ՄԱՐԻԱ ՄԱՐԿՈՍԵԱՆ
INALCO IMAS
Լեզու, ինքնութիւն եւ իրականութիւն՝ ամերիկահայ համալսարանական
ուսանողներու հետազօտութեան լոյսին ներքոյ
Սոյն յօդուածը կը ներկայացնէ Նախագծահէն լեզուի ուսուցման (Project-Based Language Learning — PBLL) մեթոտաբանութեան հիման վրայ իրականացուած կիրառական հետազօտութիւն։
Ան կ՛ուսումնասիրէ՝ հայերէնի դերը ամերիկահայ երկլեզու համալսարանական ուսանողներու լեզուական եւ ինքնութեան ձեւաւորման գործընթացին մէջ։
Այս հարցերու շուրջ կրթական նորարարական մեթոտաբանութեամբ (PBLL) կատարուած է հետազօտական նախագիծ-հարցախոյզ։ Ուսումնասիրութիւնը հիմնուած է հեղինակի մագիստրոսական ատենախօսութեան փորձառական եւ կիրառական հետազօտութեան վրայ, երկլեզու հայկական կրթական միջավայրէն ներս։ Իրականացուած է Լոս Անճելըսի Գալիֆոռնիայի համալսարանի (UCLA) «Նարեկացի» ամպիոնի հայերէնի 104գ դասարանի դասընթացքի շրջանակին մէջ։
204 մասնակիցի պատասխաններու վիճակագրական վերլուծութիւնը կը բացայայտէ լեզուական հակադրութիւն մը հայերէնի խորհրդանշական արժեւորումին եւ անոր գործնական կիրառութեան միջեւ։ Մասնակիցներու մեծամասնութիւնը լեզուն կը կապէ հայկական ինքնութեան եւ մշակութային պատկանելիութեան հետ, սակայն առօրեայ հաղորդակցութեան մէջ հայերէնի գործածութիւնը կը սահմանափակուի հիմնականօրէն ընտանեկան միջավայրով՝ անգլերէնի գերիշխող դիրքին պայմաններուն մէջ։ Արդիւնքները կը մատնանշեն ժառանգական լեզուի պահպանման եւ զարգացման գործընթացին մէջ կրթական մօտեցումներու վերանայման եւ համայնքային-կրթական համագործակցութեան ամրապնդման կարեւորութիւնը։
Այս ըմբռնումը նպատակ ունի աջակցելու ապագայի կրթական եւ մշակութային ծրագիրներու մշակման, որպէսզի անոնք աւելի ճշգրիտ արտացոլեն ուսանողութեան կարիքներն ու փորձառութիւնները։
Սփիւռքեան իրականութեան մէջ հայերէնի կենսունակութեան հարցը միշտ եղած է հայկական համայնքներու հիմնական մտահոգութիւններէն մէկը։ Հայկական դպրոցները, մշակութային միութիւնները եւ համայնքային կառոյցները սերունդէ սերունդ կը փորձեն փոխանցել լեզուն, սակայն ժամանակակից պայմաններուն մէջ այս գործընթացը կը բախի տարբեր մարտահրաւէրներու։
Ժառանգական լեզու եւ ինքնութիւն
Ժառանգական լեզուներու պահպանումը սփիւռքեան համայնքներէն ներս կը հանդիսանայ բազմաշերտ սոցիալ-լեզուաբանական երեւոյթ։ Հայերէնը յաճախ կը դասակարգուի որպէս ժառանգական լեզու սփիւռքի մէջ՝ ժամանակակից լեզուագիտական ուսումնասիրութիւններուն համաձայն։ Այս հասկացութիւնը կը վերաբերի լեզուներուն, որոնք կը փոխանցուին ընտանիքի կամ համայնքի միջոցաւ, բայց միշտ չէ, որ կը դառնան երիտասարդ սերունդի հիմնական հաղորդակցութեան լեզուն։
