ՄԻՀՐԱՆ ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ

Գ­րե­լու կամ չգրե­լու ո­րո­շու­մի մը հա­մար ե­րեք օր երկմ­տե­լէ եւ ո­րոշ ստու­գում­ներ կա­տա­րե­լէ ետք, ա­հա­ւա­սիկ, որ կը գրեմ ցու­ցադ­րո­ւած ԱՄՕ­Թի մը մա­սին, ո­րուն ծան­րու­թիւ­նը հե­ղի­նա­կը կը կրէ թէեւ, բայց խայ­տա­րա­կու­թիւ­նը կը տա­րա­ծո­ւի բո­լոր ա­նոնց վրայ, ո­րոնք ա­կա­մայ վկա­նե­րը ե­ղան այդ ա­մօ­թին:
«Ո՞նց կ­‘ըլ­լայ, (ինչ­պէ՞ս կ­՚ըլ­լայ) որ ­Հա­յաս­տա­նի դես­պա­նը ներ­կայ չէ մեր նա­հա­տակ­նե­րու յի­շա­տա­կի մի­ջո­ցա­ռու­մին եւ միւս­նե­րու կար­գին ինքն ալ եր­կու խօսք չը­սէ ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան մա­սին…» կը լսեմ քո­վէս, որ բա­րե­ձեւ տի­կին մը ա­րե­ւե­լա­հա­յե­րէ­նով կ­՚ը­սէր իր քո­վին­նե­րուն, երբ ո­գե­կո­չա­կան եզ­րա­փա­կիչ ձեռ­նար­կը վերջ գտած էր եւ մար­դիկ խու­ռե­րամ սրա­հէն կ­՚ել­լէին թա­փօր կազ­մե­լու եւ դէ­պի Ան­ծա­նօթ ­Զի­նո­ւո­րի յու­շա­դամ­բա­նը ուղ­ղո­ւե­լու, ուր ա­մէն տա­րո­ւան պէս բա­նա­կա­յին փո­ղե­րա­խում­բի հնչե­ցու­ցած հայ­կա­կան եւ յու­նա­կան ո­գերգ­նե­րու ե­ղա­նակ­ներ պի­տի ա­ռինք­նեն մթնո­լոր­տը ու զի­նո­ւո­րա­կան պա­տո­ւոյ ջո­կա­տի նե­կա­յու­թեան, ի յուշ ու ի յար­գանս մեր նա­հա­տակ­նե­րուն՝ դափ­նեպ­սակ պի­տի զե­տե­ղեն ­Յու­նաս­տա­նի վար­չա­պե­տին ու կա­ռա­վա­րու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը, պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րը, հել­լէն խորհր­դա­րա­նի նա­խա­գա­հին ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը, հել­լէն խորհր­դա­րա­նա­կան կու­սակ­ցու­թեանց ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը, յու­նա­կան բա­նա­կի ծո­վա­յին, ցա­մա­քա­յին ու օ­դա­յին ու­ժե­րու ընդ­հա­նուր հրա­մա­նա­տա­րը, նա­հան­գա­պետ-քա­ղա­քա­պե­տեր եւ այլք, ինչ­պէս նաեւ յու­նա­հայ հա­մայն­քի ա­նու­նով ներ­կա­յա­ցու­ցիչ մը:
Ան­ծա­նօթ ­Զի­նո­ւո­րի յու­շա­դամ­բա­նը ո­ղո­ղո­ւե­ցաւ դափ­նեպ­սակ­նե­րով, ո­րոնց մէջ սա­կայն կը բա­ցա­կա­յի ­Հա­յաս­տա­նի դես­պա­նի­նը: ԱՄՕ՜Թ…: ­Նոյն­պէս, եր­կու օր ա­ռաջ, Ապ­րիլ 24-ին, Ե­ղեռ­նի յու­շար­ձա­նին առ­ջեւ գո­հա­բա­նա­կան ա­րա­րո­ղու­թե­նէն ետք զե­տե­ղո­ւած դափ­նեպսակ­նե­րու մէջ դես­պա­նա­տան հա­մար նա­խա­տե­սո­ւած դափ­նեպ­սա­կը որբ ու ան­տէր մնա­ցած էր…:
