Ա­ւե­տի­սի շրջա­գա­յու­թիւն՝

0
79

Գոքինիոյ եւ շրջակայքին մէջ
«­Զա­ւա­րեան» կեդ­րո­նին մէջ գոր­ծող միու­թիւն­նե­րը (Հ.Կ.­Խաչ, Հ.Մ.Ը.Մ., ­Հա­մազ­գա­յին եւ Հ.Յ.Դ. Ե­րիտասար­դա­կան ­Միու­թիւն) կը ծա­նու­ցա­նեն, թէ Կիրակի, 5 ­Յու­նո­ւա­րի գի­շե­րը, պի­տի կա­տա­րեն Ա­ւե­տի­սի շրջա­գա­յու­թիւ­նը միա­ցեալ խում­բե­րով՝ ­Նի­քէա, ­Քո­րի­տա­լոս, ­Փա­լէա ­Գո­քի­նիա, ­Փի­րէա, ­Քի­ֆի­սիա, Է­քա­լի, ­Նէա Է­րիթ­րէա, Տ­րո­սիա, Ա­նիք­սի, Ա­յիոս Ս­թե­ֆա­նոս շրջան­նե­րուն մէջ:

Ֆիքսի եւ շրջակայքին մէջ
Ֆիքսի «Արամ Մանուկեան» ակումբին մէջ գոր­ծող միու­թիւն­նե­րը կը ծա­նու­ցա­նեն, թէ Կիրակի, 5 ­Յու­նո­ւա­րի գի­շե­րը, պի­տի կա­տա­րեն Ա­ւե­տի­սի շրջա­գա­յու­թիւ­նը միա­ցեալ խում­բե­րով՝ ­ Նէոս Գոզմոս, Նէա Զմիռնի, Անօ Նէա Զմիռնի, Անօ Տաֆնի, Պրախամի, Քալիթէա, Փալէօ Ֆալիրօ, Ալիմոս, Վուլա, Վարքիզա շրջան­նե­րուն մէջ:

Գարէայի եւ շրջակայքին մէջ
­Մեր հայ­րե­նա­կից­նե­րու ու­շադ­րու­թեան կ­‘ու­զենք յանձ­նել թէ, 2025-ի Ք­րիս­տո­սի ­Սուրբ Ծնն­դեան «Ա­ւե­տիս»ի շրջա­գա­յու­թիւ­նը պի­տի կա­տա­րո­ւի ­Կի­րա­կի 5 ­Յու­նո­ւար 2025-ի ե­րե­կո­յեան ժա­մը 7:30-էն սկսեալ, ­Գա­րէա­յի, ­Վի­րո­նա­յի, ­Կե­սա­րեա­նիի, Ի­լիու­բո­լիի եւ Ար­ղի­րու­բո­լիի շրջան­նե­րէն ներս։
Շր­ջա­նիս ­Թա­ղա­յին ­Խոր­հուր­դի, Հ. Կ. ­Խա­չի եւ գոր­ծող ­Միու­թիւն­նե­րուն ան­դամ­նե­րէն կազ­մո­ւած եր­գե­ցիկ խառն խում­բեր պի­տի այ­ցե­լեն մեր հայ­րե­նա­կից­նե­րուն բնա­կա­րան­նե­րը Ք­րիս­տո­սի Ս. Ծ­նուն­դը ա­ւե­տե­լու, «­Խոր­հուրդ ­Մեծ» շա­րա­կա­նի եր­գե­ցո­ղու­թեամբ  ՇՆՈՐՀԱՒՈՐ Ս. ԾՆՈՒՆԴ Ու­րախ պի­տի ըլ­լանք ձե­զի տա­լու Ս. Ծնն­դեան Օրհ­նա­բեր Ա­ւե­տի­սը։