Ամերիկահայ երիտասարդներու միջավայրին մէջ հայերէնը հիմնականօրէն կը գործածեն ընտանեկան եւ համայնքային շրջանակներուն եւ կը ծառայէ իբրեւ ազգային եւ մշակութային ինքնութեան կարեւոր գործօն։ Լեզուն կը դիտուի որպէս հայկական ինքնութեան կարեւոր առանցք, սակայն համալսարանական եւ մասնագիտական միջավայրերու մէջ հիմնական հաղորդակցութեան լեզուն կը մնայ անգլերէնը։ Նման պայմաններուն կարեւոր է հասկնալ, թէ ինչպէս երիտասարդ սերունդը կ‘ընկալէ եւ կը գործածէ ժառանգական լեզուն։
Այս երկակի իրավիճակը կը ստեղծէ հետաքրքրական լեզուական իրականութիւն, ուր հայերէնը կը պահէ իր մշակութային եւ յուզական նշանակութիւնը,
ունի բարձր խորհրդանշական արժէք, բայց սահմանափակ գործնական կիրառութիւն առօրեայ հաղորդակցութեան մէջ։
PBLL մեթոդը լեզուի դասաւանդման մէջ
Ուսումնասիրութեան հիմքը կազմած է Project-Based Language Learning (PBLL) մեթոդաբանութիւնը։ Այս մօտեցումը կը հիմնուի այն գաղափարին վրայ, որ լեզուն կարելի է աւելի արդիւնաւէտ եւ գործնականին կիրառել, երբ ուսանողները կը մասնակցին իրական նախագիծերու եւ հետազօտական գործընթացներու։
PBLL աշխատանոցներով ուսանողները լեզուն կը իւրացնեն ոչ թէ որպէս տեսական գիտելիք, այլ կը կիրարկեն զայն իրական խնդիրներու ուսումնասիրութեան եւ լուծման գործընթացին մէջ՝ ստեղծելով հանրային արժէք ունեցող արդիւնքներ։ Հիմքն այն է, որ սորվողը աւելի խորապէս կը ներգրաւուի, երբ կը փոխակերպուի ընկալող «լսող»-էն դէպի գործուն «ստեղծող»։
Այսպիսով, լեզուն կը դառնայ ոչ միայն դասարանի առարկայ, այլ՝ հմտութիւններ եւ կարողութիւններ զարգացնելու հաղորդակցութեան եւ համագործակցութեան ստեղծարար միջոց եւ գործիք։
Ներկայ հետազօտութիւնը դիտարկելի է որպէս PBLL կիրառական փորձ մը, որտեղ ուսանողները ներգրաւուած էին նախագիծի իրագործման բոլոր փուլերուն՝ ինքնադրսեւորելով որպէս պատասխանատու անհատ նախագիծի ողջ ընթացքին։
Հետազօտութեան ընթացքը
Հետազօտութիւնը իրագործուած է քանի մը հանգրուաններով՝ հիմնուած խնդրահէն մօտեցումի եւ ուսանողներու հետաքրքրութեանց շրջանակէն ներս։ Նախապէս իրականացուած է մտագրոհ եւ սկզբնական ուսումնասիրութիւն՝ ճշդելու PBLL նախագիծի հետազօտութեան թեման եւ հիմնական հարցադրումները։
Ընտրելով իրենց հետաքրքրող նիւթը՝ իրական աշխարհէն ներս խնդիր մը լուծելու նպատակաուղղուածութեամբ, յաջորդ քայլին ուսանողները կազմած են երկլեզու հարցախոյզ։ 27 հարցէ բաղկացած հարցաշարը բաժնուած էր վեց հիմնական մասերու.
