Հայոց ցեղասպանութեան 111-ամեակի ոգեկոչումը յունահայ գաղութէն ներս հանդիսացաւ Յունաստանի Հայ դատի յանձնախումբի կազմակերպչական երկարամեայ փորձառութեան արդիւնք եւ միաժամանակ՝ յատկանշուեցաւ ժողովրդային լայն մասնակցութեամբ, ցոյց տալով, թէ հայութեան անժամանցելի իրաւունքները կը շարունակեն առանցքային նշանակութիւն ունենալ մեր ժողովուրդի համազգային օրակարգին մէջ։
Յունահայութիւնը եւս, կուռ եւ համախումբ շարքերով, ապացուցեց, թէ ոգեկոչումը անգամ մը եւս եղաւ ինքնութեան վերահաստատման եւ ազգային կամքի դրսեւորման հարթակ մը, ուր յիշողութիւնը մեր գոյատեւման հիմքն է, իսկ Հայոց ցեղասպանութեան պահանջատիրութիւնը կը շարունակէ միաւորել սերունդները։ Յունաստանի մէջ տեղի ունեցած ոգեկոչական ելոյթները համազգային ներկայութեան կենդանի արտայայտութիւնը հանդիսացան, ուր պատմական գիտակցութիւնը արժանապատուութեամբ կը փոխանցուի ապագայ սերունդին։
* * *
Կարելի չէ պարզ հայեացքով մը դիտել հայ նորահաս սերունդի մասնակցութիւնը ապրիլեան ելոյթներու իրագործման մէջ։ Ցուցական ու պահանջատիրական ամէն տեսակի նախաձեռնութիւններէն մինչեւ Անծանօթ Զինուորի յուշադամբանին առջեւ գլուխ խոնարհելու յուզիչ պահերուն, երիտասարդութեան ոգին առաջնորդող ուժն էր հայութեան արդար դատի արտայայտութիւններուն։
Հ.Յ.Դ Երիտ. միութեան Աթէնքի եւ Թեսաղոնիկէի տեղեկատուական կրպակներուն առջեւ անթիւ ժամեր տրամադրելով, յոյն եւ օտար անցորդներուն հաւատքի կիրքով զրուցելու պատկերներէն, մինչեւ թրքական դեսպանատան ու հիւպատոսարանին առջեւ բողոքի ձայնը բարձրացնելով ի վեր, յունահայ նոր սերունդը ապացուցեց, թէ ըստ արժանւոյն պիտի շարունակէ այն երկար ճամբան, զոր վիճակուած է ճեղքել, գաղափարական եւ քաղաքական կազմաւորման հարազատ մթնոլորտին մէջ, պահանջատէր եւ իրաւատէր դառնալու գիտակից յանձնառութեամբ։ Ապրի՛ն՝ մեր աչքին լոյսը հանդիսացող բոլոր տղաքը։
* * *
Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչումի ծիրէն ներս, յոյզերը ցնցող ու հոգիին թելերը դպչող արտայայտութիւնն է Նէա Զմիռնիի հայկական յուշարձանին առջեւ բարեխօսական կարգի ու յարգանքի հաւաքը։ 1979-էն ի վեր, հրապարակին վրայ հպարտօրէն կանգնած «Զանգակ»-ը անվերջ կը ղօղանջէ ու կը յիշեցնէ իրաւատէր մնալու մեր պարտականութիւնը։ Անոր առջեւ կը միախառնուին եւ իրար կը յաջորդեն յուշն ու յուզումը, բողոքի ձայնն ու պայքարի մարտահրաւէրը, աղօթքներով երկինք բարձրացող աղաչանքը, ու նոյն պահուն՝ հայու գոյատեւման անդիմադրելի ուժին կանչը։ Ամէն գնով պէտք է պահպանել յուզական պահերու վերացական զօրութիւնը, իբրեւ հրաւէր՝ դէպի պահանջատիրութիւն տանող ուղիին։
Պիտի շարունակենք մեր սրտի «Զանգակ»-էն լսուող իւրաքանչիւր զարկը դարձնել կեանքի տրոփիւն, հաւաքաբար գլուխ խոնարհելով անոր դէպի դուրս խոյացող սուրին առջեւ։
* * *
