­Նա­խա­գա­հու­թեամբ Թե­մա­կալ Ա­ռաջ­նորդ Տ. ­Սա­հակ եպս. Ե­մի­շեա­նի, կազ­մա­կեր­պու­թեամբ ­Գո­մո­թի­նիի ­Թա­ղա­յին խոր­հուր­դի եւ «­Մես­րոպ ­Մաշ­տոց» մշա­կու­թա­յին միու­թեան, Ե­րեք­շաբ­թի, 30 ­Յու­նիս 2026-ի ե­րե­կո­յեան, տե­ղի ու­նե­ցաւ «­Հայ եր­գի ու պա­րի 2-րդ ­փա­ռա­տօն»-ը, ­Գո­մո­թի­նիի ա­մառ­նա­յին բա­ցօ­թեայ թատ­րո­նին մէջ։
­Փա­ռա­տօ­նին ներ­կայ ե­ղան ­Գո­մո­թի­նիի ­Մետ­րո­պո­լի­տը, քա­ղա­քա­կան եւ քա­ղա­քա­պե­տա­կան կար­գե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ, Թ­րա­կիոյ հայ­կա­կան հա­մայնք­նե­րէն ժա­մա­նած ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ եւ հա­րիւ­րա­ւոր հա­յոր­դի­ներ։
Ա­թէն­քի մէջ կա­յա­ցած մեծ փա­ռա­տօ­նէն ետք, մաս­նակ­ցող խում­բե­րը այս ան­գամ ի­րենց բարձ­րօ­րակ յայ­տա­գի­րը ներ­կա­յա­ցու­ցին Թ­րա­կիոյ հա­յու­թեան, խան­դա­վա­ռե­լով մեր հայ­րե­նակց­նե­րը եւ ստեղ­ծե­լով հայ­կա­կան ջերմ մթնո­լորտ։
Ե­լոյթ ու­նե­ցաւ  ­Հա­յաս­տա­նէն «Փ­րոֆ Արթ» պա­րա­խում­բը ղե­կա­վա­րու­թեամբ ­Տիգ­րան Մ­նո­յեա­նի, ­Յու­նաս­տա­նի ­Հա­մազ­գա­յի­նի «­Նա­յի­րի» պա­րա­խում­բը ղե­կա­վա­րու­թեամբ Էտ­կար Է­կեա­նի եւ ­Գո­մո­թի­նիի «Ու­րար­տու» պա­րա­խում­բը ու­սու­ցու­թեամբ ­Ռու­զան­նա ­Զօհ­րա­պեա­նի։
Ա­ռա­ւել, հայ­կա­կան եր­գե­րու փուն­ջով մը հան­դէս ե­կաւ Ա­րե­ւե­լեան ­Մա­կե­դո­նիոյ եւ Թ­րա­կիոյ շրջան­նե­րու երգ­չա­խում­բը, ղե­կա­վա­րու­թեամբ Տ. ­Դա­նիէլ քհնյ. ­Գա­լօղ­լեա­նի։
­Փա­ռա­տօ­նը ոտ­քի հա­նեց բո­լոր հան­դի­սա­տես­նե­րը, ո­րոնք հա­րուստ յայ­տա­գի­րին ընդ­մէ­ջէն վա­յե­լե­ցին հայ եր­գի ու պա­րի ան­նա­խըն­թաց ներ­կա­յա­ցում մը։ ­Պա­րա­խում­բե­րու ար­հես­տա­վարժ շար­ժում­նե­րը եւ երգ­չա­խում­բի բարձր կա­տա­րո­ղու­թիւ­նը ջեր­մօ­րէն գնա­հա­տո­ւե­ցան ներ­կայ բազ­մու­թեան կող­մէ։ ­Բե­մին վրայ յա­ջոր­դող տե­սա­րան­նե­րը, լու­սա­ւո­րու­մի ու ե­րաժշ­տու­թեան ճո­խու­թիւ­նը տպա­ւո­րիչ նկար­ներ ստեղ­ծե­ցին եւ խան­դա­վառ զգա­ցում­ներ պատ­ճա­ռե­ցին հան­դի­սա­տես­նե­րուն։
­Հայ եր­գի ու պա­րի 2-րդ ­փա­ռա­տօ­նը դար­ձաւ այն կա­մուր­ջը, որ միա­ւո­րեց Ա­րե­ւե­լեան ­Մա­կե­դո­նիոյ եւ Թ­րա­կիոյ հա­յոր­դի­նե­րը՝ հնա­րա­ւո­րու­թիւն ըն­ձե­ռե­լով ա­նոնց վա­յե­լե­լու հայ­կա­կան պա­րա­րո­ւես­տի եւ ե­րաժշ­տա­կան մշա­կոյ­թի գե­ղեց­կու­թիւ­նը։
­Հայ­կա­կան մշա­կու­թա­յին ինք­նու­թեան զար­թօնք մըն էր, որ վառ պա­հեց հայ­կա­զեան ո­գին իւ­րա­քան­չիւր հա­յոր­դիի սիր­տին մէջ։
Տ­պա­ւո­րիչ վեր­ջա­բա­նէն ետք, Սր­բա­զան հայ­րը իր խօս­քը ուղ­ղե­լով ժո­ղո­վուր­դին, բարձր գնա­հա­տեց պա­րա­յին հա­մոյթ­նե­րը, երգ­չա­խում­բը եւ փա­ռա­տօ­նի կազ­մա­կեր­պիչ­նե­րը, ընդգ­ծե­լով մշա­կոյ­թի կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը`ան­ցեա­լը կեն­դա­նի պա­հե­լու, ներ­կան ար­ժե­ւո­րե­լու եւ ա­պա­գան սե­րունդ­նե­րուն ժա­ռան­գե­լու նպա­տա­կով։

ԹՂԹԱԿԻՑ