• ժողովրդագրական տուեալներ
• լեզուի իւրացում
• լեզուի գործածութիւն
• լեզուի նկատմամբ վերաբերմունք եւ զգացական փորձառութիւններ
• մեդիա եւ մշակութային մասնակցութիւն
• վերջնական մտորումներ
Հարցախոյզը տարածուած է թէ՛ համալսարանական շրջանակներու, թէ՛ համայնքային կազմակերպութիւններու միջոցաւ։ Մասնակցած են 18–23 տարեկան ուսանողներ, որոնք կը ներկայացնեն Միացեալ Նահանգներու տարբեր բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններ, ներառեալ՝ UCLA, UCSB, Fresno State, Glendale Community College, Pierce College, LACC, LAVC եւ CSUN։ Համայնքային կազմակերպութիւններու անդամ ուսանողներ (ՀՄԸՄ, համազգային, ANCA) հարցախոյզին նոյնպէս մասնակցած են։
PBLL նախագիծի հանրային արդիւնքը ուսանողները հայերենով ներկայացուցած են UCLA-ի Հայագիտական ուսանողական 9-րդ տարեկան գիտաժողովին՝ «UCLA Undergraduate Research Week»-ի ծիրէն ներս։ Յաջորդապէս, անգլերենով հրապարակուած է նաեւ UCLA ASA-ի «Ինսթագրամ» հարթակին։
Հետազօտութեան հիմնական արդիւնքները
Լեզու եւ ինքնութիւն
Համակարգուած վերլուծութիւնը հիմնուած է 204 մասնակիցներու պատասխաններուն վրայ՝ բացայայտելու ուսանողներու լեզուի գործածութեան ձեւերուն, ինքնութեան հետ անոր կապին եւ լեզուական փորձառութեան հետ առնչուող հոգեբանական գործօններուն։
Համաձայն հետազօտութեան տուալներու վերլուծութեան, մասնակիցներու զգալի մասը (85%) հայերէնը իւրացուցած է անգլերէնէն առաջ, ինչ որ կը մատնանշէ ընտանեկան միջավայրին մէջ լեզուի վաղ փոխանցման շարունակական, Ժառանգական կարեւորութիւնը։
Լեզուական ինքնութեան ինքնորոշման հիման վրայ կարելի է առանձնացնել երեք հիմնական խումբ.
* Մասնակիցներու 48%-ը ինքզինք կը բնորոշէ որպէս մայրենի լեզուով խօսող՝ պայմանաւորուած մանկութեան շրջանին հայերէնի իւրացմամբ, յաճախ Հայաստանի մէջ ապրելու փորձառութեան հետ։
* 41%-ը կը ներկայացնէ ժառանգական լեզուի կրողներու խումբը, որոնց լեզուական զարգացումը տեղի ունեցած է սփիւռքեան միջավայրի մէջ՝ հիմնականօրէն ընտանեկան հաղորդակցութեան միջոցով։
* Մօտաւորապէս 10%-ը կը դասուի ուշ շրջանի սորվողներու շարքին, որոնք լեզուն իւրացնելու գիտակցական որոշում ընդունած են աւելի ուշ տարիքին։
Բանաւոր հաղորդակցութեան ձեւեր
Վերլուծութիւնը ցոյց կու տայ, որ հայերէնի բանաւոր գործածութիւնը զգալիօրէն կախեալ է հաղորդակցական միջավայրէն։ Ամենաբարձր ցուցանիշը արձանագրուած է ընտանեկանը. 84,6% կը նշէ, որ մշտապէս կամ յաճախ հայերէն կը գործածէ ընտանիքի անդամներու հետ։ Սակայն այս հաղորդակցութիւնը մեծապէս կը սահմանափակուի առօրեայ եւ ոչ բարդ թեմաներով։ Ընկերական շրջանակին մէջ հայերէնի գործածութիւնը կը նուազի մինչեւ 57,7% եւ կը դրսեւորուի հիմնականօրէն թեթեւ զրոյցներու, կատակներու եւ մշակութային յղումներու մակարդակով։ Համալսարանական միջավայրին մէջ լեզուի գործածութիւնը, սակայն, աւելի սահմանափակ է։ Միայն 36,8% կը հաղորդակցի հայերէնով այլ հայ ուսանողներու հետ, մինչդեռ ընդամէնը 13% կը գործածէ լեզուն վերացական կամ ակադեմական բնոյթի քննարկումներու ընթացքին։