­Յայտ­նի չե­ղաւ ին­ծի հա­մար, որ բա­րե­ձեւ տիկ­նոջ ա­մօ­թան­քի դի­տո­ղու­թիւ­նը «ո՞նց կ­՚ըլ­լայ…» ուղ­ղո­ւած էր դես­պա­նի ան­ձի՞ն թէ կազ­մա­կեր­պիչ­նե­րուն, ո­րոնք չէին հրա­ւի­րած զինք կամ չէին նա­խա­տե­սած ի­րենց յայ­տագ­րին մէջ: ­Տա­կա­ւին մտա­ծե­ցի, թէ պէտք չէ այ­պա­նել մար­դը, որ ի վեր­ջոյ պաշ­տօ­նա­տար մըն է եւ որ թե­րեւս Հ.Հ.-ի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թե­նէ հրա­հան­գո­ւած է մաս­նակ­ցու­թիւն չբե­րե­լու նա­հա­տակ­նե­րու ի յուշ մի­ջո­ցա­ռում­նե­րուն: ­Թէեւ, այս պա­րա­գա­յին, նոյ­նիսկ ե­թէ ընդ­հա­նուր հրա­հանգ մը կար, այդ ընդ­հա­նու­րին մէջ պէտք է բա­ցա­ռո­ւէր ­Յու­նաս­տա­նը, քա­նի որ պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թիւ­նը տա­րի­նե­րէ ի վեր իր սպա­յից վար­ժա­րա­նին մէջ կը հիւ­րըն­կա­լէ խումբ մը հայ զի­նո­ւոր­ներ՝ վար­ժան­քի…: Ա­պա նաեւ ա­նոր հա­մար, որ պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րը, ­Յու­նաս­տա­նի ա­մէ­նէն յար­գո­ւած քա­ղա­քա­կան գոր­ծի­չը, ըն­դու­նած էր օ­րո­ւան կեդ­րո­նա­կան բա­նա­խօ­սը ըլ­լալ եւ մի­ջո­ցառ­ման հա­մար վար­չա­պե­տին կող­մէ նշա­նա­կո­ւած էր իբ­րեւ զինք ներ­կա­յաց­նող անձ­նա­ւո­րու­թիւ­նը:
Ա­ւե­լին. 2020-ին, ան կը վա­րէր ­Յու­նաս­տա­նի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րի պաշ­տօ­նը: ­Միա­կը ամ­բողջ աշ­խար­հի մէջ, որ 44-օ­րեայ պա­տե­րազ­մի ա­մէ­նէն թէժ օ­րե­րուն, ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րի հան­գա­ման­քով ­Հա­յաս­տան այ­ցե­լած էր՝ իր զօ­րակ­ցու­թիւ­նը յայտ­նե­լու հայ ժո­ղո­վուր­դին: ­Մարդ որ­քան ալ ան­հա­ղորդ ըլ­լայ նա­հա­տակ­նե­րու յի­շա­տա­կին, գէթ ի յար­գանս բա­նա­խօ­սի անձ­նա­ւո­րու­թեան չի զլա­նար իր ներ­կա­յու­թիւ­նը…:
Գ­րե­լու թէ չգրե­լու երկմ­տու­թիւնս փա­րա­տե­ցաւ ստու­գե­լէ ետք, որ՝
­Գէթ ­Լի­բա­նա­նի, ­Կիպ­րո­սի եւ ­Փա­րի­զի դես­պան­նե­րը ներ­կայ ե­ղած են մի­ջո­ցա­ռում­նե­րուն: Ու­րեմն ընդ­հա­նուր հրա­հանգ չկայ Հ.Հ.-ի արտ­գործ­նա­խա­րա­րու­թե­նէն:
­Մեր դես­պա­նին հրա­ւէր ուղ­ղո­ւած է եւ խօսք նա­խա­տե­սո­ւած՝ օ­րո­ւան յայ­տագրին մէջ: ­Կազ­մա­կեր­պիչ­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը, Հ.Յ.Դ. ­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բին կամ ­Կեդր. կո­մի­տէի կող­մէ ան­ձամբ հե­ռա­խօ­սա­յին կապ ալ հաս­տա­տած է դես­պա­նին հետ՝ ա­նոր ներ­կա­յու­թեան ու խօս­քի ա­պա­հո­վու­մը ստու­գե­լու եւ պա­տաս­խա­նո­ւած՝ «ներ­կայ պի­տի չըլ­լամ»: Այս­պէս, չոր ու ցա­մաք: ­Նոյ­նիսկ ա­ռանց դի­ւա­նա­գի­տա­կան դոյզն ար­դա­րա­ցու­մի՝ «հի­ւանդ եմ կամ Ա­թէն­քէն դուրս պի­տի գտնո­ւիմ…» եւ այլն:
­Յայտ­նեմ, որ ըստ երկ­րի օ­րէն­քին, պարտք կը դրո­ւի նա­հան­գա­պե­տա­րան­նե­րուն վրայ, Ապ­րիլ 24-ին կազ­մա­կեր­պե­լու ո­գե­կո­չա­կան մի­ջո­ցա­ռում­ներ՝ ի յի­շա­տակ ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան զոհ նա­հա­տակ­նե­րուն, հայ հա­մայն­քին կամ ­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բին գոր­ծակ­ցու­թեամբ: ­Կը նշա­նա­կէ, որ կազ­մա­կեր­պո­ղը եւ հրա­ւէր­ներ ուղ­ղո­ղը պե­տա­կան կա­ռոյց մըն է, զոր ան­տե­սած է ­Հա­յաս­տա­նի դես­պա­նը:
­Յայտ­նեմ նաեւ, որ ա­ռա­ջին օ­րէն, նոյ­նիսկ Հ.Հ.-ի ա­ռա­ջին նա­խա­գահ Լ.Տ.Պ.- ի՝ Հ.Յ.Դ.ի դէմ հա­լա­ծան­քի տա­րի­նե­րուն, յու­նա­հայ հա­մայն­քը իր բո­լոր կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րով պատ­շաճ ու յար­գա­լիր յա­րա­բե­րու­թիւն­ներ ու­նե­ցած է ­Հա­յաս­տա­նի դես­պան­նե­րու կամ դես­պա­նա­տու­նե­րու հետ, գի­տակ­ցե­լով, որ ա­նոնք ­Հա­յաս­տա­նի պե­տու­թիւ­նը կը նե­կա­յաց­նեն եւ ոչ թէ սոս­կա­կան կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը, կամ այս կամ այն նա­խա­րա­րու­թիւ­նը:
­Զան­ցա­ռու­թիւն մը կա­տա­րած չըլ­լա­լու հա­մար ար­ձա­նագ­րեմ, որ կեդ­րո­նա­կան մի­ջո­ցա­ռու­մին ներ­կայ ե­ղաւ դես­պա­նա­տան զի­նո­ւո­րա­կան կցոր­դը, որ որ­քան գի­տեմ, ան­ջատ հաս­տա­տու­թիւն մըն է: ­Բայց ա­նոր ալ չէին ու­ղեկ­ցած սպա­յից վար­ժա­րա­նին մէջ ու­սա­նող հայ զի­նուոր­նե­րը…:
­Հի­մա, յար­գե­լի ըն­թեր­ցող­ներ, դուք ը­սէք, ար­դա­րա­ցո­ւա՞ծ, թէ՞ ոչ գոր­ծա­ծուած վեր­նա­գի­րը՝ ԱՄՕ՜Թ…:

Ա­թէնք, 29 Ապ­րիլ 2026