Աթէնքի, Թեսաղոնիկէի եւ Գավալայի քաղաքական ոգեկոչական ելոյթները պէտք չէ դիտել որպէս յաւուր պատշաճի սոսկ հաւաքներ։ Անոնք մեր դատին քաղաքական եւ իրաւական երեսը արտայայտող պահերն են, հոն ուր զգացականը այլեւս տեղ կու տայ քաղաքականօրէն հասունցած հայութեան արդար պահանջին։ Այս տարուան ոգեկոչական ելոյթները նուիրուած էին հելլէն պետութեան կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան պաշտօնական ճանաչման 30-ամեակին, որոնց ընթացքին Յունաստանի պաշտպանութեան նախարար Ն. Տենտիասի եւ Յունաստանի սպայակոյտի բարձրագոյն ներկայացուցիչներու մասնակցութիւնը ցոյց տուաւ երկու ժողովուրդներու իրական բարեկամութեան եւ պատմական համագոյակցութեան արժէքը։
Իսկ խորհրդարանի նախկին նախագահին՝ ալեհեր Ա. Քաքլամանիսի ներկայութիւնը, իր իսկ վկայութեամբ՝ հայու սեփական արմատներուն կառչելու անգին խոնարհում մըն էր։ Տակաւին, նախկին վարչապետ Ա. Սամարասի մարդկային մէկ վկայութիւնը ցոյց տուաւ, թէ հայը երբեք մոռացութեան չի տար իրեն հանդէպ թանկագին նուիրում կատարած բարեկամները։ Վերջապէս, հայ ժողովուրդի արժանագոյն բարեկամին՝ կիպրացի Է. Թէոխարուսի ելոյթը Գավալայի մէջ, արցախեան նոր խիզախութեան մը հրաւէրն էր, ուղղուած համայն հայութեան։
Քաղաքական ելոյթներուն յաջորդած քայլարշաւները դէպի կեդրոնական յուշադամբանները, իրենց հանդիսաւորութեան մէջ, բովանդակ հայ եւ յոյն քաղաքական ու հասարակական ուժերու միաւորումը եղան։
Յուզումի ալիքներով համակուեցան հարիւրաւոր մեր արիւնակիցներն ու պաշտօնական հիւրերը, որոնք քալեցին Հ.Մ.Ը.Մ.-ի սկաուտներու կշռութաւոր ու հպարտ երթին ետեւէն։ Աննախադէպ է պատկերը սփիւռքեան տարածքներուն վրայ, ուր երկրի մը բանակը եւ անոր նուագախումբը պատուի կը կանգնին յուշադամբանին առջեւ, հայկական ոգերգը կը հնչեցնեն, որուն մեղեդին հպարտօրէն կը լեցնէ սիրտն ու հոգին՝ յուշի, խոնարհումի ու լռութեան այնքա՛ն զգայացունց պահերուն։
* * *
Քանի մը հակիրճ մտածումներու եւ համառօտ նկարագրութեան մը պատկերները բաւարար են յիշեցնելու, թէ այլեւս յունահայութիւնը պէտք է վերադառնայ անցեալի իր կենսափորձին, երբ կազմակերպ բոլոր հատուածները, իրար ձեռք ձեռքի տուած, միասնական կամքով կը յարգէին մեր արդար պահանջատիրութիւնը։
Ժամանակը հասած է այլեւս վերջ տալ կամայական առանձնութեան, անիմաստ պատրանքներուն եւ արհեստական բաժանարար գիծերուն, գիտակցաբար տեղ տալով համազգային մեր ուխտին առջեւ միասնական ներկայութեան ու յարգումին։ Ա՛յդ կը պահանջեն ժամանակները։
* * *
Վերը նկարագրուած առինքնող մթնոլորտին դիմաց, տգեղ տեսարան մը կը պարզէր Հայաստանի դեսպանին կամայական ու անընդունելի բացակայութիւնը՝ Յունաստանի պետութեան հովանաւորութիւնը եւ համակազմակերպութիւնը կրող պաշտօնական ոգեկոչական ելոյթներէն։
Այս բացակայութեան քաղաքական ընթերցումը յստակ է. ան չի սահմանափակուիր միայն հայ-յունական յարաբերութիւններու մակարդակին, այլ կը վերաբերի աւելի ընդարձակ հարցի մը, թէ այսօրուան պաշտօնական Հայաստանը ինչպիսի տեղ եւ նշանակութիւն կը վերապահէ պատմական յիշողութեան՝ մասնաւորաբար Ցեղասպանութեան համար, պետական քաղաքականութեան օրակարգին մէջ։
Ցեղասպանութիւնը պարզապէս անցեալի դէպք մը չէ, այլ ազգային ինքնութեան, պահանջատիրական դիրքորոշման եւ միջազգային դերակատարութեան առանցքային բաղադրիչ մը, որուն հանդէպ վերաբերումը չի կրնար ըլլալ անորոշ կամ երկդիմի։