Այս տուեալները կը մատնանշեն բառապաշարային սահմանափակումներու եւ լեզուական անապահովութեան առկայութիւնը, որոնք կը խոչընդոտեն լեզուի գործածութիւնը աւելի բարդ հաղորդակցական նիւթերու եւ միջավայրերու մէջ։ Որոշ մասնակիցներ նաեւ նշած են լեզուական անորոշութեան՝ համապատասխան բառապաշարի պակասի կամ ճնշումի (61,3%) փորձառութիւններ հայերէն խօսելու հարցով։
48%-ը կը յիշատակէ ամօթանքի զգացում եւ վախ՝ սխալ գործելէ հայերէն բարդ թեմաներ քննարկելու ժամանակ։
Գրագիտութիւն եւ գրաւոր արտայայտութիւն
Գրաւոր լեզուի ոլորտին մէջ պատկերը եւս բազմաշերտ է։ 74,1% կը նշէ, որ կրնայ կարդալ եւ գրել հայերէն, իսկ 23,4% կը խոստովանի, որ գրելու ընթացքին զգալի դժուարութիւններ ունի։ Բացի այդ, 2,5% կը նշէ, որ ընդհանրապէս չի տիրապետեր կարդալու եւ գրելու հմտութիւններուն։
Թէեւ շատ ուսանողներ կը ցուցաբերեն բանաւոր լեզուի որոշակի սահունութիւն, գրաւոր արտայայտութիւնը կը մնայ խնդրայարոյց։ Բարդութիւնները կը վերաբերին ոչ միայն ուղղագրական եւ քերականական խնդիրներուն, այլ նաեւ մտքերու կառուցուածքային ձեւակերպման։
Այս երեւոյթը յատկապէս յայտնի է այն ուսանողներու մօտ, որոնք չեն ստացած համակարգուած (ինստիտուցիոնալ) հայկական կրթութիւն եւ լեզուն իւրացուցած են հիմնականօրէն ընտանեկան միջավայրին մէջ։
Թուային հաղորդակցութիւն եւ լատինատառ գրութիւն («Արմենկլիշ»)
Ժամանակակից թուային միջավայրին մէջ յատկապէս տեսանելի է լատինատառ հայերէնի տարածումը։ Ուսանողներու մեծ մասը առօրեայ կեանքին մէջ կը գործածեն անգլերէն, իսկ հայերէն գրելու պարագային յաճախ կը դիմեն լատինատառ գրութեան («Արմենկլիշ») եւ ոչ թէ հայկական տառերուն։ Կը նշեն, որ թէեւ կարող են հայերէն հաղորդակցիլ՝ միայն մօտ 20% կը գրէ կանոնաւոր կերպով հայատառ։ Միւս կողմէ, 45% մշտապէս կը գործածէ լատինատառ հայերէն, իսկ 33%ը երկու տարբերակն ալ՝ կախեալ իրավիճակէն։ Այս ընտրութիւնը հիմնականօրէն պայմանաւորուած է դիւրութեամբ, արագությամբ (51,3%), սովորութեամբ (37,2%) եւ երբեմն ալ տեխնիկական սահմանափակումներով, ինչպէս օրինակ՝ հայերէն ստեղնաշարերու սակաւ մատչելի ըլլալու հարցը։ Թէեւ այս երեւոյթը անմիջապէս սպառնալիք չի նկատուիր, ան կը մատնանշէ գրաւոր լեզուի ոլորտին մէջ խորացող բացեր։
Մշակութային կապ եւ ինքնութեան փորձառութիւն
Հարցախոյզի արդիւնքները կը հաստատեն, որ լեզուն կը շարունակէ մնալ հայկական ինքնութեան առանցքային տարրերէն մէկը։ Հարցուածներու մեծամասնութիւնը կը գնահատէ հայկական մշակոյթին հետ կապը որպէս շատ կարեւոր կամ պարտադիր (կարեւոր է – 20,9%, շատ կարեւոր է – 44,3%, պարտադիր է – 30,3%), մինչդեռ աննշան տոկոս մը միայն կը դրսեւորէ չեզոք կամ բացասական դիրքորոշում (չեզոք – 4%, կարեւոր չէ – 0,5%)։
Մասնակիցներու մեծ մասը յայտնած է, որ հայկական ինքնութեան հետ կապուած կը զգան առաջին հերթին լեզուի (199), խոհանոցի (197) եւ համայնքային միջոցառումներու (185) միջոցաւ։ Բացի այդ, երաժշտութիւնը (115) եւ պարը (99) եւս նշանակալի դեր ունին՝ ընդգծելով, թէ որքան սերտ կերպով կապուած են հայերը իրենց ինքնութեան արմատներուն։ Այս արդիւնքները ցոյց կու տան, որ մշակոյթը եւ ինքնութիւնը կը պահպանուին ոչ միայն պաշտօնական միջոցներով, այլեւ առօրեայ ապրուած փորձառութիւններու եւ առօրեայ կենսական գործելակերպերու ընդմէջէն։
