այ­ցե­լե­ցինք Ե­րե­ւա­նի ­Շու­կան (­Գում), ­Վեր­նի­սաժ եւ ­Վար­դան ­Մա­մի­կո­նեա­նի ար­ձա­նը: Ա­պա այ­ցե­լե­ցինք ­Մա­տե­նա­դա­րա­նը,  Ս. ­Փա­րա­ջա­նո­վի թան­գա­րա­նը, ­Մայր ­Հա­յաս­տանն ու Ար­ցա­խեան գո­յա­մար­տի թան­գա­րա­նը: ­Վեր­ջին պտոյտ մը ը­րինք վար­դա­գոյն Ե­րե­ւա­նի փո­ղոց­նե­րուն մէջ:

­Մեր անն­ման ­Հայ­րե­նի­քի հրա­շա­լիք­նե­րով լից­քա­ւո­րո­ւած, գրե­թէ ա­կա­մայ, վե­րա­դար­ձանք ­Յու­նաս­տան:

ՇՆՈՐՀԱԿԱԼԻՔ

­Պարտք կը զգանք ան­գամ մը եւս հրա­պա­րա­կաւ մեր շնոր­հա­կա­լու­թեան եւ ե­րախ­տա­գի­տու­թեան խօս­քը ուղ­ղել Սր­բա­զան հօր, Հ.Կ.Խ.՝ մօր, ազ­գա­յին Ու­սում­նա­կան, Տն­տե­սա­կան եւ ­Կա­լո­ւա­ծա­յին խոր­հուրդ­նե­րուն, մեր կող­քին կանգ­նած սի­րե­լի Հ.Մ.Ը.Մ.-ին, ­Հա­մազ­գա­յի­նին եւ «Ա­զատ Օր» օ­րա­թեր­թի խմբագ­րու­թեան: Շ­նոր­հա­կա­լու­թիւն մեր սի­րե­լի ծնող­նե­րուն, ա­նոնց ցու­ցա­բե­րած վստա­հու­թեան հա­մար: Շ­նոր­հա­կա­լու­թիւն՝ մեր Ծ­նո­ղա­կան միու­թեան: Շ­նոր­հա­կա­լու­թիւն «Լ. Եւ Ս. ­Յա­կո­բեան» եւ «­Զա­ւա­րեան» նա­խակր­թա­րան­նե­րու տնօ­րէ­նու­հի­նե­րուն գոր­ծակ­ցու­թեան հա­մար: Շ­նոր­հա­կա­լու­թիւն՝ դա­սա­խօս­ներ ­Վա­սի­լիս Իոա­քի­մի­տի­սին, Է­լե­նի ­Փա­փու­լիին եւ Ա­լին ­Պօ­ղո­սեա­նին: Շ­նոր­հա­կա­լու­թիւն բո­լոր ա­նոնց, ո­րոնք կա­մա­ւոր աշ­խա­տան­քով եւ նո­ւի­րա­տո­ւու­թիւն­նե­րով մե­ծա­պէս սա­տա­րե­ցին մեր վար­ժա­րա­նի հե­զա­սահ գոր­ծու­նէու­թեան՝ ­Յով­հան­նէս ­Թեր­զեան, Ն­շա­նու­հի ­Մա­սո­յեան, ­Միհ­րան ­Պար­ղու­տեան ըն­տա­նիք, ­Վի­գէն ­Մի­նա­սեան, ­Վի­քի եւ ­Խա­չիկ ­Խա­չա­տու­րեան, Է­ւան­կե­լոս ­Կե­քաս, Ս­տե­փան ­Դե­գի­րեան ըն­տա­նիք, ­Կա­րօ ­Ներ­սէ­սեան, ­Յո­վա­կի­մեան ը­Յու­նին­կե­րու­թիւն, ­Փի­րէոս դրա­մա­տուն, Իոան­նիս ­Քամ­պե­րոս, Ե­ղիս ­Թեր­զեան, ­Մա­րի ­Ճա­նի­կեան, ­Սեր­գօ ­Մով­սէ­սեան, Է­լե­նա ­Քե­լե­ջեան, ­Գէորգ Ա­ւա­գեան, ­Մա­րի Ե­ղի­շէեան: Շ­նոր­հա­կա­լու­թիւն մեր դպրո­ցի մայ­րի­կին՝ տի­կին Ա­նի ­Քէօշ­կէ­րեա­նին: Շ­նոր­հա­կա­լու­թիւն մեր վա­րորդ­նե­րուն եւ ու­ղեկ­ցող տի­կին­նե­րուն՝ ­Վեր­ժին ­Տէ­տէ­յեան, Եան­նա ­Մէ­նէ­շեան, ­Լու­սի ­Սո­ւաք­ճեան, ­Մէ­րի Գ­րի­գո­րեան, ­Յո­վիկ Ապ­րո­յեան եւ Եոր­ղոս ­Պուր­թու­վա­լոս:

­Յա­տուկ շնոր­հա­կա­լա­կան խօսք կ՚­ուղ­ղենք մեր ու­սու­ցիչ­նե­րուն, ո­րոնք ան­սա­կարկ նո­ւի­րու­մով կը ծա­ռա­յեն այս դպրո­ցէն ներս: Շ­նոր­հա­կա­լու­թիւն բո­լո՛ր ա­նոնց, ո­րոնք հա­ւատ­քով սա­տա­րե­ցին մեր վար­ժա­րա­նի յա­ջող գոր­ծու­նէու­թեան:

ՎԵՐՋԻՆ ՊԱՏԳԱՄ ՄԵՐ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏՆԵՐՈՒՆ

­Սի­րե­լի՛ աղ­ջիկ­ներ եւ տղաք,

Ա­հա­ւա­սիկ յա­տուկ յու­զու­մով, մենք (ես ալ)՝ կեան­քի դա­սե­րով, փոր­ձա­ռու­թիւն­նե­րով, սի­րով ու  ե­րախ­տա­գի­տու­թեան ան­հուն զգա­ցում­նե­րով հրա­ժեշտ կ­՚առ­նենք մեր սի­րե­լի ­Հայ դպրո­ցէն: Այս յար­կէն, որ սոսկ կրթա­կան ­Հաս­տա­տու­թիւն չէ. ե­ղած է եւ պի­տի մնայ մեր երկ­րորդ տու­նը, հայ­կա­կան ջերմ բոյ­նը, ուր բո­լորս կը մտնենք միշտ իբ­րեւ հա­րա­զատ տան­տէր:

­Սի­րուն­ներ, դո՛ւք էք մեր ազ­գի դես­պան­նե­րը օ­տա­րու­թեան մէջ: Վս­տահ ենք, որ պի­տի շա­րու­նա­կէք ձեր ու­ղին նոյն ե­ռան­դով ու ստեղ­ծա­գործ ո­գիով:

Այս­քան տա­րի միա­սին խնդա­ցինք, ո­գե­ւո­րո­ւե­ցանք, զո­ւար­ճա­ցանք: Ա­յո՛, կա­յին ոչ շատ հա­ճե­լի պա­հեր, սա­կայն մենք լաւ գի­տենք, որ մեր միաս­նու­թեան մէ­ջէն կրնանք ա­մէն տե­սա­կի խո­չըն­դոտ­ներ յաղ­թա­հա­րել եւ հրաշք­ներ գոր­ծել:

­Փոր­ձու­թիւն­նե­րը բազ­մա­թիւ եւ բազ­մա­պի­սի պի­տի ըլ­լան մեր առ­ջեւ: ­Բա՛րձր պա­հենք ու պաշտ­պա­նե՛նք մեր ազ­նիւ հո­գին:

­Մեր կեան­քին մէջ ա­մէն րո­պէ կո­չո­ւած ենք մար­տահ­րա­ւէր­նե­րու դի­մաց քա­ջա­բար պայ­քա­րե­լու եւ գա­գաթ­ներ նո­ւա­ճե­լու: Եւ մենք հա­մո­զո­ւած ենք, որ ձեր անձ­նա­կան նո­ւա­ճում­նե­րուն զու­գա­հեռ դուք՝ իւ­րա­քան­չիւրդ, իբ­րեւ կայ­ծեր, միշտ միա­բա­նու­թեամբ, վառ պի­տի պա­հէք բո­ցը մեր ազ­գա­յին կեան­քին եւ ա՛լ ա­ւե­լի պի­տի պայ­ծա­ռաց­նէք զայն:

­Բա­րի՛ երթ, սի­րուն­ներ:

Տ­նօ­րէ­նու­թիւն