Լեզուի նահանջի ընկալում եւ պատասխանատուութիւն
Թէեւ հարցախոյզի ծաւալը ինքնին բաւարար չէ ամբողջական եւ վերջնական եզրակացութիւններու համար, ստացուած տուեալները կը մատնանշեն յստակ ընդհանրական միտում մը. հարցուածներու 62,7%-ը կը կարծէ, թէ հայերէնի գործածութիւնը իրենց սերունդին մէջ կը նուազի, մինչդեռ միայն 13,4%-ը հակառակ կարծիք կը յայտնէ, իսկ 23,9%-ը կը մնայ անորոշ։ Այս պատկերը կը վկայէ լեզուի ապագայի նկատմամբ տարածուած մտահոգութեան մասին։ Միեւնոյն ժամանակ, այս մտահոգութիւնը չի վերածուիր անտարբերութեան, այլ կը զուգորդուի պատասխանատուութեան բարձր զգացումով։ Հարցուածներու 85,1%-ը կը յայտնէ, որ կը զգայ մեծ պատասխանատուութիւն հայերէն լեզուն պահպանելու եւ զարգացնելու հարցին շուրջ, իսկ 13,9%-ը կը նշէ մասնակի պատասխանատուութիւն։ Այս տուեալները ցոյց կու տան, որ երիտասարդ սերունդը ոչ միայն կը գիտակցի լեզուական մարտահրաւէրները, այլ նաեւ պատրաստակամ է ներգրաւուելու անոնց լուծման գործընթացին մէջ։
Ռազմավարական հետեւութիւններ
Վերլուծութիւնը ցոյց կու տայ, որ հայերէնի պահպանման եւ կենսունակութեան համար երեք առանցքային գործօններ առանձնայատուկ կարեւորութիւն կը ստանան։ Առաջին՝ ընտանեկան միջավայրը կը մնայ լեզուի փոխանցման հիմնական արմատական օղակը։ 84.6% յաճախ կամ մշտապէս կը խօսի հայերէն ընտանիքի անդամներու հետ, ուր աւագ սերունդները վճռորոշ դեր կը խաղան։
Երկրորդ՝ կը հաստատուի, որ երիտասարդները աւելի կը գնահատեն լեզուի կենդանի՝ իրական կեանքէն ներս գործածութիւնը, քան միայն դասարանային ուսուցումը, ինչ որ կը շեշտէ բնական հաղորդակցական միջավայրերու կարեւորութիւնը։ Եւ երրորդ՝ մշակութային միջոցառումներուն մասնակցութիւնը, ստեղծագործականութիւնը կը նպաստէ լեզուի եւ ինքնութեան սերտ կապի ամրապնդման։ Հետեւապէս, մասնակիցներու մեծ մասին կարծիքով անհրաժեշտ է ընտանիքի մէջ աւելի յաճախ գործածել հայերէնը, ստեղծել բնական եւ խաղային լեզուական միջավայրեր, կազմակերպել մշակութային եւ կրթական նախաձեռնութիւններ երիտասարդներու համար՝ ամրապնդելով համագործակցութիւնը ընտանիքի եւ համայնքային, կրթական հաստատութիւններու միջեւ։
Ի՞նչ կը նշանակեն այս արդիւնքները
Հետազօտութիւնը կը բացայայտէ հետաքրքրական հակադրութիւն մը։ Մէկ կողմէ հայերէնը կը պահպանէ ուժեղ խորհրդանշական եւ ինքնութենական նշանակութիւն, միւս կողմէ՝ գործածութիւնը առօրեայ կեանքին մէջ սահմանափակ է։
Այսպիսով, կարելի է եզրակացնել, որ սփիւռքահայ երիտասարդներու լեզուական մարտահրաւէրը անտարբերութեան հարց չէ։ Ընդհակառակը՝ շատեր կը նշեն, որ հետաքրքրուած են եւ կ՚ուզեն աւելի վստահ գործածել հայերէնը, եթէ ստեղծուին համապատասխան միջավայրեր։
Հետեւապէս, լեզուի ուսուցման ժամանակ կարեւոր է ստեղծել բաց եւ աջակցող մթնոլորտ, ուր սխալները կը դիտուին որպէս ուսուցման բնական մաս եւ ոչ թէ քննադատութեան պատճառ։
Այս տեսանկիւնէն, Project-Based Language Learning (PBLL) մօտեցումը կը ներկայանայ որպէս գործնականօրէն հիմնաւորուած մանկավարժական արդիւնաւէտ ուղի։ Այն կը փաստարկէ, որ ժառանգական լեզուները կարելի է աւելի կենսունակ դարձնել, երբ լեզուի ուսուցումը կը կապուի իրական փորձառութեան, համագործակցութեան, հաղորդակցութեան, մշակութային, ստեղծագործական նախագիծերու եւ համայնքային ներգրաւուածութեան հետ։
Ապագայի հեռանկարներ եւ կրթական բարեփոխումներ
Հետազօտութեան արդիւնքները կը փաստէն երկակի, սակայն փոխկապակցուած միտում մը. մէկ կողմէ լեզուի նահանջի գիտակցութիւն եւ ճնշման փորձառութիւն, իսկ միւս կողմէ՝ յստակ վերաիմաստաւորման եւ զարգացման կամք։ Մասնակիցներու զգալի մեծամասնութիւնը (54.4%) կը յայտնէ փափաք, որ իրենց յաջորդ սերունդը աւելի բարձր մակարդակով տիրապետէ հայերէնին, մինչդեռ 84,3%-ը կը դրսեւորէ լեզուն պահպանելու եւ կենսունակացնելու նկատմամբ բարձր պատասխանատուութեան զգացում։ Այս ցուցանիշները կը վկայեն, որ, հակառակ առկայ դժուարութիւններուն, լեզուն կը շարունակէ ընկալուիլ որպէս փոխանցելի արժէք եւ ինքնութեան հիմնարար բաղադրիչ։ Միեւնոյն ժամանակ, կրթական համակարգի նկատմամբ արտայայտուած անվստահութիւնը (63,7%) կը մատնանշէ կառուցուածքային խնդիրներ՝ յատկապէս այն առումով, թէ արդեօք ներկայ ծրագրերը եւ մօտեցումները ի վիճակի են խթանելու լեզուի հանդէպ ներքին մղում եւ երկարատեւ կապուածութիւն։ Այս իրողութիւնը կը պահանջէ ոչ միայն մեթոտաբանական, այլեւ գաղափարական վերանայում՝ լեզուի ուսուցումը դուրս բերելու համար պարտադրանքի եւ գնահատման նեղ շրջանակէն։
Այսպիսով, վերլուծութիւնը կը յստակեցնէ կրթական միջավայրի բարեփոխումի հիմնական ուղղութիւն՝ դէպի հաղորդակցական, գործնական փորձառութեան վրայ հիմնուած եւ խաղայնացուած մօտեցումներ, որոնք կը նպաստեն լեզուի կենդանի գործածութեան։ Այս մանկավարժական եղանակը կը պահանջէ անցում՝ «պարտականութեան» վրայ հիմնուած ուսուցումէն դէպի «սիրով մղուած, ազատ եւ ընկերային» լեզուական գործածութիւն։ Հետեւապէս, սխալ գործելու վախը, ձախողման ցուցանիշը կը նուազի եւ վստահութիւնը կը խթանուի։
UCLA-ի «Նարեկացի» ամպիոնի հայերէնի 104գ դասընթացքի շրջանակին մէջ իրականացուած այս PBLL կիրառական հետազօտութիւնը կը գործէ որպէս օրինակելի հարթակ՝ ցոյց տալով, թէ ինչպէս ուսանողները կրնան վերածուիլ ոչ միայն լեզու իւրացնելու, այլեւ հմտութիւններու զարգացման եւ համատեղ հանրային արդիւնք արտադրողներու։
Ամփոփելով կարելի է եզրակացնել, որ սփիւռքահայ երիտասարդներու լեզուական մարտահրաւէրը բխած է ոչ թէ հետաքրքրութեան պակասէն, այլ՝ լեզուի գործածութեան սահմանափակ եւ ոչ միշտ խրախուսող միջավայրերէ։ Հետեւաբար, հայերէնի ապագայ կենսունակութիւնը ուղղակիօրէն կապուած է կրթական եւ համայնքային նախաձեռնութիւններէ, որոնք կը խթանեն լեզուի բնական, շարունակական գործածութիւնը՝ դարձնելով զայն ոչ միայն ուսուցման առարկայ, այլեւ առօրեայ հաղորդակցութեան գործուն եւ իմաստաւոր միջոց։ Այդ պարագաներուն լեզուն կը դառնայ կենդանի հաղորդակցութեան բնական գործիք՝ արմատաւորուելով առօրեայ կեանքին մէջ։










